



ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Ինչո՞վ ենք մենք տարբեր միւսներէն: Մեր Կաղանդն ու սովորոյթները այնքան նման են «բոլոր»ին պիտակին տակ գտնուողներուն, որ կը տարուիս մտածելու, թէ իսկապէ՞ս մենք ոչինչ ունինք միմիայն մերը կոչուող, մեր ինքնութիւնն ու դարերու կենցաղով շաղախուած մշակոյթը Մեսրոպեան տառերէն զատ շատ բան չունի՞… Չունի՞… իսկապէ՞ս չունի… եւ ուզես թէ չուզես, կը թախծիս քիչ մը, կը մտմտաս քիչ թէ շատ, կը լրջանաս, երբ կը դիտես ուրիշինը եւ… եւ… եւ… «Մենք ենք, մեր սարերը»ին հետ, Կոմիտասը՝ «Մենք ենք, մեր երաժշտութիւնն ու ազգային պարերը»էն անդին՝ եղածը, մեր սովորոյթներն ու աւանդոյթները այնքան թափանցիկ ու փոխանցիկ են, որ կը զարմանաս, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ մաղել ու զտել այս ամէնը, գտնել մերն ու ի վերջոյ տիրանալ մենք զմեզի… Իսկ Ամանորը միայն մերն իսկ չէ…
Ուրկէ՞ սկսիլ, ի՞նչ գրել, ինչպէ՞ս գրել Ամանորի ու Կաղանդի մասին, որ տրուածը ըսուած ու լսուած տափակութենէն անդին անցնի, որ թերեւս կարենայ հարստացնել նոյնիսկ ընթերցողին աշխարհը: Եւ սկսաւ փորձը, որ փորձ մըն է միայն, եւ թերեւս օր մը գտնէ նաեւ իր շարունակութիւնը, մեր «կարելի եղածին չափ հարազատ» ազգային մաքրազտման, ինքնաճանաչման եւ ինքնահաստատման ճամբուն վրայ: Չորս դիս արդէն շատո՜նց կարմիր ու կանաչ Կաղանդ է: Կաղանդի, Սուրբ Ծնունդի պատրաստութիւնները հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կը սկսին Հոկտեմբերէն իսկ: Շուկաներուն մէջ աչքառու տեղ կը գրաւեն նաեւ կարմիր ու կանաչ գուլպաներ, որոնց մէջ կաղանդ պապան իր նուէրները պիտի դնէ: Կը յիշեմ հօրս պատմածները, եւ արդեօք կապ մը կա՞յ այս գուլպաներուն եւ հօրս պատմածին միջեւ՝ կը մտածեմ: Առաջին աղբիւրս՝ մանկութենէս ինծի փոխանցուածն էր, որովհետեւ կը բխէր «էրկիր» ապրած, անոր հող ու ջուրով սնած ծնողներէս:
Ըստ հօրս պատմածին, «էրկիր»ի, այսինքն՝ Ակնայ Ապուչեխի տուներուն առաստաղներուն լուսամուտներէն վար կախուող գուլպաները ասոնցմէ աւելի երկար պէտք է եղած ըլլային, եւ շատ աւելի լայնաբերան, կը մտածէի, որպէսզի կարելի ըլլար ոչ միայն չիր ու չամիչ ու ընկոյզ լեցնել այլեւ՝ ինչպէս հայրս կը պատմէր, լման հաւ մ՛իսկ զետեղել անոնց բերնին մէջ… Հետեւեալը ծնողներուս կողմէ ինծի փոխանցուածէն աւելին գիտնալու խայծին արդիւնքն է, որ մեծաւ մասամբ հիմնուած է ցարդ կատարուած բանասիրական պրպտումներու վրայ, զորս լոյս տեսած են «Պատմաբանասիրական Հանդէս», «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների» եւ այլ ազգագրական գրականութեան հրատարակութիւններու մէջ: Յոյսով եմ, որ մեր երիտասարդ ծնողները, իրենց կարգին, եւ մանաւանդ՝ դաստիարակ հայ ուսուցիչները ոչ միայն կարդան ու անցնին, այլեւ՝ իւրացնեն, եւ որպէս ազգային ժառանգութիւն, կեանք տան այս հարստութեանց, զանոնք փոխանցելով նորագոյն սերունդներուն: Ահաւասիկ այն հարցումները, զորս մղեցին պրպտումներուս, որոնց յամառօտ պատասխանները պիտի փորձեմ համադրել ստորեւ:
Ամանորը՝ Դեկտեմբեր 31ի՞ն թէ…
Հայկական Կաղանդի ծառ գոյութիւն ունի՞:
Ամանորն է Նոր տարին, իսկ Կաղանդ բառի ծագո՞ւմը:
Հայերը Կաղանդի առթիւ գուլպաները նուէրներով լեցնելու սովորութիւն ունի՞ն:
Հայկական Սուրբ Ծնունդը Ծնունդի յատուկ երգեր ունի՞:
Սկսինք:
Ամանորը, այսինքն Կաղանդի տօնակատարութիւնը հեթանոսական տօն է: Ունի ոչ միայն ծէսեր, այլեւ՝ այդ տօնը հովանաւորող աստուածութիւն: Ամանորն ու Վանատուրը հայոց այգեգործութեան, պտղաբերութեան, հացաբոյսերու եւ բերքի հովանաւոր աստուածութիւններն են եղած, որոնց մեհեանը կը գտնուէր Բագրեւանդ գաւառին մէջ: Այս զոյգ չաստուածներու տօները կը տօնուէին գարնանամուտին Մարտ ամսուն, եւ կամ՝ ամրան, Օգոստոս, այսինքն՝ Նաւասարդի 1էն 6ի տեւողութեամբ: Արտաշէս Գ., (18-34թ.) մահէն առաջ, նաւասարդեան տօնակատարութիւնները կը յիշէ, ըսելով.
Ո՜ տայր ինձ զծուխ ծխանի Եւ զառաւօտն Նաւասարդի,
Զվազելն եղանց եւ զվարգելն եղջերուաց,
Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանեաք,
Որպէս օրէնն է թագաւորաց:
Հոսկէ մեկնելով, ինչպէս նաեւ ԺԹ. դարու մինչեւ վերջերս կատարուած աւանդական սովորութիւններու ուսումնասիրութեանց արդիւնքներով է, որ բանասէրները կու գան հաստատելու, որ Նաւասարդի կրօնական տօնակատարութիւններուն զուգակցած են նաեւ ժողովրդական երգերն ու ծէսերը, խաղերն ու մարզական մրցոյթները:
Ահաւասիկ Ամանորը, ինչպէս կարգ մը այլ տօներ, այն տօներէն է, որ դարերու ընթացքին փոխած է իր ժամանակն ու զայն տօնելու եղանակը: Զայն ժամանակափոխելով սկսած են տօնել մեր տարեթիւի Նոր տարուան Դեկտեմբեր 31ին:
Այնուամենայնիւ, տակաւին մինչեւ ԺԹ. դարու վերջերուն, կային ազգագրական շրջաններ, ուր պահպանուած էր Նաւասարդեան տօնը Օգոստոսին կատարելու հեթանոսական սովորութիւնը, ինչպէս, Սիւնիքի, Արցախի, Գանձակի գաւառի, Արարատեան հովտի մեծ մասի, Վայքի, Սիսիանի մէջ: Այդ աւանդութիւններէն օրինակ մըն է, Վարանդայի մէջ, Ե. Լալայեանի նկարագրածը. «Շատերն ի նշան ուրախութեան ծառերի վրայ կարմիր շորեր, կարմիր կտորներ են ձգում եւ կարմիր թելերով ճիւղերը կապկտում», որոնք անմիջական աղերս ունէին վանատուրեան նուիրական կարմիր գոյնին հետ: «Այդ օրը, նշուած շրջաններում յատուկ ծիսական կերակուրներ էին եփում, կարկանդակներ թխում: Արցախում խնամիները մրգափոխումներ էին կատարում: Սիւնիքում գիշերը գոմերը մաքրում էին եւ անասունների տակ գարի ցանում եւ նրանց ագիներին (պոչերուն-Վ.Դ.) կարմիր թել կապում, որպէսզի տարին առատ եւ կարմիր օրերով, երջանիկ լինի»:
Այդ օրը ցորենով պատրաստուած ծիսական կերակուրներ կ՛եփէին, կարկանդակներ կը թխէին: Ահա թէ ո՞ր ժամանակներու ծնունդ է հայկական անուշապուրը (ծեծած, չամիչ, չիր, ընկոյզ, կաղին, ու նուշ, շաքար կամ մեղր), զոր հայկական Կաղանդի սեղանին զարդն է:
Կաղանդի Ծառ կամ տօնածառ
Շատ հաւանաբար, վերոյիշեալ ծառերը կարմիր ժապաւէններով զարդարելու սովորութիւնն է, այս ծառերէն բարօրութիւն եւ Նոր Տարուան հետ ակնկալուելիք պտղաբերութեան հետ առնչուող ծէսերն են, որ ծնունդ տուած են յետագայ դարերուն հետզհետէ տարբեր մեկնաբանութիւններ ստացող Կաղանդի ծառերուն:
Կը տարուինք նոյնիսկ մտածելու, թէ արդեօք վերոյիշեալ հեթանոսական սովորութիւններն ու ծէսերը չե՞ն որ առիթ տուած են Մարդին Լուտերին (1483-1564) որ ինք, իր զաւակներուն համար եւ կրօնա-մանկավարժական մղումներէ տարուած, նոր մեկնաբանութիւն մը տուած ըլլայ մշտադալար մայրիին եւ զայն զարդարող իրերու գոյներուն, զանոնք զետեղելով քրիստոնէութեան մէջ: Ան իր տան մէջ հաստատած է երկու մայրիի ծառ: Մին՝ կարմիր գոյնի ժապաւէններով կը զարդարէ, եւ կը յայտարարէ, որ կարմիրը նշանն է անկումի եւ մեղքի, իսկ միւսը՝ ճերմակով, նշան մաքրութեան, Քրիստոսի ծնունդով մաքրուելուն: Հարկ է յիշել, թէ աշխարհի զանազան ազգերու մօտ տօներու առթիւ ծառեր զարդարելու սովորոյթը նոր չէր: Մերը հեթանոսական շրջանէն հասած է մեզի, ուր կարմիր գոյնը արեւու, բարօրութեան եւ բարգաւաճման նշան է: Այդ գոյները նաե՛ւ մեր տօնական ծիսակատարութեանց ընթացքին գործածուածներն են, ինչպէս Բարեկենդանին կամ Վարդավառին երգուած երգին համաձայն, Վանատուրը կամ բերքառատութեան չաստուածները կը հագուին «շիլա շապիկ» (կանաչ) եւ կը կապեն «կարմիր գօտիկ»:
Ի՞նչ է Կաղանդը կամ Ամանորը
Կաղանդ բառը ծագում առած է լատիներէն Calendae (կոչել) բառէն, որ հայերէնի մէջ ստացած է ամէն ամսու եւ Նոր տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը:
Ամանորը, որ կը նշանակէ Նոր Տարի, հին Հայոց հեթանոսական կրօնքով, Նոր Տարուան աստուածն է, նշան՝ հունձքի եւ առատութեան: Եւ ահաւասիկ կ՛ունենանք նոր տոմարով կամ մեր տարեցոյցով տեղափոխուած Ամանորը Օգոստոսի 1- 6 տեւող օրերէն Դեկտեմբերի 31ին, որ նաեւ մօտ է Յիսուսի Ծննդեան օրուան, եւ որ կը տօնենք Յունուարի 6ին:
Կաղանդչէքի գուլպաներ
Խարբերդը, Ակնը, Արաբկիրը, Բալուն, Պոլիսը եւ ասոնց շրջակայքը պահպանած են ծէսին բնիկ, զուտ ազգային «կախու-կախուկ» անուանումը: Պատմական Հայաստանի բոլոր ազգագրական շրջաններուն մէջ 12-14 տարեկան պատանիները կը շրջէին տանիքէ տանիք, բակէ բակ եւ, վերոյիշեալ «կախի» երգերը երգելով, նուէրներ կը պահանջէին: Երդիքի լուսամուտերէն կ՛երկարէին ոչ միայն իրենց մեծ մայրերու հիւսած երկարաճիտ ու զարդանաշխուած գուլպաները, այլեւ, ինչպէս կը նշէ Ա. Օդաբաշեանը, «իրենք էլ մինչեւ գօտին կախուելով, երկարում էին տոպրակ, քթոց, սալա (կողով), գոգրա (դդում), փայտի պուպուկ, գուլպայ, մի խօսքով ինչ հնարաւոր էր: Տանտէրը պարտաւոր էր դրանք լցնել չոր մրգով, միաժամանակ դնելով գաթա, հաւ, ձու եւ այլ ուտելիքներ: Հաւաքած բարիքով ուրախութեան սեղան էին բաց անում, որին կարող էին մասնակցել միայն տուեալ խմբի անդամները: Նոյն գիւղում կազմըւում էին մի քանի այդպիսի խմբեր»:
Արաբկիրի եւ անոնց շրջակայքի գիւղերուն մէջ այդ ծէսերը տեղի կ՛ունենային Քրիստոսի Ծննդեան տօնի Ճրագալոյցի երեկոյեան: Կեսարիոյ, Վանի, Քղիի, Ակնայ եւ Նախիջեւանի մէջ՝ Դեկտեմբերի 31ի գիշերը:
Անգլիական եւ առաւել հիւսիսային ամերիկեան սովորութիւն է Կաղանդի կամ Սուրբ Ծնունդի առթիւ տրուելիք նուէրները կարմիր գուլպաներու մէջ զետեղելը: Ոչ մէկ աղբիւր կրցանք գտնել այդ սովորութիւնը մեկնաբանող, բացի այն մի քանի ընթացիկ, անհիմն ենթադրութիւններէն, թէ որովհետեւ Կաղանդ պապան ծխնելոյզէն կ՛իջնէ, դիւրացնելու համար անոր գործը, իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամի գուլպան կախուած կ՛ըլլայ տան կրակարանին վրայէն եւ կամ դրուած՝ Կաղանդի ծառին տակը, որուն մէջ Կաղանդ պապան նուէրները կը դնէ եւ կը մեկնի:
Իսկ հայերու մօտ, ինչպէս վերը նշեցինք, գուլպաներու մէջ նուէրներ հաւաքելու սովորութիւնը այնքան հին է, որքան մեր Նաւասարդեան տօնը, զոր կը տօնէինք Օգոստոսին: Ահա թէ ինչ կը գրէ Վ. Բդոյեանը այս մասին.
«Նաւասարդեան տօնը Պարսկահայքի Սալմաստ գաւառում վերանուանուած էր Խլվլիկի տօն: Այստեղ Խլվլիկը բրդոտ գլխարկով, ուրեմն, արական սեռին պատկանող սատանայ էր համարւում, որը մեծերի եւ երեխաների թշնամին էր դիտւում: Մի նկարագրութեան համաձայն, Խլվլիկ էր կոչւում 8-12 տարեկան երեխաների այն խումբը, որը Խլվլիկի տօնին՝ Նաւասարդին, այցելելով համագիւղացի հարեւաններին, երդիկներից գուլպայ կախելով չամիչ, ընկոյզ, փշատ, պնդուկ եւ վանատուրեան այլ մրգեր էին պահանջում: Այդ պահին երեխաները օրհնում էին, որ Աստուած նրանց հարսին ու փեսային պահպանէր: Ճիշդ այդ նոյնն էին անում Ակնի երեխաները՝ Դեկտեմբերի 31ին»:
Խլվլիկ կը կոչուէին Բարեկենդանի Կիրակին ու Վարդավառի օրը: Վարդավառը նոյնինքն օգոստոսեան Ամանորն էր, որուն ընթացքին կը կատարուէին Խլվլիկ-Վանատուրին նուիրուած ծիսակատարութիւնները: Իսկ նաւասարդեան ծէսերուն մէջ պահպանուած Խլվլիկ-Խիպիլիկը անտարակուսելիօրէն այդ անուան տակ ծպտուած Վանատուրն էր, իսկ Վանատուր-Խլվլիկը սատանայ վերանուանելը՝ քրիստոնէական եկեղեցու խմբագրումը:
Հայկական զարդանաշխ գուլպաներն ու սռնապանները
Ի՞նչ հնութիւն ունի բրդահիւս գուլպան հայաստանի մէջ: Գուլպայի գործածութեան մասին ամենահին գրաւոր վկայութիւնը մեզի հասած է հնագոյն Մաշտոցէն, ուր կը նկարագրուի քահանաներու զգեստաւորման արարողութիւնը: Լճաշէնի, Արթիկի, մանաւանդ Կարմիր բլուրի հնագիտական պեղումները գուլպաներու գործածութիւնը կը տանին Քրիստոսէ երկու հազարամեակ առաջ:
Գուլպան եւ սռնապանը (սրունքի եւ ազդրի պահպանիչ) հեռաւոր անցեալէն ի վեր հայկական զգեստի կարեւոր մասերէն են, որոնց ձեւն ու զարդանաշխը կը տարբերէին գաւառէ գաւառ: «Գեղեցիկ զարդարուն գուլպայ եւ սռնապան գործելու համար միմիանց հետ մրցում էին նոյն թաղի կամ միեւնոյն գիւղի, նոյնիսկ քաղաքի տարբեր թաղերի եւ տարբեր գիւղերի աղջիկները, ցոյց տալով իրենց շնորհքն ու ճաշակը»:
Ահա այս մրցակցութեան շնորհիւ է, որ ժամանակի ընթացքին կը զարգանան գուլպայ եւ սռնապան գործելու յատուկ նախշաձեւեր, զարդարանքի յատուկ ոճեր, որոնք իրենց ուրոյն եւ պատուաւոր տեղը ունին հայկական զարդարուեստին մէջ:
Ալաշկերտցին, կարնեցին, խարբերդցին, մշեցին, սեբաստացին գուլպան անուանած են թաթ, զէյթունցին ու հաճընեցին՝ թոթ, սալմաստեցին, վանեցին ու տիգրանակերտցին՝ թաթ, եւ ակնցին, բաղեշցին, մշեցին, չարսանճաքցին ու քղեցին՝ բուճ:
Իւրաքանչիւր զարդանաշխ ունի իր անունն ու նախշի մեկնաբանական իմաստը: Ինչպէս՝ «սայրիկ», «կոլկոլ», «խնձորիկ», «ճանկիկ», «բարիմնուկ» եւ այլն:
Գուլպաներու զանազան մասերը ունին իրենց անունները: Ազդրը կամ ծունկը բռնող մասը կը կոչուէր «եզերածք» կամ «եզրաշերտ», ազդրէն մինչեւ ծունկին սկիզբը կը կոչուէր «ծունկ», հոնկէ մինչեւ ոտք՝ «ճիտք», ոտքի վրայի մասը ծածկող բաժինը՝ «պաճուճք», իսկ ոտնատակը ծածկող մասը՝ «ներբան», ոտնաթաթի մասը՝ «թաթ»:
Զարդանաշխերու համար գործածուած բուրդերու ներկերը բոյսերէ կը պատրաստուէին: Տիրապետող հիմքի գոյներէն մէկը հողագոյնն է, որոնց վրայ կու գան աւելնալ մութ կանաչն ու սոխագոյն դեղինը, որդան կարմիրն ու հայկական կապոյտը: Կը բաւէ երեւակայութեամբ ձեռագործուած տեսնել այս զարդանաշխերը այս գոյներով եւ արդէն կ՛ունենանք հայկական գորգերու հարազատ մանրատիպը: (Տես մնացեալ տախտակները):
Հայկական Ամանոր-Կաղանդն ու Սուրբ Ծննդեան երգաշարերը
Ո՞վ է, որ Դեկտեմբերի կիսուն արդէն ձանձրացած չէ մանրիկ զանգակներու ընկերակցութեամբ երգուած սուրբ Ծնունդի բազմալեզու երգերէն կամ՝ մաղթանքներէն: Եւ, ուզես թէ չուզես, կը տանիս, այս է՝ «մենք այսքանն ալ չունինք» կը մտածես երբեմն, եթէ իսկապէս կ՛անգիտանաս, թէ դարերու ընդմէջէն մեր ազգային կենցաղը պատկերաւորող ինչ գանձեր ունինք: Ամանորը կամ Կաղանդը իր ծիսակարգին ընկերացող յատուկ երգաշարով այդպիսիներէն է, որ ինքնին՝ այնքա՜ն թովիչ է ու բանաստեղծական:
Դարերու հոլովոյթի բովէն անցած, հայու կենցաղն ու ապրումները նկարագրող այդ գոհարները, քրիստոնէութենէն ետք է որ կը կրեն յաւելումներ, զորս կը կատարուին զանոնք պատշաճեցնելու համար հայ քրիստոնեայի կեանքին, անոր իղձերուն ու մտահոգութիւններուն: Ասոնց մէջ կը մտնեն «Աւետիս»ները կամ «Ալէլուիա»ները եւ կ՛երգուին Ամանորի եւ կամ Սուրբ Ծնունդի ճրագալոյցին: «Աւետիս» կամ «Ալէլուիա» կը նշանակէ բարի լուր, եւ որ կ՛ազդարարէ Քրիստոսի ծնունդը, իսկ այն ազգագրական տեղերը ուր «Նոր Տարի» անուան տուած են «Կաղանդ» անունը, երգաշարին միացած են «կաղանդ-կալանդոս» կրկներգները:
«Աւետիս-Ալէլուիա»ներու Նոր Տարուան տօնին հետ ունեցած առնչութիւնը ի յայտ կու գայ մերթ Նոր Տարուան շնորհաւորանքներու եւ բարեմաղթութիւններու, եւ մերթ՝ բովանդակած հարցերու ընդմէջէն, անոնց Նոր Տարուան մասին որեւէ յիշատակութեամբ:
Այս երգերու նպատակն էր հմայական ծիսակատարութեամբ եւ խօսքի կախարդանքով նախապատրաստել նոր սկսուող տնտեսական տարուան բարեկեցութիւնը, որով կը պայմանաւորուէր նաեւ մարդկանց առողջութիւնն ու երջանկութիւնը: Ծիսա-հմայական աղօթք-մաղթանք այս առանձնայատկութիւնը օրհնած կամ կաղանդած կ՛ըլլար ոչ միայն ընտանիքի իւրաքանչիր անդամը, այլեւ տնտեսութեան մէջ որեւէ դեր կամ նշանակութիւն ունեցող իրը, առարկան կամ կենդանին:
Գայս նորածին տէրն եւ Արքայն, Աւետիս,
Օրհնէ զձեզ զամենեսեան, Աւետիս,
Եւ զընտանիս ձեր միաբան, Աւետիս,
Եւ ձեր հեռաւորն գայ շուտով, Աւետիս,
Եւ ձեր ոչխարն սուրուով, Աւետիս,
Կարասն ձեր լցուի գինուով, Աւետիս,
Եւ տունս ձեր հազար բարւով, Աւետիս,
Ձեզ ողորմի եւ ձեր նախնեանց, Աւետիս,
Եւ ամենայն ուղղափառացն, Աւետիս,
Տայ ձեր բարեացն լիութիւն, Աւետիս,
Եւ ձեր որդւոցն առողջութիւն, Աւետիս,
Եւ պարգեւէ արքայութիւն, Աւետիս:
Ինչպէս ծնողքիս մեզի սորվեցուցած «կախի» երգին մէջ, այդպէս ալ հետեւեալ քանի մը նմուշները տալէ առաջ, կ՛արժէ հոս յիշել, որ նուիրատուութիւն մը ընել չուզող տանտէրին ուղղուած սպառնալիքը նոյն օրհնանքին ժխտական ձեւաւորումն է, որ իրեն հիմք ունի խօսքով հմայելու կամ անէծքով չտուողը պատժելու միտումը: Մեր մանուկները շատ դիւրաւ կրնան զուգահեռը գտնել Halloween-ի trick or treat-ին հետ, ուր նուիրատուի մը մերժումը կը հանդիպի նոյն սպառնալիքին:
Կաղանդոսը՝ դոս,
Ըլէք տուէք երկու կոկոզ,
Վով էր չտուեց՝
Իրանց հաւուն ճիւը կը կոտրեմ,
Էկեր (եթէ-Վ.Դ.) հաւ չունին,
Ճժուն ճիւը կը կոտրեմ,
Կաղանդոսը՝ դոս:
Ըստ բնապաշտական ըմբռնումներու, հմայական գործողութիւններով ու խօսքերով կարելի էր նոր տարուան սկիզբէն իսկ հեռացնել չարը, փորձանքը, աղքատութիւնը, եւ յառաջացնել բարին, յաջողութիւնը, առատութիւնը, այն համոզմամբ, որ ամբողջ տարին այդպէս շարունակուի: Այս երգերուն մէջ բարին է, որ միշտ կը յաղթանակէ:
Օձու լեզուն էրկու ճղակ, ալէլուիա,
Մէյնի չարով, մէյնի բարով, ալէլուիա,
Չարին էրթայ վեր սարերուն, ալէլուիա,
Բարին գնայ վեր էսայ տուն, ալէլուիա:
կամ՝
Էս տանը էրկու լեզու, ալէլուիա,
Մինը բարի, մինը չարի, ալէլուիա,
Չարինը ընդի, բարինը էստի, ալէլուիա,
Բարին վեր գայ ձեզ հետ նստի, ալէլուիա:
կամ՝
Գձեր տունը շէն հետ արեւուն,
Արեւն էրկըննէր ձեր տըղէյներուն,
Չարը զատանէր, բարին մօտէնէր:
Տանտէրերը արեւու հետ համեմատելը գովասանքի ամենաբարձր ձեւն է: Մէկ կողմէ այդ երգերով իսկ կը կապուին հեթանոսական շրջանի արեգակի պաշտամունքին առնչուող ծէսերուն եւ Նոր Տարուան հիմնական գաղափարախօսութեան, միւս կողմէ՝ Քրիստոսի Ծննդեան եւ մկրտութեան նուիրուած տօնական ծիսափունջին, ուր յատկապէս երեխաներուն նուիրուած երգերուն մէջ Քրիստոսի եւ Մարիամ Աստուածածնի ետնամուտ պատկերները պարտադիր էին:
Կտէր հողը խնգան փոշի,
Ծօծը վրէն ծալած ոսկի,
Դուռը վրէն փերթ ըրէքնակ,
Կտէր վրէն բոլոր լիսնիակ,
Տան սները կերոններ,
Ոսկէ կամար գերաններ:
Կարգ մը երգերու մէջ մաղթանքը, ցանկացուած առատութիւնը ուղղուած կ՛ըլլար անձի մը, ընդհանրապէս տան ամենափոքր անդամին կամ չամուսնացած, «մուրազ» ունեցող երիտասարդին: Կը հարցնէին անունը եւ ապա՝ երգը կը կապէին այդ անուան հետ:
- Ձեր տղի անունն ի՞նչ ի, ալէլուիա:
- Յէկոբ քէ ծառէ, ալէլուիա:
- Սեղան յըառջեւ խաղար բըարին, ալէլուիա,
Կը թխեն ի ձեռն նռան գինին, ալէլուիա,
Յէկոբ նստէ ծառի տըկին, ալէլուիա,
Մազեր թալէ ծառի ճողին, ալէլուիա,
Յէկոբ խեծեր կապուտ քուռակ, ալէլուիա,
Մէջքն ա զարկեր պողպատ-ուրագ, ալէլուիա:
Գրիգորի նախիր դաշտից կուկեայ, ալէլուիա,
Ինոր ոչխար դաշտ կ՛արածայ, ալէլուիա,
Ինոր կ՛իւթան դաշտ կըճըռայ, ալէլուիա:
Տունը տեղ լիյքն ի խացով, ալէլուիա,
Ինոր մառանը լիյքն ի գիյնով, ալէլուիա:
Հմայական այս երգերուն մէջ յատկանշական տեղ կը տրուի տանտիրոջ հասցէին ուղղուած գովաբանութեան: Հոս նոյնիսկ կարելի է հանդիպիլ թոնիրի պաշտամունքին, «Թոնիրի պսակ»ի սովորութեան, որ հաւասար կը նկատուէր եկեղեցւոյ պսակին: Ուրկէ՝ ընտանիքի, օճախի սրբութեան գաղափարը:
Աստուն շինած գարնան գեալով, աւետիս,
Փռուած ծալ ծալ ծաղկերով, աւետիս,
Գերան վերան ամպըրու վերէն, աւետիս,
Ալաշ վերէն ծալ ծալ ոսկի, աւետիս,
Խողն վերեն, սօս մարգրիտ, աւետիս,
Սնիր ինի ծառ խնկենի, աւետիս,
Թոնիր ինի քեան զեկեղեցի, աւետիս,
Պտուկ վերէն շիւրջ եղուընի, աւետիս,
Տախտակ վերէն բիմու ծածկոց, աւետիս:
Ձի լաճ նստի ծառի տակին, աւետիս,
Սուֆրեն յառջեւ խազար բարին, աւետիս,
Կթխէն ի ձեռ նռան գինին, աւետիս,
Հայ տանտիկին սոլեր խագի ճըռուըրալէն, աւետիս,
Գնա խասի դիւռ մառանին, աւետիս,
Քինէ չըմ ուզէ ձիմ ու ջորին, աւետիս,
Կամ տարեկան գեառն ու մաքին, աւետիս,
Քինէ կուզիմ մաղմ՝ կեօքով, աւետիս,
Գաթէն էլ վերէն, աւետիս:
Ժամանակի ընթացքին, Ամանորին երգուող այս ծիսափունջերուն միացած են ժողովրդական շատ տաղեր: Օրինակ բալուցիները Նոր Տարուան իրենց երգաշարքին են կապած հայ գիւղացիի բնապաշտական սպասելիքները արտայայտող այս երգը:
Բարի եկար, Նոր Տարի,
Տուր մեզի ցորեն ու գարի,
Լէ, լէ, լէ, լէ, լէ,
Մեր փեթակն ալիր կ՛ուզէ, լէ, լէ,
Տանտիկինը եղ կ՛ուզէ, լէ, լէ,
Մեր օջախը փայտ կ՛ուզէ, լէ, լէ,
Էգուն (այգիին-Վ.Դ.), պաղչին պտուղ տուր, լէ, լէ,
Մեր տղային հարս մը տուր, լէ, լէ,
Հիւընտութին թող չըլլի,
Քեսատութին թող չըլլի,
Հէյրան Նոր Տարի:
Իսկ Հաղբատի մէջ
Բարով թող գայ ձեզ Նոր տարի,
Մուրազներուդ չիմ կատարի,
Ձեր տուն մտնու հազար բարի,
Աճար, ցորեն, կորեկ, գարի:
Լիքը հորեր շատ ունենաք,
Կարմիր օրեր շատ ունենաք,
Կարմիր օրով, կարմիր շորով,
Ուրախ կենաք միշտ կուշտ փորով:
Այս երգափնջերուն կողքին կան տակաւին ծէսեր, որոնք մինչեւ Մեծ Եղեռն պահպանուած էին, օրինակ ջաւախքցի երիտասարդներու եւ ակնցի հարսերու աղբիւրէն ոսկի սպասելու արարողութիւնը, եւ, յաջորդ օրերուն իսկ, արկածախնդիր այդ երիտասարդներու բերնէն հոսող եւ նորագոյն սերունդի երեւակայութեան մէջ հոլովուող արկածախնդրութիւնը այդ գիշերուան, որ պիտի հիւսէր մեր այսօրուան հեքիաթը:
Որքան բաղձալի պիտի ըլլար որ մեր երաժիշտներն ու երգահանները ջանային գտնել այս երգերուն եղանակները եւ կամ նորեր յօրինէին եւ Կաղանդի պայծառ օր մը, մեր ժողովուրդը կաղանդէին իր իսկ հարստութեամբ ու գանձերով: Տակաւին, կը հաւատանք, որ մեր ճարտար տիկիններն ու տասը մատները հարիւր լուսեղէն մոմի վերածելու կարող հայ օրիորդները ոչ միայն վերստեղծեն հայկական գուլպաներ հիւսելու արուեստը, այլեւ՝ զայն ծանօթացնեն աշխարհին, անոր շուկայացումով եւ իւրաքանչիւր նախշին ընկերացող մանրամասն բացատրութեամբ, ոչ որպէս ըստ կամս գործուած գուլպայ կամ քուրջի կտոր, այլ՝ որպէս դարերու ընթացքին աճող ու նորոգուող, կենցաղ արտացոլող ժողովրդային արուեստի գործ, հա՛յ արուեստի գործ:
Իսկ մենք ձեզ կը կաղանդենք 2014ի սեմին, մեր ժողովուրդի այս գոհար փնջիկով, հաւատալով որ անպայման ան արձագանգ պիտի գտնէ եւ մխիթարէ մեր անվերջանալի թուացող սա «սփիւռքահայու» ցան ու ցրիւ կեանքը, եւ լուսաւոր օր մը՝ մեզ վերադարձնէ տուն-հայրենիք:
————————————————————————————————————
Տէր եւ Տիկ. Միքայէլ եւ Սալբի Հացպանեան
Կը Շնորհաւորեն Իրենց Ազգականներուն,
Բարեկամներուն
եւ Ընկերներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Թող Այս Նոր Տարին Բերէ
Շատ Բարիք՝
Համայն Աշխարհի
Մարդոց Անխտիր
———————————————————————————–
Հայկուշ Քեղինեան-Քոհլըր
Ի յիշատակ
իր ծնողներուն
Պետրոս եւ Մանուշակ Քեղինեաններուն
——————————————————————————–
«Համազգային»ի
Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային վարչութիւնը
եւ իր հովանին վայելող
մասնաճիւղերու
եւ միաւորներու անդամները
կը մաղթեն, որ 2014ը ըլլայ
մեր ժողովուրդի
մշակութային
բոլոր ծրագիրներուն
իրականացման
եւ բարգաւաճման
տարի մը:
—————————————————————————————
Holiday Greetings and Best Wishes to all
APEX Manufacturing
Mr. & Mrs.
Jack and Janet
Harootun
——————————————————————————————
Ամանորի
Այս Օրերուն
Մեր Մաղթանքն է,
Որ Հայրենիքի
Մեր Ժողովուրդը
Ժպիտով Դիմաւորէ
Գալիք Օրերը
«Ռիչըրտ
Թիւֆէնքեան»
Ազգային
Մանկամսուր
——————————————————————————-
Թող Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Երջանկութիւն
Ու Արդար
Խաղաղութիւն
Պարգեւեն
Մեր Ժողովուրդին
Albert & Sona Shahinian
Utah
—————————————————————————-
Թող 2014
Թուականը Բերէ Խաղաղութիւն,
Առողջութիւն
եւ Ուրախ Կեանք
Արամ
եւ Սեւանայ
Մանուկեան
————————————————————————–
Նոր Տարին Յոյսերով Ու Բարիքներով Լի Տարի Մը Ըլլայ
Սամուրգաշեան
Զարեհ
եւ Յասմիկ
Արմէն
եւ Րաֆֆի
————————————————————————–
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Բարեբաստիկ Տօներուն Առիթով
Տէր եւ Տիկ.
Ժան եւ Էլօ Թիթիզեաններ
Կը շնորհաւորեն
բոլորին նոր Տարին
եւ Ս. Ծնունդը
===================================================================