Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Քեզ Սպասող Չմնաց –Ո՞ւր Ես Գալի, Ա՛յ Գարուն, Գովքըդ Ասող Չը Մնաց –Զո՜ւր Ես Գալի, Ա՛յ Գարուն…

$
0
0

ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

Հոգիս կը ճմլուի. ի՜նչ գրել եւ ինչպէ՜ս գրել որ բան մը փոխել կարողանանք դէպի «փայլուն ապագայ»: Սկսայ գրելու՝ «չս-տացուեց», պատռեցի: Կրկին, ուրիշ նիւթ ընտրեցի, վերնագիրը՝ «Կորուստ, կրկին ու կրկին կորուստ». շատ ընկճեց զիս. այն ալ պատռեցի: Ուզեցի այնուհետեւ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն ներկայացնել իմ ազգագրական հաւաքածոյիս (136 ձայներիզ) մանրամասն պարունակութիւնը, բայց անօգուտ աշխատանք համարեցի կրկին կարդալէ ետք ուղարկուած նամակդ. ան ալ մէկ կողմ նետեցի:
Յանկարծ յիշեցի Յ. Յովաննէսեանի «Նոր Գարուն» տխուր երգը՝
«… Էլ ո՞վ ա որ դարդ չունի – Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ Գարուն,
Սա՜ղ տեղ չկայ մեր երկրի – Զո՜ւր ես գալի, ա՛յ Գարուն»:
Այս՝ Նիկոլ Աղբալեանի սրտահատոր երգն էր:
Գոնէ հայերէն լսեմ հայ դպրոցներէն արձակուող աշակերտներու բերնէն… զո՜ւր բաղձանք:
Երեւանի մէջ անհատ-անհատ արագընթաց կը ռուսանան… դեռ Մոսկուա չհասած, իսկ Մոսկուա հազիւ հասած կը շուլլուին ցանկայարոյց, տռփամոլ, վաւաշոտ ռուս կիներու (հեռու չէ որ անոնք ըլլան նաեւ չեչեն, մոնկոլ կամ ազերի գեղեցկուհիներ. տեսայ հայ տղայ Ալֆորվիլի մէջ, որ գաղտնօրէն կը կենակցէր ազերի աղջկայ հետ, ճիշդ է որ գեղեցկամարմին): Իսկ հայ կիներ Պոլսոյ մէջ սիրով եւ ուրախութեամբ կը նուիրուին «ազնիւ» յորջորջուած թո՛ւրք պարոնի (միայն հայաստանուհիներ չեն այդ հայ կիները…): Ո՞րն ասեմ, ո՞րը խոստովանիմ… Իսկ հայ ծնողներէ սեռած աղջիկներ երբ կը կոչուին «Սիրին» կամ «Ճագլին», կէս քայլ անդին օտար ամուսնութիւն կը կնքուի: Ու ահա այս հարցերուն մէջ յանցաւոր մը եթէ կայ, ան ալ ես եմ կամ ինձ նման «յետամնաց» հայերը ի հարկէ… Գեհենը քանի՞ սենեակ ունի…
Աբօ, դուն ըսէ, ի՞նչ տեսակի, ի՞նչ կարգի գրութիւն կը կարողանայ գնացքին ուղղութիւնը շրջել, մտայնութիւնը յեղաշրջել, զգաստ գիտակցութիւն տնկել կամ ցանել այլասերած ուղեղներու, կամ խեղաթիւրուած սրտերու, կամ ցնորուած կամքերու մէջ: Դրամը երկրպագողները, ցանկամոլութեան ստրուկները եւ փառքի գերիները ծո՞վը թափել. արգիլուած է ծովը աղտոտել անոնցմով եւ յետոյ՝ քանի՞ հոգի կը մնայ ոտքի վրայ… Մէկ ճար կայ: Պարտադիր, ՊԱՐՏԱԴԻՐ Նարեկի ընթերցում՝ բոլո՛ր դպրոցներէ ներս, բոլո՛ր հայ ընտանիքներէ ներս, բոլո՛ր տանիքներու վրայ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐԱԳՈՐԾՈՒՄԻ խորաններ, հոգեմտային մտրակում եւ ինքնախարազանում: Կատա՞կ: Կատակը մէկդի՝ չե՞ս կրնար «Ասպարէզ»ի Շաբաթ օրուայ թիւերուն մէջ, քառորդ էջերու վրայ, Ապրիլ 24էն սկսեալ, փոքրիկ հատուածներ տպել Նարեկէն ԿԱՐՄԻՐՈՎ, ԿԱՊՈՅՏՈՎ, ՆԱՐՆæԱԳՈՅՆՈՎ, ձախին գրաբարով, իսկ աջին այդ նոյն հատուածին՝ աշխարհաբարը, ա՛յ այսպէս.
Ի Խորոց Սրտից Խօսք Ընդ Աստուած (Բան ԼԲ)
Ա
Եւ արդ ես յետնեալս ի նախադրութեանց արժանաւորաց – Ես որ թափուր եմ նախորդով յիշուած արժանիքներէն,
Գրեալ ինձէն ընդ պարտաւորսըն պատժոց – Պատժապարտներուն կարգը համարելով ինքզինքս,
Հայցեմ զողորմութիւն ընդ ամենեցուն մաղթանաց – Ողորմութիւնդ կը խնդրեմ ամէնուն մաղթանքներովը:
Ընդ նըկունս եւ անհամարձակս – Նկուններուն (նուաստներուն) եւ երկչոտներուն հետ,
Ընդ տըկարսն եւ փոքըրկունս – Տկարներուն հետ ու փոքրիկներուն,
Ընդ ընկեցիկսն եւ արհամարհեալս – Անգոսնուածներուն եւ երեսէ ինկածներուն հետ,
Ընդ տարագրեալսն եւ առ քեզ դարձեալս – Տարագրուածներուն եւ քեզի վերադարձածներուն հետ,
Ընդ երկուացեալսն եւ ճշմարտեալս – Կասկածոտներուն եւ աներկմիտներուն հետ,
Ընդ կործանեալսն եւ յարուցեալսն – Կործանածներուն եւ վերականգնածներուն հետ, (…)
Եւ այսպէս դեռ ուրիշ տասը «ընդ»եր կան: Բոլորը ընդօրինակելու կարիքը չկայ: Այս «Ա»ը վերջ կը գտնէ «Միանգամայն իսպառ սրբեցայց օրհնեալ հրամանաւ Է-իդ»ով՝ իբրեւ արդիւնք «համայնապատում խոստովանութեան»:
Մէջընդմէջ կրնաս նոյնը ընել Խորենացիէն (կրկին՝ գրաբար ընդ դէմ աշխարհաբարի):
Ահա հայ մարդս վերահայացնելու եւ կամ վերամարդացնելու ոչ հեշտ, բայց թերեւս գործնական ճանապարհ: Հոգ չես ըներ, եթէ անոնք չվերահայանան, ըսել է ՀԱՅ ըլլալու արժանի չեն, բայց դուն եւ «Ասպարէզ»ը կը շարունակէք անվհատ, անվարան հայ ինքնութեան վերադարձի այսօրինակ աշխատանքը: Նայինք ո՞վ կը յաղթէ կամ ո՞վ կը պարտուի:
Բարի 99րդ վերադարձ մեր Նահատակներուն:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles