Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all 1707 articles
Browse latest View live

Կեանքը՝ Իր Գոյներով

$
0
0

 

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
ChurchՄարդոց ուշադրութենէն վրիպող կարեւոր երեւոյթներէն մէկը գոյներու տարբերութիւնն է, որ այնքան սովորական ըլլալուն՝ բնական կը թուի:
Յաճախ չե՛նք անդրադառնար, թէ կենդանիներէն ոմանց նման, եթէ սեւ ու սպիտակ տեսնէինք ամէն ինչ, աշխարհը ինչքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար մեզի համար:
Գոյներու անկարեւոր նկատուած կարեւորութիւնը շեշտելու համար կը բաւէ միայն մէկ օր հետեւիլ մէկ անձի առօրեային: Եթէ այդ անձը մանաւանդ իգական սեռին կը պատկանի, ու յատկապէս եթէ ճաշակաւոր է, առտու կանուխ աչքերը բանալուն պէս պիտի մտածէ, թէ այդ օր ինչ պիտի հագնի: Իսկ եթէ այդ օրը յատուկ օր մըն է, եւ հրաւէրի մը ներկայ պիտի գտնուի, ինչքա՜ն ժամանակ կը խլէ երբեմն զգեստաւորման խնդիրը, որուն մէջ մեծ դեր ունին վստահաբար… գոյները:
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ամէն տեղ եւ ամէն բանի համար գոյնը կարեւոր է, սկսեալ ճամբաներէն: Ինքնաշարժի երթեւեկութեան համար միջազգայնօրէն ճանչցուած երեք գոյները՝ կարմիրը, նարնջագոյնն ու կանաչը, համաշխարհային դրօշ դարձած են արդէն եւ ամէն երկրի գրեթէ բոլոր փողոցներուն մէջ «կը ծածանին», իրենց ենթարկելով տեղացի թէ օտար բազմութիւններ:
Դարձեալ, նոյն բնագաւառին մէջ, ինքնաշարժի երթեւեկութեան մէջ համաշխարհային վարկ վայելող գոյն է սպիտակը, որ սեւ ասֆալթին վրայ համաչափութեամբ գծուելով, երկրագունդը իւրայատուկ նկարչութեամբ զարդարելու համազօր երեւոյթ դարձած է: Անիկա անխօս հսկիչն է բոլորին, եւ ոչ ոք կ՛ափսոսայ ձիւնաթոյր իր գոյնին, որ գետին փռուելով՝ մարդոց սեւ կրունկներուն եւ ինքնաշարժերու մրոտած անիւներուն կոխան կը դառնայ: Աւելին, մտածե՞ր էք երբեք, թէ լեռնանցքային ոլորապտոյտ ճանապարհներուն վրայ, մշուշապատ օրերուն ինչքա՜ն կարեւոր են ճամբու եզրին գծուած սպիտակ գիծերը, որոնք կը դիւրացնեն վարորդին գործը, յաճախ փրկելով ճամբորդները խորխորատ իյնալու ստոյգ վտանգէն:
Կ՛ըսուի, թէ գոյները յարաբերական են: Այսինքն ոմանց համար այսինչ գոյնը կրնայ լաւ տրամադրութեան պատճառ դառնալ, իսկ ուրիշներու համար՝ հակառակը: Չենք հակառակիր սկզբունքին, սակայն պէտք է աւելի խոր մտածել՝ մտնելով գոյներու աշխարհէն ներս, ուր կրնանք գտնել անոնց բուն էութիւնը:
Այսպէս, սեւ գոյնը տեսնելով, յատկապէս կրօնաւորներու վրայ, ոմանք տխրութեան նշան կը համարեն զայն, մանաւանդ որ սուգի համար ընտրուած իբրեւ գոյն համայն աշխարհը այդ գոյնը ընդունած է: Դարձեալ չե՛նք հակառակիր, որ սուգի համար նախընտրելի գոյն մըն է սեւը իր լրջութեամբ ու խտութեամբ, սակայն ամբողջովին ալ համաձայն չենք ըլլար այդ գոյնին ներքին տխրութեան: Գոյնը ինքն ըստ ինքեան ո՛չ մէկ տրամադրութիւն ունի, որ կարենայ տրամադրութիւն ստեղծել մարդոց մօտ: Մարդիկ իրե՛նք են այդ գոյնին տրամադրութիւն հագցնողները, ու մանաւանդ անոր իմաստ ու նշանակութիւն տուողները: Օրինակ, մէկը կրնայ ըսել, թէ կարմիրը շատ աւելի՛ ցաւ ու վիշտ արտայայտող գոյն է, քան՝ սեւը: Իսկ ուրիշ մը կրնայ ըսել, թէ սեւին նման ուրախացուցիչ ու հանդարտեցնող գոյն չկայ… Իսկապէս ալ, ինչքան կը դիւրանայ ճաշակաւոր մարդուն գործը, երբ իր ունեցած բազմաթիւ զգեստներուն մէկ կտորը սեւ ըլլայ: Անոր հետ ամէն գոյն շուտով կը ներդաշնակուի եւ ընդհանուրին մէջ գեղեցիկ կ՛երեւի, առանց նուաստացնելու իրեն արժէք տուող սեւ գոյնը… Ահա սեւին ուրախացուցիչ յատկութիւնը:
Երբեմն կը հանդիպինք գոյներու աշխարհի գաղտնիքները վերծանող մասնագէտներու ալ, որոնք ընդհանրապէս մարդոց գունային նախասիրութիւնները նկատի ունենալով, որոշ գուշակութիւններ կը կատարեն անոնց նկարագրային գիծերուն մասին: Անշուշտ այդ ամէնը ժամանցի սահմանները չեն անդրանցնիր, քանի որ գոյները եթէ նկարագրի վրայ կ՛ազդեն, չեն կրնար ճակատագիր տնօրինել, կամ՝ ապագան գուշակելու չափ զօրութիւն ունենալ: Գոյները Աստուծոյ ստեղծագործութեան մաս կը կազմեն, բայց չեն կրնար Աստուծոյ դերակատարութիւնը ունենալ մարդոց կեանքէն ներս:
Գոյներու լեզուով վերագրումներ կատարելը եւս ճիշդ որոշում մը չէ, որովհետեւ անիկա դատում մը կը դառնայ մեր կողմէ տուեալ անձին, անասունին կամ իրին: Օրինակ՝ սեւամորթին մաշկին գոյնը անոր դէմքի տգեղութեան առնչելը, ագռաւին տգեղութիւնը անոր փետուրներուն մուգ գոյնին ներդաշնակ տեսնելը կամ ժանգոտած բանալիի մը անհաճոյ գոյնը անոր անգործածելի դարձած ըլլալուն համազօր տեսնելը, չեն արդարանար երբեմն: Երեք պարագաներուն ալ, մեր կողմէ սխալ դատում եղած կ՛ըլլայ, որովհետեւ տգեղ դէմքով սեւամորթ մը կրնայ ազնուական սիրտ ունենալ, սեւ փետուրներով ագռաւը իր ձագերուն այնքան հոգատար էգ թռչուն մը ըլլալ ըստ բնազդի, իսկ ժանգոտած բանալի մը կրնայ գոհարներով լեցուն գանձարկղ մը բանալ, յուրախութիւն փափաքողաց…
Աշխարհի բոլոր շօշափելի իրերու պարագային գոյներու կարեւորութեան մասին խօսելէ ետք, այժմ անդրադառնանք նաեւ անշօշափելի, այլ միայն զգալի իրերու գոյներու կարեւորութեան:
Մարդկային զգացումները նաեւ գոյներով կը յատկանշուին: Օրինակ՝ նայուածքի մը մէջ կարելի՛ է գոյն տեսնել: Այստեղ գոյնը զգացումին «անունը» կը դառնայ: Այդ նայուածքը կրնայ թշնամական «գոյն» ունենալ, սիրոյ «գոյն» արտայայտել կամ այլ զգացումներու բարացուցիչ ըլլալ:
Զգացական աշխարհի գոյներու պարագային եւս, ոմանք սեւը կը համարեն տխրութեան իրավիճակի համար լաւագոյն արտայայտիչ: «Կեանքս սեւցաւ», «սեւ օր հագայ», «աչքիս լոյսը մթագնեցաւ» եւ այլ լեզուական արտայայտութիւններ իրենք կը ցուցնեն, թէ մարդոց զգացական աշխարհին համար եւս սեւ գոյնը հաւասար է թախիծի ու տրտմութեան: Սակայն, նոյն սեւ գոյնը չէ՞ որ կոյրի մը ներաշխարհի լուսաւոր պատուհանը կը բանայ: Նոյն սեւ գոյնին ընդմէջէն ան ամբողջ աշխարհը չի՞ տեսներ ու այդ գոյնի միջոցով չի՞ հաղորդուիր ամէն մարդու հետ…
Ահա թէ ինչպէս գոյներու աշխարհը իր նիւթական եւ աննիւթական հասկացողութեամբ կը մնայ յարաբերական: Իր զոյգ աչքերով աշխարհը դիտող մարդուն համար սեւ գոյնը եթէ մթութեան համազօր է, անդին իր փակ աչքերու սեւ վարագոյրի ետին կանգնած կոյրին համար նոյն այդ գոյնը ամէնէն լուսաշող պատուհանն է, ուրկէ ան կը դիտէ ամբողջ աշխարհը՝ իր ամէնէն յետին մանրամասնութիւններով:
Գոյներու բնութիւնը իրենց բնական ընթացքին թողունք ուրեմն, իսկ մենք սիրենք գունաւոր աշխարհը ու փառք տանք Աստուծոյ այն գունագեղութեան համար, որ պարգեւած է մեզի, սկսեալ սեւ գոյնէն մինչեւ ամէնէն փայլուն կարծուած գոյնը:


Հայաստան 8 Դիրքով Նահանջեց ՖԻՖԱի Դասաւորման Մէջ

$
0
0

1006arm

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆութպոլի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՖԱի կողմէ, հրապարակուած Հոկտեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 8 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով՝ այժմ 377 կէտով կը գրաւէ 91րդ դիրքը:
Առաջին դիրքի վրայ կը գտնուի Արժանթինը՝ 1419 կէտով, իսկ 2րդ եւ 3րդ դիրքերը կը գրաւեն Գերմանիան (1401) եւ Պելճիքան (1387):

Հայ Կինը Ստեղծում է Hermes-ի Տղամարդկանց Հագուստների Հաւաքածուն

$
0
0

1008veronica

Ֆրանսիական յայտնի Hermes վաճառանիշի տղամարդկանց հաւաքածուն ստեղծւում է հայ կնոջ՝ Վերոնիկա Նիշանեանի կողմից: Այս մասին գրում է «Նովոստնիկ.ռու» կայքը: Նա աշխարհում սակաւաթիւ կանանցից է, ովքեր մոդելաւորում են հագուստ տղամարդկանց համար:

Նա ծնուել է 1954թ. Մայիսի 3ին, Փարիզի արեւմտեան արուարձաններից մէկում:

Նա իր կոչումը գտաւ երիտասարդ տարիներին, երբ սովորում էր դիզայնի ֆրանսիական դպրոցներում:

Մասնագիտական կրթութիւն ստանալով, նա աշխատանքի է անցել Cerruti, ապա 1988ից՝ Hermes ընկերութիւնում:

«Hermes-ում ես աշխատանքի անցայ որպէս սովորական դիզայներ, պատրաստում էի տարբեր բաներ, աքսեսուարներ: Ես այնքան նուիրուեցի ընկերութեանը, որ երբեք գլխումս միտք չի ծագել նորաձեւութեան սեփական տունն ունենալու մասին», ասել է Նիշանեանը:

Նորաձեւութեան ոլորտում յաջողութիւններից ու ճանաչումից յետոյ Նիշանեանն սկսել է աշխատել Hermes-ի տղամարդկանց հագուստի վրայ, իսկ 2009ին արդէն այդ ուղղութեան կրէատիւ տնօրէնն էր: Նրա հաւաքածուներում ներկայացւում է ֆրանսիական էլեգանտութիւնը:

«Ես յուզւում եմ ամէն ցուցադրութիւնից առաջ, կարծես դա իմ առաջին բեմելն է: Ես միշտ յիշում եմ, թէ ինձ ինչ ասացին, երբ առաջին օրը եկայ Hermes. «Դուք ունէք քարտ բլանշ ամէն ինչի համար, այդ պատճառով զգացէք ձեզ ինչպէս տանը: Ես հպարտ եմ, որ այս բիզնեսում յաջողութիւնների եմ հասել: Տղամարդիկ չէին սպասում, որ ես կարող եմ հաստատել իմ ոճն ու այն թելադրել համաշխարհային նորաձեւութեան մէջ: Սակայն ես դա արեցի, ու արդիւնքները ձեր առջեւ են», լրատուամիջոցին պատմել է նա:

Աղբիւրը նշում է, որ Hermes-ի երկրպագու տղամարդկանց թւում են արքայազն Ուիլիամը, Մոնակոյի արքայազնը, Միշել Պլատինին եւ այլք:

 

«Panorama»

«Աման, Որ Ամբողջ Կայսրութիւն Մը Լափեց»

$
0
0

Armenian_alphabet_002

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

1878 թուականն է: Խրիմեան Հայրիկ նոր վերադարձած է Պերլինի վեհաժողովէն ու կու տայ ազդեցիկ մէկ քարոզ, որ պիտի յիշուէր որպէս «Հերիսայի Կաթսան եւ Երկաթէ Շերեփը»: Հոն, վեհաժողովի մեծ սրահի սեղանին վրայ Հայրիկ կը տեսնէ կաթսայ մը: Հայրիկի պատմութեան մէջ կաթսան այնքան մեծ է, որ յաջողեր է պարունակել ամբողջ կայսրութիւն մը՝ Օսմանեան կայսրութիւնը. «Վեհաժողովին մէջտեղը, կանանչ սփռոցով ծածկուած սեղանի մը վրայ, դրուած էր մեծ կաթսայ մը խարիսայ, ուրկից բաժին պիտի ստանային աշխարհիս մեծ ու փոքր ազգերն ու տէրութիւնը»:
Այսպէս, պատգամաւորներ սուրերով կ՛առնեն իրենց բաժինը: Ապա կու գայ կարգը հայոց պատգամաւորին. «Ես մօտեցայ եւ Ազգային ժողովին կողմէ ձեռքս տրուած աղերսաթուղթը ներկայացուցի եւ աղաչեցի որ իմ ամանս ալ լնուն հարիսայ… Է՛հ, սիրելի ժողովուրդ հայոց, ես կրնայի՞ հարիսայի կաթսային մէջ խոթել իմ թուղթէ շերեփը, որ պիտի թրջուէր եւ հոն մնար: Հոն, ուր զէնքն է խօսողը, ուր սուրերը կը շողշողան, հոն ի՞նչ գործ ունին խնդիրք եւ աղերսաթուղթեր»:
Այս քարոզին վրայ կատարուած են քաղաքական անթիւ վերլուծումներ: Բայց կը կասկածինք, թէ անոր բառերուն, մասնաւորապէս «կաթսայ» բառին վրայ կատարուած ըլլայ ստուգաբանական ուսումնասիրութիւն:
Ասորերէն փոխառութիւն է «կաթսայ» բառը, բունը՝ qadsa: Այս ձեւն ալ ծագած է յունարէն «քադօս» բառէն:
Իր կեանքի սկզբնական շրջանին կաթսան 32 լիթր պարունակութեամբ չափ էր եւ կը ծառայէր ջուր կամ գինի փոխադրելու: Հռովմէացիներու մօտ դարձաւ cadus, որ հաւասար էր մէկ հռովմէական խորանարդ ոտքի: Անոր մէկ ութերորդը (լատ. congius) պաշտօնեաներու կողմէ ժողովուրդին բաժնուող ձէթին եւ գինիին չափն էր:
Անոնք, որոնք կը յիշեն թիւ 106 յօդուածը «Ալ քատրազ» պիտի յիշէն նաեւ, թէ 8րդ դարուն բառին արաբերէն ձեւը, al-qadus, մտաւ սպաներէն եւ դարձաւ alcatruz: Եւ այդ բառն է որ 16րդ դարուն սպանական առագաստանաւերով հասաւ Նոր Աշխարհի արեւմտեան ափերը եւ ծնունդ տուաւ alabatros թռչունի անունին, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մօտ, աշխարհահռչակ Alcatraz բանտին:
Մինչ Հայաստանի մէջ կաթսան ունեցաւ, եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ունենալ բոլորովին տարբեր պարունակութիւն. հերիսայ: Նախ յիշենք հեռացող անցեալէն դրուագ մը, զոր հաղորդած է «Ազատ Օր» թերթը 27 Յունիս 1962 թուականին. «Կեսարիայէն կը գրեն. «Քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան 103րդ տարեդարձին առթիւ, փառաւոր հանդիսութիւններ տեղի ունեցան… Երեք կաթսայ միսով եղինձ բաժնուեցաւ ժողովուրդին եւ մէկ կաթսայ ալ Կեսարիոյ աղքատ բանտարկեալներուն ղրկուեցաւ»:
Իսկ Սեպտեմբեր 22, 2010 թուականին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, «Մուսա լեռ» հայրենակցական միութեան նախագահ Պերճ Ղազարեան կը յայտարարէր. «Այս տարի լրացաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակը: …Պատրաստուեց 95 կաթսայ «հարիսայ», իսկ 100ամեակին նախատեսում ենք՝ 100 կաթսայ»:
32 լիտր… մէկ խորանարդ ոտք… քիչ մը ջուր… քիչ մը գինի… քիչ մը եղինձ եւ քիչ մըն ալ ոչխարի միս… Պատմութեան մէջ ի՛նչ ալ եղած ըլլայ կաթսային չափն ու պարունակութիւնը, ոչ մէկը հասած է Խրիմեան Հայրիկին երեւակայութեան…
Ամբողջ մէկ կայսրութիւն: Բայց, ըստ երեւոյթին, միայն ի՛նքն է որ չէ օգտուած անոր պարունակութենէն. Հայրիկ իր քարոզի վերջաւորութեան կ՛ըսէ. «… Ինձ հարցուցին. «Ո՞ւր է քո երկաթեայ շերեփը, յիրաւի հոս խարիսայ կը բաժնուի, բայց երկաթեայ շերեփ չունեցողն չէ կարող անոր մօտենալ, զայս իմացի՛ր… Է՛հ, սիրելի ժողովուրդ հայոց, ես կրնայի՞ խարիսայի կաթսային մէջ խոթել իմ թուղթէ շերեփը, որ պիտի թրջուէր եւ հոն մնար: Հոն, ուր զէնքն է խօսողը, ուր սուրերը կը շողշողան, հոն ի՞նչ
գործ ունին խնդիրք եւ աղերսաթուղթեր»:

Թերեւս Կարիք Չունենաս

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
ChurchԿեանքի առօրեայ մտահոգութիւնները՝ ապրուստ, ապահովութեան համար ի պահ դրուած գումար, զաւակներու կրթութիւն եւ բարձրագոյն ուսում, ամուր հիմերու վրայ դրուած աշխատանք, արկածի դէմ, ինչպէս նաեւ կեանքի ապահովագրութիւն, եւ բազմաթիւ այլ մտահոգութիւններ պատճառ կը հանդիսանան, որ մարդ արարածը նիւթական աշխարհին մէջ խոր արմատներ նետէ:
Մարդկային հոգին, որ ինքնին խաղաղաբուխ է ու հանգիստ, կը վրդովի մերթ անսպասելի ալեկոծումներու դիմաց, որոնք կեանքի ծովուն բացերը թէ եզերքին կրնան հանդիպիլ մարդուն: Հարստութիւնը այդ հանգիստը խանգարող երեւոյթներէն մէկն է, որքան ալ հակառակը պնդողներ ըլլան համեստ խաւերուն մէջէն: Որովհետեւ շատե՜ր նիւթական առատութիւնը շատ մը խնդիրներու լուծումը կը նկատեն: Սակայն, գործնապէս բոլորն ալ գիտեն, եթէ դեռ չեն գիտեր՝ պիտի իմանան անպայման, թէ այդ առատութիւնն իսկ կրնայ դժբախտութիւններու պատճառ հանդիսանալ:
Փորձառութիւնները այս մասին շատ պատգամներ փոխանցած են մարդկութեան, առանց սակայն կարենալ համոզելու մեծամասնութիւնը իրենց ունկնդիրներուն: Առաւելագոյն պարագային, անոնց պատգամները հաճելի երաժշտութեան մը նման ունկնդրուած են հանրութեան կողմէ, եւ ձայնասփիւռի ալիքէն սփռուող երգին նման միջոցին մէջ կորսուած, մարդոց մէկ ականջէն մտնելով ու միւսէն դուրս գալով: Ոմանք մեր երկու ականջ ունենալը բախտաւորութիւն կը համարեն, որպէս մեր լսած վատ բաները մոռնալու սքանչելի միջոց: Սակայն, միւս կողմէ ալ լաւ բաները մեր յիշողութեան մէջ չպահելու պատճառ կը դառնայ զոյգ ականջ ունենալու առաւելութիւնը, երբ մէկ ականջով լսած մեր բարի խրատները, միւսէն արտաբերելու ունակութիւնը կը որդեգրենք շուտով:
Մարդկային փորձառութիւններուն մեծ մասը առնչուած է նիւթին, որովհետեւ նիւթեղէն աշխարհին մէջ կ՛ապրինք: Աննիւթեղէն, ոգեղէն ու երկնային իրականութիւններու մասին փորձառութիւնները, շատ յատուկ մարդոց կը պատկանին: Անոնք արդէն սրբութեամբ վկայուած կամ իրենց առաքինութիւններով ճանչցուած անձեր են, ու եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած է անոնց խօսքին ու վարքին արժէքը: Միշտ պէտք է զգոյշ ըլլալ անշուշտ նման փորձառութիւններու կեղծորակ տեսակներէն, որոնց թիւը սկսեր է բազմանալու ներկայ հոգեւոր կեանքին մէջ:
Նիւթեղէնին առնչուած փորձառութիւնները, կեանքի ու մահուան անցքի վրայ գտնուող մարդկութեան ուղղուած զգուշացումներ են ընդհանրապէս: Ունեցածով բաւարարուելու, աւելին չպահանջելու, մեր հետ դէպի հանդերձեալ կեանք ոչինչ տանիլ չկարենալու, պարապ ձեռքով աշխարհ եկած ըլլալու եւ պարապ ձեռքով ալ այս աշխարհէն մեկնելու, ինչպէս նաեւ նման խորհրդածական նիւթերով խրատական պատգամներ են այդ փորձառութիւնները: Ոմանք ինքնադաստիարակութեան լաւ միջոցներ գտած են իրենք իրենց համար: Այսպէս, իր մօր խրատները ականջին օղ ըրած անձ մը, որ շատոնց կորսնցուցած էր իր մայրը, կ՛ըսէր, թէ ամէն անգամ երբ նիւթեղէն գործառնութեան մը պարագային ստանար հարուածներ, որոնք սիրտին համար կորուստներ կը համարուէին, կը մտաբերէր մայրը, որ ինքնաբաւ ու համեստ կեանքով ապրելով, գոհունակ սիրտով մեկնած էր այս աշխարհէն: Սա ինքնամխիթարութեան ուսանելի կերպ մըն է, որովհետեւ բոլորս ալ նոյն ճամբուն ճամբորդները պիտի դառնանք ուշ կամ կանուխ:
Մեր կեանքին ընթացքին կը հանդիպինք ծայրայեղականներու, որոնք ամէն ինչէ հրաժարելով, իրենց անձը կ՛ընծայաբերեն այս կամ այն նուիրական նպատակին: Սա փիլիսոփայական կեանքի տեսակ մըն է, որուն համաձայն կարելի է կեանքի վախճանը եւ ամէն ինչի աւարտը ապրիլ, նոյնինքն այս կեանքին մէջ եղած ժամանակաշրջանին: Արհամարհել նիւթը, անտեսել բոլոր այն նիւթեղէնները, որոնց արժէք կու տայ մարդկութիւնը, ինչպէս՝ ոսկի, արծաթ, ադամանդ, դրամ եւ այլն, եւ անոնց փոխարէն աննիւթեղէն ու երեւակայական արժէքներ դաւանիլ:
Նման մտածողութեամբ մարդիկ, որոնց տեսակը բոլոր կրօններու հետեւորդներու շարքերուն մէջ ալ կարելի է գտնել, իրենց ապրած օրերուն ընթացքին նուազագոյնի կ՛իջեցնեն իրենց առօրեայ կարիքները: Երբեմն անոնց մէջ կը գտնուին այնպիսի անձեր, որոնք օրական մէկ անգամ կը ճաշեն, առաւելագոյն չափով համապատասխան ըլլալու համար իրենց նուազուրդի սկզբունքին: Ասոնց տուներուն մէջ ճոխութեան չենք հանդիպիր, ո՛չ ալ աւելորդ առարկաներու կամ կահոյքի: Ամէն ինչ չափուած ու ձեւուած եւ գործածական պէտք է ըլլայ, որպէսզի նման անձերու տան մէջ տեղ գրաւէ: Երբեմն հին ապրանքներ սիրող ու հնութիւնները պահպանող անձեր, սերունդէ սերունդ կը պահպանեն կահ կարասիներ, նոյնիսկ եթէ փտելու սկսած ըլլան: Մինչ վերոյիշեալ մտածողութեամբ անձեր իրենց տունէն դուրս կը շպրտեն այն, ինչ որ հին է, նոյնիսկ եթէ մեծարժէք ըլլայ տուեալ իրը, որովհետեւ զանիկա պահելը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի իրենց համար:
Կեանքի կարիքները նուազագոյնի իջեցնող այս մարդոց ամէնէն ծայրայեղականներն ու յոռետեսները կ՛ըսեն, թէ մարդ միայն պատանքի մը պէտք պիտի ունենայ, իր թաղման ընթացքին պատանքուելու համար: Չափազանցութեան սահմանները վաղուց անցած այս միամիտները չեն գիտեր անշուշտ, թէ կեանքը, սպասուածէն աւելի՛ թիւով անակնկալներ վերապահած կրնայ ըլլալ իրենց համար:
Մահը, որուն խորհուրդին դիմաց ծունկի կու գայ ամէն մարդ, տարբեր ձեւերով ու տեսակներով կը յայտնուի մարդկային կեանքին մէջ: Մէկուն մահը կը կոչենք բնական, միւսը՝ արկածահար, երրորդը՝ հիւանդութեան հետեւանքով, եւ այսպէս շարունակաբար կարելի է շարքը երկարել, նոյնիսկ ամէն մէկ մարդուն համար իւրայատուկ մահ մը պատկերացնելով:
Մահուան այդ տեսակներէն մէկն ալ ծովու ջուրերուն մէջ խեղդամահ ըլլալն է: Շատե՜ր ցարդ կուլ տրուած են անոր կապոյտ մակերեսին տակը, երբեմն անյայտ կորսուելով ընդծովեայ ձորերու եւ անհասանելի խորխորատներու մէջ: Եթէ կային անոնց մէջ մարդիկ, որոնք միայն իրենց պատանքին հաշիւը ըրած էին, կրցա՞ն արդեօք պատանքուիլ… Ուրեմն, Աստուծոյ քեզի պարգեւած կեանքին իւրաքանչիւր օրը արժեւորելով, ապրի՛ր բնական կեանքդ, եւ եթէ վաղուան մասին մտահոգութիւններդ նուազագոյնի կ՛ուզես իջեցնել, պատանքիդ համար ալ մի՛ մտահոգուիր, որովհետեւ թերեւս կարիք չունենաս ատոր…

Հարցում՝ Պատասխան

$
0
0

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ
zarehsapsezianՀԱՐՑՈՒՄ.– Անցեալները հայ գործարար Գագիկ Ծառուկեան՝ ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառի հրաւէրին, այցելեց Անթիլիասի կաթողիկոսարան եւ Արամ Ա. վեհափառին հետ տեսակցութեան ընթացքին 500,000 տոլար նուիրեց կաթողիկոսարանին, նաեւ արծաթէ մեծ խաչ մը՝ կաթողիկոսին: Արամ վեհափառն ալ Ծառուկեանին Բարձրբերդի աւետարան մը նուիրեց: Շատ տպաւորիչ է, չէ՞:
Օննիկ, Նորթ Հիլզէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո, բաւական տպաւորիչ է, սակայն Գագիկ Ծառուկեան որքա՞ն կը գնահատէ կամ կը հասկնայ Բարձրբերդի աւետարանէն: Իմ կարծիքով աւելի գործնական կ՛ըլլար, եթէ վեհափառը փոխանակ այդ աւետարանին՝ պատշաճ տաբատ, բաճկոն եւ փողկապ նուէր տար: Այս ձեւով հասկցնելով Ծառուկեանին, թէ կարեւոր չէ կէս միլիոն կամ տասը միլիոն կը նուիրես՝ կաթողիկոսի մը երբեք փողոցային հագուստներով չես ներկայանար:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին կապակցութեամբ, մեր երկու վեհափառները՝ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. սրբադասեցին մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները։ Այս մէկը կարծեմ միջազգային առումով շատ մեծ իրագործում մըն էր: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս հարցին մասին:
Պօղոս, Հերմոզա Պիչ
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Միջազգային առումով ինչ չափի իրագործում էր, վստահ չեմ: Սակայն զիս հետաքրքրողը եւ միտքս զբաղեցնողը սա է. այդ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն մէջ թէեւ փոքր, բայց պատկառելի թիւ մը կը կազմէին հայ կաթողիկէներն ու հայ աւետարանականները: Արդեօք հայ առաքելական կաթողիկոսները իրաւասութիւն ունի՞ն հայ կաթողիկէ կամ հայ աւետարանական նահատակներ ալ սրբադասելու: Կամ անոնց՝ առաքելական եկեղեցւոյ կաթողիկոսներուն կողմէ այս սրբադասումը պիտի ընդունուի՞ երկնքի սրբադասման բաժինի տեսչութեան գրասենեակին կողմէ: Թերեւս կրօնական կամ աստուածաբանական հարցերու մասնագէտ մը կրնայ այս առնչութեամբ մեզ լուսաբանել:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բաղրամեան փողոցն օկուպացրած մեր ակտիւիստների մոբիլիզացիան, պացիֆիստական տեքստ ունէր, էներգտիկա եւ էնտուզիասմ գեներատ անելով: Սակայն մեր ակտիւիսների օբյեկտիւ ակցիան, ոստիկանութիւնը պրովոկատոր մանեւրելով, միլիտարիստական օպերազացիոնով շանտաժեցին, բլոկադա եւ մանիպուլացիա անելով մեր լեգիտիմ եւ սուվերեն ակցիան, որի էֆեկտը նրանց պոտենցիալ ֆոբիա էր պատճառել: Բայց նրանց ուլտիմատումն ու սպեկուլեացիան չյաջողեց տորպեդահարել մեր օպերացիան: Չէ՞ք կարծում:
Կարինէ, Երեւանից
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Խիիիի՞… Ո՞ւր ես, …Մաշտոց:

Ձեր հարցումները կրնաք ղրկել sazareh@yahoo.com հասցէով

Ամերիկեան Յայտնի Հեռուստաաստղ Քոնան Օ՛բրայեանը Շատ Է Տպաւորուել Հայերով

$
0
0

1017conan

Ամերիկեան յայտնի «Քոնան» հեռուստաշօուի հեղինակ եւ վարող Քոնան Օ՛բրայեանը խոստանում է, որ Նոյեմբերի 10ին Միացեալ Նահանգներում հեռարձակուելիք հաղորդումը Հայաստանի մասին շատ բազմազան է լինելու: Ինչպէս հաղորդում է «Արմէնպրէս»ը, այս մասին Օ՛բրայեանը ասել է «Ազատութիւն» ռադիօկայանի հետ զրոյցում:
Անդրադառանալով այցի մանրամասներին՝ նա խօսել է Հայաստանում տեսած այն երեւոյթների մասին, որոնք իր մօտ զարմանք են առաջացրել: «Այստեղ՝ Հայաստանում սովորոյթ կայ, որ տղամարդիկ քայլում են իրար թեւ մտած, եւ դա շատ տարօրինակ է՝ Միացեալ Նահանգներում նման բան չես տեսնի: Եւ երբ առաջին նման բան ես տեսնում, մտածում ես՝ տեսնես ինչո՞ւ են այդպէս անում: Բայց յետոյ հասկանում ես, որ դա լաւ գաղափար է, եւ ես սկսեցի իմ պրոդիւսերներից մէկին թեւանցուկ արած քայլել, ու հիմա մտածում եմ՝ սա ֆանտաստիկ բան է, պէտք է Արեւմուտքում այս սովորոյթը մտցնել: Ժամանակն է, որ մենք էլ հասնենք ձեր հետեւից», կատակել է Օ՛բրայեանը:
Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք այցը կապ ունի՞ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի հետ՝ նա նշել է, որ դա պարզապէս զուգադիպել է: «Իմ այստեղ գալը հարիւրամեայ տարելիցի հետ կապ չունի, սակայն ինչ որ առումով դա աւելի կարեւոր է դարձնում իմ այցը: Իրականում այս ամէնը տեղի ունեցաւ իմ օգնականի պատճառով, ում հետ ես 5 տարի է աշխատում եմ:
Խօսքը Սոնա Մովսէսեանի մասին է… Ես ցանկացայ այստեղ բերել Սոնային եւ նրա հետ միասին զգալ նրա մշակոյթի համը, հանդիպել նրա ժողովրդին: Իսկ այստեղ հնարաւոր չէ գալ եւ չայցելել Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, դա այս երկրի պատմութեան անբաժանելի մասն է եւ Սոնայի պատմութեան մասն է: Այդ այցելութիւնը շատ յուզիչ էր՝ ես մտածում էի, որ այո՛, ես չգիտեմ այստեղ ինչ քաղաքական հարցեր կան, բայց չեմ էլ ուզում այդ մասին մտածել», նշել է Օ՛բրայեանը:
Նա համոզմունք է յայտնել, որ Միացեալ Նահանգները մինչեւ օրս չեն ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիայի հետ ունեցած յարաբերութիւնների պատճառով: Օ՛բրայեանը նշել է, որ հայաստանեան այցն առանց արկածների չի անցել. «Ես ոչխար եմ արածեցրել Գառնիում, գնացի այնտեղ, եւ ես ու Սոնան աւանդական շորեր հագանք: Մենք նաեւ բազմաթիւ արկածներ ունեցանք Երեւանում: Երբ հաղորդումը հեռարձակուի, կը տեսնէք, որ ես բազմաթիւ մշակութային վայրեր եմ այցելել եւ շատ զուարճալի շփումներ ունեցել մարդկանց հետ:
Մենք փորձեցինք որքան կարելի է ուսումնասիրել Երեւանը եւ Հայաստանը մեր այցելութեան 4-5 օրերի ընթացքում: Կարծում եմ՝ շատերը կը զարմանան, տեսնելով, թէ որքան բան ենք հասցրել: Կը տեսնեն, որ մենք գլխովին խորասուզուել էինք հայկական մշակոյթի մէջ»: Հարցազրոյցի վերջում նա կարծիք է յայտնել հայերի մասին՝ ասելով. «Ես մի բան եմ զգացել՝ ԱՄՆում ապրող հայերը, յատկապէս Լոս Անջելեսում ապրող բազմաթիւ հայերը, այդ թւում Սոնան եւ նրա ընկերները, շատ խելացի, բայց նաեւ շատ ուժեղ մարդիկ են, նկատի ունեմ՝ հոգեպէս: Նրանք մեծ կամքի ուժի տէր են: Սոնան, որպէս մարդ, ինձ շատ բան է սովորեցրել: Ես ծանօթ եմ նաեւ նրա ընտանիքի հետ, նրանք՝ հայերը, շատ տպաւորիչ մարդիկ են»:

Շտեմարան. Բառ, Որ Կ՛աճի Ամէն Տեղ

$
0
0

Armenian_alphabet_002

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Հովե՜ր կ՛անցնին.-
Ու ցորեաններս յուշիկ յուշիկ կ՛արթննան,
Իրենց խորքէն կը հոսի դող մ՛անսահման:
Գեղադալար կողերն ի վար բլուրին
Ծովե՜ր կ՛անցնին:
Հովե՜ր կ՛անցնին,…

– Գեղեցիկ խօսքեր են: Ո՞վ է հեղինակը:
– Դանիէլ անունով բանաստեղծ մը ունեցած ենք, Դանիէլ Վարուժան: Հայկական գիւղի, հողի, հացի իսկական երգիչն էր:
– Է՜հ, ուրեմն շատ հեռու չենք իրարմէ: Ես ալ հացին կը ծառայեմ. առագաստանաւուս շտեմարանին մէջ ամբարած ցորենը քաղաքէ քաղաք կը հասցնեմ: Եւ հաւատացեր եմ, թէ բարութիւններ կը բաժնեմ:
***
1922 թուականն է: Կրէտէ կղզիի Հանիա քաղաքէն ճամբայ ելած է բեռնատար այս համեստ առագաստանաւը, որ կը պատկանի Թէոդորոս նաւապետին, կիլիկեցի «հոռոմ» մը, որ իր ամբողջ կեանքը անցուցեր է ծովուն վրայ: Ցռուկը դարձած դէպի հիւսիս՝ նաւը կ՛ընթանայ դէպի Պոլիս: Հանդարտ նաւուղղութիւն մըն է, որ առիթ ալ կը ստեղծէ շտեմարաններու եւ ցորեններու մասին փիլիսոփայելու:
– Պարոն նաւապետ, «շտեմարան» բառը սիրած է աճիլ ու բարդանալ, ինչպէս՝ ցորեանները գարնան կը յորդին, կը կատղին… Այսպէս՝ ունինք «շտեմարանալից, շտեմարանապետ, շտեմարանապան, շտեմարանափակ, շտեմարանումն» բառերը:
Բոլորին արմատը, ըստ բազմաթիւ լեզուաբաններու՝ «շտէ» բառն է, որ կը նշանակէ «ցորեն», որուն յունարէն զարմիկն է «սիտոս»: Այլ լեզուաբան մը ստուգած է, թէ արմատը շումերերէն է, ցորեն նշանակող «զիդ» բառը:
– Զարմանալի չէ, պարոն ստուգաբանութիւն, ցորենին բնաշխարհը Միջագէտքն է եղած, Անդրկովկասը եւ Հայաստանը, ուրկէ տարածուեր է Եւրոպա, Ասիա, Չինաստան: Իսկ անոր «Արարատի քում» կոչուած տեսակը իւրայատուկ է Հայկական լեռնաշխարհին: Զայն կը գտնէք Երեւանի մօտ, Վայոց ձորի մէջ: Բայց ձեր երկրի բուն շտեմարաններն են Տարօնի, Շիրակի ոսկի դաշտերը, կամ՝ ինչպէս ձեր բանաստեղծը սիրած է ըսել՝ «ոսկի ծովերը»:
– Մեր հին մատենագրութիւնը ունեցեր է «Շտեմարան ցորենոյ» արտայայտութիւնը, նաեւ՝ «Շտեմարան գինւոյ» եւ «Շտեմարան փայտից»… 19րդ դարուն Պաքուի նաւթը ծնունդ տուեր է ուրիշ մէկ արտայայտութեան. «Նաւթի շտեմարան»: Վերջինի նմանողութեամբ ստեղծեր ենք «Ոսկիի շտեմարան», «Արծաթի շտեմարան»…
Բայց ամէնէն հետաքրքրականները՝ փոխաբերական արտայայտութիւններն են. «Սրտի՝ միտքի շտեմարան» կամ՝ «Շտեմարան գիտելեաց»ը: Այսպէս կը կոչուէին ժամանակի գիտուն մարդիկը եւ հանրագիտարանները, ինչպէս՝ 1876 թուականին լոյս տեսած «Շտեմարան Մանկանց» գիրքը: Ստուար թարգմանութիւն մը, որուն մէջ ամբարուած են մանկական գիտելիքներ:
Իսկ «Շտեմարանապետ»ը, մակդիր մը հոգեւոր գրականութեան մէջ, վերապահուած է Աստուծոյ, որպէս կեանքի եւ մահուան տնօրէն, շնորհներու բաշխիչ:
Անոր հականիշը՝ «Շտեմարան չայրեաց»ը, երեւոյթ կամ մարդ, որ աղբիւր է չարութիւններու:
Առագաստանաւը կը հասնի Պոլիս: Երկու բարեկամներ հրաժեշտ կու տան իրարու: Ստուգաբանութիւնը գիտէ, թէ դատարկուած է քաղաքի միտքի շտեմարանը. չկան Վարուժաններ եւ չկան նաեւ Տարօնի եւ Կարնոյ ոսկի դաշտերը: Ստուգաբանութեան յաջորդ կայարանը կ՛ըլլայ հայկական գրավաճառ մը.
– Բարի եկած էք մայրաքաղաք: Գեղեցիկ անակնկալ մը ունիմ ձեզի համար: Յովհաննէս Պապէսեանի նոր գիրքը, խիստ պատկերազարդ հրատարակութիւն մը: Մէջը կան առողջապահական, մարմնամարզական, աշխարհագրական, տոմարագիտական, բուսաբանական, կենդանաբանական, տարրաբանական հազարաւոր գիտելիքներ, աճպարարութեան պատկերազարդ փորձեր, գեղագրութեան էջեր, «Երազներու Բանալին», Հին Հայաստանի եւ Տիգրանակերտի ճակատամարտի քարտէսներ…
– Գիրքին անունը ի՞նչ է:
– «Հանրագիտակ՝ Շտեմարան Պիտանի Գիտելիքներու»:
Այս կարճատեւ հանդիպումի վերջաւորութեան, գրավաճառը քաղաքի մռայլ իրավիճակը կը մեղմաբանէ Վարուժանին միտքերով.
– Պարոն ստուգաբանութիւն, մեր շտեմարանները, թէ՛ ցորենի, թէ՛ միտքի, մօտ օրէն դարձեալ կը լեցուին, մեր գինին կը յորդի բաժակներէն, ու մեր հարսերը հացը կը թխեն բարի: Մեր ազգը ունի օրհնուած ծիներ, դարձեալ կ՛աճի ու կը բնակեցնէ իր բնաշխարհը:


Աստուած Խուլ Չէ՛

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

ChurchՃշմարտութիւնները աշխարհի «խուլերուն» հասկցնելու դժուարութիւնը բացայայտ իրողութիւն է: Խուլերը չակերտեցինք, որովհետեւ աշխարհի մէջ ֆիզիքապէս խուլերէն շատ աւելի է ականջ ունեցող ու չլսող մարդոց քանակը:
Ինչքան ալ այսօր ուսման ու գիտութեան ոլորտներէն մէկը կը հանդիսանայ խուլ, կոյր ու համր անձերուն դասաւանդութիւն կատարելը, որ ինքնին մասնագիտութիւն կ՛ենթադրէ, միւս կողմէ սակայն, չէ՛ լուծուած զոյգ ականջներով լսող, զոյգ աչքերով տեսնող եւ սահուն խօսող մարդոցմէ ոմանց խօսք հասկցնելու դժուարութիւնը:
Կ՛ըսուի, թէ ընդհանրապէս խուլերն են, որոնք իրենց զրուցակիցները խուլ կարծելով, աւելի բարձր կը խօսին: Սակայն այս տեսակէտը չ՛արդարանար, որովհետեւ անոնց ֆիզիքական տկարութիւնն է որ պատճառ կը դառնայ իրենց այդ վերաբերումին: Անոնք փաստօրէն իրենց ձայնը լաւ չեն լսեր, ատոր համար բարձր կը խօսին, որպէսզի նախ իրենք իրենց ըսածը լսեն:
Պատմութեան ընթացքին տառապած ու իրաւազրկուած ազգեր, ինչպէս հայ ժողովուրդը, միշտ կը բարձրաձայնեն իրենց իրաւունքներու խնդիրը, արդարութեան պահանջով գոռալով աշխարհին: Բոլորս ալ գիտենք, որ այդ ձայնը բոլորն ալ կը լսեն, սակայն անոնցմէ միայն ոմա՛նք ականջ կու տան ըսուածին: Միւսները կա՛մ խուլ կը ձեւանան կամ ուղղակի կը յայտարարեն թէ չեն լսեր…
Անհատ մարդոց պարագային ալ շատ տարբեր չէ կացութիւնը: Ոմանք բեկ-բեկ հոգիով իրենց սիրտի ցաւը կ՛ողբան ուրիշներու դիմաց, կարիքաւոր իրենց դրութիւնը կը պարզեն, այն յոյսով, որ ցաւակիցներ անպայման կը գտնուին լսողներու շարքերուն մէջ: Անոնցմէ ոմանք կը յուսադրուին, երբ խղճամիտ մարդիկ զօրավիգ կը կանգնին իրենց, ու կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար կը հանդիսանան: Իսկ ուրիշներու համար մժեղի մը տզզոցին չափ ալ արժէք չ՛ունենար անոնց կատարած ողբ ու կոծը: Ընդհակառակը, անոնք կ՛ուզեն վայրկեան առաջ հեռանալ իր տարտը պատմողէն, վստահ ըլլալով, որ այդքան լացը զայն պիտի հասցնէ մուրացկանութեան: Ուրեմն, լսողները լաւագոյնը կը համարեն չլսելու տալ անոնց ձայնը, փրկուելու համար օգտակար հանդիսանալու փորձանքէն:
Մարդիկ իրենց նեղութիւնները իրարու պատմելէ աւելի, Աստուծոյ կը պատմեն: Ուրեմն չի կրնար մէկը հաւասարիլ Աստուծոյ, նոյնիսկ մարդոց տարտ ու ցաւերը լսելու մրցումին մէջ: Ամէնէն աւելի Ան մտիկ կ՛ընէ մեր դժուարութիւնները, որոնք աղօթքի ճամբով կը մատուցենք Անոր, վստահ ըլլալով որ անպայման լուծում մը պիտի տայ մեր խնդրուածքին:
Հաւատացեալներու շարքերուն մէջ կան սակայն միամիտներ, որոնք իրենց ըսածը քանի մը անգամ կը կրկնեն, կա՛մ կարծելով թէ Աստուած բթամիտ է ու մէկ անգամով չի՛ հասկնար մեր ըսածը կամ այնպէս կը խորհին, թէ Ան խուլ է, ու պէտք է կրկնել եւ բարձրաձայն ըսել Անոր, անպայման լսել տալու համար մեր խնդրանքը:
Այս ամէնը անշուշտ կռապաշտական օրերու մտայնութեանց հետեւանքներ են, զորս անգիտակցաբար կը գործադրեն մարդիկ, առանց անդրադառնալու որ հոգեղէն Աստուծոյ է որ կը դիմեն իրենց զանազան խնդրանքներով: Հոգեղէն Աստուածը, որ ամէն ժամանակ ամէն տեղ ըլլալու հնարաւորութիւն ունի, ֆիզիքական թերութի՞ւն կրնայ ունենալ: Կրնա՞յ ըլլալ որ Ան խուլ ըլլայ, կամ կոյր: Կատարեալ Աստուածը ո՛չ իսկ կը ձեւացնէ, մարդոց նման, թէ խուլ է կամ կոյր, որովհետեւ Բարի է Ան:
Աստուած Իր բարութեամբ կ՛ակնկալէ ու նոյնիսկ կը սպասէ, որ մարդիկ Իրեն դիմեն իրենց խնդրանքներով, որպէսզի Ինք օգնէ անոնց ու դուրս բերէ դժուարութիւններէ:
Կը պատմուի, թէ գիւղի մը քահանան պատարագած պահուն շատ մեղմ կ՛երգէր իր բաժինները, այնքան մեղմ՝ որ հազիւ լսելի կ՛ըլլար ժողովուրդին (այդ օրերուն բարձրախօսներ ալ չկային անշուշտ):
Իսկ երբ պատարագի կիսուն, քարոզի՝ կը դառնար ժողովուրդին, իր ամբողջ ուժերը հաւաքած, գրեթէ պոռալով կը քարոզէր: Ժողովուրդէն յայտնի մարդիկ կը մօտենան տէր հօր եւ որդիական յարգանքով բացատրութիւն կը խնդրեն այս առեղծուածին մասին: Անոնք կ՛ըսեն, թէ երգեցողութեան ժամանակ ականջնին կը սրեն եւ հազիւ կը լսեն ձայնը, մինչ քարոզի ժամանակ իրենց ականջները գոցել կը պարտաւորուին երբեմն, ձայնին պոռչտուքային բարձրութենէն:
Տէր հայրը իր պատգամը ժողովուրդին հասցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ, իրեն մօտեցողներուն կ՛ըսէ, թէ Կիրակի օր, քարոզի պահուն այդ մասին բացատրութիւն պիտի տայ, որպէսզի բոլորն ալ լսեն եւ իմանան իր այդ վարմունքին պատճառը:
Կիրակի օր, սովորականէն աւելի թիւով հաւատացեալներ կը խռնուին եկեղեցին: Մինչեւ քարոզի պահը, տէր հայրը իր սովորութեան համաձայն՝ շատ մեղմ ձայնով կ՛երգէ իր բաժինները:
Սակայն երբ քարոզի պահը կու գայ, շատ լսելի եւ նոյնիսկ խլացուցիչ ձայնով կը դիմէ ժողովուրդին: Ան իր տուած բացատրութեան մէջ կ՛ըսէ, թէ այն երգի բաժինները, որոնք կը կատարեմ, ուղղուած են Աստուծոյ: Իսկ Աստուած խուլ չէ՛ որ չլսէ զանոնք: Ան նոյնիսկ մեր միտքերը կը կարդայ ու մեր հոգիներն ու սիրտերը կը քննէ:
Մինչ դուք, խուլեր էք: Ձեզի հետ բարձր պէտք է խօսիլ, որպէսզի լսէք եւ սորվիք ճշմարտութիւնը, որմէ կը խուսափիք յաճախ:
Ուրեմն, ձեզի ուղղուած խօսքս բարձր կ՛ըսեմ, ձեզ խուլի տեղ դնելով, որպէսզի հրաշքով բացուին ձեր ականջները եւ լսէք Աստուծոյ պատուիրանները…
Ահաւասիկ բարոյալից պատմուածք մը, որուն մէջ Աստուծոյ պատուիրաններուն չհետեւելու կամաւոր խլութեան օրինակը կը ձաղկուի: Ինչքան ալ մարդիկ դերասան ձեւանան, այնպէս ընելով որ չեն լսեր, դարձեալ ի յայտ կու գայ անոնց խաբեբայութիւնը, եւ անպայման կը պատժուի կամաւոր խլութեան մեղքը:
Նոյնն է նաեւ մարդկային փոխյարաբերական կեանքի պարագային: Ինչքան ալ մարդիկ անտարբեր մնան ուրիշի ցաւին ու լացին, այնպէս ձեւացնելով, թէ իրենց հետ որեւէ առնչութիւն չունի այդ, սակայն, դարձեալ, օր մը կը զղջան խուլ ձեւացուցած ըլլալնուն համար: Որովհետեւ նոյն ցաւը կրնայ նաեւ իրենց կեանքին մէջ պատահիլ, եւ այս անգամ իրենք կը մնան առանձին, առանց ոեւէ օգնականի կամ իրենց հետ լացողի, եւ կը ստիպուին առանձին լալ իրենց սեւ բախտը:
Աստուած խուլ չէ՛, ու մանաւանդ կոյր չէ՛: Ան մեր բոլորին կեանքին կը հետեւի անձանձրոյթ: Ան կը լսէ մեր ամէնէն մեղմ ձայնով ըսած խնդրանքերը, ինչպէս նաեւ ամչնալու հետեւանքով մեր չըսածներն ալ: Որովհետեւ Ան մեր սիրտերուն բոլոր ծալքերու գաղտնիքներուն տեղեակ է արդէն:
Աստուծոյ հետ քաղաքավար վարուելու սկզբունքին հետեւողութեամբ, մարդէ մարդ յարաբերութիւնն ալ պէտք է ըլլայ բարձրագոյն աստիճանի հոգատարական: Այդ հոգատարութեան ու ողորմածութեան առաքինութիւններն են, որոնք կը բանան մեր ականջները եւ կը բուժեն մեր լսողութիւնը:
Հոգատարութիւնը եւ ողորմածութիւնը մեր խուլ ականջներուն դրուած, ձայնալիքներ հաւաքող մասնաւոր զրնգուն գործիքներ են, մեր լսողութիւնը դիւրացնող: Այլապէս անխիղճ մարդու տպաւորութիւնը կը թողունք մեր շրջապատին վրայ, երբ մարդիկ իրենց դժուարութիւնները պատմեն մեզի, իսկ մենք այնպէս ձեւացնենք թէ չենք լսեր: Աստուած բնա՛ւ խուլ չէ՛: Իսկ մենք՝ երբեմն այո՛:

Իսլամացած Հայերու Հարիւրամեայ Քաւարանը

$
0
0

1016verjihan
Օգոստոսին Սթամպուլի մէջ լոյս տեսաւ հայազգի լրագրող, գրող, հետազօտող Վերճիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը իսլամացած հայերու մասին:
«Քաւարանի Մէջ Գտնուող Հայերու Պատմութիւնը. Մենք Չենք Փնտռէր Ոչ Քրիստոսի, Ոչ Մուհամետ Մարգարէի Բարեհաճութիւնը» գիրքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց թուրք ընթերցողներու մէջ, քանի որ առաջին անգամ կը պատմուէր այն իսլամացած հայերու մասին, որոնք, չգիտնալով իրենց հայկական ինքնութեան մասին, միացած էին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK):
Հայ լրագրողին գիրքը հրատարակուած է Թուրքիոյ ամենախոշոր՝ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան մէջ՝ նախնական 1000 օրինակ տպաքանակով: Գիրքը պիտի հրատարակուի երկրորդ անգամ՝ կրկին նոյն տպաքանակով: Անիկա արդէն իր հաստատուն տեղը ունի Թուրքիոյ գրախանութներու ամենապահանջուած գիրքերու դարակին մէջ:
Վերճիհան Զիֆլիօղլուն Սթամպուլի եւ Անատոլուի համալսարաններու շրջանաւարտ է, որ իր լրագրողական ասպարէզը սկսած է 1995ին, հայալեզու «Մարմարա» օրաթերթին մէջ: Նոյն տարին ան սկսած է աշխատելու «Նոր Սան» մշակութային ամսագիրին համար, այնուհետեւ տեղափոխուած է Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող ամենահին՝ «Ժամանակ» օրաթերթ:
Անոր յաջորդ կանգառը «Ակօս»ի խմբագրութիւնն էր: 1998ին միացած է Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող առաջատար թերթերէն մէկուն՝ Hurriyet-ին, ուր աշխատած է մինչեւ 2007ը, իսկ ապա շարունակած է աշխատանքը պարբերականի անգլիալեզու Hurriyet Daily News խմբագրութեան մէջ:
2009ին, շահելով Frederich Naumann հիմնադրամի մրցոյթը, Վերճիհան Զիֆլիօղլու այցելած է Հայաստան՝ ծանօթանալու հայաստանեան լրատուական դաշտին եւ խթանելու հայ-թրքական երկխօսութիւնը մետիա ոլորտին մէջ: Ան բազմաթիւ պարգեւներու արժանացած է եւ գիրքեր հրատարակած է արեւմտահայ բանաստեղծութեան մասին:
Վերճիհան Զիֆլիօղլուի՝ իսլամացած եւ քրտական շարժման մէջ ներգրաւուած հայերու մասին պատմող գիրքը, Արեւելեան Անատոլիայի մէջ անոր շուրջ 12 տարուան հետազօտական աշխատանքի արդիւնքն է, որ տարբեր տեսանկիւններէ կը պատմէ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներուն եւ զրկանքներուն մասին:
Գիրքին մէջ հայերը ներկայացուած են «իսլամացած» եւ «կրիպտօ» անուանումներով: Գիրքին օգնութեամբ ընթերցողը առաջին անգամ հնարաւորութիւն ունի ծանօթանալու այն հայերուն, որոնք անցեալին միացած էին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան՝ երբ դեռ չէին գիտեր իրենց հայկական ինքնութեան մասին:
«Երբ անոնք կը տեղեկանան այդ մասին, կը լքեն քրտական շարժումը՝ սկսելով հարցեր ուղղել իրենք իրենց: Անոնք արդէն լաւ պատկերացում ունին այն մասին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման տեսանկիւնէ քիւրտերը ինչ դեր ունեցած են», «Մեդիամաքս»ին պատմած է Վերճիհան Զիֆլիօղլու:
Արեւելեան Անատոլիոյ մէջ հեղինակը հանդիպած է նաեւ Ցեղասպանութեան ականատես դարձած համիտեան զինուորներու, որոնց յանձնարարուած էր մասնակցիլ հայերու ոչնչացման ծրագիրին: Հեղինակը հանդիպած եւ զրուցած է անոնցմէ մէկուն՝ 120 տարեկան Մեհմետ Էսենի հետ, որ հրաժարած էր մասնակցելէ հայերու կոտորածներուն՝ փոխարէնը փրկելով քանի մը հայ ընտանիք: Գիրքին մէջ Վերճիհանը կը ներկայացնէ իր զրոյցը համիտեան զինուորին հետ:
«Գիրքը հրատարակուած է թրքերէն լեզուով, քանի որ նախատեսուած է առաջին հերթին Սթամպուլի հայութեան համար, որ այսօր, ցաւօք, լաւ չի տիրապետեր հայերէնին, ինչպէս նաեւ թուրքերու լայն զանգուածին համար: Ես քաղաքական գործիչ չեմ: Ես լրագրող եմ, գրող, եւ իմ ընելիքս կ՛առնչուի ոչ թէ պետութիւններուն, այլ հասարակութիւններուն», պատմած է լրագրողը:
Անոր խօսքով՝ գիրք գրելու իր նպատակը երկխօսութեան նպաստելը չէ եղած:
«Այդ իմ գործս չէ: Իմ առաքելութիւնս է լրացնել, փորձել լուծել իմ ժողովուրդին բաժին հասած գլուխկոտրուկը: Ես փորձած եմ պատմել անոնց հարիւրամեայ քաւարանի պատմութիւնը», ըսած է Վերճիհան Զիֆլիօղլու:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին՝ Թուրքիա ծնած եւ հոն բնակող հայազգի լրագրողը նկատած է, որ այս իրավիակին մեջ չի հաւատար «երկխօսութիւն», «կամուրջ» բառերուն: Անոր համոզումով՝ թրքական հասարակութեան շրջանին մեջ որոշ փոփոխութիւններ կը նկատուին Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալման առումով, սակայն «հայ» բառը դեռեւս կը շարունակուի որոշ իմաստով որպէս վիրաւորական արտայայտութիւն օգտագործուիլ թուրք շրջանակներուն քով:
Բայց Վերճիհան Զիֆլիօղլու լիայոյս է, թէ «բաներ կրնան փոխուիլ, բայց ոչ շուտ»:

«Մեդիամաքս»

Արա Գէորգեան Ներկայացուց «Remember» Եւ «Կանք Ու Կը Լինենք» Տեսահոլովակները

$
0
0

 

1027arakevorkian
ԵՐԵՒԱՆ.– «Սեւ Ապրիլ» նախագիծի առաջին տեսահոլովակները, որոնք կը կրեն «Remember» եւ «Կանք ու կը լինենք» խորագիրները, 26 Հոկտեմբերին Մոսկուա շարժապատկերի սրահին մէջ ներկայացուեցան հայ հանդիսատեսին: Երգերու երաժշտութեան հեղինակն է Արա Գէորգեան, հայերէն խօսքերու հեղինակը՝ Լեւոն Բլբուլեան, անգլերէն տարբերակինը՝ ամերիկացի երգիչ Տանիէլ Տեքըր, որուն այս տարի տրուեցաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արա Գէորգեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ինք անպայման պէտք է աշխատանք մը ներկայացնէր: Իսկ երգը պատրաստուած էր, ինք ձեռնամուխ կ՛ըլլար նաեւ երգի ձայնագրման աշխատանքներուն՝ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին եւ Ազգային ակադեմական երգչախումբին հետ: Երգի ձայնագրութեան մասնակցած են նաեւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրին մէջ Սփիւռքէն Հայաստան եկած տասնեակ երգչախումբեր, որոնք եւս մաս կազմած են նկարահանումներուն։
Շուրջ 700 անձերու մասնակցութեամբ տեսահոլովակի նկարահանումը տեղի ունեցած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ՝ Վահան Սէթոյեանի բեմադրութեամբ: Նշենք, որ երգի անգլերէն տարբերակին մէջ չափ կու տայ Յովհաննէս Չէքիճեանը, իսկ հայերէն տարբերակին մէջ՝ Էդուարդ Թօփչեանը:
Արա Գէորգեան զրոյցին աւարտին յոյս յայտնած է նաեւ, որ այս ճնշումներէն ետք օր մը Թուրքիան ուշքի կու գայ եւ կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Գոհար» Երգչախումբի Համերգները Ուղղակի Պիտի Սփռուին

$
0
0

0000Kohar
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Գոհար» երգչախումբի 4 համերգներ պիտի կայանան Պէյրութի մէջ, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29էն մինչեւ Կիրակի Նոյեմբեր 1, երեկոյեան ժամը 8:30ին (Լոս Անճելըսի ժամով՝ առաւօտեան ժամը 11:30ին), եւ ուղղակի եթերով պիտի սփռուին Հայաստանի «Հ-1» կայանէն:
Հոկտեմբեր 31ի եւ Նոյեմբեր 1ի համերգները ուղղակի պիտի սփռուին նաեւ համացանցով՝ http://koharblog.com/kohar-live-concerts-near-you կայքէջէն կամ www.live.koharconcert.com կայքէն։

Գնդեվանք. Մոռացուած Գանձ

$
0
0

 

1030kentevank1 1030kentevank
Գնդեվանք համալիրը թէեւ հեռու չէ Հայաստան-Իրան միջպետական ճանապարհից, առանձնայատուկ ճանաչում չի վայելում զբօսաշրջիկների շրջանում։
Հայաստանի հնագոյն վանքերից մէկը համարուող Գնդեվանքը գտնւում է բլրի գագաթին: Վանքը 10րդ դարում հիմնել է իշխանուհի Սոֆիա Օրբելեանը: Եկեղեցում հոգեւորական է նշանակւում տէր Սարգիսը, իսկ շինարարութիւնը ղեկավարում է Եղիշէ նկարիչը: Վանքը կոչւում է ամբողջ շրջանում մեծ յարգանք վայելող ուխտաւորի՝ Սուփան Գնդունու անունով:
Երեւանից մեկնելիս Գնդեվանքը գտնւում է զբօսաշրջիկների եւ ճանապարհորդների հիմնական ուխտավայր հանդիսացող Նորավանքից մի քանի տասնեակ կիլոմետր առաջ: Նորավանքն ու նրա շրջակայքն իսկապէս գեղեցիկ են ու լայնօրէն գովազդուած: Փոխարէնը՝ գեղատեսիլ տարածքում չզիջող Գնդեվանքի մասին աւելի քիչ է յայտնի:
Հաւանաբար, հիմնական պատճառներից մէկը ճանապարհի բացակայութիւնն է: Միակը՝ դէպի æերմուկ տանող հին, բայց շատ գեղեցիկ ճանապարհն է: «Որսն արգելւում է» գրութիւնն անցորդին յիշեցնում է, որ նա հատում է Խոսրովի անտառ-արգելոցի սահմանը:
Ճանապարհը կառուցուել է անցեալ դարի կէսերին եւ, դատելով դրա վիճակից, դրանից յետոյ երբեւէ չի վերանորոգուել: Սովորական մեքենայով այդ ճանապարհով անցնել խորհուրդ չի տրւում:
Յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները՝ ճանապարհորդը կը պարգեւատրուի լերան եւ ձորի, հին վանքի հիասքանչ տեսարանով, խաղաղութեան եւ հանդարտ երջանկութեան զգացողութեամբ:
Եկեղեցու հոգեւոր հովիւ տէր Գրիգորի հետ զրոյցից պարզ է դառնում, որ Գնդեվանքում ուխտաւորներ շատ են լինում, նաեւ զբօսաշրջիկներ են գալիս: «Եւ գիտի, նա կը գայ», ժպտալով ասում է տէր Գրիգորը:
Իրականում միայն ճանապարհը չէ, որ նորոգման կարիք ունի: Վանքը նոյնպէս վերանորոգման աշխատանքների կարիք ունի:
Ս. Ստեփանոս եկեղեցին այստեղ կառուցուել է 931-936 թուականներին: Եկեղեցին ներսում զարդարուած է եղել որմնանկարներով, որոնցից խորանի պատին պահպանուել է Քրիստոսի պատկերի մի մասը միայն: Սոֆիա իշխանուհին հանդիսաւորութեամբ տօնել է շինարարութեան աւարտը եւ եկեղեցու արեւմտեան պատին թողել գրութիւն. «Վայոց Ձորն առանց քարի մատանի էր, ես պատրաստեցի այն եւ որպէս թանկարժէք քար՝ դրեցի մատանու վրայ»: 1604 թուականին պարսից շահ Աբբասը կործանել է Գնդեվանքը: 1691 թուականին էլ Պետրոս վարդապետը վերականգնել է եկեղեցին, վանքը պատով ու աշտարակներով շրջապատել:
Գնդեվանքում բուռն մշակութային եւ գիտական կեանք է գոյութիւն ունեցել: Վանքի բակում 10-16րդ դարերի շիրմաքարեր եւ խաչքարեր կան:

NEWS.am

Մէ՛կ Բան Միայն Կարգ Չունի

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
ChurchԿարգ ու կանոնի հասկացողութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհի ամէնէն կարեւոր երեւոյթն է: Հասարակական կամ ընկերային կեանքի առաջին պայմանները կը սկսին կարգ ու կանոնի ըմբռնումէն: Հոն, ուր կարգ կանոն չկայ, հաւաքական թէ անհատական մարդկային կեանքը կը դառնայ քաոս, ուրկէ խոյս կ՛ուզեն տալ անոնք, որոնք արժանապատիւ կեանքով ապրելու երազը ունին իրենց սիրտին մէջ:
Ընկերաբանութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անցեալ դարերու ընթացքին, ինչքան ալ հաւասարութեան քարոզներ կարդացուած են մարդկութեան գլխուն, ինչքան ալ համայնավարական կարգեր հաստատուած են, դարձեալ մարդկային ընկերութեան կեանքէն խաւեր ու դասակարգեր անպակաս եղած են: Այդ դասակարգերը՝ պաշտօնապէս ընդունուած կամ անպաշտօն ըմբռնուած, սակայն բոլորն ալ գոյութիւն ունեցած են, եւ նոյնիսկ, որոշ չափով, այսօր ալ գոյութիւն ունի՛ն, ուզենք կամ չուզենք: Հարուստի ու աղքատի եւ մեծի ու փոքրի տարբերութենէն բացի, անպաշտօն ըմբռնուածներն են՝ գեղեցիկի ու տգեղի, ուսեալի եւ անուսի, քաղաքացիի եւ գիւղացիի, ինչպէս նաեւ նման կարգ մը բացայայտ տարբերութիւններ:
Երրորդ աշխարհեան երկիրներու ղեկավար տարրի ձեռքերուն մէջ տակաւին իբրեւ «զէնք» օգտագործուող երեւոյթ է կարգ կանոնի քմահաճ խախտումը: Անոնք ամէն իրաւունք իրենց վերապահելու մենաշնորհը ունին: Տկարը ճզմելու, անզօրը սպաննելու, անզէնը կալանաւորելու եւ նոյնիսկ գերի՛ն ստրկացնելու «քաջագործութիւններ»ը, այս անձերուն մասնագիտութիւնները կը համարուին: Աշխարհը երբեմն ականատես կը դառնայ, թէ ինչպէս բռնատէրեր կը կորսնցնեն անձեռնմխելիութեան իրաւունքը, զոր առանց նախապայմաններու շահած կամ իրենց նախնիներէն ժառանգած ըլլալ կը խորհէին: Անձեռնմխելիութիւնը եւ անպատժելիութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհի օրինագիրքէն դուրս կը մնան անկասկած, այլապէս մարդկային իրաւանց պաշտպան որեւէ քաղաքակիրթ երկիր կամ հաւաքականութիւն ամէնէն մեծ խախտումը կատարած կ՛ըլլայ: Ի՞նչ իմաստ ունի համաերկրացիներու եւ համաքաղաքացիներու միջեւ հաւասարութեան սկզ-բունք հռչակել, երբ երկրի որոշ խաւերուն համար օրէնք գոյութիւն չունի, կամ՝ որեւէ օրէնք ըստ կամս եւ ըստ հաճոյս փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ ու օրէնքի դիմաց կանչուած մարդուն կացութեան կրնայ «յարմարցուիլ»… Այդ երկիրը կը դադրի այլեւս օրէնք ունեցող երկիր ըլլալէ ու կը դառնայ բռնատիրական համակարգ, որուն ստիպողաբար կ՛ենթարկուի մեծ զանգուածը, իսկ որոշ խաւ մը դուրս կը մնայ որեւէ օրէնքի ենթակայութենէն:
Ամէն մարդ Աստուծոյ աչքին հաւասար է: Այս կը սորվեցնէ կրօնքը, ու մանաւանդ քրիստոնէութիւնը, որ հին կրօններուն եւ երբեմն ապրող կրօններէ ոմանց կողմէ քարոզուող, նոյնիսկ սեռերու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները չէզոքացուցած է հիմնովին: Փրկութեան խնդիրին դիմաց ո՛չ արուի եւ էգի տարբերութիւն կը դնէ քրիստոնէութիւնը՝ եւ ո՛չ ալ՝ հրեայի եւ հեթանոսի: Մկրտութեամբ Աստուծոյ որդեգիր դառնալու շնորհքին արժանացած մարդուն համար, այլեւս մնացեալ տարբերութիւնները արժէք չեն ունենար (Հմմտ Գղ 3.27-29): Ուրեմն, Աստուծոյ աչքին սեւ ու սպիտակ, դեղին ու կարմիր, հարուստ ու աղքատ, գեր ու նիհար, տգեղ ու գեղեցիկ մարդիկ չկան, այլ համահաւասար հոգիներ միայն: Այս իմաստով յաճախ ըսուած է, թէ հոգեկան գեղեցկութիւն եւս գոյութիւն ունի, հակառակ անոր, որ հոգին աննիւթեղէն իրականութիւն է: Երբեմն արտաքնապէս շատ տգեղ ու տխեղծ մարդիկ, այնքա՜ն «գեղեցիկ» հոգի կ՛ունենան իրենց ներսիդին, որուն գեղեցկութիւնը կ՛արտացոլայ անոնց ծառայական կեանքի հայելիին ընդմէջէն…
Մարդկութեան միջեւ ցանկալի հաւասարութիւնը, ուրեմն, կը հաւասարակշռուի ներքին եւ արտաքին գեղեցկութիւններով եւ մանաւանդ այն իրողութեամբ, որ ո՛չ մէկ մարդ կրնայ արդարանալ Աստուծոյ աչքին: Հաւասարութիւնը Աստուած ի՛նք կը պահպանէ մարդկութեան միջեւ, մէկուն խելք, միւսին՝ դրամ, երրորդին՝ ֆիզիքական գեղեցկութիւն, չորրորդին՝ հոգեկան բարձրութիւն եւ այլ շնորհքներ պարգեւելով: Ո՛չ ոք ինք իր անձը զրկեալ համարելու իրաւունք ունի, որովհետեւ արդարացի չի՛ կրնար ըլլալ իր այդ մտածումը, այլ՝ չափազանց հիւանդագին:
Արեւմտեան քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ յաճախ երեւցող ու օրինակելի երեւոյթներէն է հերթի կանգնիլը, կամ՝ որեւէ հանրային հիմնարկութեան մէջ կարգ պահելը: Նման վայրերու մէջ կանգնած հսկիչներն ու կարգի պահպանման ուշադրութիւն դարձնող պատասխանատուները, յաճախ ձանձրոյթէ կը տառապին ու յօրանջելով կը սպասեն իրենց աշխատանքային ժամի աւարտին: Մինչ նոյն բաժինի պաշտօնեաներ, նոյնիսկ զինուած ոստիկաններ, Արեւելեան երկիրներու մէջ, ամէն վայրկեան խիստ հսկողութիւն կը կատարեն, կը վիճաբանին հերթի կանգնողներուն հետ, երբեմն բռնի ուժ կը գործադրեն կարգը խախտողներուն դէմ: Հեգնական ու ծիծաղելի երեւոյթը այն է, որ հերթին հսկողները յաճախ իրե՛նք կը խախտեն կարգը, գաղտնաբար իրենց ծանօթները տեղափոխելով երկա՜ր հերթին ամէնէն առջեւի գիծը… Ոմանք զուր տեղ կը համարձակին բարձրաձայն «Այստեղ կա՛րգ կայ» ըսել, որովհետեւ օրէնքը պահպանելու կոչուած անձը, որ այդ պահուն օրէնքը կը խախտէ, երրորդ աշխարհեան երկիրներուն մէջ ինք իր անձը կը նկատէ նաեւ նոյն օրէնքին օրէնսդիրը…
Անարդարութիւններու պարագային ոմանք բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն կը սկսին՝ «Քո՛ւ ալ կարգդ կու գայ», «Կարգը քեզի՛ ալ կը հասնի», «Դո՛ւն ալ կարգի կը մտնես» յարձակողական ու միաժամանակ իրենց իրաւազրկուած անձին համար մխիթարական խօսքեր ըսելու բարձրաձայն, իրենցմէ իրաւունք խլող մարդուն երեսին:
Մինչեւ հիմա բազմաթի՜ւ անգամներ կեանքը ներկայացուած է անիւի պատկերով, որ անընդհատ կը դառնայ: Այսինքն, այսօր եթէ քո՛ւ օրն է, վաղը իմս պիտի ըլլայ, միւս օրը՝ անորը: Եւ այսպէս, միշտ պիտի փոխուի հերթը մարդկային կեանքի: Առիթները եւս նոյն իրավիճակը կը պարզեն: Չկայ մարդ, որ յանդգնի ըսել, թէ իրեն առիթ չէ՛ ներկայացած այս կեանքին մէջ յաջողելու: Թերեւս ի՛նք տեղեակ չէ եղած այդ առիթին իրեն մօտեցած ըլլալէն, ու առանց իր գիտնալուն այդ առիթը եկած ու անցած է: Սակայն եկա՛ծ է, այդ առիթը իրեն տրուա՛ծ է: Ուրեմն, կեանքին անիւը դառնալով, իրեն ալ բախտ եղած է յաջողելու, սակայն ինք անտեղեակ եղած է: Ափսո՜ս…
Ալեհեր փորձառու բարեկամս այս մասին յաճախ կ՛ըսէր.
_ Մէ՛կ բան միայն կարգ չունի… մահը:
Իրաւունք ունէր ան, որովհետեւ մահուան հերթագրուած բազմաթիւ անձերուն մէջէն ընտրութիւնը որո՞ւն պիտի ըլլայ, կամ որո՞ւն կեանքին դուռը պիտի թակեն այդ օր, ո՛չ ոք գիտէ: Մահը հերթ չի՛ ճանչնար: Անիկա շարքի մէջ կեցած բազմաթիւ մարդոցմէ կրնայ ոեւէ մէկը ընտրել, առանց նայելու թէ շարքին ամէնէն առջեւը ո՛վ կանգնած է: Իրենց մահուան սնարին մէջ կռնակի վրայ փռուած մարդիկ, որոնց սեւեռաբիբ աչքերուն մէջ մահէն բացի այլ պատկեր կարելի չ՛ըլլար տեսնել, երբ իմանան իրենց հարազատներէն երիտասարդի մը մահը, խոր ցաւով կը հառաչեն՝ ըսելով. «Կարգը իմս էր…»: Իրենց հաշուով, այո՛, սակայն միակ ա՛յս է, որ կեանքի մէջ հերթ չունի:
Անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող մը զարմացուցած էր իր բժիշկին, որ քննելէ ետք հիւանդին, մահուան վերջնագիրը տուած էր: Սակայն հիւանդը դեռ ողջ էր եւ իր բախտակից հիւանդներէն շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ: Իսկ բժիշկը կ՛ըսէր, թէ նման հիւանդութիւն ունեցողներ քանի մը շաբաթուան մէջ արդէն հանդերձեալ կեանք կը տեղափոխուին… Ուրեմն, գիտութիւնն ալ չի՛ կրնար հերթագրել մահուան կարաւանին ճամբորդները, ո՛չ ալ անոր գնացքին տոմսակները կրնայ համարակալել, ինչքան ալ «ճամբորդելու» պատրաստ անձեր գտնուին «կայարան»ին մէջ:
Մահը կարգ չի՛ ճանչնար, ո՛չ ալ հանգամանք ու իշխանութիւն: Անիկա մեր չակնկալած պահուն, ամէն կարգ ու կանոն խախտելով, ամէն հերթ ու հերթականութիւն անտեսելով, յանկարծ մեզի կը հասնի…

«Յանուն Արմինէի Սիրոյ». Հնդիկ Հեղինակն Ասում Է, Որ Իր Նոր Գիրքը Յարգանքի Տուրք Է Հայոց Ցեղասպանութեան Անմեղ Զոհերի Յիշատակին

$
0
0

ԳԱՅԻԱՆԷ ՄԿՐՏՉԵԱՆ

1029abi

Աբի Ալեքսանդրի «Յանուն Արմինէի Սիրոյ» նոր գիրքը, որը ներկայացնում է հայուհի Արմինէի եւ հնդիկ երիտասարդ Կիւրակոսի սիրոյ պատմութիւնը, յարգանքի տուրք է Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 մլն. անմեղ զոհերի յիշատակին եւ Եղեռնի 100րդ տարելիցին:
Գրքի հեղինակը խոստովանում է. վաղուց էր ցանկանում գրել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, սակայն նպատակն էր, որ այն չլինէր վաւերագրական կամ փաստերի շարադրման տեսքով:
«Փորձեցի այնպէս գրել, որ Եղեռնը հասկանալի ձեւով մօտենար ընթերցողին, առանց չափազանց ակնյայտ լինելու: Գրքի իրադարձութիւնները տեղի են ունենում 1970ականներին եւ 2005ին, սակայն գրքի ամբողջ ընթացքը նուիրուած է Եղեռնին, արծարծում է այն, ինչ եղել է 100 տարի առաջ», ասում է Աբի Ալեքսանդրը: «Գիրքը գրելիս նպատակս երկակի էր՝ ցոյց տալ Սփիւռքի հայ երիտասարդութեանը, թէ ինչ տառապանքի միջով են անցել իրենց նախնիները եւ, վերջապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկել նաեւ ոչ հայ ընթերցողին»:
Երիտասարդ զոյգի սիրոյ պատմութեան շուրջ իրար են շաղկապւում հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ հայ ժողովրդի ձեւաւորումից մինչեւ հարիւր տարի առաջ օսմանեան թուրքերի իրականացրած ցեղասպանութիւնը: Գործողութիւնները ծաւալւում են Հնդկաստանի հարաւային Կերալա նահանգում, որը ողջ աշխարհում յայտնի է բարձր պահանջարկ վայելող տարատեսակ համեմունքների արտադրութեամբ: Գրողը ներկայացնում է Կերալայում ապրող հայերին, ովքեր Եղեռնից հրաշքով փրկուելով ու բնակութիւն հաստատելով նոր վայրում՝ հիմնում են Նոր Գառնի բնակավայրը եւ զբաղւում առեւտրով:
Աբի Ալեքսանդրն ասում է, թէ որ երկրում էլ լինի, փորձում է գտնել տեղի հայկական եկեղեցին, այցելում է, ուսումնասիրում:
«Հայկական Սփիւռքը ինքնատիպ ու իւրայատուկ է: Նրանք յարմարւում են միջավայրին՝ երբեք չկորցնելով իրենց ինքնութիւնը: Եւ հէնց Սփիւռքը իմ գրքի գլխաւոր թեման է, ես ներկայացնում եմ հայկական այն փոքր համայնքը, որը ինչպէս եւ աշխարհով մէկ սփռուած բազմաթիւ այլ հայ համայնքներ, ձգտում է պահպանել իր ազգային աւանդոյթները, մշակոյթը, լեզուն եւ ամենակարեւորը՝ հաւատն առ Հայ Առաքելական եկեղեցին», նշում է Ալեքսանդրը:
Մասնագիտութեամբ ֆինանսիստ Աբի Ալեքսանդրը աշխատել է աշխարհի տարբեր երկրներում՝ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւնների զարգացման ծրագրերում: Ազգութեամբ հնդիկ է, ապրում է եւ աշխատում ԱՄՆում: Իրեն գրող չի համարում, սակայն «Յանուն Արմինէի Սիրոյ» վէպը նրա հինգերորդ գիրքն է:
Հայաստանի մասին առաջին անգամ տեղեկանում է 2005ին Կիպրոսում, որտեղ մասնակցում էր «Վորլդ Վիժըն»ի կազմակերպած դասընթացներին:
«Առաջին անգամ հայերի եմ հանդիպել ու իմացել Հայաստանի մասին հէնց այդ ժամանակ:
Մէկ օր երեկոյեան խումբն ուղեւորուեց Կիպրոսի թուրքական կողմը, որտեղ եւ սահմանի վրայ խնդիր ծագեց մեր խմբի երկու հայ կանանց եւ սահմանապահների միջեւ, ովքեր կանանց թոյլ չտուեցին անցնել սահմանը: Յաջորդ օրը նրանք ինձ պատմեցին Հայաստանի, հայերի ու այն ամէնի մասին, ինչը կապուած է այս հրաշալի երկրի հետ», ասում է Ալեքսանդրը: «Առաջին անգամ Հայաստան եմ եկել 2006 թուականին ու հէնց առաջին իսկ պահից, երբ իջել եմ ինքնաթիռից, ես էլ չգիտեմ ինչու, սիրահարուել եմ այս երկրին»:
«Արմինէի Սիրոյ Համար» գիրքը հրատարակուել է երեք լեզուով՝ հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն: Անգլերէն եւ հայերէն տարբերակները արդէն առցանց վաճառքում են:

ԳԱՅԻԱՆԷ ՄԿՐՏՉԵԱՆ, «Արմինիա Նաու»ի Թղթակից


Վահէ Աբելեանէն Եռահատոր Մը. THE WAY WE WERE, THE WAY WE ARE

$
0
0

1029vaheapelian

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ի ծնէ պէյրութցի, ժառանգութեամբ քեսապցի, իսկ վերջին տասնամեակներուն Օհայոյի բնակիչ Վահէ Աբելեան վերջերս եռահատորով մը ընթերցողին տրամադրութեան տակ դրաւ իր շարք մը գրութիւններն ու թարգմանութիւնները, որոնց մեծ մասը շուրջ հինգ տարիներու վրայ լոյս տեսած են «Գեղարդ» կայքէջին վրայ, առաւելաբար անգլերէնով։
Հակառակ այն իրողութեան, որ համակարգչային էջերը՝ կայքէջեր եւ գրաւոր արտայայտութեան ու լուսանկարներու-ժապաւէններու փոխանակման արդի միջոցները կը յաւակնին նսեմացուցած ըլլալ գիրք-արժէքը, այսուհանդերձ, Պէյրութի օրերէս՝ «Զաւարեանական» ընկերոջս՝ Վահէին այս նախաձեռնութիւնը լուռ պատգամ եւ անուղղակի խոստովանութիւն է, որ համակարգիչին ստեղծած գրաւչութիւնը մնայուն եւ շօշափելի աւանդ չի ստեղծեր, այլ գիրքը կը պահպանէ անկորնչելիութեան իր հանգամանքը։ Այլապէս, հեղինակ մը ինչո՞ւ պիտի դիմէր գրածները հատորներու մէջ հաւաքագրելու եւ լոյս ընծայելու միջոցին…
Բաւական խնամուած մատուցումով ներկայացող երեք հատորները կ՛ընդգրկեն ընդամէնը 640 էջ։ Հեղինակը նիւթերը դասաւորած է ներքին տրամաբանութեամբ մը, եւ ոչ թէ լոյս ընծայման ժամանակագրութեամբ։ Իսկ դասաւորման տրամաբանութեան հաղորդակից դառնալու համար, անհրաժեշտ է ընթերցել հատորները, որոնց մասին սեղմ ուրուագիծ մըն են այս տողերը։
Առաջին հատորին էութիւնը բնութագրուած է ենթախորագիրով մը, որ կը թարգմանի մօտաւորապէս՝ «Գունագեղ պատմութիւններու հաւաքածոյ մը աւանդներէ»։ Հեղինակը իր գրիչը կը միացնէ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ ըրած են հին Քեսապը վերապրեցնելու իրենց գրական գործերուն մէջ, անոնք ըլլան վաւերագրական թէ գրական ստեղծագործութիւններ։ 26 գլուխներու մէջ ու լուսանկարներու ընկերակցութեամբ, Վահէ Աբելեան կը վերադառնայ իր մանկութեան ու պատանութեան օրերուն, յիշատակներ կը պատմէ Քեսապէն ու մանաւանդ անոր Քէօրքիւնէ գիւղէն, ուրկէ եկած են իր ծնողներն ու հարազատները։ Քեսապեան պատկերներ, աւանդութիւններ, նշանաւոր դէմքեր, պատմական ու կոթողական կառոյցներ, իւրայատուկ բոյսեր եւ տոհմիկ սովորութիւններ կը տողանցեն Վահէի գրիչին տակ, ընթերցողը համակելով արդէն իսկ պատմութեան անցած մթնոլորտով մը, որ աւելի քան տարի մը առաջ յաւելեալ հարուած մըն ալ ստացաւ թրքաբարոյ նորագոյն յելուզակութեան հետեւանքով։ Վահէի էջերը չեն սահմանափակուիր լոկ իր ապրած ժամանակաշրջանով, այլ յաճախ կ՛երթան աւելի քան 100 տարի ետ, «կը մէջբերեն» 19րդ դարու վերջերու եւ 20րդ դարու աղէտալի դէպքերն ու քեսապցիներու վերապրումի դրուագները, որոնց նորագոյն էջերը կը կազմուին այս օրերուն, աւերուած ու խոշտանգուած հայաւանին վերականգնումի երթով…
Երկրորդ հատորը երկլեզու է, կը բովանդակէ յօդուածներ՝ անձնական տպաւորութիւններ ու խորհրդածութիւններ բովանդակող գրութիւններ։ Անոնք արտացոլացումն են հայութեան արժէքներուն հետ Վահէի «հանդիպումներուն», որոնցմէ մաս մը իրական տեսակցութիւններ են, իսկ ուրիշներ՝ մեր գրաւոր մշակոյթին ճամբով իւրացուած էջեր։ Հատորը կը բացուի Դանիէլ Վարուժանի հետ հեղինակին հաղորդակցութեամբ (այս ու նմանօրինակ գրութիւններու ճամբով, Վահէ յայտնապէս ճիգ ըրած է ոչ-հայ ընթերցողին ծանօթացնելու հայ ականաւոր դէմքեր ու ներկայացնել իր արժեւորումները)։ Հատորին մէջ տեղ ունին Պետրոս Ալահայտոյեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Սիամանթոյի, Շահնուրի նման դէմքեր, ժամանակակից ազգային գործիչներ եւ մտաւորականներ, սակայն նաեւ մեր ազատագրական պայքարի օրերէն հերոսներ, ինչպէս Սպաղանաց Մակարն ու ֆետայի Շաքէն։ Անոնց կողքին, տեղ գրաւած են նաեւ Ցեղասպանութեան օրերու արդարամիտ թուրք մը, Քեսապի առաջին միասիոնարներէն պատուելի Կուտըլ եւ ուրիշներ։ Հատորի վերջին էջերուն կան Վահէէն հայերէնով երկու գրութիւններ, որոնց կը հետեւին իր մօր՝ բազմավաստակ ուսուցչուհի Զուարթ Աբելեանի գրիչով հայերէն երեք գրութիւններ։
Երրորդ հատորին մէջ համախմբուած են թարգմանական գրութիւններ՝ կատարուած տարբեր գրողներու կամ նոյնինքն՝ Վահէին կողմէ։ Փունջը կազմուած է Րաֆֆիի, Զօհրապի, Ս. Վրացեանի, Շ. Միսաքեանի, Ա. Ծառուկեանի, Մ. Իշխանի, Զ. Խանճեանի, Գէորգ Ճորճ Աբելեանի, Զ. Մսրլեանի եւ նման գրողներու ու մտաւորականներու գրական ժառանգութենէն եւ ուսումնասիրութիւններէն քաղուած էջերով։ Տեղ ունի նաեւ Հալէպի ապրած ողբերգութիւնն ու անոր շքեղ անցեալը։ Եւ ոչ միայն ասոնք…
Հատորներուն բովանդակութեան հաղորդ դարձող ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, որ Վահէ Աբելեան գրական ստեղծագործութիւն կատարելու յաւակնութեամբ ճամբայ չէ ելած, սակայն նաեւ չէ բաւականացած լոկ յուշերու, փորձառութիւններու, տպաւորութիւններու եւ խորհրդածութիւններու սոսկական պատումով, այլ կատարած է պրպտումներ, այսինքն՝ մտաւորական որոշ աշխատանք, արձանագրած է իր տեսակէտներն ու խորհրդածութիւնները, որոնք կրնան յաւելեալ մտածումի մղել ընթերցողը։
Ըստ ամենայնի, եռահատորը խղճի պարտք մըն է, մատուցուած՝ ծնողներու եւ նախնիներու ծննդավայրին, հայկական աշխարհի անցեալի ու ժամանակակից արժէքներու, ժառանգութիւններու, որոնք այս երեք հատորներով ընթերցողին կը ներկայանան հաղորդական, դիւրին ընթեռնելի, երբեմն թեթեւ զուարթախոհութեամբ համեմուած, բայց համակող մթնոլորտի մէջ։ Իսկ կողքին վրայ տեղ գրաւած լուսանկարներու շարքերը մէկ փոքր հայելին են բովանդակութեան։

Զ. Մ. Որբունիի Վերջին Այցը Նիկողոս Սարաֆեանին

$
0
0

ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

 

0815arakazanjian_Page_4Յետ պատերազմեան ֆրանսահայ գաղութի գրական վաստակին մասին կարելի չէ խօսիլ, առանց անոր դերակատարներէն՝ Վազգէն Շուշանեանի, Շահան Շահնուրի, Շաւարշ Նարդունիի, Բիւզանդ Թօփալեանի, Գրիգոր Ճիզմէճեանի, Ահարոն Տատուրեանի,  Յարութիւն Կոստանդեանի կամ իրենց նման տակաւին շարք մը ուրիշներու, կամ առհասարակ  «Մենք»ի ազդեցութեամբ, ձեւով մը նոր գրական ուղղութիւն մը մէջտեղ բերած այն «հարստութեան» մասին, որ շուրջ յիսուն տարիներ, կը սահմանէր սփիւռքահայ գրականութիւնը: Պոլիսը կարելի չէ ներառնել այս յօդուածին մէջ: Պոլիսը բոլորովին ուրիշ նիւթ է իր եզակի յատկութեամբ. այդ մէկը կարելի է ներկայացնել առանձին յօդուածով մը միայն: Ֆրանսահայ գաղութի կողքին, նոյնքան բեղուն էին Լիբանանն ու Սուրիան, որոնք միասնաբար  իրենց ներդրումը ունեցան հայ գրականութեան հարուստ աւանդին, որ սակայն այսօր բոլորովին ուրիշ պատկեր մը կը պարզէ: Ֆրանսահայ գաղութի վերջին երեսնամեակի սերունդէն մնացած է միայն Գրիգոր Պլըտեան. չկան Կարօ Փոլատեանն ու Զուլալ Գազանճեանը: Լիբանանը բոլորովին տարբեր պատկեր կը ներկայացնէ, քանի որ հոն ալ այլեւս չկան Մուշեղ Իշխանը, Եդուարդ Պոյաճեանը, Պօղոս Սնապեանը եւ վերջերս մահացած՝ Սարգիս Կիրակոսեանը, բայց Լիբանանը իր պատմութեան տեւողութեան, միշտ նորեր հասցուցած է: Այսօր Ֆրանսայի, Սուրիոյ կամ այլ աւանդական գաղութներու կողքին կայ Ամերիկան, որ վերջին երեսուն տարիներու միջինարեւելեան գաղութներէն գաղթած սերունդի մը ապաստանարանը ըլլալով, կը շարունակէ որոշ չափով իր ազդեցութիւնը ունենալ հայ գրականութեան վրայ:

1106vorpouni2 copy

Զարեհ Մ. Որբունի

Սակայն այս յօդուածին բուն նպատակը «Մենք»ի սերունդէն երկու այլ հսկաներու մասին է՝ Զարեհ Որբունիի եւ Նիկողոս Սարաֆեանի: Որբունի իր վէպերով, իսկ Սարաֆեան ալ իր բանաստեղծական վաստակով մեծ բան տուած են հայ գրականութեան: Անոնք նոյնպէս իրենց բարեկամութիւնը պահած են մինչեւ Սարաֆեանի մահը:

Սարաֆեանի մահուան գիշերը՝ իր տիկնոջ հեռաձայնին վրայ, Որբունի փութացած է հիւանդանոց իր վերջին այցելութիւնը տալու, որուն կ՛ակնարկէ իր այս օրագիրը: Իբրեւ պատմական կարեւոր իրադրութիւն, ստորեւ կը ներկայացնեմ այդ օրագիրը, ուր ցաւալի է կարդալ, թէ ինչպէս մահուան սեմին՝ Սարաֆեան իր կնոջմէ խնդրած է Որբունին իր քով կանչել, որ ըստ այս վերջինին, կը վերաբերէր Սարաֆեանի գրական վաստակին: Սակայն դժբախտաբար կինը «չէ ուզած անհանգստացնել» Որբունին, որուն հետեւանքով պակաս մը կամ բաց մը մնացած է այդ աւանդին ուղղութեամբ:

Ահաւասիկ Որբունիի ստորագրած օրագիրը, Սարաֆեանի մահը օրուան իրադարձութիւնները նկարագրող:

ՕՐԱԳԻՐրագիր

ՓԱՐԻԶ 16-12, 1972

Նիկողոսին Ժպիտը

 

Ժամը տասնըմէկի ատենները հեռախօսը թնդաց.

– Պարոն Որբունի… սա… սա…

Յանկարծ ճանչցայ վիշտէն կակուղցած շրթունքներուն մէջ դժուարայայտ ազդու ձայնը, որ վերջապէս ամբողջացուց նախադասութիւնը:

Սարաֆեանը մեռաւ…

Արդէն ձայնը ճանչցած պահուս իսկ հասկցած էի, բայց մեքենաբար աղաղակեցի.

– Խենթ բաներ մի ըսէք, տիկի՛ն Սարաֆեան, անկարելի է…

Այո՛, Սարաֆեանը մեռած էր առտուան ժամը 2:30ին, Սենթ Անթուանի հիւանդանոցը: Այս ամէնը պատմեցին ինծի տիկին Սարաֆեանն ու աղջիկը՝ «հիւանդանոցի առջեւի անկիւնի սրճարանը», ուր հասայ ժամ մը վերջ:

Զարմանալիօրէն իր կեանքին վախճանը պիտի միանար ու նմանէր սկիզբին, այսինքն թափառական կեանք մը, յաւիտենական տարագրութեան մէջ, որ հիւսուածքն իսկ է իր բովանդակ բանաստեղծական արտադրութեան: Նաւ, ծով, շոգեկառքեր, նորէն ծով ու նոր երկիրներ օտարութեան մէջ, միշտ աւելի հեռուները տանելով զինքը անվերադարձ ճամբաներու մէջ:

Մահը եղաւ նոյնպէս թափառական՝ բուժարանէ բուժարան ու հիւանդանոց:

Մեզոն Ալֆորի տունը ծախուած ըլլալուն կարասիները Վենսենի տունը տարեր են, որ այնքան լեցուեր եւ խճողուեր է, կանգնելիք տեղ չէ մնացած: Ուզեր են հիւանդը բուժարան մը դնել քանի մը օրերու ընթացքին, աւելի իբրեւ հանգստարան, քան թէ բուժուելու համար: Ձմրան այս եղանակին բուժարանները լեցուն են եղեր: Ստիպուեր են հիւանդը տանիլ մէկ բուժարանէն միւսը,  մինչեւ որ Ժուանվիլ հատ մը գտեր են, բայց անկէ հաներ են հեռու ըլլալուն համար: Կայասիներու տեղափոխութեան եւ հիւանդին հսկել երթալ գալու դժուարութեան պատճառով զայն փոխադրեր են հիւանդանոց, իրենց աւելի մօտ: 14ին, Հինգշաբթի օր, հիւանդը դրեր են Սենթ Անթուան հիւանդանոցը: Այդ օր, օրուան ընթացքին Նիկողոսը ըսեր է կնոջը, որ ինծի իր քովը կանչեն, բայց տիկին Սարաֆեանը, իր խօսքով, չէ ուզած զիս անհանգստացնել:

1106vorpouni1 copy

Նիկողոս Սարաֆեան

Եթէ Նիկողոսը ինծի կանչած էր ատանկ պայմաններու տակ, անպայման նախազգացումէ մղուած էր: Զգացած ըլլալու էր, որ վերջին պահերը կը մօտենան ու հաւանաբար ըսելիքներ ունէր իր գրական ժառանգին շուրջ: Տիկին Սարաֆեանին ըսածին նայելով, Նիկողոսը վերջերս այրած էր իր ձեռագիրները, զանոնք գրեթէ իրենց կիսուն վերածելով: Նիկողոսը շատ նախանձախնդիր էր իր գրականութեան հանդէպ, քանի որ ժամանակ չէր մնացած զանոնք մշակելու կամ սրբագրութիւններ ընելու, լաւագոյնս համարած էր զանոնք ջնջել, հակառակ որ նախապէս ես ու իր կարգին Գրիգոր Պլըտեանը հրաւիրած էինք զինքը հրաժարիլ այդ տեսակ սխալ քայլ մը առնելէ:

– Տիկին Սարաֆեան,- ըսի սրճարանը, ուր կեդրոնատեղի հաստատած էինք եւ ուր յետոյ մեզի ընկերացան ընտանիքին միւս անդամները, այսինքն տիկին Սարաֆեանի քոյրը, աղջիկը եւ իր ամուսինը եւ պարոն մը, որ չհասկցայ թէ քրոջը ամուսի՞նն էր. «… Տիկին Սարաֆեան,- ըսի,- աղէկ չըրիք զիս չկանչելով: Մեղք… ինծի համար չեմ ըսեր մեղք բառը, իրեն համար է, որ վերջին անգամ խօսելու հարկը տեսած է այդ քիչ խօսող մարդը եւ խօսքը փորը մնաց, ինչպէս կ՛ըսեն: Եւ ատիկա ինծի տարօրինակ ցաւ մը կը պատճառէ, երբ մտածեմ, թէ անգամ մըն ալ պիտի չկրնայ ըսել այդ խօսքերը:

Ամբողջ օրը այդ գաղափարը ընկերացաւ միւս զբաղումներուս եւ մտազբաղումներուս:

Վերջապէս պէտք եղաւ զբաղիլ գործնական հարցերով: Երկու վշտահար կիները ի հարկէ անկարող էին, այնքան ընկճուած էին՝ յանկարծ արդէն որբ մնացած երեխաներու պէս:

– Պ. Որբունի, մենք բան չենք գիտեր, ձեր վրայ դրած ենք այս կարգադրութիւնները ընելու հոգը:

Բաժնուելէ առաջ ուզեցի վերջին այց մը տալ մեռելին: Անցանք մեռելատան կողմը: Սեւ վարագոյրներով կազմուած սենեակներ: Մես-մերկ սենեակներ: Քիչ վերջ այդ շարժական սենեակներէն մէկուն վարագոյրը բացուեցաւ: Ճիշդ մէջտեղը դրած էին բարձր կառքը, որուն վրայ պառկած էր Նիկողոսը այնպէս, իբրեւ թէ քնանար: Ամէն անգամ մեռելի մը համար նոյնը կ՛ըսեն՝ «Կարծես թէ կը քնանայ կոր», առանց խորհելու, որ իրապէս քուն է մահը, տեւական քուն, որմէ արթննալ չկայ այլեւս, բայց որ ահա պիտի խօսի ճիշդ ժամանակաւոր քունի մէջ եղողի պէս, բայց չի խօսիր: Այնպէս որ այնքան սարսռալի չի թուիր ընելը ինչպէս կ՛ընեն կինն ու աղջիկը, հետը խօսելով, մազերը, երեսները գգուելով, գլուխը գրկելով ու վերջապէս շրթունքները համբուրելով:

– Պաղեր է,- ըսաւ տիկին Սարաֆեան, ձեռքով այտերը շփելով,- այս առաւօտ տակաւին տաք էր, երբ եկանք:

Յետոյ դարձաւ մեռելին եւ շարունակեց հետը խօսիլ, պատմել, անշուշտ պոռպռալ ու հեկեկալ եղերամայրերու պէս:

Կինս համոզուած է, թէ մեռելներու մօտ ամէնէն ուշ անհետացողը լսողութիւնն է: Անոնք դեռ երկար ատեն կ՛իմանան: Ատոր համար է թերեւս կը խօսին անոնց հետ մղուած առհաւական փորձառութիւններէ եւ ոչ թէ ի ցոյց մարդկանց, ինչպէս կ՛ըսեն գիտական միտքերը: Ի՞նչ գիտենք կեանքի խորհուրդէն: Պահ մը խորհեցայ, թէ իր ընդհանուր դիմագիծը կը յատկանշէր դէմքին վրայ սառած արտայայտութիւնը, որ անուշ հեգնանք մըն էր, քիչ մը թերահաւատ, բայց անուշ մարդասիրութեամբ յագեցած: Մեր հանդիպումներուն յաճախ այդ արտայայտութիւնը ինծի խորհիլ տուած էր, որ որոշ գոռոզութիւն մը ըլլալու էր պահուած տակը, բայց Սարաֆեան համեստ էր եւ մօտիկ հակառակ հեռակեաց երեւալուն: Կրնայ ըլլալ որ երկչոտութիւն էր: Երկչոտութիւնն ալ նոյն արդիւնքը ունի երբեմն: Ատիկա տեսած էի մանաւանդ իր աչքերուն մէջ՝ ուր յանկարծ լոյսի շեղբ մը կը վառէր լուսաւորելու համար շրթունքներուն ծայրը կազմուած հեգնանքի գիծը, անոր վրայ սփռելով հոգիին ամբողջ քաղցրութիւնը:

Այդպէս ալ եղաւ, երբ տիկին Սարաֆեան մէկ աչքին կոպը վերցուց ու աչքը երեւցաւ լոյսի այս ծիրովը: Եւ այս քաղցրութիւնը աւելի կը զօրանայ ու կը խորունկնայ, երբ նկատի կ՛ունենանք Նիկողոսին խոշոր գլուխը, խոշոր ու պարթեւ մարմնի մը վրայ, թաւուտ յօնքերով:

Պաշտօնեան ժամանակը անցած նկատելով փափկութեամբ կառքը գլորեց իր անիւներուն վրայ մեր հակառակ կողմը, վարագոյրէն անդին՝ ուր գնաց Նիկողոսը հեգնական անուշ ժպիտը սպիտակ ակռաներուն վրայ, որոնք կիսովին բաց մնացած էին:

 

1973, Յունուար 28

Զ. Մ. Որբունի

Կեանքը Դժուարացնողներ

$
0
0

Church

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մէկ անգամ ապրուելիք այս կեանքը ինչպէ՞ս ընել, որ առանց դժուարին պայմաններու կարելի ըլլայ ապրիլ: Ոմանք դրամ դիզելով ապահովութիւն ձեռք բերած կը համարեն, իրենց կեանքը առանց դժուարութեան ապրելու իբրեւ երաշխիք:
Գիտակից եւ կեանքի «ինչութեան» մասին լաւ ծանօթութիւն ձեռք բերած փորձառու մարդիկ, սակայն, կը ստեղծեն իրենց կեանքը տնօրինելու եւ դժուարութիւնները հարթելու այլ յարմարութիւններ, որոնք անպայման նիւթական եկամուտներու առնչուած չեն ըլլար: Այս բանիմացներէն դուրս, սակայն, կայ տգէտ մեծամասնութիւն մը, որուն համար «կեանք»ը ամէ՛ն վայրկեան դժուարութիւն յարուցող իրողութիւն կը մնայ: Ասոնց համար «կեանք» եւ «դժուարութիւն» համահաւասար եզրաբանութիւններ են: Միշտ կեանքէն դժգոհ, միշտ գանգատող ու իրենց սեւ բախտը լացող նման մարդոց ամէ՛ն օր կարելի է հանդիպիլ, մեր անցած ծանօթ «խաչմերուկ»ներուն վրայ:
Այս մեծ զանգուածը բազմաթիւ բարդ խնդիրներով լեցուն առօրեայ ունի, նիւթական դժուարութիւններէն սկսած մինչեւ հոգեկան բարդութիւններ: Այս դժուարութիւնները իրարու առնչուած եզրեր կ՛ունենան յաճախ: Երբեմն այդ խնդիրները իրարու կը յաջորդեն այնպիսի շարակապութեամբ, որ գրեթէ մէկուն պակաս թողածը միւսը կը լրացնէ: Այսպիսի դժուարին կացութեան մէջ գտնուողներ, առաջին դժուարութիւնը դիմագրաւած ժամանակ, երբ անսպասելիօրէն երկրորդին կը հանդիպին, բողոքելով իրենց սեւ բախտին համար, կ՛ըսեն. «Ա՛յս էր պակասը»: Իսկ երբ արդէն երրորդը կու գայ զիրենք գտնելու, յուսահատական զանազան արտայայտութիւններուն կից, իրենց դժգոհութիւնը բազմապատկելու գինով՝ կ՛ըսեն. «Միա՛յն այս էր պակասը» կամ՝ «Աղ ու պղպեղ եղաւ ասիկա»:
Դժուարութիւններուն «բնական» ընթացքով մեզի հասնելէն բացի, անոնք նաեւ ուրիշներու կողմէ «կը տրամադրուին» մեզի: Բնական ընթացքով հասնող դժուարութիւնները բոլորիս ալ ծանօթ են: Զանոնք «կեանքի համեմ»ները կը սիրենք կոչել յաճախ, որովհետեւ սովորական կեանք մը ելեւէջներով կը յատկանշուի, իսկ անոր միապաղաղ ընթացքը բնաւ հաճելի չի թուիր մարդուն:
Ամէն ինչով բաւարարուած եւ ապրելու հանգստաւէտ պայմաններ վայելող մարդիկ, ըստ երեւոյթին այլեւս զզուած իրենց կեանքի միաձեւութենէն, արկածախնդրութիւններու կը դիմեն: Օրինակ, անմերձենալի լեռներ մագլցելով եւ ձիւնամրրիկներու մէջէն ոտքով անցնելով, «մարզաձեւեր» կիրարկած ըլլալու ինքնախաբէութեամբ կ՛օրօրեն իրենց առօրեան, պարզապէս հաճոյացած ըլլալու տպաւորութիւնը թողելու համար ուրիշներուն քով: Անշուշտ երբեմն այդ հաճոյքներուն համար իրենց վճարած բարձր արժէքներէն շատ աւելի սո՛ւղ կը վճարեն… իրենց կեանքը տալով…
Ուրիշներու կողմէ հասնող դժուարութիւնները առհասարակ հիմնական մէկ պատճառ ունին, եւ այդ ալ նախանձն է: Դիտեցէ՛ք մարդոց կեանքը, եւ դո՛ւք իսկ պիտի հաստատէք, թէ ուրիշներէ պատճառուած դժուարութիւններուն խորքն ու արմատը այս հիւանդագին պատճառն է՝ նախանձը:
Բարձունք նուաճելուն եւ դժուարութիւն յարուցանելուն միջեւ տարբերութիւն չտեսնող տկարացած աչքեր ունին նախանձորդներ: Դէպի բարձունք ընթանալը ինքնին, չնայած ճամբուն կպրուղի եւ սահուն ըլլալուն, զառիվեր դիրքին պատճառով իսկ քալելու դժուարութիւն կը յարուցանէ: Իսկ եթէ այդ ճանապարհը նաեւ խճապատ է կամ անհարթ, առաւե՛լ ուժ կը պահանջէ, եւ երբեմն պատճառ կը դառնայ բարձրացող մարդուն յուսահատելուն: Դէպի վեր ընթացողը կարիք չունի ինք իր ճիգն ու աշխատանքը առաւել եւս դժուարացնելու, իր իսկ ճամբուն մէջ փոսեր բանալով կամ յաւելեալ ծանրութիւններ բեռնաւորելով իր ուսերուն:
Ընթերցողը, վստահ եմ, իր միտքին մէջ արդէն յիմար կոչեց այն մարդը, որ իր բարձրանալու ճամբուն մէջ փոսեր կը բանայ: Անոր այս արարքը տեսնելով, խոհական ու փորձառու մարդիկ ինչքա՜ն կը ջանան մանկատածութիւն կատարել, ուղղութիւններ տալով, որպէսզի անոնք անքոյթ բարձրանան իրենց փափաքած բարձունքը: Սակայն, խորհրդատուները երբեմն յուսահատելով ձեռնալուացում կը կատարեն, իրենց բախտին թողելով առանց բաճկոնի ու առանց մոյկերու, ձիւնածածկ լեռներ բարձրացող ամբարտաւան «լեռնագնացները»:
Կեանքի դպրոցին ուսուցիչը, սակայն, չի՛ ուշանար իր դասերը այդպիսի ինքնահաւաններուն աւանդել փութալէ: Մինչեւ իսկ յոխորտանքով լեռներուն կատարները նուաճած անձեր երբեմն դասատու բժիշկներու կարիքը կ՛ունենան, շնչառութեան դժուարութիւն զգալով: Ուրեմն, ճամբու դժուարութիւնները շատ «բնական» ու «սովորական» կը դառնան, երբ այն բաղդատենք շնչառութեան դժուարութեան եւ արեան ճնշումին անկանոն բարձրացման հետ:
Ուրիշներէն եկող դժուարութիւններէն շատ աւելի ծանր են մե՛ր կողմէ մեր անձին պատճառուող դժուարութիւնները: Պարտադիր չէ՛ որ այդ դժուարութիւնները յօրինողները անպայման հոգեկան հիւանդութիւններ եւ բարդոյթներ ունեցողներ համարենք: Նման անձեր պարզապէս կրնան կեանքի դժուարութիւնները սիրողներ ըլլալ… Սովորական ու հանդարտ կեանք մը կրնայ «անտանելի» թուիլ այս տեսակի մարդոց համար: Մի՛շտ արկածախնդրական կեանք մը, մի՛շտ տատասկապատ ու անանցանելի կածաններէ անցնող մութ արահետներով կեանք մը, այսպիսիներուն համար աւելի «հաճոյալի» կ՛ըլլայ, քան՝ հեշտ ու դիւրասահ ճանապարհներով խաղաղ կեանք մը: Նման անձեր դժուարութիւններու մէջէն անցնելու պահուն, ինքնամխիթարական ոճով կ՛ըսեն. «Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ կեանք ըսածդ», «Ա՛յս է կեանքին քաղցրութիւնը», կամ՝ «Եթէ չըլլան այսպիսի դժուարութիւններ, ինչպէ՞ս պիտի իմանայինք, թէ ո՛րն է իսկապէս հանգստաւէտ կեանքը»: Ուրեմն, երկուքին տարբերութիւններէն է, որ անոնք կը սորվին եւ բաղդատական ծանրագոյն ու թեթեւ վիճակներուն միջեւ զանազանութիւն կատարելով կը ճաշակեն կեանքի քաղցրութիւնը:
Կեանքը դժուարացնելու այս «կամաւոր» միտումը երբեմն ոմանց մօտ շեշտուած կերպով կը տեսնենք, մամլակի տակ դրուած ուղեղի գեր-ճնշուածութեան բոլոր նշաններով յայտնուող: Անոնք, հակառակ այն իրողութեան, թէ գիտեն ինչո՛ւ համար կը ստեղծեն այդ դժուարութիւնները իրենք իրենց համար, սակայն չե՛ն ուզեր այդ մասին բացատրութիւններ տալ ուիրշներուն: Գաղտնի «հաճոյք» մը կը զգան անոնք այդ դժուարութիւնները համտեսելով, զորս կ՛ուզեն առանձինն վայելել, այդ վայլեքէն բաժին չհանելու համար ուրիշներուն… Արդեօք այդ դժուարութիւնները կամքը կռանելու ուժականութի՞ւն ալ ունին… Քննելի խնդիր է: Սա պահուն միայն մեր մէկ աչքը քթթելով կը բաւարարուինք, թողելով որ անոնք վայելեն իրենց ստեղծած տանջանքի մեղրին խորիսխը:
Վերոյիշեալ նիւթին բազմակողմանի եւ իւրայատուկ քննարկումներուն եզրակացութիւնը այն է, որ մտածենք կեանքը ապրելու տարբերակներու մասին եւս: Միշտ մեր ուզած ձեւով չէ՛ որ մարդիկ պիտի ապրին կեանքը, այլ՝ ունին ազատութիւնը եւ սեփական անկախութիւնը, իրենց կեանքը նոյնիսկ դժուարութիւններով ապրիլ նախընտրելու, այնքան ատեն որ այդ նախընտրութիւնը չի՛ հակառակիր աստուածային պատուիրաններուն, ինչպէս նաեւ չի՛ խանգարեր ուրիշներու կեանքին ազատութիւնը:

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ -«Ջնարակ» Բառը, Որ Լուսինի Պէս Կը Փայլի

$
0
0

 

Armenian_alphabet_002

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

– Ինծի համար պատուաբեր առիթ էր Մկրտիչ Ճիւանեանի այս դարաւոր իւղանկարը մաքրած եւ նորոգած ըլլալ: Իսկ հիմա զայն ջնարակել պէտք է, պատմական պատասխանատուութիւն մը…
– Ի՜նչ գեղեցկօրէն պատկերուած է Վոսփորը, լիալուսինի մեղմ, դեղին լոյսին տակ:
– Պարոն ստուգաբանութիւն, Պոլսոյ համայնապատկերին սիրահար էր Ճիւանեան: Եւ անոր նկարները այժմ աճուրդներու մէջ սկսած են մրցանիշներ արձանագրելու… Կը տեսնէ՞ք, վնասուած էր սա առագաստին կայմը, ներկը ճաքած էր, ինչպէս նաեւ՝ լուսինին վերի մասը: Բոլորը վերականգնած են հիմա: Իսկ ջնարակը պիտի օգնէ, որ բազմաթիւ տասնամեակներ պաշտպանուի այս նկարը, զոր ես ազգային հարստութիւն մը կը նկատեմ:
Գեղանկարներու այս նորոգողը պոլսահայ յայտնի նկարիչ մըն է: Էլմատաղ թաղամասի իր բնակարան-արհեստանոցը լեցուն է բազմաթիւ աւարտած կամ կիսաւարտ նկարներով: Բոլոր սենեակներուն մէջ եռոտանիներ կան, երանգապնակներ, մեծ ու փոքր, հաստ ու բարակ վրձիններ շիշերու մէջ: Մինչ ան կ՛աշխատի Ճիւանեանի վրայ, զրոյցը կը խորանայ «ջնարակ»ին շուրջ:
– Ե՛ս կը պատրաստեմ ջնարակը: Կարեւորը գոյները առանց փոխելու, նկարին փայլ տալն է:
– Պատմականօրէն՝ նաեւ յախճապակիներուն… Գիտէք, արուեստի աշխարհին մէջ մեծ յեղաշրջում էր ջնարակի գիւտը 8րդ դարուն, Միջին Արեւելքի մէջ:
Անիկա առաջին անգամ սկսաւ գործածելու ափսեներու, գաւաթներու, պնակներու, կարասիներու եւ առօրեայ այլ իրերու վրայ: æնարակը Հայաստանի մէջ միացաւ խեցեգործութեան հետ, եւ գիտենք, թէ Դուինի, Անիի, Գառնիի եւ Զուարթնոցի մէջ արտադրուած են հազուագիւտ, բարձրորակ գործեր: Իսկ 12րդ եւ 13րդ դարերուն ստեղծեր ենք գունաւոր, թափանցիկ, ջնարակուած բացառիկ յախճապակիներ:
– Անշուշտ աւելի ուշ, Օսմանեան շրջանին, Անիի եւ Գողթն գաւառի Ցնղայ գիւղի հայ վարպետները, Կուտինա քաղաքին մէջ շարունակած են իրենց արուեստը, փայլ տալով եկեղեցիներուն, մզկիթներուն եւ պալատներուն:
– Ստուգաբանութիւնն ալ համաձայն է ձեզի. բառը կապուած է յունարէն «սանտարաքի» բառին, լատիներէն՝ sandaraca, ֆրանսերէն՝ sandaraque: Ծագած ըլլալ կը կարծուի սանսկրիտ candra raga արտայայտութենէն, որ բուն կը նշանակէ «լուսինի պէս փայլող»: Գիտէք, թէ հնդկական հաւատքի մէջ Չանդրան լուսնի չաստուածն է եւ անոր անունը բառացիօրէն կը նշանակէ «փայլ»: Արեւմտեան գրականութեան մէջ, առաջին անգամ Ք.Ա. չորրորդ դարուն, Թէոփրաստէսը գործածեր է մեր «ջնարակ»ին ծնունդ տուած այդ յունարէն բառը: Ապա ան անցեր է արաբերէնի ու վերջինիս միջոցով ալ՝ իր արդիական իմաստով, Եւրոպա՝ 16րդ դարուն:
– Ի՛նչ հետաքրքրական է, թէ բառը եւ նիւթը աշխարհագրականօրէն շատ հեռու եղած են իրարմէ: æնարակը հիւթն է tetraclinis articula կոչուած մշտադալար եւ կոնաբեր ծառին, որ կ՛աճի հիւսիս-արեւմտեան Ափրիկէի մէջ: Զայն դուրս կը բերեն ծառին բունը ճեղքելով: Այդ միջոցին ջնարակը կը կարծրանայ: Կիսաթափանցիկ է, դեղնորակ, փխրուն: Զայն իւղի մէջ կը խառնենք, կը գոյանայ ապակենման ձուլուած՝ եւ կը գործածենք:
Միջնադարուն եւ Վերածնունդին զայն կ՛անուանէին «վերնիք»:
– Այն բառը, որ ծնունդ տուած է ֆրանսերէն յայտնի «vernissage» արտայայտութեան եւ Երեւանի արուեստի բացօթեայ նոյնանուն շուկային՝ Վերնիսաժ:
– Պարոն ստուգաբանութիւն, նկարչութեան մէջ ջնարակի գործածութիւնը վաճառականութեան հետ կապուած է:
Պատկերասրահներն են, որոնք բոլոր նկարները փայլեցուցած են, զանոնք յաճախորդներուն աւելի գրաւիչ դարձնելու համար: Որոշ նկարիչներ, օրինակ տամ, Վան Կոկը կը նախընտրեր իր գործերը «անծածկ» պահել: Անոր մահէն ետք է, որ սկսեր են նկարները ջնարակել:
Աշխատանքը կը հասնի իր աւարտին, եւ ջնարակը կը սկսի արդիւնք տալու. ինչպէս ստուգաբանութիւնը եւ հնդիկ չաստուած Չանդրայի անունը կ՛արդարացնեն՝ Ճիւանեանի լուսինը դարձեալ «լուսինի պէս կը փայլի»:

Իսկական Առանձնութիւնը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

ChurchՇատեր կը դժգոհին առանձնութենէ: Ներկայ աշխարհը, որ կը կարծուէր թէ արհեստագիտութիւնը իր ընձեռած դիւրութիւններուն միջոցաւ մարդկութիւնը ամէն պահու իրարու քով բերելու հնարաւորութիւնը պիտի ստեղծէր, ձախողած կը համարուի՝ ընդհանուր առումով: Որովհետեւ արհեստագիտութեան առաջադրած ընկերային ցանցերու սրընթաց վազքը եթէ մէկ կողմէ, աշխարհը փոքրացնելով՝ իրարու միացուց, միւս կողմէ սակայն բաժնեց ու հեռացուց: Վաղուց «կորսուած» վաղեմի ծանօթներ գտնելու կամ «աշխարհի միւս ծայրը» գտնուող անծանօթին հետ ընդամէնը քանի մը վայրկեանի մէջ ծանօթանալու «հրաշք»ին հակառակ, սակայն, նոյնիսկ խճողուած սրահի մը մէջ առանձնացած ու իր շրջապատէն կտրուած մարդու կարելի է հանդիպիլ ամէն ատեն:
Աշխարհի առօրեայ կեանքի այսքան «իրարանցումին» մէջ, երբ ամէն երկվայրկեան կարելի է «մէկու մը հանդիպիլ», դեռ կան շատե՜ր, որոնք կը դժգոհին առանձնութենէ: Ոմանց տարիքը բարձր ըլլալուն, յանկարծ կ՛անդրադառնան, որ իրենց սերունդէն մարդ չէ՛ մնացած ալ, եւ առանձնութեան ու ներհայեցողական կեանք մը կը սկսին ապրելու ակամայ: Երբեմն անոնք պատահաբար կը յաջողին քանի մը երիտասարդներու հետ մտերմութիւն ստեղծել, ընկերանալ անոնց պտոյտներուն եւ հաւաքոյթներուն, սակայն շուտով կը տեսնեն, թէ տարիքային մեծ տարբերութիւնը նաեւ հետաքրքրութեանց տարբերութեան պատճառ կը դառնալ: Այդ լայն տարբերութիւնը առիթ կը հանդիսանայ, որ անոնք երբեմն ծաղրի առարկայ դառնան կամ անզգալաբար հեռացուին երիտասարդներու շրջանակէն, ինչքան ալ «հոգիով երիտասարդ» ըլլան այդ ծերունիները: Անշուշտ այս հեռացումը ունի իր հիմնական առիթը՝ երբ տարեց մարդիկ, ըստ իրենց սովորութեան, անցեալը բազմիցս վերյիշելով, միեւնոյն յուշերը պատմած ըլլալնին մոռնալով, դարձեալ պատմելով, կը ձանձրացնեն իրենց երիտասարդ ունկնդիրները: Անոնցմէ շատեր չեն վարանիր յիշեցնելու պատմողին, թէ նոյն յուշը հազար անգամ լսած են եւ չեն փափաքիր անգամ մը եւս լսել: Իսկ ուրիշներ քաղաքավարութեան զոհ երթալով, համբերութեան ու անհամբերութեան միջեւ տեղ մը կը ծուարին, սպասելով բազմիցս լսուած պատմութեան աւարտին:
Գիտակից տարեցներ երբ իրենց նիւթերուն նկատմամբ երիտասարդներու զգալի ձանձրոյթին անդրադառնան, «ծերութիւնը լաւ բան չէ», խրատական-ինքնամխիթարական խօսքը կ՛արտասանեն գլխու ցաւագին շարժումով մը: Այդ խօսքին մէջ անշուշտ կայ ներքին ցաւը ծերութեան, ինչպէս նաեւ պատգամը՝ ուղղուած ունկնդրող երիտասարդութեան, թէ՝ հերթը իրենց ալ պիտի հասնի օր մը:
Վերոյիշեալ առանձնութեան տեսակները կեանքի բնախօսութեան հետ առնչուած են, ինչպէս կ՛երեւի, որովհետեւ ուղղակի տարիքի բարձրացումն է անոնց պատճառը: Սակայն կայ տակաւին կամաւոր առանձնութիւնը, որուն ենթակային կրօններ «մենակեաց» պատուանունը կու տան: Ասոնք բացառիկ անձնաւորութիւններ են, որոնք ճգնազգեաց կեանքով կրնան առանձին ապրիլ, ընտրելով անմարդաբնակ վայրեր՝ լեռներու կատարներ կամ հեռաւոր անապատներ: Այսպիսով անոնք աստուածամերձ ըլլալու սեփական փորձառութիւնը կը մշակեն հոգեկան եւ ֆիզիքական մակարդակներու վրայ, որ եօթներորդ դարուն նաեւ վարակիչ դարձաւ մեր ազգին համար, երբ վանական դրութիւնը ծաղկեցաւ մեր հայրենի լեռներուն վրայ, ներգրաւելով վանականութեան ուխտ կատարող բազմաթիւ նորընծաներ:
Հոգեւորութեան իսկական եւ ներանձնական այս ըմբռնումէն շա՜տ հեռու է այն մօտեցումը, երբ ոմանք կը ջանան ուրիշներու մեկուսացման պատճառ դառնալ, կարծելով թէ իրենց կատարած բամբասանքով ու զրպարտութիւններով պիտի յաջողին առանձնութեան տուայտանքի ձորը գլորել իրենց զոհը, այնտեղ անոր հոգեբանական կործանումը կազմակերպելով: Եղեռական զաւեշտ մը, սակայն, ո՛չ այնքան զոհին համար, ինչքան ինք իր անձը շատ իմաստուն ձեւացնող թշուառականին համար, որուն վերցուցած իւրաքանչիւր քայլը ինքնին, տհաս երեխայի ոտքի շլմոր շարժումները կը յիշեցնէ մեզի:
Այս տեսակ զաւեշտախառն կտորներ գրող թատերագիրները շուտով իրենց աղքատամտութեամբ հանրածանօթ անձեր կը դառնան, եւ բեմադրութիւններու օրերուն, թատերասրահի բազկաթոռները հանդիսատեսի բացակայութեան դէմ բողոք կը ներկայացնեն կազմակերպիչ յանձնախումբին: Իւրաքանչիւր անձ ի՛ր կեանքին «թատրոնը» պիտի բեմադրէ աշխարհի մէջ: Ուրիշը իրաւասութիւն չունի՛ մեզի համար «թատրոն» գրելու կամ զայն բեմադրելու: Առանձնութեան վերաբերեալ «թատրոնը» ամէնէն իւրայատուկն է այս կեանքին մէջ, որուն վրայ միա՛յն տուեալ անձը իրաւասութիւն կ՛ունենայ մատիտ շարժելու, ուրիշ ո՛չ ոք: Այսինքն, մարդ ազատ է իր կեանքը առանձնութեան մէջ ապրելու կամ ոչ: Իսկ մէկուն առանձնացման մասին յերիւրածոյ ու ստապատում փաստարկումներ կատարելը միայն իմաստակութեան նշան պէտք է համարել:
Բայց ի՞նչ է եւ ինչպէ՞ս կը ստեղծուի իսկակա՛ն առանձնութիւնը մարդու կեանքին մէջ:
Ահա հարցում մը, որ մտածել կու տայ վերեւը յիշուած բոլոր տեսակի առանձնութիւններէն տարբեր առանձնութեան մը մասին, որ մարդու ֆիզիքական մարմինը մարդկային այլ ֆիզիքական մարմիններէ հեռացնելով, անմարդաբնակ վայրեր տանելու ակնարկութիւն չէ:
Իսկական առանձնութիւնը կը ստեղծուի այն պահուն, երբ մարդ շրջապատուած ըլլայ թշնամիներով… Ասոր գործնական մէկ պատկերը կարելի է մտաբերել, երբ պատկերացնենք պատերազմի դաշտին վրայ գտնուող զինուոր մը, որ յանկարծ կը յայտնուի կիրճի մը մէջ, ուր իր բանակակիցներէն ոչ ոք կայ, այլ ընդհակառակը, թշնամի բանակի զինուորներուն ձայնը կը լսէ շատ մօտէն: Այդ զինուորը կը համարուի ամբողջութեամբ առանձին մնացած անձ, որ փրկուելու դոյզն յոյսն անգամ կը կորսնցնէ ակնթարթի մը մէջ: Ահա այսպիսի առանձնութեան մասին է խօսքը, երբ մարդ նոյնիսկ խճողուած ու «բարեկամներ»ու շրջանակին մէջ կրնայ մինակ զգալ, ապրելով իսկական առանձնութիւնը:
Ինքնադաստիարակութեան միջոցները լաւագոյն մխիթարութիւնը կը հանդիսանան նման առանձնութեան մէջ յայտնուող մարդուն, երբ ան կը փորձէ գձձութիւններէն վեր մնալ, ու իր զոյգ ականջները փակել ամէն տեսակ «աղմուկ»ի դիմաց: Իսկ կատարուող քննադատութիւններու ծանծաղամիտ ոգին շուտով կը բացայայտուի եւ ծիծաղի առարկայ կը դառնայ հասկացողութիւն ունեցող մարդոց միտքին մէջ, ինչու չէ նաեւ իբրեւ ժպիտ կ՛ուրուագծուի գիտակիցներու դէմքին վրայ:
Իսկական այս առանձնութիւնը յաղթահարելի երեւոյթ է մարդկային մեր կեանքին մէջ: Ա՛յս է ահաւասիկ այս գրութեան մէջ արձանագրուած ամէնէն քաջալերական գաղափարը, որ հասկցողի միտքին մէջ դառն ծիծաղ կ՛արթնցնէ ուրիշները առանձնացնել փորձող լեզուանի թատերագիրներու մկնախաղերուն ի տես:
Մարդ իր առանձնութեան մէջ առանձին չէ, որովհետեւ նախ Աստուած եւ ապա իր ներքին ինքնավստահ անձը ունի իր կողքին, որոնց զօրութիւնը կը տապալէ ամէն տեսակի ինքնահաւան եւ հզօրագոյն զէնքներով զինուած կարծեցեալ հակառակորդ:

Viewing all 1707 articles
Browse latest View live