Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Թուրքը Եւ Թրքութիւն»ը

$
0
0

Յակոբ Օշականի Սեւեռումին Տակ (Սարսափի Եւ Ճանաչումի Փորձառութիւնը)

ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

2015 թուականը պիտի նշէ «Հայկական Ցեղասպանութեան» 100ամեակը:
Ամէն անգամ, երբ մենք՝ հայերս կը նայինք ետ, 1915էն հասած մեծ ցաւի լեռնաշղթայ մը կը տեսնենք եւ հոն կանգ կ՛առնենք քիչ մը՝ սարսափած: 1890ական թուականներէն մինչեւ 1905, 1909 եւ 1915 թուականները՝ թուրքին գազանութիւնը Արեւ-մտեան Հայաստանը ենթարկեց հալածանքի, բռնութեան եւ վերածեց բոցի, հրդեհի, դժոխքի եւ արեան ծովի: Մարդկային միտքը եւ երեւակայութիւնը ի վիճակի չեն պատկերացնելու եւ ըմբռնելու ահաւորութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան քաղաքական եւ մարդկային երեսներուն եւ անոր դաժան իրականացումին, որ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան սարսափազդու վայրագութեան մէջ: Հայութիւնը ենթարկուեցաւ չլսուած ծրագիրի մը, չտեսնուած բնաջնջումի մը եւ ամբողջ երկիր մը վերածուեցաւ աւերակոյտի կամ «Մոխիրնոց»ի (ինչպէս պիտի ըսէր ինք՝ Օշական) եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը մշակութային դարաւոր հարստութիւնը ենթարկուեցաւ անվերադարձ փճացումի:
Թրքական գազանութիւնը, 1915ի Ցեղասպանութեամբ, հայութեան մէջ թողուց լեղի համ մը, դառնութիւն եւ… անբաւ զայրոյթ:
Բացէ՛ք հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան, տարագրութեան եւ գաղթականութեան նուիրուած (հայ եւ օտար լեզուներով) մեծ ու փոքր յուշերը կամ հայկական քաղաքներու եւ գիւղերու հայ բնակչութեան բնաջնջումը արձանագրող պատմագիրքերը, դուք այն ատեն կրնաք հասկնալ հայութեան խորքէն հասնող զայրոյթը եւ անոր տարողութիւնը՝ հանդէպ թուրքերուն ստեղծած վախին, սարսափին, հալածանքին ու կոտորածին: 1915ի դժոխքով արեւմտահայութեան դարաւոր արմատները ցնցուեցան աննախընթաց ահաւորութեամբ: Յ. Օշական կը դժուարի ըմբռնել ու բառերով սահմանել այդ սարսափազդու իրականութիւնը: Իր գործերուն մէջ, 1915ի Ցեղասպանական եղելութիւնը յաճախ ան կը կոչէ գեհէն, դժոխք, մոխիրնոց, սպանդ, եղեռն, աղէտ, ոճիր, ողբերգութիւն: Բոլորն ալ յատկանշական՝ մարդոց ապրող ջիղերը բզկտող եւ սպաննող:
Ընդհանրապէս, մինչեւ 1950-60ական թուականները, թրքական հալածանքները, բարբարոսութիւնները, աքսորը եւ Ցեղասպանութիւնը հայութեան մէջ ստեղծեր էին «թրքական սարսափ» մը: Այդ մէկը կը նշմարուէր յատկապէս հայութեան ա՛յն սերունդին մէջ, որ փրկուեր էր եւ կամ հալածանքի, տարագրութեան, անարգանքի եւ որբութեան դառն համը ապրեր էր իբր հետեւանք 1915 գեհէնին:
Յակոբ Օշական (1883-1948), այս խոհուն ու մարդկային խորութիւններ թափանցող մտաւորականը, գրագէտը, վիպագիրը մէկն է այդ սարսափները ապրող, այդ սարսափները պատմող եւ այդ սարսափները բացատրող… 1914-1915 թուականներուն, Կ. Պոլսոյ մէջ, ան ութ անգամ ձերբակալուած է Թալէաթի ոստիկաններուն կողմէ: Իսկ 1915ի ձերբակալութեան եւ աքսորի օրերուն, ան յաջողած է պահուըտած մնալ:
Անոր գրական ու վէպերուն աշխարհը՝ 1890-1915 տարիներու հայ ժողովուրդն է, հայաշխարհը, դրացի թուրքը, թրքութիւնը՝ իր ահաւոր վայրագութեամբ, մոլեռանդութեամբ… Օշական իր գործերուն մէջ ձեւով ու խորքով չափազանց ինքնատիպ հեղինակ մըն է:
Օշականի գրական վաստակին ամէնէն արժէքաւոր ու մնայուն մասը կը կազմեն իր վէպերը: Յատկապէս եռահատոր «Մնացորդաց» վէպով Օշական պատկերեց, ապրեցաւ, իր զգայարանքներու բովէն անցուց քաղաքներուն եւ գիւղերուն հայ կեանքը մինչեւ Տէր Զօր եւ աւելին՝ թուրքը ներառեալ: «Մնացորդաց»ը կը նուաճէ ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ տարագրութեան դժոխքը երկարող մեր ժողովուրդին դաժան կեանքին եւ ապրումներուն գումարը: Անոնք, որոնք Օշականի աշխարհը պիտի աշխատին խորաչափել, պիտի զարմանան: «Մնացորդաց»ի բովանդակութիւնը շարունակ ցնցած ու ցնցած է հեղինակը: Այդ վէպը լարում մըն էր, որ կը քանդէր Օշականին ջիղերը: Իր ինքնակենսագրութեան մէջ ան կը խոստովանի, թէ այս վէպին «Էջերը զինք կը ցնցէին ժամերով» (1): Իր ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ահաւոր ուժգնութիւնը կը կրէր իր ներսը, ահաւոր կնիքը իր ժողովուրդին վրայ գործադրուած գազանութեան:
Օշական այն քիչերէն է, որ յաջողած է թափանցումը կատարել մեր պատմութեան, ո՛չ իբրեւ թիւ եւ անուն, այլ իբրեւ իրաւ այն աշխարհը, ուր իրարու ետեւէ սերունդներ աճեցան արիւնի եւ կրակի մէջ:
Այս իմաստով «Յ. Օշականի գրականութիւնը բեւեռում մըն է աղէտին շուրջ… Ան քիչերէն եղաւ, որ աղէտը դիմակալեց, տարաւ զայն մտածումի մը կարելիութեան, բացաւ մտածումը անոր ապշեցնող պարապին: Միակ շահեկան երեւոյթը այս բացառիկ ու պայծառ գիտակցութիւնն է, որ աղէտ կոչուածը հողի, թիւի, սպանդի ու ոճիրի խնդիր մը չէ միայն… Աղէտ կոչուածը ամէնէն առաջ մտքի հարց մըն է» (2):
Օշական ինկաւ ճիշդ այն ճամբուն վրայ, որուն սարսափները պատմելու ձեռնարկեր էր: Վկայ իր եռահատոր եւ անաւարտ «Մնացորդաց» վէպը կամ իր իսկ կեանքին նուիրուած ինքնակենսագրութեան հաստափոր հատորը: Ան հրաշքով փրկուած էր հայաջինջ սպանդէն…
Յակոբ Օշական թուրքին եւ թրքութեան մնայուն մղձաւանջը ունեցած է: Ապրած է թուրքին հոգեհան քաղաքականութիւնը, հալածանքը, վայրագութիւնը, բարբարոսութիւնը, անասնութիւնը, որոնք յատկապէս իր «Մնացորդաց» երկար վէպին եւ իր 646 էջնոց ծաւալուն ինքնակենսագրութեան մէջ («Համապատկեր…», Ժ. հատոր) ինկած են յատուկ սեւեռումներու, վերլուծումներու, դատումներու եւ ուժեղ հաստատումներու տակ: Ան ինքն իր մասին կը վկայէ. «Օշական ապրած է թուրքը, անոր բանտերուն մէջ ու անցած է անոր պալատներէն, ճանչցած այդ ժողովուրդին մէջ աղբն ու ոսկին ու հասկցած զայն» եւ ուրիշ տեղ մը՝ թէ ինքը «Թուրքը լայնօրէն ճանչցած էր իր բոլոր խաւերով» (3):
«Մնացորդաց» վէպը, կը գրէ Օշական, թուրքին ահովն ու խորհուրդով երկնուած է, վասնզի պատանի Օշականը իր արեան դրութեան մէջ առած էր կնիքը այդ սարսափին աշխարհի ամէնէն թուրք քաղաքին մէջ: Յետոյ ամբողջ վէպեր կու գան թուրքէն…
Օշականի վէպին մէջ թուրքը եթէ ո՛չ նոր, գէթ քիչերու ծանօթ ցեղի մը կը պատկանի: Եւրոպան անկէ ոչինչ գիտէ: … Օշականի բոլոր թուրքերը հիմնովին զերծ են ռոմանթիզմէ, վասնզի թուրքը ինքնին դեռ այդ վիճակին անընդունակ անասունն է» (4):
Անոնք, որոնք չեն գիտեր, չեն ճանչնար «թուրքեր»ուն հաւաքական ոճիրին մէջ անզէն-անմեղ մարդեր փողոտելու արարքին անասնութիւնը, չեն հասկնար աշխարհը ուրիշ լոյսի տակ:
Այս միտքը եւ անոր ծանրութիւնն ալ կու գան Օշականեան աշխարհէն: Օշականին ենթաշխարհը «կեցուածք» մըն է, ահ ու սարսափի, զայրոյթի եւ ըմբոստացումի հսկայ հրաբուխ մը՝ թուրքին բարբարոս անասնութեան դէմ: «Ոճիրին մէջ… թուրքը ընտանի կը զգայ ինքզինք» (5): «Օշական առած է կէս դարու վրայ ամէնէն յաճախուած տառապանքով մը իր ժողովուրդին անսկիզբ ու անվախճան ողբերգութիւնը: Հազիւ քսան տարի մը ան զերծ է թուրքէն, բայց չէ ազատած անոր մռայլ մղձաւանջէն» (6): Ան իր մասին կը շարունակէ գրել. «Տեսար երբ կը մորթէին, երբ դիակները կը նետէին բաղնիքներու հնոցները: Եղար նեղ մութերուն մէջ ու եղար պալատներու ահին ու սարսափին հետ հաղորդ անոնց ահաւոր ալ իգութեան» (7):
Կը խուսափիմ այլեւայլ հարցումներէ: Կ՛ընտրեմ միայն անոնցմէ մէկը: Ինչպէ՞ս վստահիլ թուրքին: Ծանօթ է մեզի Թալէաթ փաշային եւ Գրիգոր Զօհրապին միջեւ եղած «սերտ» բարեկամութիւնը: Թալէաթ ապահոված էր թէ Օսմանեան խորհրդարանի անդամ Գրիգոր Զօհրապին ոչինչ կրնար պատահիլ: … Քանի մը օրեր ետք՝ Գ. Զօհրապ կը ձերբակալուի եւ բանտ կ՛առաջնորդուի ուրիշ հայ մտաւորականներու հետ:
Պարտաւոր էինք նախազգալ գալիք աղէտը՝ Ցեղասպանութիւնը, որ կը նիւթուէր մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ջնջելու չափ ահեղ եւ ընդարձակ:
Ինչպէ՞ս վստահիլ թուրքին:
Պատմութիւնը վկան է. ժողովուրդ մը աննախընթաց դժոխքի մը մէջ ենթարկուեցաւ բնաջնջումի… ամէնէն գազանային ձեւերով եւ տարողութեամբ: Կը խորհի՞ք թէ պաղած են ձայները մեր հողին: Այս իրականութիւնը շատ թանձր է, տրտում, տառապագին… իր ընդարձակութեան ամբողջ սարսափով: Մեր Ժողովուրդին ամէնէն խռովիչ հանգոյցը եւ ամէնէն յաճախուած ողբերգութիւնը:
Յ. Օշական տեղ մը կը գրէ. «Պատմութիւնը միշտ կեանք է» (8): Ուրեմն, Օշական ապրող պատմութիւնն է, վկայութիւնն է հայութեան սարսափելի ապրումներուն: «Թուրքը», կը հաստատէ Օշական, «չի՛ բաւեր տեսնել: Պէտք է զայն զգալ: Ու ատոր համար պարզ է ճամբան՝ գերութիւնը: Եւրոպական երկու մեծ ազգերէն (Անգլիա եւ Ֆրանսա) բաւական թշուառականներ զգացին ատիկա՝ Իրաք եւ Կիլիկիա: Անոնք պարտաւոր էին իրենց յուշերը գրել: Այն ատեն աշխարհը կը հասկնար հայկական ողբերգութիւնը» (9):
Պատմականօրէն չափազանց կարեւոր, նշանակալից եւ արժէքաւոր են Յ. Օշականին ապրած ահի ու սարսափի, թուրքը մէջէն ճանչնալու փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ գազանային բարբարոսութեան մասին անոր դիտումները, դատումները, վերլուծումները, բացատրութիւնները, հաստատումները, վկայութիւնները եւ ներքին պատգամը: Օշական ապրած է շրջաններն ու մարդերը տարօրինակ հեռզգայնութեամբ եւ խոր թափանցումով:
Կը կրկնուի հարցումը. ինչպէ՞ս վստահիլ թուրքին…
Իսկապէս մեծ է ապրուած փորձառութիւնը հետապնդումին, հալածանքին, սարսափին, որ հարիւր տարիներ ետք կը փորձէ տակաւին հայու ներքին բաւիղներէն դուրս գալ, արթնցնել մեզ եւ թելադրանքներ կատարել: Տուի մինչեւ հիմա Օշականին քանի մը նկատումները, վերլուծումները եւ վճռական, երբեմն պրկուած հաստատումները: Շարունակեցէ՛ք վարը կարդալ հաւաքուած եւ քով քովի բերուած քանի մը տողեր եւ պարբերութիւններ եւս, դարձեալ Օշականէն, սակայն ո՛չ իբրեւ մակերեսային տպաւորութիւններ, այլ խոր, «ապրուած» ու ճնշող դատումները, իր անձնական «հոգետուն»ին մէջ կրած ծանր մղձաւանջներ, խոր ու թափանցող վերլուծումներ, ուժեղ նկատումներ, հասուն եզրակացութիւններ եւ հաստատումներ: Կարդալէ եւ խորանալէ ետք փորձեցէք (եթէ կրնաք) զսպել ձեր տպաւորութիւնը, ներքին զայրոյթը եւ ահաւորութիւնը թուրքին ձեռքով իրականացած ազգային «ողբերգութեան» նիւթական, կրօնական, բարոյական, ընկերային, մշակութային, քաղաքակրթական, մարդկային եւ հոգեբանական անչափելի մեծ վնասին դիմաց, որուն ի տես՝ Օշական մղուած է նման վերլուծումներ եւ ուժեղ դատումներ արձանագրելու:
Օշական կը շարունակէ խօսիլ.
– «Թուրքերը, որոնց մասնագիտութիւնը եղաւ քաղաքակրթութիւնները թաղել, նոր է, որ իրենց ախորժակները կը տարածեն նաեւ ողջ տարրէն դէպի անողջը, այսինքն՝ մարմարը, կառոյցը: Կ՛ըսուի թէ անոնք մեր երկրին աւերակներն ալ ձեռնարկած են անյայտ ընելու, սկսելու համար նոր իրենց քաղաքակրթութիւնը, մաքուր թուղթի մը վրայէն: … Իրենց պապերէն անդին անցնելու իրենց զայրոյթին մէջ՝ անոնք կը տաճկացնեն Հայաստանին երեսը»: «Թուրքերը նորնալու («նոր» դառնալու) իրենց մոլուցքին մէջ, կ՛ատեն հնութեան աւանդները, ինչպէս զանոնք ստեղծող ժողովուրդները կը չորցնեն հողին երեսէն» (10):
– «Պէտք է նկատի առնել Թուրքերուն մօտ բացառիկ շեշտումով ուշագրաւ այն պաշտօնականութիւնը, որ պատժելու, ծեծելու, մորթելու քիչ մարդկային վարժութիւնները կը տարազէ ապշեցուցիչ բնականութեամբ մը: Այն ժողովուրդն է ասիկա, որ կրցաւ պարզ մնալ, մեր բնաջնջումը իբր յղացք, յետոյ՝ որոշում, յետոյ՝ իրողութիւն ընդունելէ ետք: Ու հազարաւոր գիւղերու, քաղաքներու մէջ, տասն անգամ տասը հազար գլուխները այդ ծրագիրը եւ մեր միամտութիւնը քով քովի դրին ու չճաթեցան իրենց խղճմտանքներէն: Բացառիկ օրերու հոգեբանութեան մը արդիւնք չէ այս սառնութիւնը, խորհրդապահութիւնը: Անոնք, իրենց ամէնէն խաղաղ պահերուն անգամ, քրիստոնեան պատուհասելու առիթին առջեւ կը դառնան խորհրդաւոր արարածներ, թաքնամիտ ու նենգ» (11):
– «…Մենք ունէինք «թուրքը», գրեթէ համազօր անասնութեամբ կիրքին մէջ, բայց գերազանց անասնութեամբ կիրքէն վար, այսինքն հո՛ն՝ ուր կիրքը կը վերածուի հոգիի տիղմին» (12):

– «Առնուազն երկու տասնեակ անգամներ, ան (ինքը՝ Օշական) չափուած է մահուան հետ վաղ մանկութենէն մինչեւ Երուսաղէմի ճամբուն վրայ դիտապաստ իր անկումը (կ՛ակնարկէ իր ունեցած առաջին կաթուածին): Ռոմանթիզմ չէ յիշել հոս, որ 1915, 1916, 1917ին, Պոլսոյ մէջ միայն, ան յաջողած է խզել Թալէաթի ոստիկանութեան ցանցը ու ազատել ողբերգական մահապարտ իր գլուխը, Մեծ պատերազմին ամէնէն տագնապի օրերուն (1918), յանդգնելով հագնիլ գերման սպայի տարազ ու Պոլիսէն փախիլ Պուլկարիա: Ասիկա կը գրուի հոս երկու տողի մէջ, բայց զայն ապրելու հերոսութիւնը մարդ չի՛ կրնար մարսել երկու հազար ժամուան մէջ: Եւ սակայն փախած է: Ու ասիկա կը նշանակէ հաւատք, լաւատեսութիւն, երբ վերածուի իր վերջին եզրին: Բայց նորէն չլսուած մը: 1915ին: Պոլիս, ոստիկաններու ձեռքէն երեք ցերեկ ու երեք գիշեր հալածուելէ յետոյ՝ ուժասպառ, յուսակորոյս, անօթի ու անքնութենէն թունաւորուած՝ երբ կը փորձէ կամուրջին վրայ «սիւպէմէ»ի գնդիկը (թոյնի տեսակ) բերանը նետելէ վերջ գլխիվայր ջուրը իյնալ, ձեռք մը կը զգայ ուսին: Կը դառնայ: Ո՛չ ոք: Բայց ձեռքին մեղմ ճնշումը յստակ էր, որքան ճակատագրական: Կը թքէ գնդիկը բերանէն: Ոստիկաններ: Մէկը իրեն կ՛երկարէ թուղթ մը, ուր գրուած էր իր անունը. կը հարցուի իրեն, թէ կը ճանչնա՞ր այս անունով մարդ մը: Տոսթոեւսկի պատմած է, թէ իր հրացանազարկութիւնը հրամայող պատգամը ուշացած էր հինգ վայրկեանով: Ու այդ հինգ վայրկեանը արժեւորած է հինգ անհունութիւններով: Օշական չի՛ կրնար ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ այս հարցումը կ՛ըլլար իրեն: Ցոյց կու տայ, ձեռքովը, հեռացող անծանօթ մը ու կը դառնայ ետ, կամուրջին հակառակ ուղղութեամբ: Ճակատագիրին մատն էր, որ կը միջամտէր այսպէս: Ան յստակ կը կարդայ այդ մատին ցուցմունքը: Պարտաւոր էր ազատել իր գլուխը եւ ո՛չ թէ ջուրին յանձնել զայն»:
«Այդ Պոլիսին այդ տարիները անպատմելի բաներ են: Որեւէ՛ վէպ, աշխարհի ամէնէն առաջնակարգ թերթօնագիրին կողմէ գրուած, տժգոյն, անբաւական կը թուին իրեն, երբ կը մտաբերէ անհաւատալի իրադարձութիւններու անհատնում շղթան, իրարու յաջորդող, իրարու հիւսուող, փրթող ու նորէն ինքզինքը օղակող: Օշական ապրած է այդ Պոլիսը: Ու այդ ապրումները, աղէտէն վերջ, տակաւին քառորդ դար, պուտ մը անգամ չէ աղօտած, այնքան հզօր է եղած անոնց կնիքը իր հոգետունին: Շաբաթ չ՛անցնիր, որ իր ալեւոյթին մէջ ան չիյնայ այդ վոհմակին առջեւ, բարձրանալու համար կառափնատ ու… կ՛արթննայ ընդոստ: Ամէն հայ ողբերգութիւն մըն է…» (13): Օշական մինչեւ իր կեանքին վերջը ապրեցաւ այդ «արհաւիրքը» մահացու սաստկութեամբ:
– «Թուրքը… ժողովուրդ մըն է, որուն մէջ կան (լաւ ճշդեցէ՛ք երանգը) ամէնէն անոյշ, աղուոր, պարզ մարդերը: … Բայց պարտաւոր եմ աւելցնել, որ այդ ամէնէն պատուական մարդը նոյնիսկ պիտի ծնրադրէ իր նամազը ընելու, դանակը խսիրին երկարած, պիտի աղօթէ խորունկ գոհունակութեամբ մը ու պիտի ելլէ ոտքի, քիչ անդին կապուած տղեկ մը մորթելու, երբ իրեն ըսուի, որ հայրենիքը այսպէս կ՛ուզէ: Հո՛ս է ահա ամէնէն դժնդակ կողմը հայ եւ թուրք կառոյցին: Ո՛չ մէկ հայ պիտի համարձակէր իր խիղճը այսքան բնականութեամբ խաբել: Դուք, որ կը կարդաք այս տողերը, չէք կրնար ապրիլ սարսափը, որ ունեցած է Օշական, մտիկ ընելով երկրորդական կրթութենէ անցած երիտասարդներու խումբ մը, որոնք կը պատմէին ծովեզերեայ քաղաքի մը մէջ 1915ին իրենց պարտադրուած սրբազան պարտականութիւնը, կրցածնուն չափ հայ աղջիկ բռնաբարելու եւ զանոնք սպաննելու: Ասիկա դիւրին չէ արդարացնել: … Ասիկա ցեղային է ահա» (14):
– «Թուրքը… Արեւմտեան Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի քաղաքակրթութեանց կործանիչ ցեղը, իր արշաւանքներու գիներբուքէն աչքը չբացաւ՝ քաղաքակրթութիւն մը ճարելու: …Դուք լսած ըլլալու էք հարկաւ, որ գահ բարձրացող ամէն սուլթան իր ոտքերը կը լուար արիւնին մէջը մորթուած իր եղբայրներուն» (15):
– «Ոճիրը, ապականութիւնը փառք էին, պարծանք, գեղեցկութիւն՝ թուրքերու մօտ» (16):
– «Երէկ, մտիկ կ՛ընէի թուրք ռատիօն: Խօսողը, որ կրթական նախարար մըն էր, պառակտուած ուսանողութեան ուղղուած իր ճառին մէջ կը պոռար ո՛չ թէ սիրոյ հրաւէր մը հանդէպ կարգին, հեղինակութեան, այլ իրենց հողերուն վրայ օտարները ջնջող փառքին դիւցազնաշունչ իրականութիւնը կը քնարերգէր: Հողին տէրն էր այդ ուսանողութիւնը, ա՛յն հողին, ուրկէ անհետացած էին հայն ու քիւրտը, յոյնն ու ալպանը, պուլկարն ու սերպը եւ որ ի կարգին… Ա՛յս է ահա ցեղային կնիքը: Ու ասիկա չտեսնելն է տղայականը: … Թուրքը պատմութենէն չէ դատուած, երբ կը գովերգէ բնաջնջման իր բնազդները» (17):
– «Թուրքերը, իրենք զիրենք ճանչնալու համար, պարտաւոր են Օշական թարգմանել» կամ «Պարտաւոր են Օշական թարգմանել, կէս դար ետքը, ճանչնալու համար իրենց վաւերական կերպարանքը» (18):
– «Թուրքերը սատիք (բռնամոլ, անասնական կիրք, անյագ կիրք՝ ուրիշին ֆիզիքական ցաւ պատճառելու- ՏԾՎԵ) իսկ չեն տակաւին, երբ կը մորթեն: Թուրքերը, նախնական մարդոց ջիղերը կրելով հանդերձ, շատ մօտիկ կը մնան իրենց ուղեղովը տղոց, որոնց գերագոյն հեշտանքը չարչարելն է կենդանիները՝ սպաննելէ առաջ: …Գիտէք, թէ որքան վտանգաւոր լար է ջարդին լարը…» (19):
– «1915ին չկար թուրք մը, որ իր հոգեղէն դրութեան մէջ չ՛աճէր, չ՛ազնուանար, երբ կայսրութեան բոլոր մարզերուն վրայ կը հոսէր ո՛չ միայն հայուն արիւնը, այլեւ կը գերաճէր մանաւանդ այդ արիւնը թափող հեշտախառն հոգեբանութիւնը: Քաղաքակրթութի՞ւն: Բայց դուք գտէք ուրիշ որակում մը, առհաւական ապրումներու մթին հանգոյցներուն այնքան հաշտ սա հոգեվիճակներուն: Կը մորթէին ամէնէն սուրբերը, հերոսները, պաշտօնեայ, զինուորական, ոճրագործ, բայց արարքին հեշտանքը հասարակաց էր դաշտի բանուորին, ինչպէս քաղաքի արհեստաւորին, քանի որ հազարէ աւելի տարիներ ուրիշ քիչ բան ըրած էին ազգային այդ կատարելութեամբ՝ աւերում ու արեան հեղում» (20):
– «Ամբողջ տասը դար թուրք ժողովուրդը խմեց արիւնը, գինին ու միսը շէն Արեւելքին» (21):
– «Թուրքերը միայն բարբարոսներ չեն, այլեւ հոգի ստորնացնող ամէնէն զօրաւոր սողունները» (22):
– «Մնացորդացին» կէսը թուրք հոգեբանութեան է յատկացուած: … Օշական թուրքը կ՛ատէ ո՛չ իբրեւ վայրագ, բարբարոս ժողովուրդ, այլ անոր ջղային դրութեան բարիքները այնքան յիմարօրէն ահաւոր չարիքի վերածող անբանութիւն, անմարդկայնութիւն» (23):
– «Ո՛չ մէկ գրագէտ, օտարներէն ու կրնամ ըսել թուրքերէն, յաջողած է թուրք զգայնութիւնը սեւեռել այն անկեղծութեամբ, խորութեամբ, հարազատութեամբ, որքան ատիկա կը հաստատենք մենք այսօր Օշականի գործէն ներս» (24):
***
Խի՞ստ, չափազանցուա՞ծ կը գտնէք սա վերլուծական խոր դատումները Օշականին՝ «թուրք»ին եւ «թրքութեան» մասին…
Մի՛ մոռնաք՝ Յակոբ Օշական իր ժողովուրդին Ցեղասպանութեան ահաւոր ուժգնութիւնը կը կրէ իր մարմինին վրայ, իր ներսը, իր հոգեբանական դրութեան վերեւ կախուած, ԱՆ-կրելի կնիքը իր ժողովուրդին վրայ գործադրուած անմարդկային եւ անքաղաքակիրթ ողբերգութեան:
Օշական ունայն վերլուծումներ չունի. իր միտքերը եւ վերլուծումները լոյս են մեր ազգային աւերներուն, մութերուն եւ «Մեծ Ոճիր»ին վրայ առկախ:
Օշական տեսաւ եւ ապրեցաւ «Թուրք»ը եւ անոր «Թրքութիւն»ը, ո՛չ միայն իբր անասնութիւն, սպանդի մեքենայ, այլ իբր կերպարանք մը մեզի քիչ ծանօթ բարդոյթներու: Իր գործերուն մէջ ծանր է ուրուականը այդ բարբարոս «գազան»ին՝ թուրքին՝ իբր չար ոգի, իբր մթնոլորտ եւ ապրում: Տափաստանեան այդ անասունը դէպքերու մղումին տակ տիրական, հալածող եւ ծանր ուրուային կերպարանք մըն է Օշականի տանջուած հոգիին մէջ:
Կարելի՞ է վստահիլ թուրքին:

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1.- ՕՇԱԿԱՆ ՅԱԿՈԲ, Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան, հտ. Ժ., Անթիլիաս, Լիբանան, 1982, էջ 372: Օշականին «Մնացորդաց» անունով եռահատոր ծաւալուն վէպը տպագրուած է Անթիլիաս, Լիբանան, 1988 թուականին:
2.- ՊԸԼՏԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐ, Յակոբ Օշականի մահուան 50ամեակի ոգեկոչման գրքոյկ, տպ. Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս, 1998:
3.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 604-605 եւ էջ 156
4.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 137
5.- Համապատկեր…, հտ Ժ., էջ 180
6.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 224
7.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 450
8.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 321
9.- Մնացորդաց, հտ. Գ., էջ 20
10.- Մնացորդաց, հտ. Գ., էջ 11 եւ 12
11.- Մնացորդաց, հտ. Գ., էջ 19-20
12.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 84
13.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 85-86
14.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 139
15.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 157
16.- Համապատկեր, հտ. Ժ., էջ 159
17.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 429
18.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 24 եւ 160
19.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 214
20.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 438
21.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 449
22.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 515
23.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 529
24.- Համապատկեր…, հտ. Ժ., էջ 644


ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

ARARAT ADHC
Management, Employees and Participants
Տնօրէնութիւն, Պաշտօնէութիւն եւ Տարեց Մասնակիցներ

———————————————————

VICTORY ADHC
Management, Employees and Participants

Տնօրէնութիւն, Պաշտօնէութիւն
եւ Տարեց Մասնակիցներ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles