Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ- Սափրիչին Մի՛ Հարցներ

$
0
0

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մազերու յարդարանքը արտաքին մեր տեսքին տարբեր հմայք բերող կամ պատշաճ երեւոյթ տուող սովորական կենցաղի մաս կազմող առօրեայ աշխատանք է:
Թափթփած ու անյարդար մազերը, յատկապէս կանանց համար շատ անվայելչութեան, իսկ այր մարդոց համար անփութութեան նշան են:
Մազերու սանտրուածքներ ժամանակ առ ժամանակ փոփոխութեան կ՛ենթարկուին, նորաձեւութեան յատուկ կանոններու կը հետեւին, որուն ի հետեւանք, տարբեր երկիրներու մէջ վարսայարդարման փառատօներու ընթացքին մրցանակներ կը բաշխուին լաւագոյն վարսայարդարներուն: Մէկ խօսքով, այսօր գոյութիւն ունի վարսայարդարման յատուկ մշակոյթ, որուն հետեւողներուն թիւը քիչ չէ՛: Գեղագիտական սրահները միշտ խճողուած են յաճախորդներով, նոյնիսկ այր մարդոց սափրիչներու խանութներն ալ միշտ ժամադրութեամբ պէտք է այցելել, ո՛չ թէ անպայման այնտեղ նստելով ժամավաճառ չըլլալու, այլ այդ օր հերթ ունենալու համար:
Այս ասպարէզէն ներս եւս մասնագիտութիւնը ստիպողական դարձած է: Այլեւս նոյնիսկ երրորդ աշխարհեան երկիրներէն անհետացած են փողոցներու մէջ շրջուն սափրիչները: Անոնք ալ արդէն ունին խանութ կամ կրպակ, ուր կ՛ընդունին իրենց պատահական յաճախորդները, կամ լաւագոյն պարագային՝ ծանօթ ծերունիները, որոնք իրենց դողդոջ ձեռքին չվստահելով, սափրուելու գործը կը յանձնեն ինքնուս սափրիչին:
Անցեալին, վերոյիշեալ շրջուն սափրիչները, որոնք փողոցին այս կամ այն անկիւնը դնելով շարժուն աթոռակը, իրենց յաճախորդները ատոր վրայ կը նստեցնէին, բնականօրէն անոր դիմաց հայելի չէին դներ: Հայելին ալ արդէն շատերու համար անհասանելի էր: Ամուսնացող զոյգին, ու մանաւանդ նորահարսին համար մեծ նուէր էր հայելիով պահարան առնելը, երբ նոյն ժամանակներուն ապրողները իրենց հագուստները կտաւէ ծրարներու մէջ կը պահէին: Ուրեմն, մէկը այդ ինքնուս սափրիչին աթոռակին նստելէ ետք, սափրիչին հարցուցեր է, թէ՝ «մազերուս գոյնը ի՞նչ է»: Սափրիչն ալ պատասխաներ է. «Հիմա երբ կտրեմ՝ կը տեսնես»: Այսինքն, երբ կտրուած մազերը թափին վրադ, կ՛իմանաս թէ ի՞նչ է մազերուդ գոյնը: Ստոյգ տեղեկութիւններ փնտռող մարդիկ միշտ իւրայատուկ հետաքրքրութիւն կ՛ունենան շրջապատին նկատմամբ, սակայն չեն անդրադառնար, որ իրենց մօտ կը գտնուի իրենց հարցումներուն պատասխանը, եւ քիչ մը համբերելով կրնան իմանալ զիրենք հետաքրքրող նիւթերուն մասին ստոյգ տեղեկութիւններ:
Մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունի մարդոց այնպիսի խաւ մը, որ ինքնավստահութեան պակասէ կը տառապի: Որոշում առնելու դժուարութիւնը զայն կը մղէ, որ դիմէ ուրիշներու կարծիքին: Այն հասցէները, որոնց կը դիմէ սակայն, բոլորն ալ կրնան վստահելի հասցէներ չըլլալ եւ ճիշդ ուղղութիւններ չտալ: Երբեմն պէտք չեղած խրատը կու տան, որ բարի խրատ ըլլալէ աւելի, կրնայ վատ ուղեցոյց ըլլալ ենթակային եւ զայն առաջնորդել խորխորատ:
Միամտութեան կամ պարզամտութեան աստիճանը այնքան ցած մակարդակի վրայ կը գտնուի ոմանց մօտ, որ նոյնիսկ իրենց սափրիչին կարծիքը կ՛առնեն իրենց մազը կտրելու ժամանակը հասած ըլլալուն կամ չըլլալուն գծով: Մազը, ինչպէս այս գրութեան սկզբնաւորութեան ըսինք, մէկուն վայելչութեան ու արտաքին երեւոյթին մաս կը կազմէ, եւ ուրեմն շատ անհատական բնոյթ ունի: Կանանց պարագային այնքան շեշտուած է սափրիչին կարծիքը հարցնելը, որ երբեմն իրենց գլխուն ու մարմնի չափին բնաւ չհամապատասխանող կտրուածքով ու սանտրուածքով դուրս կու գան անոնք վարսայարդարին քովէն, կորսնցուցած իրենց բնական գեղեցկութիւնը ու աստուածատուր հմայքը: Սա կը պատահի, երբ ուրիշին կարծիքով կը յարդարուին մարդիկ: Մինչ, գեղագիտական ճշմարտութիւնը այն է, որ մարդ ի՛նք է որ իր անձը գեղեցիկ կամ տգեղ կը տեսնէ: Ուրիշներու կարծիքը այս պարագային կրնայ տարբեր դրդապատճառներ ունենալ: Օրինակ, նախանձի հետեւանքով, ամէնէն մտերիմ ընկերուհիդ կրնայ մեծ գովեստ կարդալ, եւ սուտ ու սխալ իր կարծիքներով համոզել, թէ նոր ներկուած մազիդ գոյնը շա՜տ վայելած է դէմքիդ ու խառնուածքիդ…
Իրենց մազը կտրելու ժամանակը հասած ըլլալուն կամ չըլլալուն մասին սափրիչին կարծիքը հարցնող պարզամիտները չեն կրնար մտածել, որ սափրիչին եկամուտը մազ կտրելէն կը գոյանայ… Նոյնիսկ, երբ սափրիչը նկատէ, որ իր յաճախորդը իսկապէս կողմնորոշուելու դժուարութիւն ունի, կամ չի գիտեր թէ պէ՞տք է իր մազը կտրուի կամ յետաձգէ կտրելու օրը, անմիջապէս կը սկսի հաստատական ու համոզկեր խօսքերով պնդել, թէ այդ օր իսկ պէտք է կտրուին մազերը: Անիկա շուտով կը բռնէ ականջին վրայ եկած մի քանի թել մազերը ու կ՛ըսէ. «Այս ի՞նչ է, կարծես մազերդ ձիու փոխարէն ականջիդ հեծած են»: Ապա, աւելի պնդելու համար իր որոշումը, սափրիչը կ՛ըսէ. «Այս երկար մազերովդ ամէն մարդ քեզ որբ պիտի կարծէ»: Որովհետեւ անցեալին որբերը երկար մազ կ՛ունենային, երբ իրենցմով մօտէն հետաքրքրուող չըլլալուն, երկար ժամանակ սափրիչի երես չէին տեսներ:
Սափրիչը, որուն պէտք չէ՛ հարց տալ, օրինակ է պարզապէս այն մարդոց, որոնք առանց գիտնալու դիմացինին ով ըլլալը, անոր խորհուրդը կը հարցնեն իրենց վերաբերող շատ անձնական խնդիրներու մասին: Դիմացի անձը կրնայ իսկապէս մասնագէտը ըլլալ այն հարցին, որ քեզ կը տագնապեցնէ, ինչպէս մազդ կտրելու պարագային՝ սափրիչը: Սակայն պէտք է իմաստութիւնը ունենալ, շատ անձնական հարցերը չբանալ այն անձերուն դիմաց, որոնց համար գործ ու եկամուտի աղբիւր է անոնց պատասխաններ գտնելը կամ լուծումներ տալը:
Երբեմն մենք աւելի լաւ լուծումներ կրնանք բերել մեզ տառապեցնող խնդիրներուն, քան՝ ուրիշներ, նոյնիսկ եթէ անոնք ըլլան իսկապէս մասնագէտներ: Որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ ի յայտ եկող երեւոյթներուն բուն պատճառը ենթական ի՛նք կ՛ըլլայ առհասարակ: Շատ քիչ պարագաներու այնպէս կը պատահի, որ մեր կեանքին մէջ յայտնուող երեւոյթներն ու դժուարութիւնները դուրսէն պատճառուած ըլլան, այսինքն՝ արտաքին պատճառներ ունենան:
Այո՛, սափրիչին հարցնելու պէտք չունի՛ս, թէ մազերդ կտրուելու ժամանա՞կն է կամ ո՛չ: Ճիշդ ասոր նման պարզ «դժուարութիւններ» ալ ի յայտ կու գան կեանքիդ մէջ, եւ պէ՛տք է կարենաս որոշում կայացնել ատոնց համար: Դո՛ւն պէ՛տք է զգաս, թէ մազերուդ կտրուելու ժամանակը հասած է արդէն:
Յաճախ մարդիկ ինչքա՜ն զոհողութիւն կը կատարեն ժամանակի եւ քսակի իմաստով, ուրիշներուն կարծիքը հարցնելու համար երբեմն շա՜տ պարզ խնդիրի գծով: Թերեւս իրենք եթէ մտածէին ու լուծում բերէին, շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար, ու շահաւէտ իրենց համար: Սակայն, կողմորոշուելու դժուարութենէն տառապող այդ մարդիկ միշտ ալ ուրիշներուն կարծիքներով ա-ռաջնորդուելով, իրենց եղածէն աւելի նուազ բախտաւոր վիճակներու կը մատնուին:
Սափրիչին մի՛ հարցներ: Անոր տալիք պատասխանը միշտ իրեն նպաստաւոր պատասխան պիտի ըլլայ եւ ո՛չ թէ քեզի: Որովհետեւ անիկա ծախսեր ունի, որոնք պէտք է հոգայ մինչեւ ամսագլուխ: Իր վարսայարդարման սրահի ծախսը, ելեկտրականութեան ու ջուրի ծախսերը, օճառի ու ածելիի ծախսերը, անձեռոցի ու գոգնոցի մաքրութեան ծախսերը ու շատ ուրիշ կողմնակի ծախսեր: Անոր խանութէն ներս մուտք գործելուդ պէս, քեզ պիտի ջանայ «դատապարտեալի աթոռ»ին նստեցնել, իր պարտքերը փակելու համար: Հարցերդ ու դէմդ ծառացող խնդիրներդ անձամբ լուծել փորձէ՛ եւ «սափրի»չին մի՛ հարցներ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles