ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Պրիւքսել էի այն ատեն: Տակաւին 21րդ դար չէինք մտած. iPad-ը կամ բջիջայինը եւ միւսները դեռ պիտի ծնէին, եւ կեանքը ազատ էր գունաւոր, խճողուող նկարներէ կամ «պատգամ» ըսուած աւելորդաբանութիւններէ, բայց առօրեան հարուստ էր անսպասելի, թէեւ յաճախ տխուր գեղեցկութիւններով: Մարդիկ գլուխնին կախած ափի չափ գործիքներու վրայ նկար կամ գիրեր փնտռելով չէին զարնուեր դիմացէն եկողին կամ զգոյշ էին ճամբուն վրայ:
Հոս, Ամերիկայի մէջ, մեզի, մանաւանդ երիտասարդներուն, կը վարժեցնեն ամէն գնով կեղծօրէն ժպտիլ՝ ամէն առիթով: Ի հարկէ, հարուստ եւ ցեղասպանութիւն «չհամտեսած» երկիրի մը մէջ միշտ ժպտիլը պարտադիր պայման է կարծես: Ցեղասպանութեան ուրացումը նոյնիսկ խնդումերես պարզութեամբ կ՛ընկալուի, տեսակ մը ծանօթ, բայց այլեւս անկարեւոր դարձած լրատուութիւն: Անկարելի է չյիշել մերիններուն հին նկարները. ոչ միայն անոնք չէին գիտեր բնականօրէն ժպտիլը, այլ հայ որբերուն հետ նկարուող ամերիկացի մարդասէր-հայասէր Միս Կէյճն ալ մոռցեր էր ժպիտը, ան որ լեռները ապաստանող հայ ֆետայիներուն գաղտնօրէն ճաշ կը տանէր. ան մահացած է դեռ շատ երիտասարդ տարիքին, իբրեւ հետեւանք չափազանց հալ ու մաշի: Սպանդ ու աքսոր տեսած մեր երէցները երկա՜ր տարիներ ետք, երբ ջարդ ու աքսոր շատոնց վերջ գտած էին, դեռ չէին կրցած վերագտնել իրենց կորսնցուցած ծիծաղելու բնազդը. փոխան ծիծաղի դիմագծային ծամածռութիւն մը միայն կ՛ուրուագծէր իրենց ամբողջ ներաշխարհային համապատկերը, եւ այդքան: Եւ երբ վասպուրականցի Խաչիկ Ներսէսեան ինծի կ՛երգէր «Պանդուխտ վանեցու երգը», հոն նշոյլն իսկ չէր մնացեր զաւեշտասէր եւ զուարթախոհ, բայց պանդխտացած վանեցիէն.
«Շուարիր եմ, թէ էս մարդեր – ինչպէ՜ս սրտանց կը ծիծաղեն,
Թէ ես էլ ուզեմ ծիծաղեմ կ՛ասես սիրտս ի որ կը տաղեն»:
Միայնակացած վանեցին օտարութեան գիրկը ակամայ ներկայ կ՛ըլլայ Նոր Տարուայ այսպէս կոչուած ուրախ գիշերուան.
«Նոր Տարի է էս իրիկուն – աշխարք բերքով ուրախացին,
Մերոնք էնտեղ դառն արցունք կը խառնեն – իրենց ցամաք խացին»:
Կը շարունակեմ հարցափորձել մեր պապուկ-մամիկները. կը ջանամ պեղել իրենց ողջ անցեալը, մանկութեան օրերու յիշատակները, հին հարսանիքներու երգուած երգերէն կ՛ուզեմ գտնել, հազիւ քանի մը տող կը վերյիշեմ, կը փորձեմ վերականգնել տալ ամբողջութիւնը: Չէ՞ որ լսած էի Իսսի-լէ-Մուլինոյի մէջ տիկին Շաքէին երգած Սեօլեօզի Օրօրը կամ Մարոյին՝ Բալուի խորթոները, երգեր, որոնցմէ գաղափար չունէին Երեւանի երաժշտագէտները, ըստ ազգագրագէտ Արուսեակ Սահակեանին (1987, աշուն):
Յանկարծ մտքով կը թռչիմ Փարիզէն Պրիւքսէլ: Լաւ կը յիշեմ այն օրը, երբ առիթ ներկայացաւ եւ մայրաքաղաքի ռատիօկայանի, ուր գործ գտած էի, ֆլաման բաժանմունքի երգչախումբի մեներգիչ Փօլ Պաուցին լսցուցի Ռոմանոս Մելիքեանի «Մի լար, մի թացիր աչերդ… կ՛անցնի» թախծաբոյր երկինք պատռող երգը: Փօլ տեղն ու տեղը քարացաւ: Բան մը պիտի ըսէր՝ չկրցաւ: Անմիջապէս ձայնատետրը ուզեց, արագ աչք մը նետեց: «Այս որքա՜ն պարզ եւ որքան խոր ապրում… Եւ մենք հոս գաղափար չունինք, որ այսպիսի գեղեցկութիւններ ստեղծուած են…», ըսաւ եւ տեղւոյն վրայ որոշեց «Մի լար…»ը իր երգացանկին վրայ առնել: Բառերը եւ անոնց իմաստը գրել տուաւ եւ ուզեց որ ներկայ ըլլամ իր երգի փորձերուն: «Ծ» եւ «Ճ» հնչիւններն արտաբերելու դժուարութիւնները շուտով յաղթահարեց: Ուրախ էր իր հայկական գիւտով: Երբ ռատիօկայանէն ներս իրարու կը հանդիպէինք, ինծի կ՛երգէր քանի մը տող «Մի լար…»էն:
«Գալ ամիս Ամսթերտամ մենահամերգ ունիմ. «Մի լար…»ով պիտի սկսիմ եւ նոյն այս երգով պիտի աւարտեմ», ըսաւ, «որպէսզի հաւատան, որ այսպիսի սքանչելիք մը գոյութիւն ունի», ըսելով, աւարտեց խօսքը:
Աւելի վերջ քայլերս ուղղեցի Ֆրանսայի հարաւը: Լիոն հայաշատ քաղաքի մօտ Միրիպելի մէջ գտայ Ղամպալեան Շուշան Մայրիկը, որուն չորս աղջիկներն ալ ֆրանսացի ամուսիններ ունին, իսկ թոռները կ՛ուրանան իրենց հայութիւնը, իսկ ամուսինը իր ամբողջ մանկութիւնը ապաստանած է քիւրտերու մօտ եւ բոլորովին մոռցած իր հայախօսութիւնը: «Ես ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ապրեցայ…» հարց կու տայ Շուշան Մայրիկը եւ մինչեւ օրս անոր պատասխանը չէ ունեցած:
Շուշան Մայրիկը լաւ ձայն ունէր, նոյնիսկ այդ յառաջացած տարիքին: Հայոց տարագրութիւնը երգով պատմող նշանաւոր դիւցազնավիպային հայածին «Տէր-Զօրի երգը» ան մերժած է իր բնագիր թրքերէնով երգել.
«Տէր-Զօրի տափաստաններու մէջ մահամերձները անհամար են
Մի՛ գար, տօքթոր, մի գար, ճար ու դարման չկայ,
Աստուծմէ բացի օգնական չունինք,
Կրօնքին զոհ գացած Հայու զաւակներ»…
եւ զայն հայերէնի վերծանելէ ետք, սկսած է երգել: 1987ին Ղամպալեանին հայերէն երգած Տէր Զօրի այս երգը հետս Երեւան տարի եւ Հայրիկ Մուրատեանին լսցուցի:
Հայրիկը հիացաւ: Ան հաւաքած ունէր այս երկարապատում երգին թրքերէն բնագիրները, որոնցմէ մէկ մասը լոյս ընծայուած է 1980ին Երեւանի մէջ («Հայրենի երգեր», Ա. հրատ.) փրոֆ. Ալինա Փահլեւանեանի կողմէ: Քառատուներուն վերջաբան կրկներգն է «Հաւատքի սիրոյն զոհուած հայեր» տողը: Ղամպարեան Մայրիկին հայերէն երգածներէն կը մէջբերեմ քանի մը հատուածներ.
«Երկինքը կապուտ (sic) է, գետինը մութ է
Կորսնցուցի մայրս, չեմ գիտլր ուր է,
Մեզ այսպէս ընողը վատ թշնամին է – գարշելի թուրքն է
Վրէժնիս լուծեցէք հայու որդիներ – ողջ մնացողներ:
«Տէր-Զօր չէօլերին պառկիմ քնանամ,
Մայրի՜կ, ազգիս ցաւին ինչպէ՞ս դիմանամ,
Կաթիլ մը ջուր տուէք հանգիստ հոգի տամ
Այսքան չարիք թող աչքերս չտեսնան»:
Աւելի ուշ, Փարիզի հայկական արուարձան համարուող Ալֆորվիլի մէջ ներկայացայ Սարգիս Էֆխանեանին: Ակնցի Էֆխանեան Ֆրանսայի մէջ, իր ըսելով «40 տարիէ աւելի» իր հայերէն եւ քրտերէն ազգագրական երգերը չէ երգած: «Ինչո՞ւ երգեմ, որո՞ւ համար երգեմ…» ըսաւ ինծի, երբ զարմանքս յայտնեցի. իր ընտանիքէն եւ ոչ մէկը գիտէր, որ ան հազուագիւտ եւ շատ երգեր գիտէր. կարծեց որ իրեն մօտ գործուղղուած եմ հարսանիքները զուարճացնող վաճառական երգիչի մը կողմէ, որ զիս վարձած էր իբրեւ իրեն նոր երգեր հայթայթող մէկը… Զիս հրաւիրեց իր առանձնասենեակը եւ երգեց.
«Գիշեր ցորեկ հէչ չես էլլէր մըտացըս,
Գըլուխըս բարձ դընիմ կ՛ուգաս էրազըս, աման…
Հերամ ըրիր կերածըս ու խըմածըս
Աշխըրքին չեմ փոխեր սըրտիս սիրածըս»:
1987ին այս երգն ալ հետս տարի Երեւան, ուր հրաւիրուած էի իբրեւ հայ հին երգեր հաւաքող:
Արուսեակ Սահակեան, որ հոն էր ներկայացումի օրը, յուզումի արցունքներու մէջէն հազիւ լսելի ձայնով փսփսաց. «Այս երգը, որ դուն մեզի կենդանի ձայնով կը բերես Ֆրանսայէն, մեզի յայտնի է միայն Կոմիտասի գրառումին ընդմէջէն…»:
Հոս չեմ ուզեր մէջբերել հաւաքածոյիս պարերգներէն, օրօրներէն, սիրային, աշխատանքային անհամար երգերէ օրինակներ: Ուրիշ առիթով: Բալուինները արդէն լոյս տեսան:
Փակելէ առաջ շրջապտոյտս, կ՛առաջարկեմ Խաչիկ Ներսէսեանի «Պանդուխտ Վանեցու երգ» ին վերջին տողերը, ուր հայու ճակատագիրը ներկայացուած է սեղմ ու գերծանօթ երկու բառերով՝ իր ազազուն ձայնին ընդմէջէն.
«Մէկը մէջքիս դանակ զարկեց,
Ետ նայեցի, մարդ չերեւաց.
Ես էլ ուրիշ դուշման (ոսոխ) չունեմ՝
Կամ Բախտըս է կամ էլ Աստուած:
Այս ցաւը որ սարերին տամ – Սար կը հալուի ձիւնի նման,
Այս ցաւը որ ծովերին տամ – Ծով կը ցամքի քարի նման.
Էս սիրտը ինչպէ՜ս դիմանայ – Ա՜խ ինչ անեմ, եաման, եաման»:
Կլենտէյլ, 14 Նոյեմբեր 20013
————————————————————————–
Նոր ՏարինԵւ Ս. Ծնունդը Թող Ձեր Բոլորին
Նոր Ցնծութիւններ Պարգեւեն Եւ Սիրով Լեցնեն Հոգիները Ձեր
Գէորգ Եւ Լիզա
Սանդիկեան
Կարէն Եւ Լորիկ
———————————————————————————
Ընկ. Կարպիս եւ Ընկհ. Մայտա Պէզճեան
եւ զաւակները Իրենց Ընտանիքներով
Կը Շնորհաւորեն Համայն Հայութեան
ու Արցախի Հերոսական Ժողովուրդին
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ