Image may be NSFW.
Clik here to view.
Sony World Photography Awards 2017 լուսանկարչական մրցումի դատական կազմը հայ լուսանկարիչ Եուլիա Գրիգորեանցի գործը ներառած է Professional Daily Life-ի կարճ ցուցակին մէջ:
183 երկիրներէ աւելի քան 227,000 լուսանկարներ ներկայացուած են Sony World Photography Awards 2017 մրցումին: Գրիգորեանցը ծնած է Երեւան եւ այժմ կը բնակի Ֆրանսա: Ան առաջին 10ին մէջ ներառուած միակ հայ լուսանկարիչն է:
«Անապատի բնակիչները» լուսանկարներուն մէջ Գրիգորեանց ներկայացուցած է բնակիչները Գիւմրի քաղաքին, որ Հայաստանի մէջ մեծութեամբ երկրոդն է, սակայն աղքատութեամբ առաջինը:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ Sony World Photography Award մրցումի լաւագոյններու շարքին: Լուսանկարներուս շարքը իմ երկրի պատմութիւնն է, որ անձամբ ինծի կը վերաբերի: Այն, որ ես ներառուած կարճ ցուցակին մէջ, կը նշանակէ, որ իմ պատմութիւնը յուզած է հանդիսատեսը, եւ ատիկա շատ կարեւոր է ինծի համար», մեկնաբանելով իր յաջողութիւնը՝ կը յայտնէ Եուլիան:
Յաղթողները պիտի յայտարարուին Ապրիլ 20ին: Մրցանակները պիտի ներառեն Sony թուային լուսանկարչական գործիքի վերջին տարբերակը, ուղեւորութիւն Լոնտոն եւ 25 հազար տոլար:
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.