Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Կէս Դար Բուրող Կաղանդներէն Պատառիկ Մը

$
0
0

ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Այս որքան արագ հասանք կեանքի սա հանգրուանը, ուր մանկութիւնը հրաշալի գոյներու համոյթ մը կը թուի, ուր հեռուն մնացած զրկանքը, նեղ պայմանները կը դադրին դառն ու լեղի ըլլալէ, եւ ահա, ժամանակի հոլովոյթով քաղցրացած, թափանցկացած, կը դառնան մեր առօրեային հասակն ի վեր յուշող մտերմութիւն:  Կեանքի կտորուանքներ՝ որոնց ջերմացնող յաճախանքէն ետք, զանոնք անխօս շշուկով եւ ամէնայն բծախնդրութեամբ կը ծալենք ու կը ծրարենք, անիմանալի գուրգուրանքով մը կրկին բանալու համար ամէն անգամ, երբ բոյր մը, համ մը, ոտանաւորի կամ երգի պատառիկ մը գայ, թէկուզ վայրկեանի մը համար, մեզ փոխադրելու հոն, մեր մանկութեան ծոցիկը:
Բոյրերը լաւ հաղորդիչներ են: Անկէ ետք կու գան գոյներն ու ձայները: Իրաքանչիւր յուշ, պատահարներու շարքէն վերցուած մասնիկ մը չէ միայն. եւ որպէս օրինակ, ահաւասիկ, ձեր երեւակայութեան սեղանին կը դնեմ իմ մանկութեանս կաղանդներուն մօտալուտ գալուստը յուշող բոյրերն ու ձայներն ու մեր Հալէպի տան գունագեղ մթնոլորտը:
Հաստ կեղեւով խոշոր նարինջ ու մանտարին, վառարանի խողովակէն կախ՝ նարինջի կեղեւներու երիզներ եւ կրակարանի մարմրող խծիղներուն վրայ խարկուող շագանակի ծուխ, մոխիր ծծող սուրճի բոյր եւ տանիքներու ջրդոններէն բակի սալայատակ քարերը ծեծող, ու լայն ու խորունկ դոյլերու մէջ հոսող առատ անձրեւաջուրի շռնդալից աղմուկ, որուն կ՛ընկերանար, էր երբեմն՝ ֆետայի, մեծ հօրս խորտ ու բորտած կոկորդէն ու անպատմելի դաժան օրերու յուզումով ձայն հագած «Զարթի՛ր որդեակ, յուշ բե՛ր, վեր կա՛ց»ը:
Նաեւ՝ սա ծիսական երգը, զոր ակնցի ծնողներս սորվեցուցեր են մեզի մեր առաջին Կաղանդի օրը, մեր տակաւին կիսատ-պռատ բառամթերքին հետ, զոր հարկ էր երգել ամէն անգամ որ շարոց, շագանակ կամ չիր ու չամիչ ուզէինք ուտել:
Այսօր կախ է,
Վաղը Կաղանդ է,
Տան տիկին, տանա-տիկին,
Ելիր գնայ մարագն ի վար
Կարճ բռնէ, երկայն կտրէ,
Ով որ տայ նը՝ շէն կենայ,
Ով որ չի տայ նը՝
Հաւուն տոտոզը չորնայ:
Իսկ մեծ հայրս՝ գաւառաբարբառով, որ մեզի համար՝ սխալ հայերէն էր, կ՛երգէր իրը.
Աս օր կաղ է,
Առտուն Կաղոնդ է:
Տա՛ն տիկին, տանատիկին,
Ելի՛, գնա՛ մարագն ի վար,
Կա՛րճ բռնէ, երկան կ՛ըյէ,
(Կամացո՛ւկ ուր մատիկդ չի կ՛ըյես)
Ով որ տայ, շէ՛ն կենայ,
Ով չի տայ՝ հաւերուն տոտոզը չորնա՜յ…:
Յետոյ կը խնդրէինք, որ մեծ հայրս կամ՝ հայրս, ալ քանիերորդ անգամ ըլլալով, պատմէին մեզի թէ ինչպէս իրենք, իրենց մանկութեան, երկար գուլպաներ կը կախէին երդիքներու լուսամուտերէն, կ՛երգէին վերոյիշեալ երգը, իսկ տանտիկինը պարտաւոր էր լեցնել գուլպաներուն մէջ այդ օրուան համար նախօրօք պատրաստած չոր պտուղներ, շարոց ու ընկոյզ, կաղին, նուշ ու չոր թութ, թէ ոչ՝ հաւուն տոտոզները կրնային չորնալ, չէ՞: Մեծ հայրս, աւելի քիչ քան հայրս, ամէն տարի նո՛յն շունչով ու խանդավառութեամբ կը պատմէր ի՛ր մանկութեան՝ Ակնայ Ապուչեխ գիւղի Կաղանդին մասին, ուրկէ՝ սեւ օր մը, 8 կամ 9 տարեկանին, իր մօր եւ 4 տարեկան քրոջ հետ, լքեր էին եռայարկ տունն ու այգիները եւ հազարաւորներու հետ քշուեր դէպի Տէր Զօրի անապատները…
Այնքան իրական ու շօշափելի էր իմ մանկութեանս կաղանդներուն Դեկտեմբերը, որ կը սկսէր ՀՄԸՄի սկաուտներուն օրացոյցին վարի մասէն կախուած թերթիկներով, որ մեծ քոյրս ամէն օր կը փրցնէր: Հայրս, մեր «ձեր էրկիրը Կաղանդը կու գա՞ր»ին՝ մեծ հայրս կը սկսէր պատասխանել այս անգամ, հանդարտ ու տարբեր ձայնով մը, հեքիաթ պատմելէն քիչ մը տարբեր, որուն ձայնային ելեւէջներն ու կոկորդին մէջ խեղդուող բառերու կտորուանքներուն «կարօտախտ» բառը այնքան մանրուք կը թուի հիմա, կեանքերու, իր հողերուն վրայ ապրելու–մեռնելու իրաւունքի կորուստին ահաւորութիւնն ու այդ անասելի, անպատմելի բանին հանդէպ մեծ հօրս ու նաեւ հօրս զգացած  անզօրութիւնը կ՛անդամալուծէին մարդուս շնորհուած նուազագոյն ուրախութեան արտայայտութիւնը՝ կը սառեցնէին ժպիտը, ընդհատուած խօսքը գամուած կը մնար առաստաղի գերանին կպած բանի մը, մեզի համար՝ անտեսանելի, հոնկէ մեր հրմշտուքով միայն փրցուելու համար:
«Մեր էրկիրը» միմիայն Կաղանդին յայտնուող բառ ու խօսք չէր: Ինչպէ՞ս ըլլար, երբ անիկա ներկայ էր մեր տան խոհանոցին «Ծնիկ»ին ու «Եղ ու Մեղր»ին, «Մալէզ-ապուր», «սամիթ»ին, «խաւիծ»ին, «լուիճով թթու ապուր»ին, որ մայրս քացախով կ՛եփէր, ու մենք մանրիկ դոյլերով կը տանէինք Ակնցիներուն ծերանոցի ծերերուն, որ անոնք ալ բաժնեկից ըլլային Աւագ Ուրբաթ օրուան Յիսուսին տառապանքին: «Մեր էրկիրը» մօրս երգած Ակնայ կռունկով նորածին եղբօրս քնացնելուն մէջ էր, անոր գնտիկ ու աչուկ ընելուն, այնքան՝ որքան իր յաճախ կրկնած առածներուն մէջ, մօրս պատմած «մեզմէ աղէկ»ներուն, մեր ֆետայի հօրեղբայրներէն «Նիկողոսին» ֆետայական փափախով նկարին, դրացիներու հարսանիքներուն մօրս երգած հարսանեկան երգերուն, որոնցմէ փշրանքներ տակաւին կը յամենան մեր շրթներուն վրայ.
«Բարով եկիր, դուն բարկ արեւ,
Ծագեցար դուն մեր տան վերեւ,
Դուն ո՛ւր էիր, ուր իս գտար,
Հայր Ադամայ պաղչաս մտար.
Պիլպուլ եղար  վարդիս դիմաց,
Ելիր, եկո՛ւր կամաց կամաց»:
Շատ մի խօսիք, որ պատմէ, – կը յիշեցնէր մայրս:

«Մեր էրկիրը ձունոտ էրկիր է: Այգիներուն պտուղները ատենին գիւղացիները կը հաւաքին, կը դնին մարագները, կը շարին կթճաններուն վրայ»: (Ակնայ ժողովուրդը եղած է հարուստ, գիւղացիները, որոնց կ՛ակնարկէր մեծ հայրս, տեղացի թուրքերն էին, որոնք որպէս բանուոր կ՛աշխատէին հայերու մօտ եւ շատ լաւ հայերէն կը խօսէին):
«Ձունն օր էկաւ, ճամբաները, կը փակուէին. մարդ դուրս չէր կարող էլնէր: Տուներու տակերէն ճամբաներ կային ու մենք ամբողջ ձմռուան ատենը իրարու տուն կ՛երթայինք: Ի՞նչ տ՛ընէինք տի հարցնես… Օհօ… որը՜ տ՛ըսիմ. մեծ թոնիրին չորս բոլորը կը շարուէին մենծերը, տանտիկին կեսուրը՝ կամ տանը «մենծ հարսը», «միջնեկ» կամ «պզտի հարս»ին հետ սինին (պղինձէ լայն սկուտեղ) կը դնէր թոնիրին վրան, կ՛իջնար տան մարագը, իր ձեռքերովը էփած-թափած խաւուրման, շարոցը, թութի գինին, օղին ու պաստեղը, բլիթը, եւ շիրա, թարխանան, աման աման վեր տի կրէին ու դնէին սեղանին, կթճանէն վար տի բերէին թարմ ու չորցած պտուղները, ու տակառէն շիշերով վեր բերէին չնքուշի համբաւաւոր անուշ խաղողէն շինուած, տասը տարուան գինին, իսկ ծեծուած չոր թութը խարկուած նուշի ու ինկուզի հետ մեղրով անուշցած՝ ծերերուն համար էր օր ակռայ չունին»:
«Տանտիկինը վառուած մոմեր տի դնէր պտուղներուն վրան, պնակներուն եզերքները ու ըհը՜, երգն ու պարը, կը սկսէին: Ալ ինչե՜ր կ՛էնէինք: Հեքիաթ պատմողներ կային օր կ՛երգէին ալ. անտունիներ կ՛երգէին պանդուխտ ունեցողները, լաց ու արցունքով պանդուխտի կենացն ու տուն դարձը կը մաղթէին, սազ ու ուտ նուագողները կը նուագէին: Ուրիշ օրերու, գիրք կարդացողները բարձր ձանով Վարք Սրբոց, Եօթն Իմաստասիրաց կամ Պղնձէ քաղաքի պատմութիւնը կը կարդային: Ձեզի չափերը վէգ կը խաղային, հեքիաթին ատենը էկա՞ւ՝ մէյ մ՛ալ տեսար մանկտիքը կը մտնէին մեծերուն արաները ու մտիկ կ՛էնէին մինչիւ քուներնուն գալը: Աղքատ թէ հարուստ, Կաղանդին՝ սեղանը եօթը օր բաց տի մնար օր էկողները կ՛աղնդուէին: Տանտէրը օր առաջ տանիքի ձունը տի մաքրէր օր տկլոզ մնացածները՝ տնանկներ, չունեւոր չոճուխները դիւրիւն հասնին լուսամուտերուն, վար կախին ամրան յուսուած խաս գուլպաները, «կախը» երգին, առնեն առնելիքնին ու անցնին տանիքէ տանիք, ուրիշ տուներէ բան ման հաւաքելու…»:
Այս «էրկիրը» այնքան հրաշալի էր Կաղանդի նախօրեակին, իսկ հրէշային էր ամրան, երբ տանիքը փռուած՝ անկողիններուն վրայ երկարած կամ կծկտած՝ նայած պատմուածին խորհրդաւորութեան, մեծ հօրս բերնէն կախուած մտիկ կ՛ընէինք «ճանաւարներու», «մեզմէ աղէկ»ներու, հարսերու սիրտերը գողցող ու տանիքներուն վրայ անլուսին գիշերներուն պարող հուրի-փերիներու մասին, որոնցմէ մէկին փէշին ամրացուած գնդասեղը այնքան ծանր է իր թեթեւ հոգիին համար, որ ինք՝ գերին է այլեւս տան տիրուհիին… Հապա անոյշ ձայնի սիրահար տան օձերու մասին, որոնք հմայուած ձայնէն, ամէն իրիկուն ոսկի դրամ մը կը դնէին երգողին գիրկը… եւ իրենց գլուխը կը քսէին երգողին ուսին եւ կամացո՜ւկ մը կը հեռանային… Պէտք էր լսել մեծ հօրս այդ խորհրդաւոր «կամացո՜ւկ»ը, որ կարծես կու գար մեր երազկոտ կոպերը փակելու ու մեր «յետոյ ի՞նչ կ՛ըլլայ…»ին կը միանար երկինքի քանի մը աստղ համրելն ու մեր կորսուիլը մեծ հօրս «էրկիրին» չափ ու սահման չունեցող այգիին մէջ, մինչեւ… առտու:

————————————————————–

Շնորհաւոր
Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ
Առողջութիւն Եւ Յաջողութիւն
Մեր Բոլոր Ազգականներուն, Բարեկամներուն
Եւ Յաճախորդներուն
Տոքթ. Սարգիս
եւ Տիկ. Ալիս
Քեահքէճեան
Մարի, Արսէն
Եւ Վարդան

DR. SARKIS KAAKIJIAN
1500 S. Central Ave., #318
Glendale, CA 91204
(818) 548-5437

—————————————

ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ.
ՄԱՐՔ ԵՒ ՓԸՐԼԱ
ՔՈԹՈՅԵԱՆ
ԵՒ ԶԱՒԱԿԸ՝
ՐԱՖՖԻ

Կը Շնորհաւորենք
Համայն Հայութեան
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը

—————————————————-

Արեւելեան Հովիտ

ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» Կոմիտէ
Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ
Հոգաբարձութիւն
Եւ Երեսփոխանական կազմ,
Տիկնանց Միութիւն, Դպրաց Դաս, Կիրակնօրեայ Դպրոց
ՀՕՄի «Մեղրի» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ «Ջաւախք» Մասնաճիւղ

Կու Գան Շնորհաւորելու Համայն Հայութեան
Ամանորը Եւ Ս. Ծնունդը
Հայցելով Խաղաղութիւն Եւ Երջանկութիւն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles