Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

$
0
0

«Աստուածաշունչի Այժմէականութիւնը»

 

ԳԱՐԵԳԻՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

 

0225derkarekinՄարդկային ներկայ ընկերութեան մէջ այժմէական բնոյթ ունեցող երեւոյթները գնահատանքի արժանի կը դառնան, ինչ որ ինքնին տրամաբանական եւ արդարացի է: Աւելի՛ն, երեւութապէս խօսուն իրականութիւններն են, որոնք կ՛արժեւորուին ու կ՛ընդօրինակուին, որպէս առաջնորդ դերակատարներ մարդկային ընկերութեան զարգացման ոլորտէն ներս:

Այս պատճառով ալ, երբեմն կրօնական ու բարոյական ճշմարտութիւնները, որոնք անպայմանօրէն միշտ տեսանելի չեն ըլլար, այդքան ալ գրաւիչ չեն ու հարկ եղած ձեւով չեն գնահատուիր կամ, մանաւանդ՝ օգտագործուիր: Առանց բարոյական սկզբունքներու, կեանքը կը դառնայ անիմաստ ու կը դատարկուի իր վեհութենէն: Քրիստոնէական հաւատքին մէջ ու մանաւանդ քրիստոնեայ անհատին համար, ճշմարտութեան ինքնութիւնը կը դրսեւորուի Աստուածաշունչին մէջ ու անոր ընդմէջէն: Ուրեմն, եթէ ճշմարտութիւնը պիտի իրագործուի, հարկ է որ Աստուածաշունչը, իր այժմէական բնոյթով, ներկայ կեանքին մէջ առաջնորդող դեր ունենայ ու գնահատուի:

Պօղոս Առաքեալ իր սիրեցեալ գործակիցին, ընկերակիցին ու օգնականին՝ Տիմոթէոսի, գրած իր երկրորդ նամակին մէջ կը պանծացնէ Աստուածաշունչին դերը մեր հաւատքի կեանքէն ներս՝ շեշտելով. «Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ Գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ սխալը հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբու մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար, որպէսզի Աստուծոյ նուիրուած մարդը կատարեալ ըլլայ եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի գործերու» (Բ. Տիմոթէոս 3.16-17)։

Ահաւասիկ այս երկու համարներուն ընդմէջէն շատ յստակ կը դառնայ իւրաքանչիւրիս համար Աստուածաշունչին էութիւնն ու գործնականութիւնը՝ մեր ամէնօրեայ կեանքէն ներս: Շատ կարեւոր է գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ շունչով ու ներշնչումով գրուած Սուրբ Գիրքերու ամբողջութիւն մըն է: Միեւնոյն ժամանակ նաեւ՝ օգտակա՛ր: Օգտակար բաներ սորվիլը եւ մանաւանդ զանոնք օգտագործելը մարդկային ընկերութեան մէջ մեծ արժէք ունին, իսկ քրիստոնէական կեան-քին մէջ, անոնք անբաժան մասնիկն են քրիստոնեայ անհատին: Աստուածաշունչը իր իւրաքանչիւր պատգամով կը սորվեցնէ ճշմարտութիւն ապրիլ ու գործել, որովհետեւ ճշմարտութիւնը գիտնալով է միայն, որ կրնանք սխալը մերժել:

Ներկայ ընկերութեան մէջ ճշմարիտն ու սխալը զանազանելը դժուար իրողութիւն դարձած է, որովհետեւ երբեմն սխալները այնպէ՛ս կը ներկայացուին, որ պահ մը կը կարծուին ըլլալ ճշմարտութիւն: Սակայն Աստուածաշունչը վստահաբա՛ր կը սորվեցնէ սխալը տեսնելու ու զայն մերժելու միջոցները, ու ճիշդ ճամբուն մէջ կը զետեղէ անհատը՝ անոր տալով արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը:

Արդարութիւնը մարդկային առաքինութիւն մըն է եւ յոյժ կարեւոր, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ դժուար իրագործելի, բոլոր անոնց համար, որոնք հեռու են ճշմարտութենէն: Աստուածաշունչը միայն պատմութեան չի պատկանիր, այլ պատմութիւնը ներկային մէջ թարգմանելու եւ ներկան շիտակ ուղղութեան մէջ դնելու միջոցն է:

Ուրե՛մն, Աստուածաշունչ կարդալն ու զայն օգտագործելը մեր ամէնօրեայ կեանքէն ներս մեծապէս օգտակար է ու այժմէական: Առաքեալը կը յիշեցնէ նաեւ կատարեալ ըլլալու մասին… այսօր բոլոր ասպարէզներուն մէջ կատարեալ ըլլալը մեծապէս կը նպաստէ անձի յաջողութեան ու վերելքին: Նոյնն է պարագան քրիստոնէական կեանքին. կատարելութիւնը աստուածային պատուէր մըն է, որպէսզի ըլլանք կատարեալ՝ երկնաւոր հօր Աստուծոյ նման, որ կատարելութեան էութի՛ւնն է:

Կատարեալ մարդն է, որ կը մղուի բարեգործութեան ու իր նմանին օգտակար հանդիսանալու առաքելութեան: Բարեգործութիւնը մարդկային վսեմ առաքինութիւն մըն է, որ նոյնպէս իր անհրաժեշտ տեղը ունի մարդկային կեանքի իմաստաւորման ու կատարելագործման մէջ: Քրիստոնէական բարոյական մեծագոյն սկզբունքներէն մէկն է բարեգործութիւնը՝ առանց փոխարէնի օգնելն ու կարօտեալին հասնիլը:

Ահաւասիկ Աստուածաշունչը իր այժմէական բնոյթով կ՛ուսուցանէ բոլոր այս առաքինութիւնները: Չզլանանք Աստուածաշունչը անբաժան մասնիկը դարձնել մեր ամէնօրեայ կեանքին, մտածումներուն ու խորհրդածութիւններուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles