Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Առանց Մեկնաբանութեան»

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Թռչնազգիներու բարձրահայեաց ճախրանքէն նախանձելով վստահաբար, մարդն ալ իր փոխադրամիջոցներուն աւելցուց օդային ուղիները, թռչուններու նմանողութեամբ հնարելով օդանաւերը, որոնք մղոններու տարածութիւնները ժամերու սահմանին մէջ պարփակած են ներկայիս:
Մարդոց «թռչելէն» բացի, լուրերն ալ «թռչելով» կը տեղափոխուին հինէն ի վեր: Հեքիաթներու մէջ կարդացած ենք, որ նոյնիսկ արքայական աղաւնիներ՝ իրենց կտուցին ամուր բռնած թուղթի գրաւոր կտորներ, մէկ պալատէն միւսը լուրեր կը տանէին, պալատական լրաբեր վարժ աղաւնիներու դասակարգ մը կազմելով:
Իրական պատմութեան մէջ ալ սուրհանդակներու դերակատարութիւնը միշտ գնահատուած է, իրենց ստացած լուրերը արագօրէն տեղ հասցնելու առաքելութեան համար: Պաշտօնական այս լրաբերները նաեւ պատասխանատուութիւն ունէին իրենց լսած պատասխանը՝ բանաւոր թէ գրաւոր, վերադարձնելու զանոնք ուղարկողին: Անցեալ դարուն հրատարակուած լրագիրներէն ո-մանք, իրենց լուրերուն թարմութիւնը եւ անմիջականութիւնը ցոյց տալու համար «Սուրհանդակ» անունով կոչուած են: Անշուշտ ինչքան ալ արագ ըլլային այդ հրատարակութիւնները, անմիջական չէին կրնար ըլլալ, որովհետեւ մինչեւ լուսաբաց կրնային պատահիլ նոր դէպքեր, որոնք յաջորդ օրուան թիւէն բնականաբար պիտի բացակայէին: Որոշ թերթեր մինչեւ ուշ գիշեր սպասելով, հրատարակութեան վերջին պահուն պատահած դէպքերը կը դնէին առանձին սիւնակի մէջ՝ «Վերջին Ժամ» խորագիրով, այսինքն մինչեւ թերթի հրատարակութեան պահը տեղի ունեցած լուրն ալ ներառած ըլլալու աշխուժութիւնը ցոյց տալով ընթերցողներուն, միաժամանակ օրաթերթին անմիջականութիւնն ու այժմէականութիւնը փաստելով:
Ներկայ ժամանակներուն լոյսի արագութեան մօտեցած է լուրի տարածման կամ տուեալ լրատուութեան հրապարակման գործընթացը: Այնքան արդիական են այսօրուան արհեստագիտական միջոցները հաղորդակցութեան կալուածէն ներս, որ «կայծակնային արագութիւն» կոչման պատիւին կ՛արժէ իրաւամբ արժանացնել այս երեւոյթը: Սակայն, նոյնիսկ արագ շրջանառութեան մէջ դրուող բոլոր լուրերն ալ արժանի չեն ընթերցուելու: Միշտ պէտք է ընտրութիւն կատարել ու մեզի հետաքրքրող լուրերը ընտրել անոնց մէջէն: Մանաւանդ այսօրուան խճողուած առօրեայով մարդը, որ միշտ դժգոհ է ժամանակի չգոյութեան առումով, վստահաբար համաձայն պիտի ըլլայ այն ճշմարտութեան, թէ չի կրնար ամէն լուրերը կարդալու ժամանակ տրամադրել, թէ՛ անոնց քանակին եւ թէ բազմազանութեան պատճառով: Օրինակ, ոմանք բնա՛ւ հետաքրքրուած չեն ըլլար մարզական լուրերով: Ուրիշներու հետաքրքրութենէն դուրս կը մնան տնտեսական լուրերը: Ոմանք ալ միայն մահազդներու բաժինին կը նային, ծանօթի մը մահը «փնտռելու» խուզարկու նայուածքով:
Ոմանք միայն լուրերուն վերնագիրները կը կարդան ու կը բաւարարուին, առանց հետաքրքրուելու բովանդակութեան իւրաքանչիւր մասով: Այսօրուան մամուլը, յատկապէս Արեւմտեան իր հասկացողութեամբ, վերլուծութիւն պահանջող խորագիրներ կը դնէ լուրերուն, պարզապէս հրապուրելու համար ընթերցողը, որպէսզի միայն վերնագիր չկարդայ, այլ՝ նաեւ լուրին բովանդակութիւնը քննէ:
Ներկայ աշխարհի առօրեայ լուրերուն հետեւելով երբեմն յուսահատութեան կը մատնուի մարդ՝ մտածելով, որ մարդկութեան պատմութիւնը այդ տխուր ու յաճախ անմարդկային դէպքերով պիտի կազմուի… Երբեմն այնքան վատ են լուրերը, որ շատեր հեռատեսիլի կայանը կը դարձնեն երգիծական հաղորդումներու վրայ, պարզապէս քիչ մը ծիծաղելու եւ տրամադրութիւն փոխելու համար:
Սակայն, մխիթարական կ՛ըլլայ յաճախ այն մտածումը, թէ «պատմութիւնը միշտ կը կր-կնուի»: Այսինքն՝ աշխարհի լուրերը գրեթէ նոյնն են, միայն թէ տարբեր ժամանակներու մէջ եւ տարբեր մարդոց կը պատահին: Թուականները, տեղանունները եւ անձնանուններն են, որոնք փոփոխութեան կ՛ենթարկուին ժամանակ առ ժամանակ:
_ Լուրերը կը թռչին:
Այսպէս կ՛ըսէր փորձառու ծերունին, հակառակ անոր որ իր տարիքը չէր ներեր հետեւելու ներկայ արհեստագիտութեան ճեպընթաց սլացքին: Ինք էր, որ կ՛ըսէր դարձեալ, թէ վատ լուրերը, վատ արարքներ կատարողներու նման արագավազ են: Միակ տարբերութիւնը անոնց միջեւ այն է, որ վատ լուրերը պահուըտելու սովորութիւն չունին, մինչ վատ արարք գործողները կը փախչին մարդոց տեսողութենէն ու կը փորձեն անյայտանալ մթութեան մէջ:
Լուրերը եթէ շուտով կը տարածուին, ապա ուրեմն անոնց մէջէն թեւաւորները վատ լուրերն են: Զանոնք լսողը շուտով ուրիշին հաղորդելու ինքնակամ պարտականութիւն կը ստանձնէ: Շատ քիչեր զանոնք կրնան լսելէ ետք մոռնալ, կամ միայն իրենց վերապահել լուրը: Իսկ հակառակը՝ լաւ լուրերը ընդհանրապէս «անդամալոյծ» կամ «յամրաքայլ» կ՛ըլլան: Դարձեալ շատ քիչեր պարտականութիւն կը ստանձնեն մէկուն մասին եղած լաւ լուրը, տուեալ անձին արձանագրած յաջողութեան մասին հրապարակուած տեղեկութիւնը փոխանցել ուրիշներուն: Օրինակ, մէկուն յաջողութեան լուրը շատ անտարբերութեամբ լսած անձը, կրնայ նոյն մարդուն մահուան լուրը մեծ փութկոտութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ տարածել: Բոլորին համար ալ վատ լուրը աւելի արագ հաղորդելի նիւթ ու հետաքրքրութիւն կը պարունակէ իր մէջ, ու մարդիկ չեն կրնար դիմադրել ատոր ընդհանրապէս:
Լսուած լուրը աղաւաղելու մէջ եւս մեղաւոր են շատեր: Ամէնէն տխուր դէպքին մասին ալ իմանալը ո՛չ մէկ յանցանք կը նկատուի մարդուն համար: Սակայն, զանիկա վերապատմելու պարագային ի յայտ կու գայ անձին պարկեշտութիւնը: Հոս եւս քիչ չէ թիւը լսուած լուրը ո՛չ միայն աղաւաղող, այլ՝ գրեթէ ամբողջութեամբ փոփոխութեան ենթարկող ու քմահաճ մեկնաբանութեամբ այլափոխող անբարոյականներուն: Այո՛, անբարոյութիւն է նաեւ այս կերպ ստախօսութիւնը, որովհետեւ այդ լուրով կարելի է տուեալ անձի վարկին ու համբաւին կրակ տալ:
Մանաւանդ «թեւաւոր» լուրերը փորձաքար են այս առումով: Վատ լուրը ճշգրտութեամբ փոխանցելուն մէջ ալ բարոյականութիւն կայ, երբ պարկեշտութեան սահմանին մէջ, նոյնիսկ սեփական թշնամիին վերաբերող լուրը կը տրուի այնպէս, ինչպէս որ է, «առանց մեկնաբանութեան»: Այս վերնագիրը կը տրուի յաճախ բացատրութեան կարիք չունեցող լուրերուն: Եթէ անպայման պիտի հաղորդես «թեւաւոր» լուրեր, գէթ բարի եղիր զանոնք փոխանցել ուրիշներուն՝ առանց մեկնաբանութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles