ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գազաններու բնազդային վարմունքին մէջ ամէն շարժում նախագծուած է բնութեան հրաշալի նախագծումով: Նոյնիսկ նախքան յարձակումի որեւէ փորձ, գազանին «մտածել»ը, հաշուարկ կատարելը եւ ապա դէպի գործ ընթանալը, իր բնազդին մէջ սկիզբէն սահմանուած ծրագիրին համապատասխան կը կատարուի: Պահուան կամ լաւ եւս վտանգի ազդեցութեան տակ, կրնայ պատահիլ, որ անակնկալ արտասովոր շարժում մը կատարէ որեւէ կենդանի, սակայն այդ երկրորդ ծրագիրն ալ սկիզբէն «տեղադրուած» կ՛ըլլայ անոր բնազդին մէջ, ու առաջին ծրագիրը անգիտակցաբար չեղեալ երբ նկատէ անիկա, երկրորդը ի գործ կը դնէ, դարձեալ բնազդաբար եւ երբեմն անդրադարձ շարժումով:
Գազաններու վայրենութիւնը իրարու հետ բաղդատելու մասնագիտութիւնը կենդանաբաններուն կը թողունք, սակայն սովորական մարդիկս յաճախ կը սիրենք անոնց միջեւ երեւցող բացայայտ տարբերութիւնները տեսնել եւ խօսիլ անոնց մասին: Կենդանիները իրարմէ կը տարբերին ո՛չ միայն իրենց արտաքին չափերով, այլ՝ ուժգնութեամբ, դիմացկունութեամբ, քաղցի ու ծարաւի տոկալու բնատուր կարողութիւններով, որոճալու ստամոքսային հնարաւորութեամբ եւ այլ բնապարգեւ առանձնայատկութիւններով:
Տարօրինակ է, որ անտառի ամէնէն հզօր կենդանին ընդունուած ըլլալով հանդերձ, առիւծը շատ աւելի մեղմ ու «բարի» կը համարուի, քան՝ գայլը: Առիւծին «արքայական ծագում» տալու եւ «անտառի թագաւոր» հռչակելու որոշումը ո՛չ թէ հեքիաթներու աշխարհին վաւերացումով ընդունած են մարդիկ, այլ ուղղակի նայելով անոր արտաքին վեհ տեսքին ու հպարտ քալուածքին, ինչպէս նաեւ ազնուական ոսկեծամ բաշերուն: Իսկ գայլը միշտ զազիր տեսքով պատկերացուած է, կլափին շուրջը ընդհանրապէս արիւնլուայ, աչքերուն մէջ թշնամական փայլք եւ խորաթափանց հայեացք, ինչպէս նաեւ մնայուն զգօնութիւն՝ յարձակման պատրաստ դիրքորոշումով:
Բարոյախօսական խրատներուն մէջ մասնաւոր տեղ ունի գայլին անզիջող բնաւորութեան եւ մարդկային ներումի քաղաքականութեան հակադիր կողմերու բաղդատականը: Գայլին կողմէ ներումը, իր մահն իսկ է: Լսուած խօսք է այս: Գայլը ո՛չ թէ չի՛ ներեր, ո՛չ թէ չի՛ կրնար ներել, այլ՝ ներել չի՛ գիտեր: Իր բնազդային բառարանին մէջ բնա՛ւ չկայ այդ բառը: Բարի քրիստոնեայ բարեկամս, որ բոլորին կը ներէր, պիտի ըսեր՝ «գայլը քրիստոնեայ չէ՛, որպէսզի ներէ…»: Ուրեմն ներելու գաղափարը խորթ է գայլին, այլապէս անիկա կը կորսնցնէ իր գայլութեան համար ամէնէն էական՝ ներել չգիտնալու յատկանիշը, որուն իբրեւ հետեւանք անօթի կը սատկի անիկա, լեռներու անյայտ ծերպերուն մէջ:
Գայլին ինքնակշտացման այսքան «գնահատելի» մօտեցումին մէջ ճաշակ ալ կայ: Գայլը գիտէ՛ լաւը եւ թարմը որսալ: Անիկա նեխած դիակներու չի՛ մօտենար, այլ՝ ողջ ու նոյնիսկ աւելի փափկամորթ անասուն կ՛ընտրէ իբրեւ թիրախ, ու զայն համեղաճաշակ որս համարելով կը հետապնդէ եւ կը զգետնէ զայն, շնատամները խրելով անոր վիզին ու ծոծրակին, շնչահեղձ ընելու եւ ապա վայելելու իր աւարը: «Ճաշակաւոր» այս անասունին հակառակ, անտառի «կազմ»ին մէջ կայ նաեւ մէկ այլ յափշտակիչ գազան, աւելի մեղմ ձայնով, շատ աւելի վախկոտ շարժումներով եւ իրմէ աւելի զօրաւորէն ունեցած վախի ազդեցութեան տակ՝ զգուշաւոր քալուածքով. բորենին է այդ:
Բորենիներուն ստամոքսը «աղքատի ստամոքս» է: Կուլ տրուած ամէն ինչ մարսելու յարմարութեամբ, գտածը ուտելու պատրաստակամութեամբ չորքոտանի մըն է անիկա: Ասիկա որսալու աւելի տկար կարողութիւն մը ունենալէ բացի իբրեւ թերութիւն, նաեւ որսացողին եւ իր որսը ճաշակելու հաճոյքը վայելողին շուրջը դառնալով, կը խանգարէ անոր հանգիստը: Կենդանիները կը ջղայնանան, երբ իրենց կերած պահուն ոեւէ էակ՝ մարդ կամ անասուն փորձէ մօտենալ: Փաստօրէն անոնք բնազդաբար կը զգան, թէ մօտեցողը քաղցած է ու կրնայ պոկել ու յափշտակել եթէ ոչ բոլորը, գէթ մաս մը իրենց սեփական ջանքերով որսացած «արդար» միսէն:
Մարդկային բարոյական կեանքը միշտ բնութեան ու կենդանական աշխարհին մէջ ունի իր կրկնօրինակումը…
«Մարդը ընկերային կենդանի է»: Ճիշդ է: Որովհետեւ յափշտակելու մոլուցքը ամէնէն խաղաղ բնաւորութեամբ մարդուն մէջ ալ կրնայ յայտնուիլ, երբ անօթութիւնը սաստկանայ եւ ուտելով իր կենդանութիւնը պահպանելու բնական մղում զգայ ենթական: Սակայն, բանականութիւնը չի՛ թոյլատրեր, որ մարդը կենդանիի նման վարուի, գէթ իր ծանօթ անձերուն հետ, այնպէս ինչպէս նոյն երամակին, վոհմակին կամ կենդանական խումբին պատկանողները սովորաբար աւելի «փափկանկատ» կ՛ըլլան իրարու նկատմամբ: Մինչ ամբողջովին օտար անասունի հանդէպ՝ անզիջող ու դաժան:
Բանականութեամբ օժտուած մարդուն վարքին անյարիր է ուրիշին քրտինքով շահած վաստակը յափշտակել: Այս արարքը բազմաթիւ կոչումներ ունի՝ գողութիւն, յափշտակութիւն, զեղծարարութիւն, խաբեբայութիւն եւ նուազագոյն պարագային՝ ճարպիկութիւն: Վերջին այս բառը, սակայն, այնքան տկար է ու անյաջող, որ հակառակորդ կողմը կը մղէ նոյն վարմունքը ցուցաբերելու անոր հեղինակին նկատմամբ: «Եթէ դուն ճարպիկ ես, ես աւելի՛ ճարպիկ եմ» կրնայ ըսել յափշտակուողը եւ աւելի՛ արթնութեամբ հսկել իր «գոյք»ին, զայն պահպանելով ճարպիկ աւազակին յափշտակիչ ձեռքերէն:
Գայլի բնաւորութեամբ, «ճաշակաւոր» եւ իրենց ձեռքով իրենց որսը որսացող մարդոց շատ կը հանդիպինք, որոնց վիզն ալ հաստ կ՛ըլլայ: Անոնք չեն սպասեր, որ ուրիշը որսայ իրենց համար, ու իրենք ծուլութեամբ «սեղան բազմին» ուտելու: Եթէ ճաշակաւոր ես, դուն ալ գայլին պէս ճիգ թափէ ուզած որսդ ձեռք բերելու: Բնական է որ պիտի յոգնիս, անօթի մնաս քանի մը օր, ինչպէս գայլը, որ երբեմն չի՛ յաջողիր որսալ ու անօթի կը թափառի մինչեւ լոյս: Սակայն եթէ որսայ անիկա, կը կշտացնէ իր անսուաղ որովայնը, վայելելով որսին փափուկ պատառները ու իր աղօրիքներուն տակ ճաքճքեցնելով անոր թարմ ոսկորները: Իսկ բորենին, դեռ օր մը իր ճաշակով որս չէ՛ ճաշակած, նման այն մարդոց, որոնք ասոր-անոր «եփած կերակուր»ը, այսինքն՝ պատրաստած գործը յափշտակելը ճարտարութիւն կը համարեն, կարծելով թէ ո՛չ ոք կրնայ իմանալ իրենց այդ «խելացութեան» մասին:
Գայլը յափշտակիչ գազան մըն է, սակայն անոր վերոյիշեալ ճաշակը՝ գործը իր ձեռքով տեսնելու, նախընտրելի է, քան՝ բորենիին անպէտ ախորժակը, որուն հետեւանքով յաճախ անօթի ալ կը մնայ անիկա: