Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Փետուր

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourian Խնդրեմ՝ այս բառը թեթեւի մի՛ առնէք…

Սպիտակ փետուր մը իջաւ փոքրիկ աղջկան քիթիկին վրայ: Ուրկէ՞ եկաւ անիկա: Ո՞ր թռչունի թեւէն: Չգիտցա՛ւ: Բայց ուրախացաւ եւ խաղաց անոր հետ: Իր շնչիկով օդի մէջ փորձեց պահել զայն: Քրքջալիր դարձաւ անոր շուրջ, ապա քնքշութեամբ դրաւ իր գրպանին մէջ ու վազեց տուն:

Յարգելի՛ ընթերցող, չկարծէք, թէ մանկական հէքիաթի մը մուտքն է, զոր կարդացիք: Վերոյիշեալ պատկերը այլաբանութիւնն էր «փետուր» բառի առասպելին. առասպել մը, որ քիչ մը երեւակայական է, քիչ մը քնարական, քիչ մը սիրային եւ քիչ մըն ալ առեղծուածային: Բառ մը, որ իրականի եւ երազայինի սահմանագիծ է, սահմանագիծերու ամենափափուկը, ներշնչում է բանաստեղծներու համար եւ աղբիւր՝ սիրալիր ծիծաղներու։ Ծագումով կը մնայ խորհրդաւոր. ուրկէ՞ եկաւ անիկա: Ո՞ր լեզուի թեւերէն պոկուեցաւ: Բնիկ հայկակա՞ն էր: Չե՛նք գիտեր:

Լեզուաբաններ, թէ՛ գիտութիւնը եւ թէ երեւակայութեան թռիչքները գործածած են՝ բացայայտելու համար զայն: Ապարդի՛ւն: Մանուկի մը պէս հիացիկ՝ անոնք դարձեր են «փետուր»ին շուրջ ու դեռ կը շարունակեն դառնալ: Իսկ մեր «փետուր» բառը անայլայլ հանգչեցաւ հայոց գաւառներուն եւ ոստաններուն վրայ… Վանի վրայ՝ իբրեւ փիտուր, Սալմաստի վրայ՝ փիտուռ, Մուսա լերան վրայ՝ փիդէօր, Մարաղայի վրայ՝ փութուր, Գորիսի եւ Արցախի վրայ՝ թէփուռ, Ալաշկերտի, Խարբերդի եւ Մշոյ վրայ՝ թէբուր, Ասլանպէկի վրայ՝ թէբիւր, Զէյթունի վրայ՝ թօբույ, իսկ Հաճնոյ վրայ՝ թուբուլ: Գոնէ գիտենք, թէ բառը միջնադարուն ունէր «փեպուր» ձեւը:

Ժողովուրդին համար կարեւո՞ր էր, թէ ի՛նչ ծագում ունի ան. ամենեւի՛ն: Ու սկսանք փետրազարդ բառեր հնարելու: Հարիւրի չափ. սխա՛լ կարդացիք: Հայերէն լեզուն զարդարուած է հարիւր փետրալից բառերով: Հնարաւոր չէ, որ բոլորը յիշենք այս սուղ տողերէն ներս: Սակայն, յարգելի՛ ընթերցող, ձեզ կը վստահեցնեմ, որ բոլորն ալ գունագեղ են եւ պատկերալից: Ահա քանի մը ընտիր օրինակներ. փետրաբոյր, փետրագրիչ, փետրաբարձ, փետրադրամ (այո՛, կան ցեղեր, որոնք փետուրը օգտագործած են իբրեւ դրամ), փետրազուրկ, փետրաժապաւէն, փետրակերպ, փետրաւել, փետրափայլ, փետրափունջ, փետրամօրուս, ինչպէս նաեւ աշխարհի ամենաթեթեւ գործը՝ փետրավաճառութիւն: Անշուշտ, ունեցանք նաեւ բառեր, որոնք վերջացան «փետուր»ով. նորափետուր, կարմրափետուր, ոսկեփետուր, արծաթափետուր, սպիտակափետուր, ձիւնափետուր, լուսափետուր… Եթէ կը կասկածիք, թէ վերոյիշեալ բառերը գրական գործածութիւն կամ ծանրութիւն մը ունեցած են, ապա մեր հեղինակները կը փարատեն ձեր անորոշութիւնը. «Սիրամարգի նման նախշած փետուր ես»՝ միջնադարեան անյայտ աշուղ, «Աղուափետուրով լի բարձեր»՝ Մուրացան, «Լուսափետուր հրեշտակներ»՝ Յակոբ Պարոնեան, «Ծիրանածաղիկ փետուր անուրջի»՝ Միսաք Մեծարենց, «Փետրոց փափկութիւն», «Ոսկեփետուր թռչուն», «Լուսափայլ փետուր»՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, «Ձիւնափետուր կարապներ»՝ Աւետիք Իսահակեան, «Փետուր կռունկի»՝ Զահրատ, «Սիրտս… ուրիշներին փետուրի նման պահում է վերեւ»՝ Պարոյր Սեւակ, «Հովն ամպի թեւից մի փետուր պոկել»՝ Համօ Սահեան, «Մանգաղէ քնքոյշ յոյսերս նորափետուր»՝ Լեւոն Լարենց, «Աշունը եկել հաւքի փետուրի պէս»՝ Արմէն Մխէեան:

Ունեցանք նաեւ թեւաւոր այտայայտութիւններ. «Յարդարել զփետուրս», «Փետրանուշ քուն», «Փետրազարդ սաղաւարտ», «Աւել ի փետրոց»… Բառակապակցութիւններու յարմար եկաւ «նորափետուր» ածականը, ուստի ունեցաք «նորափետուր գարուններ», «նորափետուր գիտնականներ», «նորափետուր հայրենիք» եւ մայրաքաղաք մըն ալ՝ «Նորափետուր Երեւանս»՝ Յովհաննէս Շիրազ:

0208feather

Բայց «փետուր»ը, յարգելի՛ ընթերցող, որ թեթեւասիրտ էր բնաւորութեամբ, օր մըն ալ դարձաւ ծանրախոհ: Հայոց դաժան օրերն էին… Անիկա ըմբռնեց ժամանակի լրջութիւնը ու փորձեց երկրի վիշտերէն բաժին մը վերցնել իր դողդոջ վանկերուն վրայ: Աշուղ Շիրինի «Բուրաստան» երգին կը պարտինք այս դրուագը.

«Ա՜խ, իմ փոքրիկ բուրաստան, ափսոս անջուր մնացիր,

Միանգամայն քուրձ զգացեալ, սեւափետուր մնացիր»:

Նկատեցի՞ք, թէ այդ «Սեւափետուր բուրաստան»ը Հայաստա՛նն էր: Ո՛չ ալ երախայամիտ էր բառը. հին աշխարհի մէջ դարձաւ իմաստո՛ւն խօսք. «Լաւ է առն մորուսի բիր գլխոյն, քան բարձս փետրալիցս, զի իմաստութեամբ ո՛չ խրատի»: 13րդ դարուն հնչեց որպէս Թարգմանչաց տօնի օրհնութեան շարական. «Որք նորափետուր բանիւ զարդարեալ»: «Փետուր» մըն ալ իջաւ Ծերենցի «Երկունք Թ. Դարու» պատմավէպի էջերուն վրայ. Մուշը գրաւած եւ հոն բնակութիւն հաստատած արաբ ոստիկան Եուսուփ զօրապետը, ըստ հեղինակի փետրագրիչին՝ «… Բագարատայ պալատին մէջ… փետրայարդար անկողնուց եւ բարձից տաքուկ հանգստութիւն կը վայելէր»: Իսկ մեր օրերուն, բառը դարձաւ հզօր հեղինակի՝ Յովհաննէս Շիրազի, յուշագրութիւններու խորագիր. «Մի Փետուր Իմ Արծիւ Կեանքից»:

Փոքրիկ աղջի՞կը… Ան վերադարձաւ տուն, մտաւ իր սենեակը: Գրադարանէն առաւ հանելուկներու գիրք մը: Բացաւ իր ամենասիրած էջը ու փետուրը քնքշութեամբ տեղադրեց անոր մէջ: Էջին վրայ գրուած էր.

«Նախշուն, նրբահիւս ի՞նչ տարազ գիտէք,

Մկրատ չէ տեսած իր կեանքին, երբե՛ք»:

(Պատասխան՝ փետուր)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles