ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Վստահաբար առիթ ունեցած էք քշելով կամ ուրիշի մը կողքին նստած, կամ որեւէ փոխադրամիջոցով՝ երկաթուղիով կամ հանրակառքով անցնելու փապուղիէ մը: Կեանքի երեւոյթներուն միշտ դրական մօտեցում ցուցաբերող մարդիկ, հազիւ մտած փապուղիէն ներս, մեծ սպասումով կը յուսան դարձեալ տեսնել լոյսը, որ միւս կողմէն պիտի երեւի: Բացասական զգացումներով պատուած հոգիներ, կամ՝ ինքնավստահութեան պակաս ունեցող անձեր, փապուղիէն ներս մտնելուն պէս վախի զգացում կ՛ունենան: Անորոշութիւնը, կամ՝ գալիքին վտանգը կը վախցնէ զիրենք, եւ կը մղէ մտածելու, թէ արդեօք վերջ պիտի ունենայ այդ փապուղին: Անոնց այնպէս կը թուի, թէ միւս կողմը ելք չկայ, ու փապուղիէն ընթացող ճանապարհը դէպի փակուղի պիտի առաջնորդէ զիրենք:
Վիրաբուժական գործողութենէ արթննալու պահը ապրած, կամ նուաղում ունեցած եւ քանի մը վայրկեան ետք արթնցած մարդոց ակնթարթային փորձառութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարուած են, որոնցմէ ի յայտ եկած է, թէ տարբեր բնաւորութեան տէր մարդիկ, իրարմէ տարբեր փորձառութիւններ ունեցած են: Նման կացութիւններու մէջ ինկած մարդիկ, ընդհանրապէս փապուղիի մէջ մտնելու զգացումը ունեցած են այդ պահուն: Իրենց այնպէս թուած է, թէ նուաղելէ ետք ուշքի գալու կամ արհեստական քունէ արթննալու պահը փապուղիի մէջ մտնելուն եւ անկէ դուրս գալուն նման է: Սակայն, դրական տրամադրութեամբ մարդիկ միշտ անոր միւս կողմի փայլքը տեսած են, իսկ ժխտական բնաւորութեամբ, ու կեանքի երեւոյթներու նկատմամբ միշտ յոռետես մարդիկ կարծած են, թէ անջրպետի յաւիտենական մթութեան մէջ անէացած են: Մինչդեռ, այդ ժամանակաւոր նուաղումը, կամ արհեստական քունը սահմանափակ ժամանակահատուած մը ունի, ճիշդ նման նոյնիսկ ամէնէն երկար փապուղիին, որ ինչքան ալ երկար ըլլայ, անպայման միւս կողմէն դուրս պիտի գանք:
Երթեւեկութեան համար, փապուղին ներկայ դարու գործնական միջոցներէն մէկն է: Երբեմն քաղաքներու մէջ ցցուած հսկայ լեռներ ծակելով ու անոնց մէջէն փապուղիներ բանալով, քաղաքացիներու կեանքը մեծ մասամբ կը դիւրացնեն հանրօգուտ շինարարութեանց նախարարութիւններ: Նախապէս երեք եւ աւելի ժամեր տեւող ճանապարհը կը վերածուի մէկ ժամի ընթացքին անցնելիք ճամբու: Կեանքի խնայողութեան համազօր երեւոյթ է այս: Որովհետեւ մարդիկ աշխատանքի երթալու համար իրենց առօրեան կը վատնեն ճանապարհներու խճողումներուն մէջ, իսկ երբ նման միջոցներու դիմեն կառավարութիւններ, ժամանակի խնայողութեան հետ, կեանքի՛ խնայողութիւն կը կատարեն, առիթ տալով իրենց քաղաքացիներուն, աւելի՛ ժամանակ տրամադրել իրենց ընկերային ու ընտանեկան առօրեային:
Փապուղի մտնելու մէկ պարագային, մարդուն ունեցած մէկ այլ զգացումը, կեդրոնացումի զգացումն է: Արդէն փապուղի մտնելուդ պէս, երթեւեկութեան ցուցանակները զգուշաւորութիւն կը թելադրեն, յորդորելով վարորդներուն պարտադիր որոշ կանոններ անպայման կիրարկել, փորձանքէ հեռու մնալու եւ սեփական ու այլոց կեանքը խնայելու համար: Ուրեմն կեդրոնացումը փապուղիին մէջ, գրեթէ ինքզինք կը պարտադրէ ներս մտնողին, մանաւանդ երբ նոյն փապուղիին մէջ, դիմացէն եկող ինքնաշարժներու շարասիւն կայ առանց մէջտեղի արգելակիչ պատին:
Կեանքի մասին մտածած ատեն, անխուսափելի է ճամբաներու մասին չմտածելը: Յատկապէս երիտասարդութեան ուղղուած յորդորական խօսքերուն մէջ կարեւորութեամբ յիշեցում կը կատարուի անոնց, թէ կեանքը բազմաթիւ ճամբաներ կրնայ բանալ իրենց դիմաց: Սակայն, անոնք պէտք է գիտնան ընտրել լաւն ու բարին, օգտակարն ու կարեւորը իրենց դիմաց գտնուող այդ ճամբաներէն, որպէսզի ամուր հիմերու վրայ դրուած ըլլայ իրենց ապագան:
Վերոյիշեալ այս ճամբաներուն մասին խօսած ատեն, ո՛չ ոք կը մտածէ փապուղիներու մասին, որոնք նոյնքան բազմազանութիւններով կը ներկայանան ո՛չ միայն երիտասարդութեան, այլեւ տարեցներուն որոնող հայեացքին դիմաց: Փապուղիներու մէջ մտնելը, սակայն, ունի նաեւ իր դրական իմաստը, երբ անոնց նայինք իբրեւ մեր կեանքի որոշ մէկ երեւոյթին համար տրուած օրինակներ:
Ըսինք արդէն, թէ փապուղին մեզի կը հրաւիրէ զգուշաւորութեան: Կեանքի մէջ կան պահեր, երբ ինքնաբերաբար կը հրաւիրուինք զգոյշ ըլլալու, ապահովելու համար մեր կեանքը եւ ինքնութիւնը: Այնպէս ինչպէս փապուղին կեդրոնացումի առիթ է այնտեղ մտնողին համար, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր անձ իր կեանքին ընթացքին անհրաժեշտաբար կարիքը ունի, իրե՛ն յատուկ փապուղիի, ուր կամովին պէտք է մտնէ ժամանակ առ ժամանակ, կեդրոնանալու, եւ վայելելու համար անմահական լռութիւնը:
Լռութիւնը ունի իր «լեզու»ն՝ «փապուղիի լեզու»ն: Լռութեան մասին որեւէ մտածում մեզի կ՛առաջնորդէ խորհելու իր մասին իբրեւ անխօս ու չէզոք պահ կամ վիճակ: Սակայն, լռութիւնը եւս ունի իր խօսքը, իր անձայն բարբառը, իր աղմկայարոյց աղաղակը եւ իր բարձրաձայն պատգամը: Տիեզերական լռութիւնն է այս, որ անհաշիւ դարեր առաջ աստուածային արարչագործութեան պատճառ հանդիսացաւ: Նոյնն է անիկա նաեւ մարդուն համար, որովհետեւ առօրեայ հեւքէն կտրուելով, սովորական կեանքէն պահ մը հեռանալով ու «փապուղի» մտնելով, մարդ արարածը եւս կրնայ ազատութեան ու լռութեան երջանկութիւնը վայելել:
Երկա՜ր տարիներ իրարու հետ ապրած մարդիկ յանկարծ կը բաժնուին, ու կը հեռանան իրարմէ: Սովորական ու հասկնալի պատճառներէ բացի, անոնցմէ մէկը կամ միւսը կ՛ուզէ իր իրաւունքը եղող անկախութիւնը եւ ազատութիւնը զգալ, հակառակ կախումնաւորութեան բացարձակ օրէնքին: Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է իւրաքանչիւր մարդու համար իր սեփական փապուղին ունենալը, հարկ եղած ատեն այնտեղ մտնելու համար: Վերջնական բաժանումը տեղի կ՛ունենայ այն ատեն, երբ կողմերէն մէկը կը մերժէ այդ իրաւունքը տալ միւսին, նոյնիսկ իր սեփական փապուղիէն զրկուելու գնով…։
Ճանապարհաշինութեան ճարտարապետութեան նոր չափանիշներուն համապատսխան փորուած փապուղիներուն մէջ օդափոխիչ գործիքներ կը տեղադրուին, ինքնաշարժներու երթեւեկութենէն գոյացող թունաւոր կազերը դատարկելու համար: Իսկ մեր կեանքի «փապուղի»ները, հակառակ մեզի համար աննիւթեղէն փակ անկիւններ ըլլալուն, օդի ապականութեան խնդիր չունին, այլ՝ ընդհակառակը, անոնք մեզի համար, մաքուր օդ առնելու, կազդուրուելու եւ թարմանալու պատուհաններ են:
Իւրաքանչիւր մարդու արդար իրաւունքն է «փապուղի» մը ունենալ: Շատ մը ձախորդութիւններու, յուսախաբութիւններու եւ յուսահատութեանց բուժման դարմանատուն եղած է ցարդ վերոյիշեալ «փապուղի»ն, ուր մտնելով ձախողած մարդը, ինքնասրբագրութեան եւ ինքնազօրացման միջոցներ գտած է, ու դուրս եկած իբրեւ ամբողութեամբ նորոգուած անձ:
Իւրաքանչիւրիս «փապուղի»ն մեր առօրեայ կեանքին ամէնէն կարեւոր անկիւնն է: Մտի՛ր ներս, փակէ՛ դուռը, դէմ առ դէմ եկո՛ւր դուն քեզի հետ, եւ գտի՛ր այն նոր ճանապարհը, ուրկէ պիտի քալես, միայն յաջողելու համար: