Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Յոբելեան

$
0
0

Armenian_alphabet_002

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

 

– Այսքան տպաւորիչ ու մանրամասնութիւններով հարուստ փորագրութիւն չէի տեսած:

– Իսկ ձեր շինած շրջանակին մէջ անիկա աւելի ներկայանալի կը դառնայ: Շնորհակալութիւն շրջափայտի եւ թուղթի ձեր ճաշակաւոր ընտրութեան համար:

– Հաճոյք էր ինծի համար, պարոն ստուգաբանութիւն, մանաւանդ որ անիկա հայկական, հնատիպ գործ մըն էր: Միշտ չէ, որ մեր խանութը այս տեսակ գործեր կու գան: Ի՞նչ առիթով տպուած է…

Պերճը հին քաղաքի ամենահին արհեստաւորներէն մէկն է. նկարներ կը շրջանակէ: Անոր արհեստանոցը կէս պատկերասրահի մը փայլը ունի եւ կէս ատաղձագործարանի մը փոշին: Հարցումը, որուն պատասխանն էր «Թիֆլիսի Ներսիսեան Ճեմարանի 50ամեայ յոբելեանը», կը ստեղծէ «յոբելեան» բառին եւ այդ գեղապատկերին բարեմասնութիւններուն շուրջ զրոյց:

– «Յոբելեան» բառը այժմ կը նշանակէ կեանքի կարեւոր հան-գրուանի յիշատակութիւն, հանդէս:

– Եւ անշուշտ կը սիրենք մեծ շուքով տօնել մեր սիրած հեղինակներու, ուսուցիչներու, դպրոցներու, թերթերու գործունէութեան քսանամեայ, քառասնամեայ «յոբելեան»ները:

– Բայց, Պերճ, «յոբելեան» բառի ստուգաբանութիւնը կը թելադրէ, թէ անոնք ուրախառիթ տարեդարձեր են միայն. «յոբելեան» կոչուելու համար պէտք է… խոյի եղջիւր: Պատմութիւնը այն է, թէ հին եբրայեցիները հանդէսներու ժամանակ կը հնչեցնէին խոյի եղջիւրի փող: Բուն «յոբելեան»ը «թողութեան տարի» էր, այն «եօթն անգամ եօթներորդ» տարին, երբ բոլոր գերիները եւ բանտարկեալները ազատ կ՛արձակուէին, պարտքերը չեղեալ կը նկատուէին եւ արտերու մշակումին դադար կը տրուէր: Եւ քաւութեան այդ յիսնամեակը ազդարարելու համար, ինչպէս ըսինք, կը հնչեցնէին շեփոր, խոյի եղջիւրէն շինուած յատուկ շեփոր, որ կը կոչուէր «yovel»: Անոր սուր ձայնը, ըստ երեւոյթին, հասած է մինչեւ հեռաւոր երկիրներ եւ բառը դարձած է միջազգային. հին յունարէն՝ իոբիլոս, լատիներէն՝ jubilaeus, ֆրանսերէն՝ jubile, գերմաներէն՝ jubeljahr, jobeljahr, իտալերէն՝ giubileo, ռումաներէն եւ փորթուկալերէն՝ jubileu, Սպանիոյ մէջ՝ jubilee եւ chubileu:

– Ուրեմն, Ներսիսեանը տօներ է իր բուն յոբելեանը:

– Չեմ կարծեր անոնք շեփորներ հնչեցուցած ըլլան: Այդ հաստատութիւնը պէտք չունէր շռնդալից ըլլալու: Ներսիսեանը արեւելահայ դպրոցներու ամենանշանաւորն էր եւ բացառիկ դեր ունեցաւ կովկասահայ կեանքին մէջ: Պերճ, միայն լսէ՛ անոր աշակերտական հունձքը. գրողներ Խաչատուր Աբովեան, Պերճ Պռոշեան, Ստեփաննոս Նազարեանց, Ղազարոս Աղայեան, Յովհաննէս Թումանեան, Դերենիկ Դէմիրճեան, ճարտարապետ Կարօ Հալապեան, նկարիչ-արձանագործ Երուանդ Քոչար, խորհրդային պետական եւ քաղաքական գործիչ Անաստաս Միկոյեան, թատերագիր Գաբրիէլ Սունդուկեան, պատմաբան, գրականագէտ Նիկոլ Աղբալեան, ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեան, զօրավար Հայկ Բժշկեան…

– Նկարին կեդրոնը ձուաձեւ լուսանկա՞րը…

– Հիմնադիրն է, Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսը, «Պաշտպան Հայրենեաց»ը, ազգային-ազատագրական շարժման մեծագոյն գործիչներէն, որուն անունով յիշուած էր այդ վարժարանը: Լուսանկարին ձախ եւ աջ կողմը երկու նկարներ են. լիճ եւ անտառ սրբոյ Էջմիածինի: Վարի մասը դպրոցի շէնքի շինութեան տեսարանն է: Բոլորը տեղադրուած են բազմաճիւղ ծառի մը պատկերին վրայ, եզերուած են մարգարիտներով եւ մետաքսեայ ժապաւէններով: Վերջաւորութեան կաթողիկոսի նշանն է եւ տիտղոսը՝ ֆրանսերէն. Nerses V Patriarche de tous les Armeniens: Նոյնը նաեւ ռուսերէն: Հետաքրքրական է վերնագիրը. «Ի յիշատակ յիսուն տարուայ գոյութեան Ներսիսեան Հայոց Ազգային Հոգեւոր Դպրոցին Տփխիսւոյ»:

– Ո՞ր թուականին բացուած էր դպրոցը:

– 1824ին. գոցուած է 1924ին: Պատկերը տպուած է 1874 թուականին: Կաթողիկոսի նկարին վրայ Աստուածաշունչ բռնած թեւաւոր երկու մանկադէմ հրեշտակներ են, բաց է Յովհաննէսի Աւետարանի Ե. գլուխը, ուր գրուած է. «Որոց զբարիս գործեալ իցէ՝ ի յարութիւն կենաց. եւ որոց զչար արարեալ՝ ի յարութիւն դատաստանաց»:

– Այսինքն, բարեգործերը պիտի ազատուին կապանքներէն եւ յարութիւն պիտի առնեն ապրելու համար:

– Ինչպէս անոնք, որոնք դպրոց բացած են եւ երկու «յոբելեան» ծառայած են ազգին:

Շրջանակը ծրարուած է: Կը պատրաստուիմ վճարելու.

– Պարոն ստուգաբանութիւն, Ներսիսեանի հիմնադրութեան չորրորդ յոբելեանը կը մօտենայ, չեղեալ նկատենք բոլոր պարտքերը: Ասիկա նուէրս է: Նոր յոբելեաններու յոյսով:

– Շնորհակալութիւն. նոր յոբելեաններու յոյսով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles