ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
1876ի ձմրան, երբ վերադարձայ Կ. Պոլիս, քսան տարի անցեր էր այն թէյին վրայէն, զոր խմած էի մայրաքաղաքի Անտոնեան ուխտէն հայր Վրդանէս վարդապետ Եուզիւքճեանի հետ, Իսֆահանի Սիոսէ կամուրջին վրայ: Շատ ջուրեր անցան այդ երեւելի կամուրջին տակէն եւ այն բոլոր կամուրջներուն, որոնց շնորհիւ այժմ հասեր եմ «Փայիթախտ», կամ՝ «Ասիթանէ», ինչպէս կը կոչուէր (Օսմանեան) կայսերական մայրաքաղաքը այդ օրերուն: Կերպարանափոխուած կը գտնեմ քաղաքը: Արտաքինով աւելի եւրոպականացած, բայց ներքինով՝ ընկճուած: Իսկ այժմ, եւրոպացիներուն յարմարցուցած «հիւանդ մարդ» յորջորջումին բերած բարդոյթէն ձերբազատուելու համար, Հայոց Ազգային սահմանադրութեան հետեւողութեամբ եւ Գրիգոր Օտեանի խորհուրդներով՝ կը փորձէին կայսրութեան բոլոր ցաւերուն դեղ մը գտնել: Իսկ ես կը փնտռէի բժիշկ մը, որ ճար գտնէր յօդացաւերուս. Պոլսոյ խոնաւութիւնն էր պատճառը:
Փետրուարի այդ ցուրտ առաւօտեան, կապար երկինքի տակ, քայլերս զիս ուղղեցին դեղագործ Կարապետ վարդապետի «տարրալուծարան»ը, Ղալաթիա թաղամասին մէջ, ճէնէվիզցիներէն մնացած քարաշէն բնակարանի մը նկուղը:
– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, այս ի՛նչ անակնկալ:
– Ի՜նչ լաւ բան է հին քաղաքի մէջ հին բարեկամ ունենալը, մանաւանդ երբ ան դեղարար է:
– Ձեր յօդացաւե՞րն են դարձեալ:
– Այո՛: Կը յիշեցնեն, որ Պոլիս վերադարձած եմ:
Կարապետ «վարդապետ» կը կոչուի ան, դեղարարութեան արուեստէն ներս ձեռք բերած ընտիր եւ ընդարձակ իր գիտութեան համար: Մենակեաց մըն է՝ գիտութեան նուիրուած:
– Նոր թէյ դրեր էի: Մսած ըլլալու էք…:
– Շնորհակա՛լ եմ… Ձիւնի ցուրտ կայ դուրսը:
Իր մեծ աշխատասեղանին վրայ կան ապակեայ շիշեր, տարբեր չափերով կաւէ ամաններ, փոքր կշիռք մը ու հին, կաշեկազմ բազմաթիւ գիրքեր: Անոնց քով ձեռագիր ստուար տետրակ մը ուշադրութիւնս կը գրաւէ.
– Նոր աշխատասիրութեան վրա՞յ կ՛աշխատիք:
– Այո՛, նոր գիրք մը գրի կ՛առնեմ, հայատառ-թրքերէն:
– Տեսայ անուանաթերթը. «Ֆարմաքոբ, Եանի Իլաճ Թերքիպի Էօյրէտէն Քիթապ. Որ Է՝ Գիրք Դեղարարութեան»:
Կարապետ վարդապետը աւագ դեղարարներէն ժառանգած եւ տարիներու ընթացքին իր հնարած բոլոր դեղատոմսերը հաւաքած է այս գիրքին մէջ… 439 հատ: Կը թերթեմ տետրակը ու միեւնոյն ժամանակ կը սկսինք զրուցելու թէ՛ «դեղ» բառին, եւ թէ դեղարարութեան այդ ընտիր աշխատասիրութեան մասին:
– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, աշխատասիրութիւնս եօթը գլուխի բաժնած եմ: Բոլորին մէջ, դեղերու հիմնական նախանիւթը խոտերն են եւ դալարիները: Ամէն բոյս ունի իր օգուտը, կամ՝ վնասը: Դեղարարին պաշտօնն է յայտնաբերել զանոնք:
– Վարդապե՛տ, «դեղ» բառը ոչ թէ միայն դեղարարին համար «խոտ» է, այլեւ՝ ստուգաբանին համար: Ըստ հայ եւ օտար լեզուաբաններու, «դեղ» բառին առաջին եւ հիմնական նշանակութիւնն է՝ «խոտ»: Բնի՛կ հայկական բառ է: Շատ հին դարերուն, Ոսկեդարէն իսկ առաջ, անիկա ունեցեր է իմաստի փոփոխութիւն եւ նշանակեր է՝ բժշկական միջոց, դարման, ճար:
– Բոլոր դեղարարներուն ծանօթ է, որ բժշկագիտութեան դասականներէն Գալենը դեղագիտութեան հիմնադիրներէն էր: Ան նաեւ քաջատեղեակ բուսաբան էր եւ ուսումնասիրած էր դեղաբոյսեր:
– Հայկական հին մատենագրութեան մէջ «դեղ» բառը յաճախ ընկերակցած է «դալար» բառին, ինչպէս՝ «Լիզանիցէ արջառ զդեղ դալար ի դաշտի», «Ո՛չ գտցի ի նմա դեղ դալար»: «Դեղ» բառին առաջին իմաստը պահուած կը մնայ վրացերէնին մէջ: Անոնք «մդելօ» ձեւով փոխառած են բառը, որ կը նշանակէ՝ դալարիք, մարգագետին: Իսկ բառը հայերէնին մէջ առած է նոր իմաստներ: Մեր բառարանները «դեղ»ին տակ կու տան հետեւեալ իմաստները. թոյն, կախարդանք, մարմինը օծելիք անուշահոտ իւղեր, ներկ, մելան, թանաք, կպչան, աչքի քսելիք ծարիր… Ուստի, «դեղել» կը նշանակէ՝ «բժշկել, թունաւորել, կախարդել, ներկել»: «Դեղագիտութիւն»ը կախարդութիւն է, իսկ «դեղագործ»ը թէ՛ դեղ պատրաստող է, թէ՛ թոյն պատրաստող, եւ թէ՝ ներկարար: «Դեղոց»ը նկար է եւ պատկեր, «դեղուն»ը՝ թունաւորուած, «սեւաթեղ»ը եւ «գրադեղ»ը՝ մելան, թանաք: Ունինք նաեւ պատկերալից անուններ ունեցող բոյսեր. դառնադեղ, թմբրադեղ, կապընդեղ, հացադեղ, խաշնդեղ, ճակնդեղ:
– Իսկ մենք կը գործածենք «դեղագիր, դեղատոմս, դեղատուն, դեղավաճառ, դեղավաճառանոց, դեղատուփ, դեղափոշի, դեղահատ» բառերը:
– «Դեղ» բառին հետ ծննդակից են՝ դալար, դալուկ, դեղին, դեղձ, դեղձան։ Բոլորը աճած եւ ճիւղաւորուած են «dhel» արմատէն, որ կը նշանակէ՝ «ծաղկիլ, դալարիլ»:
– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, ես կը սիրեմ հիւանդ հայրենակիցներէն լսել «դեղ» բառին հեշտալուր տարբերակները… Վանեցին «տեղ» կ՛ըսէ, տիգրանակերտցին՝ «թիղ», ռոտոսթոցին՝ «թէղ», խարբերդցին, կարնեցին եւ սեբաստացին՝ «դ՛էղ»:
– Իսկ Զէյթունի մէջ անիկա կը նշանակէ «վառօդ»:
– Ի՛նչ հեգնական… վառօդը՝ դեղ: Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, գալով ձեր դժգոհութեան… բացէք թիւ 182 դեղատոմսը:
– Թիւ 182… «Սաբառնա մաթպուհու»:
– Տենդախոտի եւ գայակենիի բաղադրութիւն մը հնարեցի: Ունի բազմաթիւ օգուտներ. կը բժշկէ սիֆիլիսը, կը մաքրէ արիւնը, արմատացած վէրքերը կը դարմանէ եւ կը վանէ յօդացաւերը:
– Վարդապե՛տ, կը կարծէ՞ք, թէ Օտեանն ու սահմանադրութիւնը պիտի կարենան կայսրութեան ցաւերը դարմանել:
– Սուլթան Ապտուլ Ազիզը տասնամեակ մը առաջ շատ յոյսեր տուած էր բոլոր ժողովուրդներուն: Իսկ այժմ… արտաքին պարտքերը խի՛ստ շատցած են, յետադիմական եւ յոռետես տրամադրութիւններ կը շրջին ամէնուրեք: Մայրաքաղաքին մէջ շշուկներ կան, թէ սուլթանը մօտ օրէն գահընկեց կրնայ ըլլալ:
– Եթէ սահմանադրութիւնը յաջողի, սա նաեւ լեզուական նորութիւն կը դառնայ. «Սահմանադրութիւնը՝ դեղ»:
– Վառօդէն աւելի՛ խաղաղ ճար է… Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, ձեր դեղէն պատրաստեմ, երկար չի տեւեր:
Կարապետ վարդապետի աշխատանոցէն դուրս՝ բուք էր եւ ցուրտ: Սկսեր էին մոխրագոյն երկինքէն փաթիլներ թափելու, սպիտակ, մաքուր ու մեծ փաթիլներ, որոնք ժամանակաւորապէս ծածկեցին մայրաքաղաքին բոլոր թերութիւններն ու ցաւերը: