Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Աւազակ (Ա.)

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Բառ մը, որ չորս ուղղութիւններով ներթափանցեց մեր լեզուն…

0903dadourianԱւազա՛կ… Բոլորիս ծանօթ որպէս նաեւ «ճամբու յելուզակ, գող, կողոպտիչ, աւարառու, հուղկահար, հէն, թալանող, հրոսակ, ասպատակող, սպաննող ուղեւորաց…»: Հոմանիշներու հարստութիւն մը նկատեցի՞ք… Զարմանալի չէ՛: Աւազակը կը սիրէ հարստութիւն. ուրիշներո՛ւ հարս-տութիւնը: Բայց կարելի՞ է հաւատալ, թէ ան կրնար ըլլալ նաեւ արդարադատ իմաստասէր մը՝ «մեծահոգի», «բարի», «ազնիւ»… (Վերջին որակումները, ո՛չ, «Հոմանիշ Բառերու Բառարան»է մը չենք առած: Անոնք կը պատկանին վիպագիր Րաֆֆիին: Յաջորդ թիւին մէջ դուք կը զարմանաք, թէ ո՛ր աւազակը արժանացած է այդ պատուաբեր ածականներուն եւ՝ ինչո՛ւ):

Այսօր միայն զրուցենք «աւազակ» բառի մասին եւ ստուգենք, թէ ուրկէ՛ եկաւ այդ բառը, մանաւանդ երբ հայաստանեան մամուլին մէջ «աւազակ»ի գործածութեան սաստկացող յաճախականութիւն մը կայ: Կ՛ուզենք ձեզի հետ բաժնեկցիլ քանի մը խորագիր՝ «Կառավարութեան անդամները գող եւ աւազակ են», «Վարչապետ չէ, աւազակապե՛տէ», «Սա գող-աւազակ ապօրինի գաղթականները», «Ոստիկանն էլ է աւազակ»…:

Գիտենք, թէ միջազգային աւազակներու համար գրաւիչ երկիր եղած է Հայաստանը: Անոնք եկած են արեւելքէն եւ հարաւէն, երբեմն ալ՝ հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն: Այժմ փորձենք յայտնաբերել, թէ, ուրկէ՛ եւ ե՛րբ եկաւ «աւազակ» բառը, ու տեղ գրաւեց մեր լեզուին մէջ, մեր գրականութեան մէջ: «Փորձել» ըսինք, որովհետեւ ինչպէս աւազակ մը, կամ քառասուն հեծեալներու աւազակախումբ մը, ծածկած կ՛ըլլայ իր դէմքն ու ինքնութիւնը, նոյնպէս ալ բառին ստուգաբանութիւնը մինչեւ այսօր կը մնայ քօղարկուած:

Թէ՛ հայ, եւ թէ օտար լեզուաբաններ առաջարկած են բազմաթիւ ծագումնաբանութիւններ: Առաջին. ըստ «Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» աշխատասիրութեան (1836-37, Վենետիկ), որ Մխիթարեան երեք վարդապետներու յիսուն տարուան աշխատանքով պատրաստուած է, բառը եկած է «աւազ» կամ «վազել» արմատներէն: Հետեւեալն է մեկնաբանութիւնը. «Հէն աւազուտ վայրաց կամ ի վերայ վազող»: Ըստ աւստրիացի լեզուաբան եւ հայագէտ Ֆ. Միւլլէրի (1834-1898) մէկ աշխատասիրութեան՝ լոյս տեսած 1929ին, Վիեննայի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի պարբերականին մէջ, բառը եկած է հարաւ արեւելքէն՝ պահլաւերէն «պաչակ» կամ պարսկերէն «պազա» բառերէն, որոնք կը նշանակեն «մեղք, յանցանք»: Իսկ ըստ վրացի արեւելագէտ, հայագէտ, լեզուաբան եւ հնագետ Նիկողայոս Մառի՝ այո՛, որ Անիի պեղումներով յայտնի է, «աւազակ» բառը եկած է հիւսիսէն՝ Սեւ Ծովու արեւելեան ափերու բնակիչ, սովետական շրջանին Վրաստանի քաղաքացի, իսկ այժմ անկախութիւն հռչակած, ինքնավար «աբխազ» ազգի անունէն: Կայ նաեւ աւելի նոր մեկնաբանութիւն մը, որ կը պատկանի իրանագէտ, բանասէր, Երեւանի Պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինի վարիչ եւ իրանագիտութեան կովկասեան կեդրոնի տնօրէն Գառնիկ Ասատրեանի, ըստ որուն՝ բառը հաւանաբար ունի միջին պարսկերէն ծագում եւ սեռած է «ուազ» (waz) բայէն, որ կը նշանակէ՝ «տանիլ, փոխադրել»: Ապա, բառը ստացեր է «ա» նախամասնիկը եւ «ակ» վերջածանցը ու դարձեր է ԱՒԱԶԱԿ: Իբրեւ արկածախնդիր բառ, անիկա սիրած է օտար երկիրներ սպրդիլ՝ ձիու վրայ, կէս գիշերին անկասկա՛ծ, ու յայտնուած է նաեւ դրացի ժողովուրդներու լեզուներուն մէջ: Այսպէս՝ հայկական «աւազակ»ի փոխառութիւններ են վրացերէն, մեգրելերէն «աւազակի» եւ ուտիերէն «աբազակ» բառերը:

Անկախ իր ծագումնաբանութենէն, «աւազակ» բառը եւ աւազակները միշտ ներկայ եղած են հայկական հողին վրայ, հայկական լեզուին մէջ: Յիշենք պատմական օրինակներ… Աստուածաշունչի մէջ կայ եօթը «աւազակ» եւ մէկ «աւազակապետ»: Գործողութիւններու առատ դաշտ գտնելով հայերէնին մէջ, 5րդ դարէն սկսեալ որոշ զարգացում ցոյց տուած է այս բառը եւ բարդ ու ածանց բառերու հարստութիւն մը դիզած է մեր բառարաններէն ներս: Քանի որ անոր շառաւիղները այնքա՛ն շատ չեն, որքան, օրինակի համար, «միտք» կամ «շուն»չ բառերու բարդութիւնները, ուստի՝ կարելի է բոլոր «աւազակ»ները յիշել հոս. աւազակաբար, աւազակաբարոյ, աւազակաբնակ, աւազակաբոյն, աւազակախաղ, աւազակախողխող, աւազակակուր, աւազակամիտ, աւազակային, աւազականոց, աւազակապէս, աւազակասպան, աւազակավարի, աւազակատիպ, աւազակարան, աւազակել, աւազակութիւն, աւազակակուռ, աւազակուտ, աւազակօրէն: Աւազակ մը, անշուշտ, առանձինն պիտի չհամարձակէր ուղտերու երկար կարաւան Mը ահաբեկել, ուստի վերոյիշեալ բառացանկին վրայ պէտք եղաւ աւելցնել նոր բառ մը՝ «աւազակախումբ»ը: Իսկ ո՞վ պիտի առաջնորդէր քառասուն արծաթամոլ, ընչաքաղց եւ խոժոռադէմ աւազակներու խումբ մը: Այո՛, պէտք էր բառ մը եւս. «աւազակապետ»ը: Վերջապէս, ո՞վ ըսաւ, որ ասիական անապատներով եւ կովկասեան լեռներով սահմանուած պէտք էր մնար աւազակի աւարառութիւնները: Օր մը ան ձեռք բերաւ «աւազականաւ» եւ ունեցաւ Սեւ ծովն ու Միջերկրականը, Պարսից Ծոցն ու Հնդկական ովկիանոսը ահաբեկելու ախորժաբեր հնարաւորութիւնը: Բայց, դուք կը կարծէ՞ք, թէ եղած է արշաւանք, որմէ աւազակները վերադարձած են ձեռնունայն: Ըստ հայկական յայտնի առածին՝ այո՛. «Քառասուն աւազակ մէկ տկլորի չեն կարողացած կողոպտել», կամ, ինչպէս մեր նախնիները ըսած են՝ «Մերկ մարդ յաւազակաց ոչ՛ երկնչի»:

Յառաջիկայ շաբաթ դուք կը ծանօթանաք վիպականացած տրապիզոնցի աւազակի մը՝ «իմաստասէր, բարեսիրտ եւ ուսեալ» աւազակապետի մը, որուն հանդէպ հիացում ունէր վիպագիր Րաֆֆին. երեւանեան թաղամասի մը, որուն բնակիչներու խճանկարին մաս կը կազմէին յարգարժան աւազակներ, ինչպէս նաեւ՝ Ղրիմի տափաստանները ասպատակող հեծեալ աւազակապետի մը, որ Յովհաննէս Այվազովսկիին հարս եկող գեղեցկուհիին ճամբան կտրեց: Մինչ այդ, ձեր ճամբան մնայ բաց եւ ապահով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles