ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայութեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ նախագիծին մասին երեք վայրկեաննոց տեսանիւթ մը հրապարակուած է թանգարանին համացանցային կայքին վրայ՝ առաջին անգամ ըլլալով մշակութային եւ դաստիարակչական այս տպաւորիչ նախաձեռնութեան ծալքերը յստակօրէն տրամադրելի դարձնելով հանրութեան։
Տեսանիւթին մէջ նախ ցոյց կը տրուի Կլենտէյլի քաղաքամէջը, Կեդրոնական գրադարանին եւ «Ամերիքանա»յի կից կառուցուելիք թանգարանին արտաքին մանրամասնութիւնները, որմէ ետք ներս կ՛անցնի, ուր կ՛երեւին մուտքի գլխաւոր սրահը, ապա արդիական հանդիսասրահն ու ցուցադրասրահները, ուր պիտի տեղադրուին ամերիկահայութեան մասին մնայուն, ինչպէս նաեւ շրջանի այլ մշակոյթներու առընչուող ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ։ Ցոյց կը տրուի նաեւ թանգարանին տանիքը հաստատուելիք արձաններու պարտէզը։
«Ամերիկահայութեան թանգարանը պիտի ըլլայ շրջանի ամենակարեւոր մշակութային եւ կրթական կեդրոններէն մէկը եւ խանդավառութեամբ համայնքին հետ կը բաժնենք անոր մասին պատրաստուած այս տեսանիւթը։ Թանգարանը իր սպասարկութիւնները տրամադրելի պիտի դարձնէ աշակերտներու, արուեստագէտներու, պատմաբաններու եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքէն հանդիսատեսներու», կը յայտնէ Ամերիկահայութեան թանգարանի գործադիր մարմնի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։
Ամերիկահայութեան թանգարանին գլխաւոր նպատակն է ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով՝ փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել:
Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնն ու թանգարանի պաշտօնատարները իրենց աշխատանքը կը շարուակեն ծրագիրին ձեւաւորման, երթեւեկի, կանգառի, տնտեսական եւ կենսոլորտային ուսումնասիրութիւններուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս տարուան վերջին եռամսեակին վերջնականացնել տարածքին վարձակալման համաձայնագիրը։
Տեսանիւթը դիտելու համար այցելել՝
www.armenianamericanmuseum.org կայքը։
Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական 10 կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը: