Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Թշնամիին Չափը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

ChurchԹշնամիներու հետ գործ ունեցողը, միշտ անոնց տկար տեսակը կը նախընտրէ պայքարելու համար, այնպէս ինչպէս գազաններու հետ կռուելու յանկարծական կացութեան դիմաց կանգնած մարդը պիտի նախընտրէր անոնցմէ մէկուն ձագին հետ կռուիլ, քան՝ մեծ էգին կամ մեծ որձին: Ուրեմն յստակ է, որ «թշնամիին չափը» ըսելով մենք չենք հասկնար անոր քանակը, կամ՝ հակառակորդներու խումբ մը, ինչպէս յաճախ սխալ կը գործածուի չափ բառը, խօսակցական աղաւաղուած կամ խեղաթիւրուած հայերէնի մէջ:

Հակառակորդ երկրի դէմ պատերազմելու ծրագիր ունենալով, հրամանատարը թշնամիին չափը չի՛ հարցներ, այլ՝ բանակին քանակը: Որովհետեւ Գողիաթին դէմ կռուելու խնդիր չկայ, որ անոր մարմնի հսկայութեան չափը նկատի ունենանք, այլ՝ խնդիրը դիմացի բանակին քանակն է, որ եթէ յարձակող երկրի բանակին թիւէն աւելի է՝ վտանգաւոր արդիւնքի կրնայ հասցնել նախայարձակ երկրին:

Թշնամին նկարագրելը միշտ պակասաւոր կամ թերի աշխատանք պիտի մնայ: Որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ իր թշնամին ճանչնալ, կամ անոր միտքին մէջ գտնուող չարութիւնները գիտնալ այնպէս, ինչպէս որ անոնք խմորուած կան անոր ներսիդին: Մարդ իր թշնամիին մորթը, այսինքն՝ արտաքին կեղեւը միայն կը տեսնէ, բայց անոր հոգիին խորքը բնաւ չի՛ կրնար թափանցել: Այս անկարողութեան պատճառներէն գլխաւորը այն է, որ թշնամին ամէն վայրկեան իր մարտավարութիւնը կը փոխէ: Թշնամին կացութիւններու յարմարող եւ ծրագիրի փոփոխութեան խնդիրին մէջ շատ ճկուն անձն է: Մէկ օրուան մէջ թշնամին կրնայ աւելի քան տասն անգամ իր մէկ ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկել:

Թշնամին կը նմանի գողի: Այնպէս ինչպէս գողը շուքերու պէտք ունի իր նպատակին հասնելու համար, նոյնպէս ալ թշնամին դարանակալ կը սպասէ իր զոհին եւ անոր շարժումներուն հետեւելով, իր վատ ծրագիրի իրագործման քարտէզը ստիպողաբար եւ զգօնութեամբ փոփոխութեան կ՛ենթարկէ: Անիկա կը նմանի մեծ վարպետութիւն ունեցող երգեհոնահարի, որ իր հետ երգող փորձառու կամ անփորձ երգիչին կը հետեւի տասնամատնեայ նուագածութեամբ, մինչեւ որ համերգը իր աւարտին հասնի: Այս պարագային երգիչէն աւելի նուագողը աչքի կ՛իյնայ իր վարպետութեամբ, որովհետեւ առանց փորձ կատարած ըլլալու յաջողեցաւ ան հետեւիլ երգողին: Թշնամին նոյնպէս, անակնկալներու դիմաց կը գտնուի յաճախ, որովհետեւ չի՛ գիտեր թէ իր զոհը ե՞րբ, ի՞նչ արարք պիտի գործէ, որ կրնայ խանգարել իր ծրագիրը:

Ինչպէս որ սոյն գրութեան սկիզբը նշեցինք, մարդիկ թշնամիներու միջեւ զանազանութիւն կը սիրեն դնել: Օրինակ՝ կարողութիւն ունեցող թշնամի: Կա՞յ միթէ նման բան: Այնքան ատեն որ այդ կարողութիւնը չար նպատակի կը գործածուի եւ քանդումի ու աւերի կ՛առաջնորդէ մեր ընկերութիւնը, ճիշդ չէ՛ այդ կոչել կարողութիւն: Իսկական կարողութիւնը, կամ լաւ եւս, կարողութիւն կոչուելու արժանի  առաւելութիւնը, դրական եւ շինիչ գործունէութեան ետին կանգնած ոյժն է:

Առածներն ալ երբեմն տարօրինակութիւններ կը պարունակեն: Օրինակ մեր հայկական առածներէն մէկը կ՛ըսէ. «Աւելի լաւ է խելացի թշնամի ունենալը, քան՝ տգէտ բարեկամ»: Կեանքի փորձառութեանց վրայ հիմնուած այս իմաստուն խօսքերը՝ առածները, երբեմն ամէն կաղապարի մէջ չեն մտներ: Խելացի թշնամին եւ տգէտ բարեկամը նոյնիսկ եթէ հսկայական տարբերութիւն ունենան, սակայն երբեք համեմատելի չեն: Անոնք իրարու հետ պէտք չէ՛ բաղդատուին: Խելացի եւ տգէտ բարեկամներ կարելի է իրարու հետ բաղդատել, սակայն թշնամին, ինչ ալ ըլլայ՝ թշնամի է: Թշնամին եթէ ոսկեդրամ ալ ըլլայ, գրպանդ մի՛ դներ, որովհետեւ կրնայ զայն ծակել ու դուրս գալ…։

Մեր պաշտպանած տեսութեան համաձայն՝ թշնամիները իրարմէ տարբերութիւն չեն ունենար: Օրինակ, չենք ընդունիր այն տեսակէտը, զոր մարդիկ երբեմն կը յայտնեն իրենց թշնամիներէն մէկուն մասին՝ ըսելով, թէ ան յիմարին մէկն է…։ Ասիկա թշնամին նուաստացնելու, կամ իրենց հայեցողութեամբ անոր ոչնչութիւն ըլլալը փաստելու համար կ՛ըսեն ոմանք կամ՝ իրենք իրենց անձին ինքնավստահութիւն ներշնչելու համար, այսինքն՝ «ներքին սպառումի» նպատակով նման արտայայտութիւններ կ՛ունենան: Մինչդեռ անոնք լաւ գիտեն, թէ յիմար մը չի՛ կրնար այդքան վախ ազդել իրենց նման մեծ կարողութիւններու տէր մարդոց…:

Խնդիրը միւս կողմէն դիտելով, կրնանք հաստատել, թէ ուժեղ տրամաբանութեան տէր անձ մը երբեք չի՛ թշնամանար, որովհետեւ իր տրամաբանութեա՛մբ կ՛առաջնորդուի ինք ու վեր կը մնայ փոխյարաբերական կեանքի մանրուքներէն: Սակայն, պէտք է ընդունինք նաեւ ճշմարտութիւն մը, ըստ որուն՝ թշնամին մեզմէ աւելի հեռատես է: Մեր աչքը այդքան հեռուն չի՛ տեսներ, ինչքան կը տեսնէ մեր թշնամիին աչքը: Ասիկա դրական կարողութիւն մըն է, որ սակայն, դժբախտաբար, թշնամին ժխտական գործի կը ծառայեցնէ: Ան միայն ֆիզիքական աչքով չի՛ չափեր հեռաւորութիւնները, այլեւ՝ երեւակայական հայեացքով: Անիկա ենթադրութիւններու ամէնէն հաւանական հաշուարկումներով կը համադրէ իր յառաջիկայ քայլերը: Ուրեմն, մենք մեզ չ՛օրօրենք մեր թշնամիներուն փոքրութիւնը տեսնելով, եւ զանոնք անտեսելու խաբկանքով: Որովհետեւ անոնք կրնան փոքր քայլերով յառաջանալ եւ «մեծ յաջողութիւններու» հասնիլ իրենց կործանարար աշխատանքին մէջ:

Մրջիւնի մանր տեսակները փոքր միջատ կը համարուին: Սակայն անոնք ալ, իրենց հերթին, ոյժ ունին, երբ հաւաքաբար գործի մը ձեռնարկեն: Բարեբախտաբար անոնց աշխատանքը ընդհանրապէս իրենց սնունդի ամբարման եւ ապահովման ուղղուած է, եւ ո՛չ թէ ուրիշներուն գործը փճացնելու աշխատանքին: Այլապէս, այդքան փոքր միջատը եւս կրնար վնաս բերել մեր կեանքին:

Իմաստուն ծերունի բարեկամս միշտ կը յիշեցնէր՝ ըսելով.

_ Տղա՛ս, մրջիւնի չափ թշնամի ալ մի՛ ունենար:

Իրաւունք ունէր ան, որովհետեւ թշնամիին չափը ճշդելը մեր մարդկային կարողութենէն վեր է: Միայն Աստուած կրնայ գիտնալ այդ եւ ըստ այնմ պատժելով՝ արդարութիւն հաստատել մեր եւ մեր թշնամիներուն միջեւ: Թշնամիներուն քանակն ալ երբեմն ծածկուած կ՛ըլլայ մեր աչքերէն, սակայն աւելի՛ սարսափելի է անոնց չափը, այսինքն իրենց միտքին մէջ խմորուած թշնամութեան տարողութիւնը…։

Եզրակացնելով մեր խորհրդածութիւնը՝ կրնան ըսել, թէ թշնամիին մեծն ու փոքրը չկայ: Թշնամին թշնամի է, այնքան ատեն որ դոյզն թշնամութիւն կը խորհի ուրիշներու մասին: Երբեմն անոր խորհած թշնամութիւնը փոքրէն կը սկսի եւ ոխով սնուելով՝ ձիւնագնդակի նման կը ծաւալի ու մեզ իր տակը կը թաղէ…։

Ոխը այն կերակուրն է, որով կը սնանի թշնամին: Ուրեմն, իր «կենդանութիւն»ը պահելու համար, թշնամին անհրաժեշտ կարիքը ունի այդ կերակուրին: Ուստի, նոյնիսկ եթէ անցեալի պահեստին մէջ պահուած ոխ մը գոյութիւն չունի իր զոհին նկատմամբ, պէտք է զայն ստեղծել՝ թշնամութիւնը կերակրելու համար…։

Եւ այսպէս կը շարունակուի այս տրտմանուշ մեղեդին մարդկային ցեղի, այնքան ատեն որ մարդ էակ գոյութիւն ունի այս աշխարհի երեսին, արդարացնելու համար այդ գզվռտուքը մարդոց միջեւ: Իսկ թշնամին՝ չափ չունի: Վերյիշեցնեու համար ըսենք՝ անոր փոքր կամ մեծ տեսակը չկայ, թշնամին թշնամի է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles