Հարաւէն Հիւսիս, կ՛ուղղուիմ ես գլխիկոր…
Սուրիական ծովեզերքն է,
Կը խօսիմ տրտմած լեռներուն, պատասխան չունին
Կը խօսիմ հարբած Թարսիսեան ծովուն՝ պատասխան չունի…
Կը ձայնեմ գետերուն՝ կարմիրը կը ճչայ
Ձայն կու տամ երկնքի բաց կապոյտին
Կը լսուի մեղմիկ մեղեդի.
- Եթէ նոյնիսկ հրեշտակներու լեզուով խօսիս
Եւ սէր չունենաս, ոչինչ ես, – կ՛ըսէ,
Ու ճամբայ կ՛ելլեմ ես սէր ունենալու…
- Նոր երկինք է, – ցոյց կու տայ հրեշտակս մատով, եւ նոր լուսին…
- Բացուիր երկինք նորոգէ, բժշկէ՛, սիրովդ առատ…
Կորսուած հրեշտակներու երկիրը
պատասխան չունէր ինծի
ոչ իսկ մեղեդիի խազ մը
Իսկ իմ հրեշտակս օրհնութիւն մրմնջելով
զիս կը տանի թեւերուն վրայ
Ցոյց տալով սիրատոչոր տարածքներ
Ու ես շնորհապարտ եմ
Թափանցիկ այգին համար
Ուր միասին կը ճախրենք
Կ՛անձրեւենք Սուրիոյ ափերուն
ոռոգելով տանջուած երկիրը նոր սիրով…
Մայրիներու երկրէն
Սահմանամերձ որոգայթներ
Մինչեւ Բերիա հնամենի
Ականուած փակուղիներ…
Արեւմուտքէն արեւելք ու հիւսիս
Կը շրջիմ Թեւերուն վրայ անոր
Մեծացուցանելով անունը Սիրոյ…
Ականներու փոխարէն
Գեղեցկութեան ուրախութեան իւղ հայցելով…
Մեսմերկ տերեւաթափ ձիթենիի ծառեր
մէկ առ մէկ կը տողանցեն մեր առջեւէն
Աւերակ շէներուն ընդմէջէն
Որոնց արուները ինքնակոչ
Նուիրեալներն են
Նոր գարնան մը խաբուսիկ:
Սուրիոյ ցաւակէզ երակներէն անցնելով
Արեւմտահայաստանի բաց վէրքին հոտը կու գար
Կրկին թուրքերը կ՛անցնէին այդ վայրերով…
Մի յապաղիր հրեշտակս դուն օրհնել Եւ յոյսի լապտերդ վառել:
ՄԱՐԻԱՆՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ
25 Մարտ, 2013
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Պոլսահայ Միութիւն