Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Լիբանանի Կառավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած Դրոշմաթուղթ Պիտի Հրապարակէ

$
0
0

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանեան «Տը Տէյլի Սթար» թերթը կը հաղորդէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած դրոշմաթուղթ մը պիտի հրապարակուի Լիբանանի մէջ: Այդ մասին երէկ յայտարարած է Լիբանանի հեռահաղորդակցութեան նախարար Նիքոլա Սեհնաուի:
«Լիբանանի մէջ կը գտնուի շուրջ 200 հազարնոց հայկական մեծ համայնք, որուն անդամները Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին կոտորածներուն պատճառով Օսմանեան կայսրութենէն գաղթած եւ պարտադիր տեղահանուած հայերու ժառանգորդներն են: Մինչ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, 2013ի Ապրիլին աւելի քան 10 հազար հայ համախմբուած էր Պէյրութի կեդրոնը՝ ոգեկոչելու 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցը», կը գրէ «Տը Տէյլի Սթար»:
Դրոշմաթուղթին վրայ նկարուած է Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանը. անիկա հրապարակ պիտի հանուի յաջորդ մէկ ամսուան ընթացքին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles