Երկար ճամբորդութիւններէ վերադարձի նշաններէն մէկն է տան հեռաձայնին մէջ հաւաքուած պատգամներու թիւը: Երկուհարիւր քսան՝ այս անգամ:
– Ալի՛ք, բոլորը լսել, պատասխանել՝ ժամանակ պիտի առնէ: Եկուր նախ Չարենցը աշխատինք:
– Այս բանաստեղծութիւնը ինչո՞ւ «Պատգամ» կոչուած է:
– Մէջը գաղտնի պատգամ կայ. էջ 269-270: Նախ՝ վերէն վար կարդա՛…
– Շատ դեղնած է գիրքը, սրճագոյն է:
– Փառք տանք, որ փրկուած է:
Երիտասարդները կը սիրեն Հայաստանի թանգարաններուն մէջ, յուշարձաններուն տակ կատարել այն, ինչ դասարանի մէջ սորված են: Ալիքը, մինչ կը պատրաստուի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն արտասանելու Չարենցի կամարին տակ, միեւնոյն ժամանակ բանաստեղծի տուն-թանգարանին մէջ ընթերցանութեան կը պատրաստէ «Պատգամ»ը:
– Չարենցի տուն-թանգարանը մե՞ծ է:
– Տունի չափ: Վերի յարկը՝ հիւրասենեակին առջեւ կ՛արտասանես: Հիմա, բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տողի երկրորդ գիրը ուղղահայեաց հաւաքէ՝ վերէն վար:
– Ո-վ-հ-ա-յ-ժ…
– Որոշ բառեր անճանաչելի կրնան ըլլալ: 30ական թուականներուն, Հայաստանի մէջ կը գործէր տարբեր ուղղագրութիւն: Բայց դուն շարունակէ տառերը շարել:
– Ո-ղ-ո-վ-ո…
Մինչեւ որ Ալիքը տխրահռչակ պատգամին 46 տառերը հաւաքէ, ժամանակ կ՛ունենանք նաեւ «պատգամ» բառին մասին խօսելու:
– Ւ-ր-դ-ք…
Աշխարհի առաջին պատգամը հայերէն չէ եղած: Ստուգաբանները հաստատած են ասիկա: Բառը պարսկական փոխառութիւն է: Բունը՝ «պաիգամ»: Անոր ծագումն է հին պարսկական «պաիտի-գամա» արտայայտութիւնը: Պարսկաստանի հին հոգեւոր գրականութեան մէջ այս բառը գործածուած է իբրեւ «լուր, տեղեկութիւն, եղելութիւն»:
– Ո-մ-ի-ա…
Բառը կու գայ «գա» բայէն, որ կը նշանակէ «քալել, գալ», ուրկէ եւ՝ «գաման»-քայլ, «նի-գամա»-իջնել, եւ վերջապէս՝ «պաիտի-գամա»-յառաջ գալ, առջեւ գալ լուրով մը: Նոյնը արամերէն՝ «պիտ-գամա»:
– Կ-փ-ր-կ…
«Պատգամ»ը կրնայ փրկարար ըլլալ, կամ՝ մահացու: Դիցաբանութեան մէջ անիկա Աստուծոյ կամ թագաւորի վճիռն է: Դասական շրջանին՝ թագաւորի խօսքն էր, անոր պատուէրը, ուրկէ յառաջացան պատգամը տանող-բերողներու յատուկ բառեր. պատգամագնաց, պատգամախօս, պատգամաւոր, պատգամաւորիլ, պատգամանի… Այս շարքի նորագոյն անդամն է «պատգամաւորական» ածականը:
– Ո-ւ-թ-յ-ո…
Ինչպէս լուրերը կը տարածուին դրացիներու միջեւ, բառն ալ տարածուած է պարսկական ծագում ունեցող կամ անկէ փոխառութիւններ կատարած հարեւան լեզուներու մէջ. սոգտերէն՝ «պատղամ», պազէնտերէն՝ «պեղամ», բելուճերէն՝ «պաիղամ», եբրայերէն՝ «բիթգամ», ասորերէն՝ «պետգամա»: Բոլորը կը նշանակեն՝ լուր, խօսք, վճիռ, պատուէր, հրաման, զրոյց:
– Ւ-ն-ը-ք…
«Պատգամաբեր» բառը կը համապատասխանէ պահլաւերէն «պատգամպար» բառին, պարսկերէն՝ «պայղամպար» եւ «պաղամպար»ին, քրտերէն՝ «բեղամպեր»ին, թրքերէն՝ «պէյղամբեր» բառին, որ է Մուհամմետ մարգարէն:
– Ո-հ-ա-վ-ա…
Հրաչեայ Աճառեանը նկատած է, թէ Արցախի մէջ եգիպտացորենին կ՛ըսեն «խամբար», որ է թրքերէն «պէյղամբեր պուղտասը», բուն՝ «մարգարէի ցորեն»:
– Ք-ա-կ-ա…
Մեր ժամանակներուն, բառը ստացաւ համազգային նշանակութիւն: Հայկական բանաստեղծութեան մէջ ինքնութեան պահպանման ամէնէն զօրաւոր պատգամը եկաւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Պատգամ Որդուս» բանաստեղծութեան միջոցով: Անիկա խրատ մըն էր, մայրական պատուէր՝ աշխարհի բոլոր հայորդիներուն:
– Ն-ու-ժ-ի-մ…
Իսկ Չարենցի պարագային, մահաբեր դաւաճան մը դարձաւ անոր «Պատգամ»ը: Լոյս տեսաւ 1934 թուականին, «Գիրք Ճանապարհի» հատորին մէջ: Բանաստեղծութիւնը ենթարկուեցաւ գրաքննութեան:
– Ե-ջ…
Ապա, 16 Նոյեմբեր 1936ին, հարցաքննութիւն կատարուեցաւ «ԽՍՀՄ Ներքին գործերի ժողովրդական կոմիսարիադ»ի մօտ: Հարցաքննողները այսպէս ձեւաւորած էին իրենց հարցումը. «Ձեր «Գիրք Ճանապարհի» ժողովածուի «Պատգամ» բանաստեղծութեան մէջ ակրոստիքոսով դուք անց էք կացրել հետեւեալ… լօզունգը»։ Եւ «Պատգամ»ը՝ մինչեւ այդ օր անյայտ մնացած գործը, յատուկ ծառայութիւններուն նախաձեռնութեան շնորհիւ դարձաւ… առասպելական:
– Է։ Վերջացաւ, Պարո՛ն:
Եւ վճիռը… բանտարկութիւն: Տարի մը ետք, Չարենց կը մահանայ Երեւանի բանտի հիւանդանոցին մէջ:
– Սահմռկեցուցի՛չ: Ինչո՞ւ, այս բոլորը։
– Միացո՛ւր տառերը:
– Ովհայժողովուրդքոմիակփրկությունըքոհավաքականուժիմեջէ:
– «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է»… Նորագոյն ժամանակներուն, հայ ազգին ուղղուած ամենահզօր եւ ազգայնասէր պատգամը: Լա՛ւ, մենք նայինք հեռաձայնի պատգամներուն… Ահա՛, Չարենցի թանգարանի այցելութեան թուականը հաստատուած է: Լաւ լուր:
– Պարո՛ն, բոլոր պատգամները այսպէս աւետաբեր լուրեր թող ըլլան, ո՛չ սպառնալիքներ, ո՛չ ալ մահասարսուռ վճիռներ:
– Համաձա՛յն եմ, Ալիք։