Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Կամուրջ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0903dadourianԲառ մը, որուն տակէն շատ ջուրեր անցան…

Կամուրջ՝ 33 կամարով: Նրբակերտ գեղեցկութիւն մը, իսկակա՛ն:

– Համաձայն եմ, վարդապե՛տ: Գեղեցկուհիի մը սպիտակ վիզը զարդարող ոսկեայ մանեակի նման, այս կամուրջը կը զարդարէ Պարսկաստանի ամենագեղեցիկ քաղաքը:

1853 թուականի ամրան, հակառակ իր բարձր դիրքին, շատ շոգ էր Իսֆահանը: Մինչ քաղաքի բնակիչները շահերու շինած հանրային պարտէզներուն մէջ եւ քաղցր ջուրերով լեցուած աւազաններու շուրջ զովութիւն կը փնտռէին, Կ. Պոլսոյ «Անտոնեան» ուխտէն հայր Վրդանէս վրդ. Եուզիւքճեան, քաղաքը կիսող Զայէնտէ գետի եզրին սկսած էր գծագրելու հռչակաւոր «Սիոսէ» կամուրջը: Զինք գտած եմ ծառի մը շուքին, կարպետի մը վրայ նստած: Գլուխին ունի այծի կամ ոչխարի բուրդէ բրգաձեւ սեւ փափախ: Ուսին առած է մինչեւ ոտքերը իջնող երկարաթեւ սեւ վերարկու, իսկ ոտքին կայ կրունկը բաց՝ սեւ կաշի մուճակ մը՝ վեր ցցուած սուր քիթով: Սիոսէի վեհաշուք տեսարանը եւ վարդապետին գծագրութիւնը առիթ կու տան, որ մեր զրոյցը սկսի հոսելու «կամուրջ» բառի եւ հայակերտ յայտնի կամուրջներու ուղղութեամբ:

– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, Իսֆահանը ունի 11 կամուրջ: Ամէնէն երկարը եւ ազգիս համար ամէնէն կարեւորը՝ Սիոսէն է, որ քաղաքը կը միացնէ հայկական Նոր æուղա թաղին: Անոր շինութիւնը սկսեր է 1599 թուականին եւ վերջացեր է 1602ին:

– Եւ երկյարկանի է, կը տեսնե՛մ:

– Վերնայարկը թէյարաններ են: Կամուրջին հիմունքը տաշածու քարերով է: Այդ քարէ հիմանց վրայ եփած աղիւսով կառուցուած է բովանդակ կամուրջը:

– Ի՛նչ հաճելի է լսել ստոյգ գիտելիքներ: Մինչդեռ, նոյնը կարելի չէ կրկնել «կամուրջ» բառին համար: Վարդապե՛տ, բազմաթիւ լեզուաբաններ փորձած են գտնել անոր հիմունքը: Ապարդի՛ւն: Գիտենք միայն, թէ բնիկ հայկական է ու զայն կարելի է համեմատել յոյներու «եֆիրա» բառին հետ, որ կը նշանակէ՝ պողոտայ եւ կամուրջ:

– Իսկ պարսկերէնի պարզ ծանօթութիւն մը պիտի բաւէր այս կամուրջին անունը հասկնալու. «Սի»՝ երեսուն, «սէ»՝ երեք: Ուստի, «սիոսէ» բառացի կը նշանակէ՝ 33, քանի որ կամուրջը ունի 33 կամար:

– Վարդապե՛տ, հակառակ անոր որ կամուրջները իրենց պատմութիւններով եւ աւանդութիւններով մեզ հեռաւոր անցեալին կը կապեն, սակայն իբրեւ բառ՝ «կամուրջ»ը շատ ճամբայ չէ՛ կտրած: 5րդ դարուն, Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ հազիւ երկու-երեք անգամ գործածուեցաւ անիկա: Իսկ յաջորդող դարերուն չճիւղաւորուեցաւ… հազիւ ձեռքի մատներու չափ ածանց եւ բարդ բառ միայն. կամրջակ, կամրջագործ, նաւակամուրջ, կամրջասիւն, կամրջախել եւ կամրջակալ: Ունինք նաեւ գեղեցիկ մէկ-երկու բառակապակցութիւններ. «Պսակ կամրջի», «շարժական կամուրջ», «կախաղանու կամուրջ», «լարապինդ կամուրջ», «կամուրջ արկանել», «կամուրջ կապել», «կամուրջ կամարակապ», «կամրջող զօրական», «մազէ կամուրջ»՝ վտանգալից ճանապարհ, «կամրջի վրայ պար գալը բռնել»՝ վտանգաւոր խաղ խաղալ կամ քայլ առնել։

-Իսկ ես Պոլիսէն մինչեւ Իսֆահան, անցայ հոյակապ կամուրջներէ, որոնք դարերու դիմացած ամուր շինութիւններ էին եւ անոնց տակէն շատ ջուրեր անցեր են: Նախ՝ պէտք է յիշեմ Մշոյ Սուլուխ կամուրջը՝ Արածանի գետին վրայ, որ կառուցուած է 867 թուականին, Սուլուխ անունով հայ վարպետի մը կողմէ: Երբ Ղարս հասայ, իբրեւ ուխտաւոր՝ պէտք էր անցնէի Վարդանի կամուրջէն: Իսկ ճամբաս երբ դէպի հարաւ ուղղեցի, գիշերեցի Խլաթի եւ Դատուանի միջեւ հիւրասէր Կամուրջ գիւղը: Տաթեւի վանքը այցելած հոգեւոր եղբայրներս կը պատմեն զարմանալի հրաշքի մը մասին՝ «Սատանի կամուրջ»ը: Որոտան գետին վրայ բնական կամուրջ՝ սառած լաւայէ:

– Իսկ «կամուրջ» բառը, վարդապե՛տ, հոսեր ու անցեր է մեր գրականութեան մէջէն: Վանայ լիճի կամուրջէն ո՛չ շատ հեռու, Նարեկ գիւղին մէջ Ս. Գրիգորը խօսեր է հոգեւոր կամուրջներու մասին. «Կենդանութեան կամուրջ», «Կամուրջ ցանկալի», «Կամուրջ խախտեցեալ»… Իսկ լիճի արեւելեան կողմը, Խառակոնիս գիւղին մէջ, սիրոյ կամուրջներէ անցեր է Նահապետ Քուչակը: Մեր աշուղը ոչ թէ ուզած է հասնիլ Վերինին, այլ փորձած է իր սիրածը փախցնել՝ համբոյրի մը համար.

«Էրնեկ ես անոբր կու տամ, որ առեր իւր եարն է փախեր,

Ոնց որ ըզկամուրջն անցեր, ջուրն ելեր, զկամուրջն է տարեր.

Ձընիկ-եղեմնիկ եկեր, զոտուընուն հետքն է կորուսեր.

Առեր, ի պաղչան մըտեր, ցորեկով զդընչիկն է պագեր»:

Քուչակի եարը ունեցեր է բարեգործ հայր, որ կապեր է շատ կամուրջներ: Իսկ աղջիկը բարիք մը կը գործէ՞ արդեօք…

«Քո հարն ալ շատ վարձկ արեր, շատ կարմունճ կապեր գետերուն.

Դուն ալ մէկ վարձկունք մբարա, պագ մը տուր դընչիդ մօտերուն»:

– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, մեր սիրելի Քուչակի մասին ժողովուրդը ունի բազմաթիւ աւանդութիւններ: Ահաւասի՛կ մէկը… Թրքական սուլթանին կինը անբուժելի հիւանդութեամբ կը տառապի: Քուչակը իր երգերու մոգական զօրութեամբ կը բուժէ զայն: Սուլթանը Կոնստանդնուպոլիսէն մինչեւ Խառակոնիս կառուցել կու տայ քառասուն եկեղեցի, քառասուն մզկիթ եւ քառասուն կամուրջ:

Եուզիւքճեան վարդապետը կը վերջացնէ գծագրութիւնը։

– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, առաքելութիւնս է Պարսկաստանի երեւելի շինութիւնները նկարագրել եւ գծագրել: Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը, Սրբոյն Միանսայ եկեղեցին, Մուրատենց եկեղեցին, Խաճու կամուրջը, Մարնուն կամուրջը… Իսկ հիմա՝ Սիոսէն:

– Բոլորը գիրքի մը մէջ կը մտածէ՞ք ամփոփել:

– Անկասկա՛ծ: Երբ վերադառնամ Պոլիս, այս գործը կը վստահիմ Յովհաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանին: Գիրքին անունն ալ որոշեր եմ. «Նկարագրութիւն Պարսկաստանի Երեւելի Շինուածոց»:

– Անհամբեր կը սպասեմ անոր հրատարակութեան: Վարդապե՛տ, թէյ մը չխմե՞նք Սիոսէյի վրայ:

– Պարսկական թո՛ւնդ թէյ: Լա՛ւ գաղափար… Ու ես ձեզի կը պատմեմ Իսֆահանի ուրիշ մէկ հրաշքի՝ Մանկանց Բեթղեհէմ եկեղեցւոյ մասին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles