Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Հատորի Մը Ծնունդը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

0913bedikianԱնակնկալ հեռաձայնը տպարանէն էր: Լսափողը կը հաղորդէր, թէ անհամբեր սպասած իր հատորը, արդէն լոյս տեսած էր, տպուած կազմ ու պատրաստ եւ իրեն կը սպասէր: Արագօրէն տպարան վազեց, առանց նոյնիսկ իր կողակիցին մնաք բարով մը ըսելու: Անկասկած, որ միտքին մէջ անաւարտ յուզումներ կային:

Այսօր, այնպէս կ՛երեւէր, թէ իրեն համար ուրիշ օր էր, կը հալածէր երեւակայութիւնը: Աչքերուն մէջ բացուած գիրքի նման կարելի էր կարդալ ե՛ւ մտահոգութիւն, ե՛ւ կամք ու սէր, եւ քիչ մըն ալ, ինչու չէ, ուրախութիւն:

Բայց ինչո՞ւ,- հարց կու տար ինքնիրեն: Իրականութիւն էր, որ այս մէկը առաջին հատորը չէր, զոր լոյս կ՛ընծայէր: Սակայն եւ այնպէս, իրեն կը թուէր, թէ այս մէկը իր «անդրանիկն» էր, հակառակ անոր, որ անկէ առաջ վեց ուրիշներ լոյս աշխարհ եկած էին, հանդարտ ու անաղմուկ:

Ուստի, իր առաջին զաւակին ծնունդը դիմաւորող եւ դէպի մայրանոց «վազող»ի մը հեւքով, տպարան մտաւ, անտանելի անհամբերութեամբ:

Պէտք է ըսել, որ տարիներով իր ազատութիւնը եւ աշխատութիւնը սեղանին կապած էր եւ ամէն առիթներով իր գրիչը, ամէնօրեայ մտածումները չափած էր: Անոր համար էր, որ յուշերով եւ անոնց սքանչումով կ՛ապրէր: Եւ եթէ իրապէս կարողանար բառերը կեանքի կոչել, անոնք բոլորը միասին պիտի արձագանգէին, թէ այսքան ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն՝ որովհետեւ այս վերջին հատորը նուիրած էր իր ծննդավայր Հալէպի 70ամեայ այն հայկական միտքի եւ հոգիի կեդրոնին, որ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան կը կոչուէր:

Արագօրէն տպարան մտաւ: Տպարանատէրը, շատ սիրալիր, իրեն յանձնեց նոր հատորէն օրինակ մը, միաժամանակ շնորհաւորական եւ «աչքը լոյսի» խօսքեր ալ ըսելով:

«Աստուած իմ», բացագանչեց անօրինակ եւ ուրախ ձայնով. «Այս ի՜նչ գեղեցիկ է, եւ հիանալի: Չէր նմաներ իր նախկիններուն, իր միւս «եղբայրներուն»: Տարբեր է: «Այս մէկը իրապէ՛ս, որ տարբեր է»:

Վայրկեանին խորունկ համոզումով բան մը կարծես դէպի իրեն հասած ըլլար: Ներքին յուզումնախառն հպարտութեան նման զգացում մը, եթէ կ՛ուզէք: Անմիջապէս բացաւ գիրքը ու անոր փայլուն կողքը իր դողացող մատներով խնամքով շօշափելէ ետք, սկսաւ ագահի նման թղթատել: Ապա տպարանի խճողուած սեղանին մօտ գտնուող բազկաթոռը իրեն մօտեցնելով, աճապարանքով մը տեղաւորուեցաւ: Բազմեցաւ իր գահը նոր ստացած արքայի մը նման:

Հիմա ինքն ու նոր հատորն էին: Մէկը շունչ եւ ոգի, իսկ միւսը՝ սեւի վրայ ճերմակ թուղթերու հաւաքածոյ մը: Այլեւս իրեն համար, ա՛լ լսելի չէր տպարանի բնական աղմուկ-ժխորը: Կարօտն ու խանդավառութիւնը ներկած էին իր վայրկեանները:

Ու լռութեան եւ ձայնին տակ փորձեց իր ինքնութիւնը որոնել:

Յիշեց: Երկա՜ր օրեր յատկացուցած, որոնած, հաւաքած, եւ մէկ առ մէկ կարդացած եւ բծախնդրօրէն վերամշակած էր հատորի բովանդակութեան իւրաքանչիւր էջ եւ տող, որոնք ցրուած էին մամուլի էջերուն մէջ եւ որոնք նոյն ատեն ընթացած էին հոսանքէն քշուած երազներու նկարներով: Եւ վերջաւորութեան, տպարան չտարած՝ զանոնք յանձնած էր իր անկեղծ գրչընկերներէն մէկուն՝ առ ի խմբագրութիւն:

Է՜հ, ինչ բարի էին ժամանակները, երբ ծնունդ եւ վերակենդանութիւն կու տային այս բոլոր յուշերուն:

– Իսկ ի՞նչ է այս հատորի բովանդակութիւնը, հարց տուած էին շուրջինները, իրենց հետաքրքրիր բառերուն խառնելով նաեւ ապշահար նայուածքներ ալ: Առ ի պատասխան, անկեղծ արդարացումով մը պատասխանած էր, թէ «յիշեալ նոր հատորի բովանդակութիւնը կազմող բոլոր նիւթերը, որոնք թէեւ նախապէս հրատարակուած էին մամուլի եւ իր նախկին հատորներուն մէջ եւ որոնցմէ շատերը թէեւ ունէին շուրջ քսան տարուան կեանք, սակայն իրեն համար տակաւին կը պահէին իրենց այժմէական խորքը, թարմութիւնն ու շահեկանութիւնը: Հասկցա՛ք»:

Kevork BedikianԱյլ խօսքով, Սփիւռքի մայր գաղութի զաւակ ըլլալով՝ ան փորձած էր վերակազմել անոր կեանքը:

Տողերու եւ սիւնակներու տողանցումով «խօսած էր» իր այդ ծննդավայրի մասին: Հէյ, հո՛ն, կային ոչ միայն աչքի զարնող ելեւէջներով յուշեր, այլ նաեւ խոնարհ դէմքերու յիշատակումներ եւ այդ «մայր» գաղութը իր այցելութիւններէն, անկեղծ տպաւորութիւններ: Այս բոլորը սակայն՝ կեանք ներարկող խանդավառ դրուագներով:

Ինք կը հաւատար, որ հոն կեանք մը ապրած էր կարճ պատմութեան մը նման ու հիմա փորձած էր իր իսկ բառերով ու իր սիրտին արթնցող բաբախումներով, զայն վերակենդանացնել: Այս ձեւով կ՛ուզէր հաւատալ հաւատքին: Կ՛ուզէր իր այս «նոր»ով, իր հին գարուններուն վերադառնալ:

Տարիներով ապրած էր եւ կ՛ապրէր հայ ըլլալու եւ մնալու հաճելի եւ դժուար իրականութիւնը, կեանքի յաճախ մռայլ հրապարակներուն վրայ: Համրելով ու ապրելով իր օրերը, նաեւ հանդիպած էր մարդոց թունաւոր ուրախութեան կողքին, թունաւոր ատելութեան ալ:

Ճանչցած էր տառապանքը, ուրախութիւնն ու անգործութիւնը եւ զինաթափ յաճախ կեցած էր կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Անոր համար էր, որ մանկութեան օրերու աստղերը հեռուէն էր, որ իրեն արցունքով կը ժպտային: Ու անկեղծօրէն, յաճախ ալ գինովցած էր այդ լացով ու խնդուքով, ու մանաւանդ իր նախկիններու նկարներով: Երբեմն բառերու սուտ խանդավառութեամբ՝ գոհացած էր: Ու յաճախ ալ անիծած էր անորոշը, բայց մէջը միշտ պարած էր երազը:

Հանդիպած էր տիպարներու, որոնց դէմքերուն վրայ հայու հոգին կը ցոլար: Ու իր հոգիին խորը ապրած էր հայ, ու մնացած էր այնպէս, ինչպէս, որ էր նախապէս, ինչպէս որ կար:

Փորձած էր վերակազմել եւ վերամփոփել դէպքերը, ապրելու համար հինը, զգալու համար անցեալը: Որովհետեւ ինք միշտ մեծ ցանկութիւնը ունեցած էր իր հինը վերյիշելու եւ ապրելու:

Ահա իր հեքիաթային ծննդավայրի յատուկ իր երազած հատորը:

Իսկ հիմա, միայն աղուոր ժպիտ մը ունէր խոնաւ աշքերուն տակ: Մտածումները անհետացած էին, անծանօթ մշուշի տակ: Ուստի, ոտքի ելաւ ու նոյն այդ ձեռքի հատորը ամուր մը կուրծքին սեղմած, արագ ոտքի ելլելով, դուրս վազեց: Ու հազիւ ինքնաշարժ հասած, այս անգամ տպարանատէրը ինք անձամբ ետեւէն հասնելով, իր այդ երազէն սթափեցնողի արագութեամբ յիշեցուց.

– Հապա մնացեալները…:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles