ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Փետրուար 11ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի կազմակերպութեամբ, «Օքսիտենթըլ» համալսարանի «Չոյ» թատերասրահին մէջ (1600 Campus Rd, Los Angeles, CA 90041) տեղի պիտի ունենայ Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեանի՝ «Պատմական Հայաստանի Անհետացող Հետքեր» վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը։
Ձեռնարկի համահովանաւորողներն են՝ Համահայկական ուսանողական միութիւնը, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութիւնը եւ «Ալֆա Կամա Ալֆա» ընկերակցութիւնը։
Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում, մասնակցութեամբ բեմադրիչին եւ Պոլսահայ միութեան ու Հայ Իրաւաբանական միութեան ներկայացուցիչ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեանի։
Մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.tinyurl.com/VanishingTraces կայքէջը։