Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

100ամեակի Սեմին

$
0
0

ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ

Ընդհանրապէս սովորութիւն ունինք ըսելու՝ «Ժամանակը ի՜նչ շուտ կ՛անցնի, ամիս մը չմտած՝ վերջացած է արդէն», եւ այլն, եւ այլն: Մեր անգործութեան յանցանքը կը փորձենք կախել ժամանակի վիզէն. մինչդեռ ժամանակը կը թաւալի նոյն կշռյթով՝ ո՛չ կը դանդաղի, ո՛չ կ՛արագանայ:
Հիմա կանգնած հարիւրամեակի սեմին, եթէ բարձրաձայն չյայտարարենք ալ, մենք մեզի հարց կու տանք, թէ որքան արագ անցան վերջին 4 տարիները: 95ամեակէն ասդին սկսած ենք պատրաստուելու 100ամեակի ոգեկոչման:
Ի՜նչ մեծաշռինդ յայտարարութիւններ չըրինք, ի՜նչ բարձրագագաթ յանձնախումբեր չկազմուեցան: Այն տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, որ 100ամեակի մեր ձեռնարկներով պիտի ցնցենք քաղաքակիրթ մարդկութիւնը. եթէ չվերահաստատուի արդարութիւնը հայ ազգի նկատմամբ, նուազագոյնը պիտի հարթուին անոր ճանապարհին գտնուող բոլոր արգելքները եւ մենք մեծ ակնկալիքներու յուսալից ճամբայով պիտի շարունակինք աշխատիլ մինչեւ վերջնական արդար դասաւորման երջանիկ պահը հասնի:
Հիմա նոր ձեւափոխումով մը կը յորդորենք, կը թելադրենք, որ մեծ յոյսեր պէտք չէ կապենք 100ամեակին, որպէսզի յուսախաբ չըլլանք: Կը համաձայնիմ որ որեւէ նեղ պարագայի պէտք է յուսադրել ժողովուրդը. յոյսը գործելու, ճիգ ընելու, յաջողելու ամէնէն ազդու զէնքն է անյոյս մարդը կէս մեռել է. այդուհանդերձ, մեր անգործութեան արդարացումը պէտք չէ ըլլայ՝ «Մեծ յոյսեր մի՛ կապէք 100ամեակին» յորդորը:
Գիտեմ, մե՜ծ-մե՜ծ խօսիլը, յօդուած գրելը, թերացումներ մատնանշելը շատ դիւրին, երբեմն նոյնիսկ հաճելի բաներ են: Գործող մարդը միայն գիտէ, նպատակին հասնելու արգելքները յաղթահարելը որքան դժուար է: Գիտեմ նաեւ որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած վիճակը որքան ճիգ, ժամանակ, կեդրոնացում ու սպառում խլեց ազգին մէջ գործող կարգ մը նուիրեալներէն: Բայց գիտեմ նաեւ, որ բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, կրնայինք աւելին ընել, քան ինչ որ ըրինք: Հիմա հոն ենք, ուրկէ սկսանք: Ըստ իմ հայեցողութեան, բացի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքներէն եւ ծրագրումներէն, ոչ մէկ բացառիկ գործ ըրած ենք թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ հայրենքի մէջ: Ինչո՞ւ: Նախքան ինչուին պատասխանելը փորձենք քննել մեր այսօրուան կացութիւնը միջազգային եւ ներքին ազգային անկիւններէն դիտած:
Նախ եւրոպական եւ ընդհանրապէս արեւմտեան շրջանակներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նահանջ մը սկսած է արձանագրուելու: Առաջին փաստը այն է, որ երբ Հունգարիոյ ներքին գաղտնի համաձայնութեամբ մը՝ Ատրպէյճանը ոճրագործ Սաֆարովը ընդունեց իբրեւ հերոս եւ զայն վարաձատրեց ազգային հերոսի մը վայել բոլոր պատիւներով ու բարիքներով, Եւրոպական միութիւնը, ՆԱԹՕն, որոնց անդամ է Հունգարիան, ձայն, ծպտուն չհանեցին: Սաֆարովի արարքէն աւելի վայրագ ցեղասպանութիւն ո՞ւր կատարուած է արդեօք:
Երկրորդ բարձրաղաղակ, արեւու պէս պայծառ փաստը Եւրոպական Մարդկային իրաւանց գերագոյն մարմինի Մեծ Պալատին որոշումն է, որ կ՛արդարացնէ ազգայնամոլ Փերինչեքը, որ ոչ միայն կ՛ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ զայն կ՛անուանէ պատմական մեծ սուտ:
Ի՜նչ հեգնանք. Եւրոպական միութիւնը ինք ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ճիշդ է, Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը դիմած է Եւրոպական դատարանին վերատեսութեան ենթարկելու համար Փերինչեքի հարցով Դեկտեմբեր 17ին արձակած վճիռը: Իմ կարծիքով Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը վճիռը բեկանելու համար չէ դիմած Գերագոյն ատեանին, այլ՝ «նման վերտեսութիւն մը հարկաւոր է յստակացնելու համար Զուիցերիոյ իշխանութեան կողմէ ազգանամոլութեան օրէնքներու սահմանները» («Ասպարէզ», 12 Մարտ, էջ 1): Այսինքն Զուիցերիան կ՛ուզէ գիտնալ, թէ մինչեւ ուր կրնայ երթալ ազգայնամոլութեան դէմ իր պայքարին մէջ: Մնաց որ դեռ չենք գիտեր Գերագոյն ատեանը պիտի ընդունի՞ թէ ոչ Զուիցերիոյ դիմումը եւ եթէ ընդունի, քանի՞ տարիէն պիտի տայ իր վճիռը:
Երրորդ՝ չխօսինք 100 տարի առաջ կատարուած ցեղասպանութեան մասին. այս օրերուն համայն աշխարհի աչքերուն առջեւ, Քեսապի մէջ թուրքին կատարած ցեղասպանութեան առթիւ, արեւմտեան պետութիւնները ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ մերժեցին դատապարտելու ցեղասպան թուրքը, որովհետեւ ան ՆԱԹՕի անդամ է եւ Արեւմուտքի դաշնակիցը: Իմ կարծիքով թուրքը պիտի չհամարձակէր այդ քայլին դիմելու առանց իր դաշնակիցներուն հաւանութեան:
Չմոռնանք նաեւ Ֆրանսայի վերջին երկու նախագահներուն լարախաղացութեան ուրացումը պատժելի դարձնող օրէնքի ընդունման առիթով:
Թէ մենք ի՞նչ կրնանք սպասել մեծ պետութիւններու արդարադատութենէն, անոնց քարոզած «մարդկային իրաւունքներէն», «մարդկութեան դէմ ոճիրներէն», միջազգային օրէնքի խախտումներէն կամ «խօսքի ազատութիւններէն», եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողներուն:
Ներքին, ազգային ճակատի վրայ մեր կացութիւնը աւելի բարդ է ու ճգնաժամային: Ազգին պարտադրուած է նոր ցեղասպանութիւն մը՝ հայրենական հողերուն վերջին պատառիկին, վերջին մասունքին կորուստով միասին: Անշուշտ պէտք չէ մոռնանք Մեծ Ցեղասպանութիւնը, բայց մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք այսօրուան մեր իրականութեան վրայ, որ դարձած է տառապանք, տաժանք, կողոպուտ, աւերուածութիւն, հոգեկան փլուզում, խելագարութիւն ու կարօտ եւ փորձենք դարմանել զայն: Բարեբախտաբար ազգը Աւստրալիայէն մինչեւ Քանատա, Արժանթինէն մինչեւ Եգիպտոս ցնցուած է: Ժամանակն է, որ ազգին քաղաքական, կրօնական ու ընկերային ղեկավարները քով քովի գան, աշխատանքը բաժնեն, ծրագրեն եւ ծրագիրները գործի վերածեն եւ դարման մը գտնեն այս անդնդախոր ճգնաժամէն դուրս գալու համար: Առանց համահայկական համադրումի հոս հոն, ասդին անդին ցրուած աշխատանքներով դժուար թէ կարենանք սայլը ցեխէն դուր հանել:
Հիմա անդրադառնանք թէ ինչո՞ւ անցնող չորս տարիներուն չկրցանք նշանակալից բան մը յաջողցնել, որ 100ամեակի յիշատակումը դարձնէ տարբեր՝ տարեկան յիշատակումներէն, զարթօնք բերէր հայութեան եւ սկիզբ դառնար միջազգային կարծիքի դրական փոփոխութեան Հայ Դատի նկատմամբ:
Գիտեմ որ ես ազգի ո՛չ ղեկավարներէն, ո՛չ ալ խելացիներէն եմ, բայց դէպքերուն հետեւելով դատումներ ընելու (սխալ կամ ճիշդ), կարծիք կազմելու կարողութիւնը ունիմ: Չկրցանք յաջողիլ, որովհետեւ աշխատանքի բաժանում չըրինք: Մէկ գերագահ յանձնախումբ (նախագահով, կաթողիկոսներով եւ այլն) կազմելու տեղ, պէտք է կազմուէր երկու պատասխանատու յանձնախումբ, իրար հաւասար ու համազօր, մէկը՝ հայրենիքի ու ներքին Սփիւռքի համար, միւսը՝ Սփիւռքի: Ասիկա հայութեան մէջ բաժանում ստեղծելու, միջազգային հանրութեան մէկ ձայնով ներկայանալուն հետ ո՛չ մէկ կապ ունի: Արարատն ալ երկու գագաթ ունի, որոնց ոչ մէկը միւսին շուքին տակ կ՛ապրի եւ երկուքի միացումով միայն ան կը դառնայ հայութեան ու հայրենական հողերուն խորհրդանիշ: Ոչ մէկ արգելք, թերեւս պարտադրաբար այդ բարձրագոյն յանձնախումբերը, քով քովի գան յաճախակի եւ ոչ թէ տարին անգամ մը, խորհրդակցին, կազմուած ծրագիրները քննարկուին, համադրուին ու գործը յառաջ տանին:
Ուզենք կամ չուզենք, իրականութենէն բան չի փոխուիր, հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը տարբեր ձեւով կ՛ընկալէ հայրենասիրութիւնը, տարբեր հայեցողութիւն ունի Եղեռնի մասին, Հայաստանի ամբողջականութեան մասին, թուրքին հետ յարաբերութեան մասին: Գոնէ առայժմ, գործի յաջողութեան համար աշխատանքի բաժանում պէտք է ըլլայ. բաժանում, այլ ոչ անջատում: Իրարու հաւասար կեդրոնական յանձնախումբերը ամէնէն առաջ պէտք է կազմեն իրենց ծրագրումի յանձնախումբը եւ վաւերացնեն անոնց ծրագիրը: Առանց ծրագիրի ոչ մէկ գործ կը յաջողի: Նաւը ճամբայ ելած ատեն պէտք է գիտնայ, թէ որ նաւահանգիստները պիտի հանդիպի ու ուր պիտի խարսխէ վերջնականապէս: Ծրագրումի յանձնախումբի կողքին պէտք է կազմուի նաեւ տնտեսական յանձնախումբ մը. առանց դրամի ոչինչ կարելի է յաջողցնել: Ես շատ վստահ եմ, որ մինչեւ այսօր ոչ ոք գիտէ թէ որքան դրամ պիտի ծախսուի հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:
Պէտք է վերցուի համանախագահի նորաստեղծ դրութիւնը: Մէկ նաւը կ՛ունենայ մէկ նաւապետ: Օրինակը առջեւնիս է՝ սուրիահայոց օգնութեան մեր շրջանի յանձնախումբը ունի մէկ ատենապետ, եւ գործը ըստ ամենայնի յաջող կ՛ընթանայ: Լռելեայն հասկնալի է, որ գործը կը ծրագրուի ու կը յաջողի ոչ թէ միայն ատենապետին, այլ ամբողջ յանձնախումբին գործակցութեամբ: Պէտք է զգուշանալ բազմամարդ յանձնախումբերէ: Հանրային գործերը կը յաջողին ոչ թէ մարդոց փառասիրութիւնները շոյելով, այլ՝ անձը ուրանալով:
Այլ խնդիր մը եւս ունինք մեր առջեւ: Եթէ մինչեւ հիմա գրեթէ բան մը չենք ըրած, կրնանք ասկէ վերջ որոշ ծրագիրներ կազմել եւ զանոնք յաջողցնելու աշխատանքին լծուիլ, պայմանաւ որ զգաստանանք, վերջ տանք ձեւակերպութիւններ պահելով գոհանալէն, հաւատանք մեր ըրած գործին, ճիգ, սիրտ ու ժամանակ տանք անոր. ակնարկութիւնս կ՛երթայ Քեսապի ճգնաժամին գծով հայրենի կառավարութեան բռնած դիրքին, որ երեւոյթները փրկելէն անդին, մինչեւ հիմա ոչինչ ըրաւ: Լահէյի մէջ խնդիրը արծարծելով, Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարին նամակ գրելով Քեսապի հողը չազատագրուիր, քեսապցին տուն չի վերադառանար: Թէ ինչ կ՛ընէ Հայաստանի կառավարութիւնը հասկնալու համար, ուշի ուշով կարդացէք «Ասպարէզ»ի 4 Ապրիլ թիւին մէջ (5րդ էջ) տրուած լրատուութիւնը: «Խօսքի վարպետ, գործի անպէտ»: Այդ մասին ուրիշ անգամ:

ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

ՌԻՉՄԸՆՏ – ԹԷՔՍԱՍ
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» Կոմիտէ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles