ԵՐԵՒԱՆ.- 2013ին հաստատուած հայկական «Զանգի» (Zangi) համացանցային սպասարկութիւնը, որ արդէն իսկ աւելի քան մէկ միլիոն գործածող ունի, ձրի հեռաձայնային եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներ տրամադրող «Սքայփ»ի (Skype) եւ «Վայպըր»ի (Viber) նման սպասարկութիւններուն մրցակից դարձած է արդէն։
Արդարեւ, ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այժմ կը մասնակցի Փետրուար 27ին Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ սկսած եւ արդի արհեստագիտութեան կարեւորագոյն խորհրդաժողովներէն մէկը հանդիսացող յատուկ հաւաքին, որ յատկացուած է շարժական հեռահաղորդակցութեան միջոցներու:
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի փոխադրական, հաղորդակցութեան եւ տեղեկութիւններու արհեստագիտութեանց հարցերու նախարար Վահան Մարտիրոսեանը։
«Զանգի»ի հիմնադիր Վահրամ Մարտիրոսեան կը յայտնէ, թէ ընկերութիւնը յատուկ կրպակ մը պիտի ունանայ մէկ շաբաթեայ այս խորհրդաժողովին մէջ, նպաստելու համար «Զանգի»ի համաշխարհային տարածումը ապահովելու ջանքերուն։
Հայաստանի մէջ արտադրուող այս սպասարկութիւնը արդէն իսկ սկսած է գործածուելու մեծ թիւով հայերու եւ օտարներու կողմէ, որովհետեւ անոր մատուցած ծառայութեան որակը հաւասար է վերոնշեալ հեռահաղորդակցական սպասարկութեանց եւ երբեմն նոյնիսկ՝ կը գերազանցէ զանոնք։ Այս մասին կը յայտնէ Վահրամ Մարտիրոսեան, որ կ՛աւելցնէ նաեւ, թէ «Զանգի»ի իւրայատուկութիւններէն մէկը այն է, որ կրնայ հաղորդակցիլ նոյնիսկ, երբ համացանցային կապի որակը ցած է։
Սպասարկութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել https://zangi.com կայքը։