Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Փեսայ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourianՎայելուչ բառ, որ 20 անգամ ամուսնացաւ…

Միշտ նախընտրելի է, որ աղջկան ընտանիքը գիտնայ, թէ որտեղացի՛ է փեսացուն: Հայրը, մայրը ո՞վ են: Նոյն մտահոգութիւնները ունինք նաեւ լեզուական աշխարհի մէջ: Կ՛ուզենք գիտնալ, թէ ի՛նչ արմատներ ունի բառը: Ո՞վ են անոր ծնողները. հա՞յ, օտա՞ր… Օտարը մէկ աստիճան ընդունելի է: Հայերէնի մէջ փոխառութիւններ շա՛տ ունինք: Յարգելի՛ ընթերցող, ունինք բառ մը, որուն ո՛չ արմատները, ո՛չ ալ ծնողները ծանօթ են մեզի: Բազմաթիւ ստուգաբաններ փորձած են հասկնալ, թէ անիկա ուրկէ՛ եւ ինչպէ՛ս յայտնուած է մեր մայրենիին մէջ: «Փեսայ» բառն է անիկա: Վայելուչ է՝ կասկած չկա՛յ: Սակայն՝ նոյնքա՛ն ալ ծոյլ եւ անբերրի:

Ալեքսանդրապոլիս հասած ենք, մեր Գիւմրի՛ն: Ցոլակը, մեր սայլապանը, կը հեռանայ: Անոր երգը դեռ օդին մէջ է. «Կողպա ելան սելերը, կտրաւ հոգուս թելերը, կամաց քշէք սելերը, կապեմ չուլկուս թելերը…»: Քաղաքի մուտքին ֆայտոններ կան, մէկը՝ փայլուն կարմիր: Անիւները՝ կարմիր-կապոյտ ճիւղերով. ունի երկու գեղեցիկ ձիեր՝ երկու զանգուլակներով: Կառապա՞նը… Վայելո՛ւչ մարդ մը: Կապած է նախշ-գօտի, հագած է սպիտակ ձեռնոցներ: Կուրծքին ունի «Սարգիսով» մեծ ժամացոյց: «Ֆայտոն Ալեք»ն է ան, քաղաքի ամենայայտնի կառապանը: Բնակիչները կը սիրեն անո՛ր ֆայտոնով ճամբորդել, նոյնպէս եւ մենք: Ալեքին ֆայտոնով պիտի երթանք Գէորգ Աղայի՝ մեծահարուստ Գէորգ Կոստանեանի բաղնիքը, ուր նորափեսայ Մուրատը փեսաբաղնիք կ՛ունենայ: Մի՛ վարանիք: Բարձրացէ՛ք, ու երբ ֆայտոնը սլանայ «վարպետներու քաղաք»ի «դուքան»ներուն եւ բաղերուն առջեւէն, պիտի յիշենք այդ բառին փեսայութեան օրերը:

Կ՛ըսեն, թէ «փեսայ» բառը ունի յունական ծագում եւ սեռած է «փես» բառէն, որ կը նշանակէ՝ զաւակ, տղայ: Նախ անցեր է դէպի ասորերէն, ապա՝ հայերէն: Ըստ երկրորդ կարծիքի՝ պարսկական է բառը եւ կու գայ «փաշտա» կամ «փաշա» բառէն՝ թագաւոր: Իսկ երրորդ վարկածը՝ անիկա կու գայ «պսակ» բառէն:

Ալեքը կը գովէ աւանդութիւնը. «Յատուկ են մեր Գիւմրուայ հարսանիքները: Նախքան հարսանիքը, մէկ երկու օր առաջ, կը կազմակերպուի փեսաբաղնիք, որպէսզի նորապսակը մաքուր մտնէ նոր կեանք: Բաղնիքի մէջ է նաեւ նորափեսայի սափրուելու արարողութիւնը: Իսկ յետոյ, պարտադիր է ֆայտոնով տուն վերադառնալ»:

«Փեսայ» բառը, կը յիշէ՞ք, ծոյլ էր եւ անարգաւանդ: Մինչ մեր պտղաբեր «հարս» բառէն ծնած են 110ի չափ նոր բառեր, «փեսա»ն եղած է ժլատ… հազիւ քսան բառ՝ քսան «ամուսնութիւն»: Առաջինը՝ «հրաւէր»ի հետ, ապա «նուէր», «զգեստ» եւ «մանուկ» բառերով. փեսահրաւէր, փեսայանուէրք, փեսայազգեստ եւ փեսայամանուկ. մինչ «փեսայածին» էր Տիրամայր կոյսը: Ածանցուած բառեր ալ կան անշուշտ. փեսայաբար, փեսայական, փեսայարան, փեսայութիւն, փեսայօրէն, փեսայանալ, փեսացու: Անիկա սերտ կապ պահեց նաեւ իր եղբօր եւ խաչեղբօր հետ ու դարձաւ «փեսաեղբայր»:

– Ալե՛ք, կ՛ըսեն, թէ ֆայտոն քշելը քաղաքի մէջ արուեստ է ու մեծ պատիւ:

– Ֆայտոնը պապից պապ կ՛երթայ… Ֆայտոնը մեռաւ՝ Գիւմրին կը մեռնի:

Կ՛անցնինք քանի մը հին ճաշարաններ, «Ծիտրօ», «Շիլաջոց», «Ծակ-ծիկ Կարօ»: Իսկ աշուղներու երգեր կը լսուին Տալոյեաններու եւ վանեցի Կարապետ Սոնանեանցի սրճարաններէն:

Գրական լեզուի առաջին փեսան Արտաշէս Ա.ն էր: Ծախսալից հարսնիք մըն էր՝ ինչպէս Մովսէս Խորենացին կը փոխանցէ. «Տեղ (անձրեւ) ոսկի տեղայր ի փեսայութեանն Արտաշիսի»: Դասական շրջանին, հոգեւոր գրականութեան մէջ տեղ գտան «փեսաւէր», «փեսայազգեաց», «փեսայածու» բառերը: Յովհաննէս Մկրտիչը եկեղեցին կոչած էր «հարս», իսկ Քրիստոսը՝ «փեսայ»: Սուրբ Գիրքի մէջ 79 գործածութիւն գտան ան ու իր շառաւիղները: Միջնադարեան մատենագրութիւնը պսակուեցաւ այսպիսի տողերով. «Որպէս փեսայ՝ զի ելանէ յառագաստէ իւրմէ», «Այսօր հեզաբար եւ փեսայաբար գայ մտանէ ’ի քեզ նոր Երուսաղէմ», «Ուրա՛խ լեր բերկրեալդ, այր եղելոյ աշխարհի՝ անշաղախ փեսայածին», «Փեսայապէս զարդուք պճնէր, գլխոյն պսակ Քրիստոս նստէր»: Իսկ Թովմա Արծրունին, «Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց» աշխատասիրութեան մէջ գործածեց «փեսայացուցանել» ընտիր բայը. «Շապուհ՝ խոստացաւ փեսայացուցանել զՄեհրուժան ի քոյր իւր»: Բառը Ս. Ներսէս Շնորհալիի գրիչին տակ դարձաւ տաղ. «Ծիրանազգեստ պըճնեալ եկեղեցւոյ փեսայ», «Հարսն անմահ փեսային կոյս անարատ, ո՜վ սուրբ Հռիփսիմէ»: Իսկ Գրիգորիս Աղթամարցին 1500ական թուականներուն երգեց. «Ժամ ի փեսային գալոյ, երգեցէ՛ք զերգըս սիրոյ»: «Փեսա»ն ինչպէ՞ս, թէ տեղ գտած պիտի չըլլար ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ: Ըստ «Հայաստանի եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան»ին՝ Վանի Ակռբի գիւղի բնակիչները «Ակռբու հարս-փեսայ» անուանած են այն երկու մարդահասակ քարաբեկորները, որոնք հեռուէն մարդու նմանութիւն ունին: Մէկը «հարս» է անուանուած, իսկ միւսը՝ «փեսայ»: Յիշել կ՛արժէ նաեւ, թէ Վանի Մոկք գաւառակին մէջ կար Փեսավանք կամ Փեսի վանք կոչուած գիւղն ու վանքը:

«Փեսայ»ով ունինք երեք պատկերալից առածներ. «Փեսայ հագուեցնել»՝ հագնուիլը երկար տեւել, «Հարսի հաշուին՝ փեսային լաւութիւն», եւ «Ինքն իրեն հարս ու փեսայ դառնալ»: Փեսան գրասէ՞ր… Կարելի՛ է այդպէս դիտել: Քանի մը գիրքի անուն. «Փեսայ Որսողներ», Թիֆլիս, 1894, «Քաղցած Փեսաները…», Պաքու, 1898: Րաֆֆին եւ Համաստեղն ալ ստեղծեցին գրական երկու գործեր. «Տնային Փեսայ» եւ «Փեսայ Օվան»: Կոմիտասը պատիւ ըրաւ «փեսայ»ին ու հարսանեկան երգի վերածեց զայն. «Փեսին գովքը»: Ունեցանք հարսանեկան այլ երգեր եւս. «Այ ֆորկա, ֆորկա, ֆորկա… Թազա փեսին տեղ չիկայ», «Պսակ, պսակ տիկնի պսակ, փեսան եկաւ լիքը քսակ», «Հարս ու փեսին կանգնեցուցին, նրանց վերայ շաքար տեղացուցին, քառսուն օր գիշեր երգուպարեցին, գինի լից աղբեր ջան, գինի լից», «Ազիզ փեսայ կը կանչի, ջա՜ն, իմ նազան, ի՛մ եարը»:

Յարգելի՛ ընթերցող, շատ հարբելով՝ խնդրեմ ձեր երազին մէջ փեսայ մի՛ տեսնէք, զի ըստ երազահան գիրքերու (այս նախադասութիւնը նկատի մի՛ առնէք, եթէ դուք չէք հաւատար այդպիսի սնոտիաբանութիւններու)՝ այդ կը նշանակէ, թէ ձեր հարստութիւնը վտանգի մէջ է:

Հասանք բաղնիք, քաղաքի գլխաւոր բաղնիքը: Մո՞ւտքը… Երկու հատ է: Կանանց եւ տղամարդկանց. տարբեր փողոցներու վրայ: Ներսէն կը լսուին կերուխումի եւ երգի զուարթ ձայներ: Լոգնալու չէինք եկած: Սպասենք, որ մեր բարեկամները դուրս գան եւ մենք շարունակենք մեր զրոյցները:

 

Յ.Գ.- Ֆայտոն Ալեքի նկարագրութիւնն ու խօսքերը առնուած են Խաչիկ Դաշտենցի նոյնանուն բանաստեղծութենէն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles