ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Միշտ կը հարցնեն ոմանք՝ «այսօր ամսուն քանի՞ն է» կա՛մ թուղթ մը ստորագրելու եւ անոր տակ թուական դնելու համար, եւ կամ շաբթուան մէջ իրագործելի իրենց այս կամ այն գործը կարգաւորելու մտադրութեամբ: Շատ քիչերն են, որոնք պարզապէս օրը հարցնելու սիրոյն կը հարցնեն, թերեւս վախնալով, թէ ինչքան շուտ եւ ստուերի պէս կ՛անցնի իրենց կեանքը:
Օրացոյցներու տոմարական խնդիրներուն մէջ մտնել չէ՛ մեր նպատակը, ո՛չ ալ Յուլեան կամ Գրիգորեան հին ու նոր տոմարներու հարցերը լուծելու ձգտում ունինք: Օրացոյցներն ալ իրենց բազմագոյն ու բազմազան տեսակներով արդէն ողողած են մեր կեանքը: Երբեմն մարդիկ անոնց գոյնէն խաբուելով կը գնեն, ուրիշներ՝ մէկուն մէջ հրատարակուած տօնացոյցը գործնական գտնելով, զայն կը վերցնեն: Մէկ խօսքով, հարուստ այլազանութիւն մը կայ տպագրեալ օրացոյցներու առումով, որ երբեմն նոյնիսկ գլխու պտոյտ կը պատճառէ:
Փոխաբերական իմաստով կը գործածուի այս՝ «գիտէ՛ ամսուան օրը» արտայայտութիւնը անոնց համար, որոնք գիտակ են իրենց գործին, ու մանաւանդ պատրաստ՝ ստանձնելու որեւէ պատասխանատուութիւն:
Հաւաքական աշխատանքներու պարագային միշտ նուիրեալներ կը փնտռուին: Սակայն նուիրումը երբեմն բաւարար չէ՛ գործ մը յաջողութեամբ պսակելու համար: Ատիկա վաստակաշատ անձերու շարքերուն մէջէն դիւրաւ կարելի է դուրս բերել: Կամ՝ պատուոյ աթոռներ տալու համար ոմանց, կարելի է նուիրումի գնահատական պատմուճաններ հագցնել շատերու, գործի գլուխ կանգնեցնելով զանոնք: Սակայն նուիրուած ու պատուական ըլլալուն հետ, այսօրուան աշխարհը կը փնտռէ նաեւ մասնագիտութիւն, առանց որուն գործին յիսուն առ հարիւր աշխատանքը միայն կատարուած կ՛ըլլայ, արդիւնքին մասին ալ ամբողջական պատկերացում չունենալով դեռ:
Մարդկային կեանքով շահուած անժխտելի հարստութիւնը՝ փորձառութիւնը, ընդերկար պիտի շարունակէ գոյատեւել, որքան ալ արդիականանայ աշխարհը ու քաղաքակրթուի մարդկութիւնը: Սակայն, անուրանալի է նաեւ ներկայ աշխարհի արագավազ ընթացքը, որ «ուրիշին սպասել»ու տրամադրութիւն բնա՛ւ չունի: Այդ արագութեան մէջ խեղդուող առաջին երեւոյթը խիղճն է, որովհետեւ մարդիկ սկսեր են երկնային առաքինութիւններ նկատել գութն ու ողորմածութիւնը, որոնք այս աշխարհի հետ մասնաւոր առնչութիւն չունին…
Սեփական թէ հաւաքական աշխատանք իրագործելու համար, կասկած չկայ որ մարդիկ յաջողութեան հասնելու նպատակով ճամբայ կ՛ելլեն: Այլապէս այդքան ճիգ ու ջանք, ժամանակ ու ծախս ո՛չ ոք պիտի ուզեր վատնել, կամ լաւ եւս՝ մսխել:
Անհատական ծրագրաւորումով կատարուող աշխատանքներուն մէջ տեսնուած լրջութիւնը, դժբախտաբար, հաւաքական աշխատանքին մէջ այնքան ալ երեւելի չ՛ըլլար: Իրենց ընտանիքին, նոյնիսկ երբեմն ազգականական աւելի լայն շրջանակներուն համար հեռակայ ծրագիրներ մշակող հեռատես մարդիկ, երկա՜ր տարիներու հաշուարկներով աշխատանքի հիմեր կը հաստատեն, ու մինչեւ զանոնք իրագործելը, աչալրջութեամբ կը հետեւին կատարման ընթացքին:
Տեսնուած են նաեւ բացառութիւններ՝ հաւաքական աշխատանքի ճամբով կատարուած իրագործումներու, որոնք երբեմն անհատական աշխատանքի չափ, ու երբեմն անկէ աւելի լուրջ ծրագիրներու յաջողութիւններ կը համարուին: Եթէ հետաքրքրուինք անոնց աշխատելաձեւով, շատ հաւանաբար տեսնենք, թէ անոնք «ամսուան օրը գիտցող» մարդուն յանձնած են գործը, ու իրենք առանց միջամտելու հետեւած անոր ստանձնած աշխատանքի ընթացքին: «Հետեւիլ» այստեղ միայն չի՛ նշանակեր «չխառնուիլ» ու «չմիջամտել», այլ նաեւ հայթայթել կարելի այն բոլոր միջոցները, որոնք պիտի հեշտացնեն գործի լծուած մարդուն աշխատանքը:
«Ամսուան օրը գիտցող» մարդը գտնելը երբեմն դիւրին է, սակայն զայն գործի վրայ պահելը՝ դժուար: Մանաւանդ երբ «մասնաւոր» շահ չկայ հաւաքականութեան կողմէ յանձնուած աշխատանքին մէջ, գէթ պէտք է քաջալերել «ամսուան օրը գիտցող»ին, մնալու իր պարտականութեան գլխուն եւ աւարտին հասցնելու զայն:
«Ամսուան օրը գիտցող»ի տպաւորութիւն թողնող մարդիկ եւս շուտով կը շրջապատեն իսկապէս «ամսուան օրը գիտցող»ին: Այնպէս ինչպէս հիւանդ մարդուն շուրջ ինքնուս «բժիշկներ» կը վխտան, նոյնպէս ալ «ամսուան օրը գիտցող» մարդուն շուրջ կը հաւաքուին «մասնագէտներ», որոնք ընդհանրապէս արգելակող գործունէութենէ բացի ուրիշ «բարի ծառայութիւն» չե՛ն մատուցեր: Ասոնք իրենց տգիտութեան մուգ շողը նաեւ կը փորձեն նետել «ամսուան օրը գիտցող»ներուն վրայ, իբրեւ թէ «խելք տալ»ու եւ կողմնորոշելու զանոնք: Սակայն, անոնք չեն գիտեր, թէ «ամսուան օրը գիտցող»ներուն միայն ծիծաղ կը պատճառեն իրենց այդ հեղինակաւոր խօսքերով, որոնք փուճ են ու բոլորովին անիմաստ:
Ճի՛շդ մարդը, ճի՛շդ տեղին ու ճի՛շդ ժամանակին:
Միշտ բաղձալի կացութիւն մը, սակայն ընդհանրապէս պարագաներու բերմամբ չ՛իրականացած ու ձախորդութեանց պատճառ դարձած…
Իր ունեցած սահմանափակ մարդոյժին մասին արտայայտուելով, ղեկավար անձ մը կ՛ըսէր. «Ուրկէ՞ գտնել ամէն ատեն ճի՛շդ մարդը, դնելու համար ճի՛շդ տեղը ու ճի՛շդ ժամանակին»:
Պատասխան.
_ Մարդոյժի առատութեան օրերո՛ւն պէտք էր մտածուեր այդ մասին, ու ո՛չ թէ հիմա, երբ մարդոյժի չգոյութեան համար ողբեր կը հիւսուին գրեթէ ամէնուրեք: Իսկ մարդոյժի առատութիւն կը ստեղծուի այն ատեն միայն, երբ մարդոյժը ծրագրուած կերպով պատրաստուի, ու ո՛չ թէ մասնաւոր ճիգով հաւաքուի, հաւաքուածներուն մէջէն պատահական ընտրութիւն կատարելու մտադրութեամբ…
«Ամսուան օրը գիտցող»ներով պէտք է լեցուն ըլլայ որեւէ հաւաքականութեան մարդոյժը, կարենալ ծրագրելու համար այնպիսի աշխատանքներ, որոնք բոլորին բարիքին ծառայեն: Այնպէս, ինչպէս որեւէ ընտանիք, եթէ չունենայ հեռատես հայր եւ խոհեմ մայր, չի՛ կրնար վերապրիլ արժանապատիւ կերպով, որով վայել է որեւէ ընտանիքի, յատկապէս յառաջադէմ եւ լոյսի ու գիտութեան այս դարուն:
«Ամսուան օրը գիտցող» ըլլալ, կամ գէթ այդպիսի անձ ունենալ շրջապատին մէջ, շատ երանական վիճակ է, որուն յարգը պէտք է գիտնալ ու ոտքերէ բացի նաեւ թեւեր տալ անոր, տեղէն շարժելու համար երբեմն քառակուսի կաղապար դարձած անիւը մեր սեփական թէ հաւաքական կեանքի բազմապիսի գործերուն: