Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայկական Սփիւռքի Մէջ 1850-1980 (Գ.)

$
0
0
0000PJISHG17 0000PJISHG18 0000PJISHG19 0000PJISHG20 0000PJISHG21 0000PJISHG22 0000PJISHG23

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

 

 

0000Garbis Haroyan Գ. Պոլիս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթեր.

  1. «Աստղիկ Արեւելեան»

Հայ իրականութեան մէջ առաջին հայ ամսաթերթը, որ պարբերաբար անդրադարձած է բժշկա-առողջապահական նիւթերու: Եղած է բարոյախօսական, բանասիրական, տնտեսագիտական, բնագիտական առողջապահական ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1855-56, ամիսը մէկ անգամ: Խմբագիրը եղած է Յովհաննէս Գաբրիէլեան, հրատարակիչը՝ Պոլսոյ Մեսրոպեան ընկերութիւնը: Ունեցած է 16-20 էջ: Տպուած է Յովնաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանին մէջ: Դադրած է հրատարակուելէ Մեսրոպեան ընկերութեան լուծարքով:

  1. «Առաջնորդ Առողջաբանութեան»

Բժշկական-առողջապահական հայերէն ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1896-98:

  1. «Ատամնաբոյժ»

Ատամնաբուժական հայերէն ամսագիր: Հրատարակուած է 1922ին՝ միայն երկու թիւ: Ունեցած է ատամնաբուժութեան տեսական եւ գործնական հարցերու ու հանրամատչելի բժշկա-առողջապահական բովանդակութիւն:

  1. «Բժիշ»

Բժշկական-առողջապահական հայերէն 16-24 էջերով ամսաթերթ: Հրատարակուած է Տրապիզոն, 1911ին եւ Պոլիս 1912-14, տնօրէնութեամբ Վահան Ղազարեանի:  Բովանդակութիւնը յատկանշուած է բժշկական զրոյցներով, ազգային հիւանդանոցի լուրերով, հայ բժիշկներու պաշտպանողական եւ թրքական հակահայ խտրականութեան դէմ գրութիւններով: Տպուած է Սեռար եղբայրներու, Օննիկ Արզումանեանի «Արաքս» եւ «Շան»չ տպարաններուն մէջ:

  1. «Բժշկական Տարեցոյց»

Բժշկական, առողջապահական, գիտահանրամատչելի հայերէն 436 էջերով տարեգիրք: Հրատարակուած է 1914ին, միայն մէկ թիւ, խմբագրութեամբ բժիշկ Վահան Ղազարեանի: Բովանդակութիւնը կազմուած է բժիշկներու կենսագրականներով, բժշկա-առողջապահական յօդուածներով, բժշկական լուրերով: Տպուած է «Արաքս» տպարանին մէջ:

  1. «Գանձ Արհեստից»

Բժշկական, արհեստագործական, երկրագործական հայերէն 8-16 էջերով շաբաթաթերթ: Հրատարակուած է 1885ին, տնօրէնութեամբ բժիշկ Կ. Ճեռահեանի: Տպուած է «Գանձ Լրագոյ» տպարանին մէջ:

  1. «Գիտական Շարժում»

Գիտական-բժշկական հայերէն ամսօրեայ հանդէս 24-66 էջերով: Հրատարակուած է 1885-87, խմբագրութեամբ բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեանի: Ունեցած է բնագիտական, կենսաբանական, բժշկական բովանդակութիւն: Տպուած է Նշան Կ. Պէրպէրեանի տպարանին մէջ:

  1. «Գրպանի Օրացոյց»

Գրպանի օրացոյց մը՝ որ սակայն ունեցած է առողջապահական ուղղուածութիւն: Հրատարակուած է 1903ին:

  1. «Դարման»

Բժշկա-առողջապահական եւ գիտական պատկերազարդ հայերէն 22-24 էջերով ամսաթերթ: Ունեցած է ֆրանսերէն բաժին մը: Հրատարակուած է Պոլսոյ Հայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ 1920-22 եւ տնօրէնութեամբ բժիշկ Օննիկ Փափազեանի: Բովանդակութիւնը կազմուած է ընտանեկան, դպրոցական, պատանեկան եւ երիտասարդական առողջապահական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ վարակիչ հիւանդութիւններու, համաճարակներու մասին գրութիւններով եւ համաշխարհային բժշկագիտութեան պատմական տեղեկութիւններով: 1921ին միանալով «Հայ Բուժակ»ին՝ կոչուած է «Դարման-Հայ Բուժակ»: Տպուած է Պեճիտեան եղբայրներու տպարանին մէջ:

  1. «Դարման-Հայ Բուժակ»

Նախորդ անունները եղած են «Դարման» եւ «Հայ Բուժակ»: Բժշկական, առողջապահական, գիտական պատկերազարդ հայերէն ամսաթերթ: Հիմնուած է Հայ բժշկական, ատամնաբուժական եւ դեղագործական միութիւններու կողմէ: Հրատարակուած է 1921-22, տնօրէնութեամբ բժիշկ Օննիկ Փափազեանի:

  1. «Երջանիկ»

Գրական, գեղարուեստական, բանասիրական, գիտական, առողջապահական, տնտեսական, երգիծական հայերէն տարեգիրք: Հրատարակուած է 1928-67: Երբեմն հրատարակուած տարբեր անուններով՝ «Երջանիկին Տարեցոյցը», «Երջանիկ Զատիկ», «Երջանիկ Տարի», «Երջանիկ Տարիներ»: Խմբագիր-տնօրէնը եղած է գրող եւ հրապարակախօս Բագրատ Թեւեան:

12.« Ընդարձակ Օրացոյց Սուրբ Փրկչեան Ազգային Հիւանդանոցի Հայոց»

Օրացոյց 172-567 էջերով: Հիմնադրուած է Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի տեսչութեան կողմէ, Պոլսոյ մէջ: Հրատարակուած է 1884-97 եւ 1900-10: Ունեցած է քանի մը խմբագիրներ՝ Հրանդ Ասատուր, բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեան, Դաւիթ Խաչկոնց, Տիգրան Արփիարեան եւ Արշակ Ալպոյաճեան: Ունեցած է տոմարային, առողջապահական, վիճակագրական յօդուածներ: Տպուած է Գ. Պաղտատլեանի եւ Հ. Մատթէոսեանի տպարաններուն մէջ:

  1. «Ընդարձակ Տարեցոյց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հայոց»

Բժշկական հայերէն տարեգիրք: Հիմնադրուած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին կողմէ: Հրատարակուած է Պոլիս 1925-39, խմբագրութեամբ բանաստեղծ եւ բանասէր Թորոս Ազատեանի: Տպուած է Վ. Տէր Ներսիսեանի տպարանին մէջ: Նախապէս կոչուած է «Տարեցոյց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հայոց», ապա՝  «Ընդարձակ Տարեցոյց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հայոց»։

  1. «Ընդարձակ Տարեգիրք Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի»

Բժշկական հայերէն տաեգիրք: Հրատարակուած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին կողմէ 1943-49: Ունեցած է քանի մը խմբագիրներ՝ Արտաշէս Գալփագճեան, Յովսէփ Քէշիշեան, Բաղդասար Մանուէլեան եւ Արփիար Տէր Մարգարեան: Վերջին տարիներուն եղած է պատկերազարդ: Տպուած է Հ. Մատթէոսեանի տպարանին մէջ: Յաջորդ անունը եղած է «Սուրբ Փրկիչ Ամսաթերթ Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի»:

  1. «Թանգարան Ժողովրդեան»

Բժշկական, առողջապահական հայերէն ամսագիր: Հրատարակուած է 1884-86, խմբագրութեամբ բժիշկ Մանուէլ Բարունակ Իւթիւճեանի: Տպուած է «Աշճեան» տպարանին մէջ:

  1. «Ժամանակի Ժողովրդական Տարեցոյցը»

Երգիծական, առողջապահական պատկերազարդ տարեգիրք: Հրատարակուած է 1927ին երկու հատոր, խմբագրութեամբ՝ «Ժամանակ» թերթի:

  1. «Լոյս»

Ազգային հայերէն 4 էջերով հանդէս: Հրատարակուած է 1874-85: Արտօնատէրը եղած է Հմայակ Դիմաքսեան, իսկ խմբագիրը՝ Մ. Գափամաճեան, ապա՝ Բիւզանդ Պողաճեան: Բովանդակութիւնը յատկանշուած է գրական երկերով, բանաստեղծութիւններով, հրապարակախօսութիւններով, բժշկական եւ առողջապահական յօդուածներով:

  1. «Կիլիկիա»

Ազգային, առողջապահական, ուսումնական հայերէն օրագիր: Հրատարակուած է 1861-75: 1864ին դարձած է շաբաթաթերթ՝ 4 էջերով, ««Կիլիկիա» Հանդէս Բժշկական Ուսումնական Եւ Ազգային» անունով: 1867ին կոչուած է ««Կիլիկիա» Հանդէս Միամսեայ Առողջական Եւ Ուսումնական», 48 էջերով:  1909ին դարձեալ լոյս տեսած է, բայց միայն 3 թիւ: 1910-19 լոյս տեսած է միջանկեալ «Փունջ» անունով: Խմբագիրը եղած է բժիշկ Մանուէլ Բարունակ Ութուճեան: Տպուած է Յովհաննէս Միւհէնտիսեանի եւ Թ. Տի Վիթճեանի տպարաններուն մէջ:

 

(Շար. Գ.)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles