Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all 1707 articles
Browse latest View live

Ստորագրահաւաք՝ Անիի Տիգրան Հոնենց Եկեղեցւոյ Հարցով

$
0
0

 

0203dikranhonentsԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Քանդակագործութեան Ազգային պարկ (Park)-թանգարանը սկսած է ստորագրահաւաքի՝ Անիի Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ պատկանելութեան վիճարկման եւ թերի վերականգնման առիթով:

Թանգարանի տնօրէն Արթուր Գէորգեան «Երկիրն Այսօր»ին ըսած է, որ այս նախաձեռնութեան առիթը քանի մը օր առաջ համացանցին մէջ յայտնուած Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ ցուցանակի լուսանկարն է, ուր եկեղեցին որպէս վրացական կը ներկայացուի:

Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕին, ՄԱԿին, Եւրոպական Ժառանգութեան համագումարի յանձնախումբին եւ աշխարհի մտաւորականութեան ուղղուած նամակին մէջ նշուած է, որ Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ ազգային եւ դաւանաբանական պատկանելիութեան վառ ապացոյցները եկեղեցւոյ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տանջանքները պատկերող որմնանկարներն են: Ստորագրահաւաքին նախաձեռնողները ոլորտի թրքական պատասխանատու կառոյցներէն կը պահանջեն զերծ մնալ եկեղեցւոյ պատմական պատկանելիութեան շուրջ յայտարարութիւններէ, եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած ցուցանակին վրայ նշել, որ այն հայկական քրիստոնէական եկեղեցի է, կը պահանջեն այս փուլով չամփոփել եկեղեցւոյ գմբէթի շինարարութիւնը եւ յայտարարել աշխատանքներու ապագայ ընթացքն ու նպատակները, նաեւ զերծ մնալ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային հակամարտութեան հրահրումէն:

Ստորագրահաւաքը կը կատարուի change.org կայքի միջոցով։ Միացէ՛ք։


ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ-THE MOUSA DAGH ARMENIANS A Socioeconomic and Cultural History 1919-1939

$
0
0

Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան

Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան

2015ի վերջերուն, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին պատմութեան անցնելէ առաջ, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ փրոֆ. Վահրամ Լ. Շէմմասեանի «The Mousa Dagh Armenians; A Socioeconomic and Cultural History – 1919-1939» հատորը (անգլերէնով), զոր կարելի է իրաւամբ կոչել հանրագիտարանային բնոյթով ուսումնասիրութիւն մը։ (Շէմմասեան վարիչն է Քալիֆորնիա նահանգի Նորթրիճի համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին)։

Հատորը կը տարածուի 378 էջերու վրայ, լոյս ընծայուած է Հայկազեան համալսարանին կողմէ («Շիրակ» հրատարկչատունէն), ձօնուած է հեղինակի ծնողներուն։ Խորքին մէջ, հատորը կարելի է ձօն մը նկատել նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած մուսալեռցիներուն, ինչո՞ւ չէ՝ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը՝ «Հայկազեան»ին, որուն արժանաւոր շրջանաւարտներէն է եղած Շէմմասեան՝ աւելի քան չորս տասնամեակ առաջ։

Բացատրական յառաջաբանի մը կը յաջորդեն օգտագործուած լուսանկարներուն ցանկը, քարտէս մը, ապա՝ հատորին ենթաբաժինները։ Կը բաղկանայ ութ գլուխներէ, որոնք ծալք առ ծալք կը բանան Մուսա լերան ու անոր ժողովուրդին յիշեալ 20 տարիներու կեանքի տարբեր էջերը՝ հետաքրքրական բոլոր մանրամասնութիւններով։ Բոլոր գլուխները անտիպ չեն. մաս մը լոյս տեսած է «Հայկազեան»ի «Հայագիտական Հանդէս»ին մէջ, 2008էն ասդին։

Անմիջապէս ըսենք, որ խորագիրին A Socioeconomic and Cultural History բառերը խաբուսիկ են, որովհետեւ կրնան թողուլ այն տպաւորութիւնը, թէ հատորը կ՛ընդգրկէ ժողովուրդի կեանքին միայն ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային երեսները, մինչդեռ շատ աւելին է։ Իններորդ գլուխը կարճ վերջաբան մըն է, որ կը «սղագրէ» Մուսա լերան հայ բնակչութեան երկրորդ բռնի գաղթը դէպի Այնճար ու հոն վերաբնակեցումը։

Յիշեալ 9 բաժիններուն կը յաջորդեն հինգ տախտակներ, որոնք կը տարածուին շուրջ 50 էջերու վրայ, իսկ վերջին էջերուն, կայ աղբիւրներու ցանկ մը եւ յատուկ անուններու (անձնանուն, տեղանուն) ցուցակ մը։ Փայլուն թուղթի վրայ տրուած լուսանկարներուն 20 թերթերը չեն հաշուըուած հատորի էջերուն մէջ, այլ կը կազմեն ներդիր մը։ Հոն տեղ գտած են անձնական ալպոմներէ հաւաքագրուած ուշագրաւ լուսապատկերներ, որոնց մեծ մասը ընտանեկան վկայութիւններէ անդին կ՛անցնի եւ պատմական արժէք ունի։

***

Հատորի մը մասին նման արձագանգում՝ սովորաբար սկիզբ կ՛առնէ գիրքի սկիզբէն ու հակիրճ կերպով կը բանայ իրերայաջորդ բաժինները։ Մենք պիտի նախընտենք սկսիլ վերջին մէկ բաժինէն՝ աղբիւներու ցանկէն, ընգծելու համար այս հատորին արժանիքներէն մէկը, բայց ոչ միակը։

Աղբիւրներուն ցանկը կը խլէ 17 էջ։ Շէմմասեան օգտագործած է կարելի ամէն նիւթ. գիրքեր, յուշագրութիւններ, մամուլ, կայքէջներու վրայ երեւցող նիւթեր, հարցազրոյցներ, թղթակցութիւններ, անտիպ գործեր եւ այլն, մէկ խօսքով՝ պեղած է այն բոլոր կալուածները, ուր կրնար վկայութիւն գտնել իր պապերուն մասին։ Ահա թէ ինչո՛ւ նշեցինք, որ հատորը զգեցած է հանրագիտարանային տարողութիւն։ Ինչպէս յառաջաբանը, նոյնպէս ալ աղբիւներու բաժինը ու էջատակի բացատրականները կը վկայեն, որ հեղինակը աւելի քան 30 տարիներ տրամադրած է հատորին կազմութեան համար եւ կը խոստովանի, որ սա միայն մէկ բաժինն է ծաւալուն աշխատանքի մը, որ պիտի ընդգրկէ  աւելի տարածուն ժամանակշրջան (1840էն 1939) եւ նիւթ։ Ուսումնասիրութեան արդիւնքը եղող էջերուն տակ կան յաւելեալ բացատրութիւններ, որոնք կ՛անցնին աղբիւներու նշումի կամ կարճ բացատրականներու սահմաններէն անդին եւ կ՛ընդգրկեն նոյնքան շահեկան կարճ բացատրականներ, որոնք կը հարստացնեն հատորը (ընթերցողը յաճախ կը զգայ, որ հեղինակը փորձած է կարգ մը հարցեր ու նիւթեր «սեղմել», հաւատարիմ մնալու համար իր իսկ կողմէ այս ուսումնասիրութեան համար կանխորոշուած տրամաբանութեան ու բնոյթին)։

***

Հիմա վերադառնանք հատորի սկզբնաւորութեան եւ խօսինք գլուխներու բովանդակութեան մասին, առանց խոստանալու, որ պիտի կարենանք ըլլալ սպառիչ, հետեւաբար նաեւ այս սիւնակները արդարութիւն պիտի չընեն արժանիքներուն։

Հատորը իբրեւ կիզակէտ ունի Մուսա լերան հայկական վեց գիւղերը՝ Պիթիասը, Հաճի Հապիպլին, Եօղունօլուքը, Խտըրպէկը, Վաքըֆը եւ Քապուսիէն, նկատի ունի Ցեղասպանութեան յաջորդ փուլի այն 20 տարիները, որոնք կ՛ընդգրկեն Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնագաղթուած մուսալեռցիներու տունդարձը, վերականգնումն ու Ալեքսանտրէթ նահանգին Թուրքիոյ կցումով՝ վերստին բռնագաղթը՝ դէպի Այնճար (եւ այլուր)։ Հպանցիկ ներածական մը արձանագրուած է 1915ի հերոսամարտին ու աւելի քան 4000 փրկուածներուն Փոր Սայիտ տեղափոխութեան, ինչպէս նաեւ աքսորի չորս տարիներուն։ Հատորը ապա ծաւալ կը ստանայ բռնագաղթուածներուն տուն դարձի պատմութիւններով. հայրենի բնակավայր կը վերադառնան Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան եւ միջին արեւելեան այլ երկիրներ ապաստանած փրկուածները, եւ սկիզբ կ՛առնեն մոխրացածն ու քանդուածը վերաշինելու, բնականոն կեանք վերակերտելու տարիները։

Առաջին հինգ գլուխներուն մէջ, մանրամասնօրէն տրուած են գիւղերու վերաբնակեցման, կազմակերպման, զինումի-ինքնապաշտպանական, առողջական հարցերու դիմագրաւման, որբերու հարցին լուծման, նպաստներու ապահովման, ընտանեկան աւանդութեանց պահպանման, կենցաղային հարցերու, երկրագործութեան-ջրաբաշխումի, արհեստներու, գործատուներու եւ տնային աշխատանքներու, մինչեւ իսկ որոշ անձերու շնորհուած «ծածկանուններու» մասին պատումներ ու մանրամասնութիւններ։ Այս ու հետագայ գլուխներուն մէջ, բնականաբար տեղ գրաւած է ազգային կուսակցութեանց եւ յարանուանութեանց գործունէութիւնը, փոխյարաբերութիւնները, պայքարներն ու հակամարտութիւնները։ Տրուած բացատրութիւններուն յաճախ կ՛ընկերանան վիճակագրական հարուստ տեղեկութիւններ ու ցուցակներ։

Հինգերորդ եւ վեցերորդ գլուխները կը պարզեն լեռնային այս հայաշխարհին «սփիւռքացումի» ծալքերը. ընթերցողը կը ծանօթանայ, թէ սահմանափակ կարելիութիւններ ու կարողականութիւն ընձեռող լեռնավայրը, ինչպէս նաեւ արտաքին-թրքական գործօններ պատճառ կ՛ըլլան, որ բնակիչները ապրուստի եւ բարօրութեան համար կամաց-կամաց տարածուին դէպի մօտակայ ու հեռաւոր ափեր, միջին արեւելեան երկիրներ, Ափրիկէ, ապա նաեւ ծովերէն ու ովկիանոսներէն անդին, հասնելով Միացեալ Նահագներու արեւելեան քաղաքները, իսկ աւելի ուշ՝ Ֆրեզնօ, Լոս Անճելըս եւ այլուր։ Լայն բացատրութիւններ կը տրուին պանդուխտներուն աշխատանքի ասպարէզներուն մասին, յաճախ՝ ընտանիք առ ընտանիք նկատի առնելով։

Եօթներորդ գլուխը կ՛անդրադառնայ Մուսա լերան աշխարհագրական-կլիմայական այն տուալներուն, որոնք այս շրջանը, մասնաւորաբար քանի մը գիւղեր, 20ականներուն եւ 30ականներուն վերածած են օդափոխութեան գրաւիչ շրջանի։ Մանրամասնօրէն կը ներկայացուին զբօսաշրջութեան բերած նպաստները, թէ՛ նիւթական եւ թէ շրջանի զարգացման իմաստով (ճամբաներու բացում, փոխադրամիջոցներու արդիականացում եւ այլն)։ Լռելեայն կարօտաբաղձութիւն մը կ՛արտայայտուի կարգ մը էջերէն, որոնցմէ կը ծորին հեղինակի ծնողներուն ու անոնց սերնդակիցներուն յիշատակները՝ հին Մուսա լերան մթնոլորտին ու միջավայրին մասին, հաճելի զբօսավայր, որ ներգրաւած էր այդ օրերու աշակերտութիւնը, մտաւորականներ ու ազգային գործիչներ։ Նոյն այդ մթնոլորտին բաժնեկից «դրացի» Քեսապը 1939էն ետք առանձնացաւ այս առաքելութեան մէջ, մինչեւ Սուրիան հարուածող ուրականը։ Այդ մթնոլորտը 40ականներէն ետք մասամբ տեղափոխուեցաւ Այնճար (քիչ մըն ալ դրացի Շթորա, որուն յամենայնդէպս ակնարկութիւն չ՛ըներ հեղինակը, հաւատարիմ մնալով իր նիւթին ընդգրկած պատմական-աշխարհագրական սահմաններուն)։

Ութերորդ գլուխը ձեւով մը ուղղակի շարունակութիւնն ու «զարգացումն» է նախորդին. լուսարձակի տակ կը բերուի Մուսա լերան գիւղերու մշակութային կեանքը. անձնական ու հանրային գրադարաններ, ընթերցումի եւ հեքիաթասացութեան ձեռնարկներ, թատրոն, երգահանդէսներ, երաժշտական ձեռնարկներ եւ յուշահանդէսներ, մամուլ (տեղական թէ Հալէպէն, Պէյրութէն, Գահիրէէն եւ այլ տեղերէ հասնող), լսարաններ ու դասախօսական ձեռնարկներ եւ այլն։

***

Եթէ Շէմմասեան բաւականացած ըլլար չոր ու ցամաք պատմագրութեամբ, լիովին գոհացուցած պիտի ըլլար գիտական ուսումնասիրութիւն կատարողի իր առաքելութիւնը։ Ան ըրած է աւելին. հատորը առատօրէն համեմուած է – հետեւաբար նաեւ յաւելեալ համ ու խորք ստացած – մանրապատումներով, որոնք երբեմն կը ներկայացուին հեքիաթանման կամ վիպական հաճելի դրուագներով, սակայն ընթերցողը երբեք մտահան չ՛ըներ, որ ներկայացուածը ժողովուրդի մը իրական կեանքն է, իր բոլոր ծալքերով, մանրամասնութիւններով ու այդ կեանքին բոլոր գլխաւոր ու երկրորդական ճամբաներով։ 20 տարիներու տուեալ ժամանակաշրջանը կը վերակենդանանայ այս ընդարձակ, բայց այլապէս հակիրճ ուսումնասիրութեան ճամբով։ Հեղինակը եթէ ահագին հում նիւթ օգտագործած է, իր կարգին վիթխարի հում նիւթ կը տրամադրէ այլ մօտեցումով ուսումնասիրողներու (ընկերաբան, մարդագրական տուեալներ ուսումնասիրող, մշակութային զարգացումներու հետեւող, միջկուսակցական յարաբերութիւններ ու հակամարտութիւններ քննարկող եւ այլն)։ Յառաջաբանին մէջ, Շէմմասեան կը բացատրէ, որ իր էջերը «քաղաքականացած» չեն, սակայն ստուար նիւթ կը տրամադրէ թէ՛ շրջանի եւ թէ շրջակայ հայաշխարհի քաղաքական եւ այլ կեանքերուն մասին, իրականութիւններ, որոնք ուսանելի են նաեւ այսօր։

Ինչպէս նշեցինք, վերջաբանին կը հետեւին վիճակագրական տախտակներ. հեղինակը երախտաշատ գործ ըրած է, անուն առ անուն արձանագրելով Պիթիասի, Հաճի Հապիպլիի, Խըտըրպէկի եւ Քապուսիէի բնակիչներուն անունները, անոնց ընտանիքի անդամներուն թիւը, ստացուածքներու (տան, պարտէզի-հողաշերտի, մսացու-կաթնտու եւ այլ կենդանիներուն) թիւերն ու անոնց նիւթական արժէքին մասին յարակից տուեալներ։

Հատորին յղացքը ունի այն արժանիքը, որ ընթերցողը կրնայ գլուխներէն մէկը կամ միւսը կարդալ առանձնաբար. իւրաքանչիւր գլուխ ինքն իր մէջ կարելի է ամբողջութիւն մը նկատել. ընդգրկուած նիւթին համաձայն՝ տարբեր գլուխներու մէջ կան որոշ տեղկութեանց անխուսափելի կրկնութիւններ։ Սակայն նախընտելի է հատորը ընթերցել ներկայացուած կարգով եւ իր ամբողջութեան մէջ։

***

Պատմագիտական յղացքով այս հատորը պատրաստելու տարիներուն, հեղինակը հաւանաբար միտքէն չէ անցուցած, որ սա կրնայ պատրաստի նիւթ տրամադրել ոեւէ ֆիլմարտադրիչի, որ պիտի ուզէր վաւերագրական կամ վիպական ժապաւէն մը պատրաստել Մուսա լերան յիշեալ տարիներու կեանքին մասին։ Միւս կողմէ, սակայն, ան վստահաբար մտածած է, թէ այս գործը չէ հասցէագրուած միայն Մուսա լերան բնիկ սերունդի ժառանգորդներուն, այլ ամբողջ հայութեան եւ հայութեան մօտիկ անցեալով հետաքրքրուողներուն, ներառեալ արաբ եւ… թուրք պատմագիրներուն։

Հատորին ընթեցումէն ետք, հայ թէ օտար՝ պահ մը վստահաբար կանգ կ՛առնեն այն հարցումներուն առջեւ, թէ՝ Ալեքսանտրէթի նահանգին Թուրքիոյ «նուիրուելով», հայեր – եւ ոչ միայն հայեր – ինչպիսի վիթխարի վնաս ունեցան՝ նիւթականի, հողի ու դարաւոր հայրենիքի կորուստի առումով։ Իսկ Մուսա լեռը միայն մէկ փոքր մասնիկն է կորուսեալ հայաշխարհին։ Անխուսափելի հարցում մը կը ծագի նաեւ այն մասին, որ Մուսա լերան բնակիչներուն բաժին հանուած դառն բաժակներուն տարբերակները այսօր «կը շնորհուին» սուրիացիներուն ու սուրիաբնակ հայերու, նոյն գլխաւոր դերակատարին՝ Թուրքիոյ պետութեան ոճրային քաղաքականութեան հետեւանքով։

Հեղինակը, այս գործին յղացքով ու բնոյթովն իսկ, ետ կը կանգնի պատգամախօսի դերէն, ինքզինք կը պահէ պարկեշտ պատմագրողի աթոռին վրայ։ Այսուամենայնիւ, հատորը կը բերէ բազմերես լուռ պատգամներ եւ մարտահրաւէրներ. մեր պատմական բոլոր կորուսեալ բնակավայրերը կը կարօտին նման խորազնին ուսումնասիրութեանց (կարգ մը շրջաններու մասին եղած են), ոչ միայն կամրջուելու համար մեր աւանդներուն եւ սեփական ժառանգութեանց հետ, այլ նաեւ վկայակոչելու մեր ունեցած կորուստներուն ահագնութիւնը, մարդկային զոհերու ահագնութեան կողքին։

 

 

Կեանքիդ Լաւագոյն Ընկերը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Church Կեանքի ընկեր ընտրելու համար տրամադրուած ժամանակին տեւողութիւնը մարդէ մարդ կը տարբերի: Ոմանք սիրահարութեան հետեւանքով նոյնիսկ մէկ վայրկեան իսկ չեն մտածեր այն անձին մասին, որուն հետ պէտք է անցընեն իրենց ամբողջ կեանքը: Ուրիշներ երկա՜ր կը խորհին այդ մասին, հանդիպումներու բազմաթիւ առիթներ կը կազմակերպեն տուեալ անձին հետ, զոր իրենց կեանքի ընկերը կ՛ուզեն դարձնել, որպէսզի լաւապէս իմանան անոր բնաւորութեան իւրայատկութիւնները: Ասոնք ի վերջոյ եզրակացութեան կը յանգին եւ ճիշդ կամ սխալ, ընտրութիւն կը կատարեն ու կը մտնեն նոյն յարկի տակ: Ոմանք ալ կան, որոնց ճանապարհորդութիւնը այս ընտրողական ուղիին մէջ ո՛չ միայն շատ երկար կը տեւէ, այլ՝ նոյնիսկ անաւարտ կը մնայ, որովհետեւ չեն յաջողիր ի վերջոյ իրենց յարմար թեկնածու մը գտնել եւ համոզում գոյացնել անոր առաւելութիւններուն եւ կամ թերութիւններուն շուրջ:

Միշտ ըսած ու կրկնած ենք, թէ մարդու հետ ապրիլը շատ դժուարացաւ այս կեանքին մէջ: «Ամէն մարդ իր ինքնութիւնը ունի» երբ կ՛ըսենք, կ՛ակնարկենք այն նախասիրութիւններուն, հաճոյքներուն, սէրերուն եւ նոյնիսկ վախերուն, որոնք տուեալ անձին յատուկ են: Հաճոյքը, սէրը, վախը եւ այլ երեւոյթներ կրնան ընդհանրական գաղափարներ ըլլալ, ճիշդ է, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ, տարբեր մարդիկ տարբեր մօտեցումներ ունին: Ուրեմն, հաճոյքը, սէրն ու վախը յարաբերական երեւոյթներ են մարդկային կեանքին մէջ յայտնուող:

Նախասիրութիւններու այս երեւոյթը, փոխյարաբերական կեանքի մէջ խանգարումներու պատճառ կը հանդիսանայ: Որովհետեւ իմ հաճոյքը ինծի համար աւելի առաջնահերթ է, քան՝ քու հաճոյքդ: Իմ սէրը աւելի գերադաս է, քան՝ քուկդ: Իսկ իմ զգացած վախը, բնականաբար ինծի համար աւելի՛ կարեւոր է, քան՝ քեզ վախցնող որեւէ երեւոյթ, որուն դիմակալելը քո՛ւ պարտաւորութիւնդ է առաջին հերթին: Քեզ վախցնող որեւէ երեւոյթի դիմաց պաշտպան փնտռելէ առաջ, պէտք է ինքնապաշտպանութեան դիմես, գործնական ըլլալու համար:

Կեանքի միապաղաղութիւնը ալեկոծելու համար մարդիկ միշտ նորութիւններ կ՛ակնկալեն մարդոցմէ եւ աշխարհէն: Նորութիւնները դժբախտութիւններ կը դառնան, եթէ իբրեւ չար դիպուած հանդիպին մեզի: Սակայն, անոնք բախտաբեր եւ երջանկաբեր կը համարենք, երբ բարի մարդոց միջոցով յայտնուին մեր կեանքին մէջ, ու մանաւանդ հաճոյալի ըլլան: Նորութիւնները երբ վախ պատճառեն, դարձեալ մտահոգութիւններու դուռ կը բանան, եւ իբրեւ անհաճոյ երեւոյթներ կը թարգմանուին մեր կեանքին մէջ: Պատճառուած այդ վախը կրնայ մինչեւ անգամ անյուսութեան առաջնորդել, նեղելով ո՛չ միայն մեր շրջապատը, այլ՝ նաեւ մեր իսկ անձը:

Չենք խորհիր շատ ծայրայեղական գաղափար արտայայտած ըլլալ, ո՛չ ալ ընկերասիրութեան ու մարդասիրութեան նուիրական գաղափարներուն վնաս հասցուցած ըլլալ, եթէ ըսենք, թէ մարդուն կեանքի լաւագոյն ընկերը իր անձն է:

Վերոյիշեալ մտածումը, ինքնադաստիարակութեան առաջնորդող քայլ մըն է ինքնին, որուն արժէքը շատ քիչեր կը յայտնաբերեն փորձառութեամբ: Այն խնամքը, հոգեկան եւ ֆիզիքական, զոր անձիդ պէտք է ընծայես, զայն կը դարձնէ առողջ եւ գիտակից, որուն այս կեանքի մէջ կտրելիք ճամբան կ՛ըլլայ լուսաւոր, հեզասահ եւ արդիւնաւոր:

Երկարակեաց մարդոց հանդիպելով, մեր առաջին եզրակացութիւնը անոր մասին կ՛ըլլայ այն, թէ այդ առողջ ծերունին կամ պառաւը երիտասարդութեան տարիքէն սկսեալ շատ լաւ խնամած է իր անձը: Ուրեմն, ան կը նմանի այն մարդուն, որ ցերեկուան ժամերը կ՛օգտագործէ եւ ապահով տուն մը կը կառուցէ, ուր պիտի մտնէ գիշերը, հանգիստ քնանալու համար: Իսկ այն երիտասարդը կամ երիտասարդուհին, որ իր երիտասարդութեան առողջ տարիները կը փճացնէ վատառողջ կենցաղակերպով, կը նմանի այն յիմար մարդուն, որ ցերեկ ատեն իր իսկ ձեռքերով կը քանդէ այն տունը, ուր պիտի քնանար գիշերը…

Մեր անձը մեզի՛ համար հետաքրքրական դարձնելը, ոմանց կարծիքով իւրաքանչիւրիս մէջ ինքնահաւանութեան սերմեր կրնայ ցանել: Սակայն կայ նաեւ դրական մօտեցում այս մասին, թէ անձդ քեզի համար հետաքրքրական դարձնելը, կը հզօրացնէ այն տիպար կեանքի ընկերդ՝ ներքին անձդ՝ «ես»դ, որուն հետ ստիպուած ես ապրիլ ամբողջ կեանք մը…

Ամուսնութեան համար կեանքի ընկեր փնտռելու չի՛ նմանիր այս «ընտրութիւնը», որովհետեւ այս պարագային երկընտրանք չկայ, այլ՝ մէկ ընտրութիւն, որուն հետ պարտաւորուած ես ապրիլ ամբողջ կեանքդ: Եթէ ամուսնութեան պարագային կրնայ երկուքէն մէկը մեռնիլ եւ «երկուութիւնը» վերջ գտնել, այս պարագային, մահը մէկ անձ պիտի տանի իր հետ, որուն երկրորդը մեր մէջ գտնուելով, մեզի հետ պիտի երթայ…

Կեանքի լաւագոյն ընկերոջդ՝ անձիդ նկատմամբ հետաքրքրութիւնդ չկորսնցնելը Աստուծոյ՝ կեանքի պարգեւատուին հանդէպ նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն է: Այդ նուիրատուն ինչքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայ, երբ Իր տուած «նուէր»ին հետ վարուիս խնամքով, հոգածութեամբ, զգուշաւորութեամբ եւ խանդաղատանքով:

Կեանքիդ լաւագոյն ընկերը անձդ է, որուն հանդէպ հոգածութիւնդ ո՛չ փառասիրութիւն է, ո՛չ անձնասիրութիւն եւ ոչ ալ այլամերժութիւն: Չափաւորութիւնն է կեանքի կշիռքը, որուն հաւասար նժարներէն մէկուն կամ միւսին մէջ երբեմն բռնազբօս կերպով կը լեցնենք մեր ուզած ծանրութիւնները, խանգարելով կեանքին հաւասարակշռութիւնը: Աստուած ամէն ինչ ներդաշնակ ու հաւասարակշռուած ստեղծած է: Մե՛նք է, որ կը խախտենք աստուածային համաչափութիւնը այս կեանքի, ու անոր հետեւանքները կը կրենք ակամայ, պատճառ դառնալով զանազան անախորժութիւններու:

Կեանքիդ ընկերը բարի է, համեստ է, խոհեմ է, եթէ դուն բարի ես, համեստ ես, խոհեմ ես եւ այն բոլորն ես, ինչ որ պիտի ուզես որ ըլլար կեանքիդ ընկերը… Եթէ կեանքի ընկերոջդ մէջ կ՛ուզես տեսնել առաւելութիւններ, որոնք հաճոյ են քեզի, եղի՛ր այդ ամէնը եւ պիտի ունենաս այնպիսի կեանքի ընկեր, որ ճի՛շդ սպասած անձդ պիտի ըլլայ: Չենք կարծեր, թէ ասկէ աւելի պարզ ու յստակ բարոյական օրէնք մը կարենանք բանաձեւել ու սահմանել, մեր կեանքը երջանիկ ու աստուածահաճոյ դարձնելու համար:

 

«Մեծն Բարեկարգիչը». Հռոմի Ֆրանսիս Պապին Նուիրուած Ծաւալուն Գործ Մը Հեղինակ՝ Բրիտանացի Օսթին Այուիրէյ

$
0
0

 

Գրախօսեց՝ ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

 

 

0209pope Նախքան առաջ երթալը, կ՛ուզէի ընթերցողին մօտ կէտ մը յստակացնել, թէ ներկայ գրութեամբ յաւակնութիւնը չեմ ունեցած սրբազան քահանայապետին նուիրուած անգլերէն այս աշխատասիրութիւնը համապարփակ կերպով ներկայացնելու: Արդարեւ, 450 էջերու վրայ տարածուող աշխատասիրութեան արդարութիւն ըրած ըլլալու համար եւ զայն ըստ արժանւոյն ներկայացնելու համար, աւելի ծաւալուն գրախօսականով մը հանդէս պէտք էր գալ եւ աւելի լուրջ քննարկման ենթարկել հատորը…

Երբ փորձ կը կատարուի 2013ին Պենետիքթ պապի հրաժարումով Ընդհանրական եկեղեցւոյ 266րդ գահակալ ընտրուած Խորխէ Մարիօ Պերկոկլիօ քահանայապետին մասին գրելու, վստահօրէն սոյն գրողը տպաւորող ամէնէն յատկանշական կէտը պիտի ըլլար այս վերջինիս մօտ շեշտուած համեստութիւնը եւ բոլորէն արհամարհուածներուն հանդէպ անոր ցուցաբերած սէրն ու մարդկային ջերմ վերաբերմունքը:

«Մեծն Բարեկարգիչը» հատորը կարդալէ ետք, մարդ աւելի եւս կ՛ամրապնդուի իր այն համոզումով, թէ նոր քահանայապետին շեշտուած համեստութիւնն ու զրկեալներու հանդէպ տածած սէրը անոր մօտ արմատացած ու սրբագործուած բնական արտայայտութիւն են եւ ոչ թէ Սուրբ Պետրոսի Աթոռը բարձրանալէն ետք որդեգրուած կամ ըստ պահանջքի՝ պատշաճեցուած թատերական բեմադրութիւն ու աժան ժողովրդականութեան միտող մարտավարութիւն, ինչպէս կարգ մը սկեպտիկներ պիտի մտածեն: Տակաւին, այսպիսի պարագաներու, պահպանողականներու կողմէ թեթեւսոլիկութեամբ այպանուելու վախը միշտ ալ առկայ է.

– «Պիրէ պապա՛մ», խոփ-խոշոր Հռոմի պապին վայե՞լ վերաբերմունք է մը տեսած անկարին ու աննորմալին վիզը փաթթուելով՝ շափուր-շփուր համբուրուիլը… իսկ Աւագ Հինգշաբթի օրն ալ՝ բանտարկեալներուն նեխած ոտքերը լուալով համբուրելը…

– Ֆրանսիս կոչեցեալ պապը ամմա՛ միտէ ունի եղեր…

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ո՛ւր պահուած է ներկայ պապին մարդկայնութեան ու հեզութեան ակունքը: Հակառակ ենթադրուածին, Խորխէն բաւական ուշ կոչում կը ստանայ: Արդարեւ, մինչեւ 16-17 տարեկան հասակը, ընկերներով շրջապատուած կենսասէր, շէնշող պատանիի կերպար եղած է ան, որ իր շրջապատի տղոց նման կը սիրէր ընկերուհիներուն հետ «թանկօ» պարել ու Պուէնոս Այրեսի փողոցները ման գալ…

Օր մըն ալ, երբ իրենց թաղի մատրան առջեւէն խոր միտքերու մէջ խորասուզուած հետիոտն կ՛անցնէր պատանի Խորխէն, աներեւոյթ ուժ մը մագնիսի նման զինք ներս կը քաշէ, անոր քայլերը, ակամայ, դէպի այդ ժամուն բոլորովին ամայի եկեղեցին կ՛ուղղուին: Ինչ որ առինքնող ուժ մը կը կլանէ անոր էութիւնը, եւ արցունքոտ աչքերը Ս. խորան յառած՝ սրտաբուխ, ջերմօրէն կը սկսի աղօթելու: Հրաշք կոչեցէք եղածը թէ նախախնամութեան մէկ անբացատրելի արարքը, կամ նոյնիսկ՝ վերէն պատանիին ուղղուած քահանայութեան կոչում… Բնական էր, որ այդ պահուն, սիրտին ուժգին բաբախումը լսէր ան: Յուզախառն ու այլայլած երբ տուն կը վերադառնայ, հօրենական մեծ մօրը կը պատմէ ապրած փորձառութիւնը: Մեծ մայրը, որ ցայդ Խորխէի հոգեւոր առաջնորդը հանդիսացած էր, կը քաջալերէ պատանի թոռան ապրած հոգեմտաւոր զարթօնքը… Պառաւը կարծէք յստակ կը տեսնէ իր սիրելի Խորխէին առջեւ բացուող Աստուծոյ ծառայութեան լուսաշող ուղին։

Լուրջի առնելով իր կոչումը՝ Խորխէ, Յիսուսեան հայրերու ժառանգաւորաց վարժարանը դիմում կը կատարէ եւ կ՛ընդունուի:

Այստեղ պէտքը կը զգանք շատ կարեւոր կէտ մը լուսաբանելու: Աշխարհով մէկ եւ մասնաւորապէս Լատին Ամերիկայի տարածքին, Յիսուսեան միաբանութիւնը եւ կղերը ծանօթ են չքաւոր զանգուածներու կողքին կանգնելու իրենց նուիրումով: Արդարեւ, Փերոնականներն ու անոնց յաջորդող ռազմապաշտ ռեժիմները, մէկ խօսքով՝ իշխող վերնախաւը, միշտ ալ իր կողքին ունեցած է եկեղեցական պաշտօնական հաստատութիւնն ու կղերը, եւ տեղին համաձայն՝ օգտագործած է անոնց հմայնքն ու բարոյական նեցուկը. իսկ միւս կողմէ, Յիսուսեանները իրենց վարժարաններն ու նորընծայարանները բանեցուցած են երկրի առաւելաբար չքաւոր շրջաններու եւ թաղամասերու մէջ: Մէկ խօսքով, անոնք միշտ նեցուկ կանգնած են զրկեալին ու անկարին. ասկէ կու գայ թերեւս Ֆրանսիս քահանայապետին շեշտուած համեստութիւնը եւ զրկեալին ու անկարին հանդէպ զգացած ջերմութիւնը, սէրն ու գութը, որոնց գլխաւոր ակունքը անտարակոյս Ս. Գիրքն է եւ Ինք՝ Փրկիչն ու քրիստոնէանկան հաւատքը։ Եւ հարկ է շեշտել նաեւ, թէ իբրեւ պարզ կղերական ու ապա որպէս բարձրաստիճան հոգեւորական, կեանքը այնքան ալ հեշտ չէ եղած պապ Ֆրանսիսի համար: Իր գաղափարներուն համար հալածուած ու չարչարուած հոգեւորական մը եղած է ան: Արդարեւ, իր անձին դէմ քսութիւնները անպակաս եղած են զինք չհասկցող կամ չհանդուրժող կղերին, ինչպէս նաեւ՝ պետական շրջանակներու կողմէ։ Եթէ անկեղծօրէն, առանց նախապաշարումի գնահատականը պիտի կատարենք տիրող մտայնութեան, ապա՝ նախքան Ֆրանսիս քահանայապետի ընտրութիւնը, եկեղեցին որոշ չափով դադրած էր չքաւորներու եւ անկարներու եկեղեցի համարուելէն: Վատիկանէն ներս տիրող էին մեծամտութիւնն ու փարթամ կեանքը, չհաշուելով այն այլանդակութիւնները եւ աշխարհիկ բարքերը, որոնք պատճառ դարձան, որ իրենց հաւատքին մէջ խոցուած ու հիասթափուած միլիոնաւոր բարեպաշտ քրիստոնեաներ հեռանան Ս. եկեղեցիէն, կամ անտարբեր դառնան անոր ուսուցման հանդէպ: Տակաւին չենք անդրադառնար կարգ մը կղերականներու մօտ տիրող շեշտուած նիւթապաշտութեան: Այս բոլորը գումարած՝ չէր բացառուեր, որ նոյնինքն իր կոչումին անարժան կղերը ի՛նք տար քրիստոնէական կրօնքին վերջին հարուածը, եթէ նախախնամութիւնը, հրաշքի պէս, պապ Ֆրանսիսը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէկ ու կէս միլիառ բարեպաշտներուն վրայ քահանայապետ չկարգէր։

Մէջբերում մը՝ «Մեծ Բարեկարգիչը» հատորէն.

«Ֆրանսիս պապին Ս. Պետրոսի Աթոռը բարձրանալուն հետ, միջազգային լրատուամիջոցները ի վերջոյ պիտի տեսնէին այն պահը, երբ Վատիկանը Միացեալ Ազգերուն առջեւ պիտի կանգնէր՝ կարգ մը հոգեւորականներու կողմէ անչափահասներու դէմ գործադրուած սեռային այլանդակութիւններու ի հետեւանք: 2014ի Յունուարի կիսուն, պապի ընտրութեան առաջին տարեդարձին, երբ միջազգային լրատուական ընկերութիւններու մօտ անոր ժողովրդականութիւնը հետզհետէ սկսած էր մեծնալու, ճիշդ այդ շրջանին պիտի զուգադիպէր Զուիցերիոյ մէջ Մանուկներու իրաւունքի պաշտպան կոմիտէութեան առջեւ Տիեզերական եկեղեցւոյ կանգնելուն հրաւէրը: Ամէնուրեք այն տպաւորութիւնը սկսած էր տիրելու, թէ Վատիկանը շատ դժուարին ժամանակներ պիտի դիմագրաւէր:

Դատանիստի օրը, առաւօտեան ժամը 7ին, Քազա Սանթա Մարթա մատուռին մէջ առօրեայ իր պատարագին ընթացքին, պապը խօսեցաւ ապականած կղերականներուն մասին, «որոնք փոխանակ կենաց հաց բաշխելու բարեպաշտներուն՝ թունաւոր ճաշ կը բաժնեն Աստուծոյ զաւակներուն…»։ Պահ մը դադար առաւ ան ու գլուխը շարժեց՝ անհաւատալի գտնելով եղածը: Քիչ ետք ինքնիրեն հարց տուաւ. «Արդեօք ամօթ չէ՞ինք զգար այնքա՛ն գայթակղութեան դիմաց, որ փոխհատուցումը այնքա՛ն թանկ վճարեցինք: Հոյակա՛պ է… այդպէ՛ս ալ պէտք էր ըլլար: Հապա եկեղեցւո՞յ ամօթանքը…»։ Ան մոլորած վարդապետներուն եւ եպիսկոպոսներուն բարոյական անկումը վերագրեց Աստուծոյ հետ անոնց խզումին. «Անոնք Սուրբ եկեղեցւոյ մէջ դիրք ու պատիւ կը վայելէին, նոյնիսկ՝ հանգստաւէտ կեանք, սակայն՝ ո՛չ Աստուծոյ խօսքն ու շնորհքը»։

Ս. եկեղեցւոյ համար հրաշքի համազօր դէպք մըն էր եկեղեցին յեղաշրջող այսպիսի սրբակեաց, այսպիսի համեստ ու իր առաքելութեան կառչած մաքուր հոգեւորականով մը օժտուիլը: Միւս կողմէ, զարմանալի կը գտնենք այն, թէ ինչո՛ւ եկեղեցւոյ չարամիտ ու չկամեցող քննադատները չտեսնելու կու գան իրենց ուխտին հաւատարիմ մնացած հազարաւոր սրբակեաց այլ հոգեւորականներ, որոնք իրենց երիտասարդ կեանքերը նուիրած են Աստուծոյ ծառայութեան: Գուցէ անոր համար, որ բարիները երգ չունի՞ն… Սակայն եւ այնպէս, հարկ կը գտնենք աւելցնել, թէ երբ ոմանց ուսերուն ծանր կու գայ կուսակրօնութեան սքեմը, աւելի պատուաբեր պիտի չըլլա՞յ եթէ անոնք իրենց պատիւով հրաժարին հոգեւորականի ասպարէզէն: Այս դարուս դիւրին չէ կուսակրօն քահանայութեան լուծը կրել անսայթաք կերպով: Այս մէկը լո՛ւրջ հարց է:

Ծանօթ.- Սոյն հատորի երկայնքին ակնարկութիւն կ՛ըլլայ նաեւ ներկայ պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, այսպիսով՝ անգամ մը եւս ցաւալի այդ հարցը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելով։

Ուսանելի՛ հատոր մը…

 

«Կար Ու Չկար»

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Church Բոլորս ալ մեր մանկութեան տարիներուն, հեքիաթներէն շատ աւելի սիրած ենք անոնց սկզբնաւորութեան գրուած «կար ու չկար»ը: Այս նախամուտքը կամ նախաբանը թէ՛ աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ հեքիաթը եւ թէ կախարդական մագնիսացումով ունկնդիրը կը կապէ անոր երեւակայական անծայրածիր նիւթին:

Եթէ չէք յիշեր ձեր մեծերու ծունկերուն առջեւ նստած հեքիաթ մտիկ ընելու պահերը ձեր մանկութեան օրերէն, գէթ այսօր կրնաք հետեւիլ քնանալու համար անկողին մտած երեխաներու կիսախուփ աչքերով իրենց ծնողներէն հեքիաթ պահանջելու սպասումին: Անոնցմէ շատեր միայն այդ հեքիաթներուն թեւերով քուն կը մտնեն: Ուշիմ երեխաները նոյնիսկ իրենց քնաթաթախ վիճակին մէջ կ՛իմանան, թէ տուեալ հեքիաթը նախապէս պատմուա՞ծ էր իրենց, թէ նորութիւն է ամբողջութեամբ: Կը պատահի, որ ոմանք նոյն հեքիաթէն հաճոյք կ՛առնեն, պահանջելով որ ամէն գիշեր նո՛յնը պատմուի իրենց: Երբեմն ալ անոնք նո՛րը կը պահանջեն, իսկ ծնողներ անճար՝ հեքիաթներու գիրքեր կը փնտռեն, գոհացնելու համար իրենց երեխաներուն հեքիաթ լսելու անյագ ծարաւը: Անձամբ լսած եմ երեխայի մը՝ «ինծի պատմէ, պատմէ ինծի» ըսելով, ցաւագին աղերսը անկողինին մէջ, քնանալէ առաջ, դեռ նախադասութիւն կազմելու դժուարութեան դիմաց կանգնած:

Հեքիաթները միշտ իրական անձեր ունեցած են իբրեւ հերոսներ կամ տիպարներ, սակայն հետագային անոնք հեքիաթներու արծաթափայլ շրջազգեստները առնելով իրենց ուսերուն, երեւակայութեան անմատչելի լեռները բարձրացած են հրեղէն նժոյգներով ու ժամանակի ընթացքին՝ հեքիաթային անձերու վերածուած…

Մեր դիւցազներգութեան հերոսներն ալ անպայման իրական անձեր եղած պէտք է ըլլան, սակայն յետոյ «աստուածանալով»՝ դիւզազներգութիւններու անսպառ նիւթ հայթայթած: Բնականօրէն ազգի մը հերոսական ապրումներուն եւ ինքնապաշտպանողական պայքարի ոգիին համար կարեւոր են դիւցազներգութիւնները եւ անոնց հերոս դիւցազները:

Հեքիաթները սիրելու մանկական մեր ձգտումն ու անոր հետեւող ապրումները մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՛ընկերանան մեզի: Իրենց ապագային մասին երազող եւ այդ երազներով ապրող մարդոց չե՞նք հանդիպիր ամէն օր: Անոնցմէ քանի՞ն կը յաջողի իրականացնել իր բոլոր երազանքները: Սակայն, բոլորս ալ կ՛երազենք, կը փայփայենք մեր երազները, նոյնիսկ եթէ անոնք անկարելի կամ անիրականանալի թուին մեզմէ շատերուն:

Հետաքրքրական է նաեւ, որ մեր երազներէն որքան իրականացնենք, այդքան ալ կը բաւարարուինք եւ փառք կու տանք մեր այդ յաջողութեան համար, նման այն երեխաներուն, որոնք իրենց պատմուած հեքիաթները լսելով քունի կ՛անցնին: Յաջորդ օրը արդէն նոր օր մըն է եւ նոր «հեքիա»չ պիտի լսենք:

Մարդկային կեանքը երբ իր աւարտին հասնի, մարդիկ զայն կը սիրեն կոչել «երազ» կամ՝ «հեքիա»չ: Ճիշդ է որ այդ երկու բառերը տարբեր իմաստներ ունին ինքնին, սակայն մարդոց միտքին մէջ անոնք տեղ մը կը նոյնանան: Որովհետեւ երազն ու հեքիաթը անրջային նոյն թեւերով կը սաւառնին:

Յիսուն տարի իրարու հետ սիրով ու համերաշխութեամբ ապրած զոյգի մը կինը երբ մահացաւ, ամուսինը շշմած նստած էր անոր անշունչ դիակին մօտ եւ իր սուգը բաժնեցկելու եկողներուն կ՛ըսէր. «Երազի վերածուեցաւ, հեքիաթ դարձաւ…»: Կարծէք ան կ՛ուզէր, որ կնոջ մահէն ետք իրենց կապը այդ ձեւով շարունակուէր, երազի ու հեքիաթի միջոցով դարձեալ միասին ըլլային յաւերժութեան օթեւաններուն մէջ ու կեանքին նայէին վերէն, բարձրէն, անմատչելի բարձունքներէն…

Մահկանացու մարդ էակը իր երկրաւոր կեանքը աւարտելէ ետք հեքիաթի պիտի վերածուի բնական ընթացքով: Մարդուն մահէն ետք մնացողները՝ հարազատներ եւ ծանօթներ, որքան ալ չհաւատան մահուան, որոշ ժամանակ ետք բոլորն ալ պիտի համոզուին անոր երէկ ըլլալուն եւ այսօր չըլլալուն, եւ մեռնողին կեանքը պիտի վերնագրեն հեքիաթներու նախաբանով՝ «կար ու չկար»:

Մարդը մահանալէն ետք անոր հանդէպ սնուցուած այս հեքիաթային հաւատքը բնականօրէն մտածել կու տայ անմահութեան գաղափարին մասին, որ քրիստոնէական դարաշրջանին նուիրագործուեցաւ Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ եւ անմահական կեանքով, զոր Ան խոստացաւ տալ բոլոր իրեն հաւատացողներուն:

Հեքիաթներու այս նախաբանը՝ «կար ու չկար», ինծի ու քեզի համար ալ պիտի ըսեն օր մը, մեզի ճանչցողներ: Իւրաքանչիւրիս հեքիաթային կեանքը անշուշտ պիտի տարբերի իրարմէ: Մէկուն մասին պատմուած հեքիաթը կրնայ աւելի երկարաշունչ ըլլալ, ինչպէս որոշ անմահ կերպարներու մասին պատմուող հեքիաթները: Այդ իրական կեանքէ քաղուած հեքիաթներէն ոմանք աւելի մօտիկ պիտի թուին իրականութեան, իսկ ուրիշներ՝ կրնան թէ՛ կարճաշունչ ըլլալ եւ թէ անհաւատալի թուիլ: Կարեւորը այն է, թէ բոլորս ալ մեր կեանքի աւարտին, երբ հեքիաթի վերածուինք, պիտի մտնենք այն գիրքին մէջ, որուն վրայէն ընթերցումներ պիտի կատարեն մարդիկ:

Կասկած չկայ, որ հեքիաթներու պարագային ալ նախասիրութիւններ ունին ընթերցողներ, ըլլան անոնք փոքր տարիքի կամ ըլլան հասուն: Ուրեմն այնպէս պէտք է ապրիլ կեանքը, որ անիկա հեքիաթի վերածուելէ ետք ալ ընթերցողին հաճոյք պատճառէ: Աւելորդ կը համարենք անշուշտ ըսել, թէ դեռ հեքիաթի չվերածուած վիճակի մէջ ալ կեանքին արժէք տալու համար, պէտք է շրջապատին «հաճոյք պատճառող», այսինքն օգտակար կեանքով ապրի մարդ: Ինչ առաւելութիւններ ալ ունենանք այս կեանքին մէջ կամ ինչ հանգամանքներու տէր ալ ըլլանք, ի վերջոյ հեքիաթի նախաբանին պիտի արժանանանք: Այսինքն, մեզմէ իւրաքանչիւրի կենսագրութեան սկիզբը պիտի գրուի հեքիաթներու նախամուտքը՝ «կար ու չկար»:

Երանի՜ անոր, որուն կեանքի հեքիաթը հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուի, նման այն բազմահազար օրինակներով տպուող եւ միջազգային գրադարաններու մէջ վաճառուող մանկական հեքիաթներու գիրքերուն, զորս ձեռք ձգելու համար հերթի կը կանգնին յաճախորդներ: Անոնց կեանքի հեքիաթը գրելու համար միթէ՞ հեղինակը տարբեր գոյնի թանաքով գրած է, կամ միթէ՞ զայն գրողը իր գրիչը ուրիշ կաղամարի մէջ թաթախած է: Չէ՞ որ բոլորս ալ մահկանացու ծնած ենք միեւնոյն աշխարհին մէջ… Եթէ կեանքի հեքիաթները գրելու համար նո՛յն գրիչը, նո՛յն թանաքն ու միեւնո՛յն կաղամարը կ՛օգտագործենք, ուրեմն կան գրութեան ոճի մէջ տարբերութիւններ, որոնք այդ հեքիաթներէն մէկը կամ միւսը կը դարձնեն աւելի հետաքրքրական ու փնտռուած: Ահաւասիկ այս է, զոր կրնանք կոչել կեանքը ապրելու շնորհք, որ աւելի կ՛արժէ, քան այն բոլոր շնորհքները, որոնք իբրեւ ձիրք կը գործածենք մեր ինքնութիւնը կամ մեր հոգիէն բխող արուեստները իրագործելու համար այս կեանքին մէջ:

Կեանքը ապրելու շնորհքը պիտի հանդիսանայ ապագային մեր կեանքի հեքիաթին հիմնական նիւթը, որուն շուրջ կը կառուցուին մնացեալ դէպքերը: Ահա այս առումով, «կար ու չկար»ը որեւէ հեքիաթի սկզբնաւորութեան տեսնելը երբեք երաշխիք չէ անոր շարունակութեան վրայ գտնուող նիւթին հետաքրքրական ըլլալուն: Պէտք է ոճը նիւթին չափ հետաքրքրական ըլլայ, հաճելի կեանքը մահէն ետք ալ հաճելի հեքիաթ ըլլալու համար:

Լեռ Կամսարն Ու 1921թ. Փետրուարեան Ապստամբութիւնը

$
0
0

0218lergamsar

 

 

ՎԱՆՈՒՀԻ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ

 

 

12 Փետրուարի, 2013

 

Նիւթը պատրաստելիս միտում ունէի ապացուցել, որ Լեռ Կամսարը զէնք չէր վերցնի Փետրուարեան եղբայրասպան խռովութեան ժամանակ: Բայց երբ մի անգամ էլ ելայ ու իջայ պատմութեան այդ աստիճաններով՝ արիւնը խփեց գլխիս, սահմռկեցի: Հայը խոշտանգելով սպաննի՞ իր ծոցիծ ելած, իրեն կեանքի գնով պաշտպանած իր հերոս զաւակներին: Չնայած բոլշեւիկը ի՞նչ հայ…

Թո՜ւ, մարդ արարած, ի՜նչ զարհուրանք ես դու…

Ինձ նաեւ ցաւեցնում է, որ ժամանակակից մտաւորականներից շատերը մտան այդ արիւնարբու կուսակցութեան մէջ իրենց որդիների հետ միասին (ինչպէս Սարդարապատում կռուող հայ գեներալներն էին իրենց որդիների հետ կռւում) եւ սկսեցին վեր մագլցե՜լ ու մագլցե՜լ կոմունիստական մութ ջունգլիներում…

1935թ. Նոյեմբերին, երբ Չեկան ձերբակալեց Լեռ Կամսարին, բազում զրպարտանքների հետ նա մեղադրւում էր նաեւ Փետրուարեան զինուած ապստամբութեան մասնակցութեան համար: Հիմա շատ եմ ափսոսում, որ զէնք չի վերցրել (ո՞վ գիտի, հըլա մի լաւ քրքրեմ օրագրական արխիւը՝ կարո՞ղ է ինձ պարզերես անի), չնայած նա գրչով էլ կարող էր մահացու խոշտանգել բոլշեւիկ «ազատարարներին», քանի որ ճիտին էր հասել «կարմիրների» գազանութիւնը:

Բոլշեւիկներն իրենց իշխանութեան կարճ ընթացքում արդէն ցոյց էին տուել իրենց բարբարոս էութիւնը: Աջ ու ձախ գնդակահարում էին: Պարէնը զոռով խլում էին ժողովրդից՝ սովամահ անելով նրան: Ձերբակալել էին թուրքից մեզ փրկած ազգի հերոսներ Թովմաս Նազարբէկեանին, Մովսէս Սիլիկեանին եւ բազում սպաների: Սարդարապատի հերոս Դանիէլ բէկ Փիրումեանին գնդակահարել էին Դիլիջանի շրջանում ուրիշ հերոսների հետ միասին: Եղբայրը՝ Պօղոս բէկ Փիրումեանը, չդիմանալով այս անարդարութեանը եւ ծաղրուծանակին (վաստակած ուսադիրներն էին պոկել ու ծիծաղում էին վրան), ինքնասպան եղաւ: Բանտերում էին Յովհաննէս Քաջազնունին, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը եւ շատ ուրիշ պետական գործիչներ եւ մտաւորականներ:

Ժողովուրդն ալեկոծուեց եւ ծառս եղաւ: Առաջինը (Փետրուարի 13ին), ինչպէս միշտ, Արագածոտնի սասունցիներն էին (մեր էպոսը վկայ), ապա տարերայնօրէն քաղաքացիական կռիւները բռնկուեցին այլ շրջաններում: Ապստամբութիւնը գլխաւորում էին նախկին խմբապետները: Ապստամբութեան հենքը մեծ մասամբ արեւմտահայ գաղթականութիւնն էր:

Գրաւելով Աշտարակը, Էջմիածինը, Բաշ-Գառնին, Ախտան ապստամբները Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ Փետրուարի 18ին մտան Երեւան եւ դուրս շպրտեցին բոլշեւիկներին, բանտերից ազատ արձակելով քաղաքական գործիչներին եւ մտաւորականութեանը:

Գիտեմ, որ բանտարկեալներին բանտից ազատելուն Լեռ Կամսարն անմիջական մասնակցութիւն ունեցել է, ապա ընկերների հետ օրեր շարունակ (այնքան շատ էին՝ իրար վրայ դարսուած) բանտի գուբից կացնով գլխահատուած դիակնէր է դուրս բերել եւ թաղել հողում: Գիտեմ, որովհետեւ շատ յետոյ էլ, երբ երգիծաբանը խռովայոյզ էր քնում՝ երազում նրան հետապնդում էին այդ անգլուխ մարմինները, եւ նա վեր էր թռչում սարսափելի կոշմարներից:

Երեւանի գրաւումից յետոյ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուեց Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն, որը պէտք է կառավարեր երկիրը մինչեւ կառավարութեան ձեւաւորումը: Իսկ Լեռ Կամսարն էլ անցաւ իր մշտական գործին՝ ինչ անում էր բոլոր իշխանութիւնների ժամանակ՝ այսինքն գրել:

Բոլշեւիկները, որոնք ապաստանել էին Ղամարլուում (Արտաշատ), օգնութեան կանչելով ռուսական 11րդ Կարմիր բանակը Մարտի 25ին սկսեցին յուժկու հակահարուածը:

Նրանք գրաւեցին Ապարանը, Կոտայքը եւ Ապրիլի 2ին մտան Երեւան: Մայրաքաղաքը ավերածութիւնից փրկելու եւ աւելորդ արիւնահեղութիւնից խուսափելու համար որոշուեց Երեւանը յանձնել առանց մարտի: Քաղաքը բոլշեւիկներին յանձնելու համար ստեղծուել էր յանձնախումբ, որի մէջ ընդգրկուել էին Պարսից հիւպատոսը, ամերիկացի բժիշկ Լոշերը եւ Յովհաննէս Թումանեանը: Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն, զօրքը եւ մեծ թուով բնակիչներ Բաշ-Գառնի-Դարալագեազ գծով բռնեցին դէպի Զանգեզուր նահանջի ճանապարհը: Զանգեզուրում նրանք միացան Գ. Նժդեհի ուժերին, իսկ Յուլիսին նրա հետ անցան Պարսկաստան: Նրանց հետ էր Լեռ Կամսարը: Ահա ինչ է գրում ժամանակակիցը.

 

1921-Ապրիլ. Կարմիր Մատիտը Ողջ Մնայ

 

Փետրուարի 18ի ըմբոստութեան գործողութիւնները վերջ գտած էին ու կռիւները կը շարունակուէին Լեռնային Հայաստանի մէջ: Տաճկահայերը գիտակցելով, որ ռուսահայերը (ՀՅԴ) իրենց բարեացակամութիւնը շահագործած են, Զանգեզուր հասնելէ վերջ որոշեցին ալ չկռուիլ: Այս շարժման գլուխը անցած էր զօրավար Անդրանիկի օգնական Սմբատ Մշեցին:

Փրկութեան կոմիտէն սակայն հաղորդած էր հազարապէտ Նժդեհին, որ տաճկահայերը զինաթափ ընէ ու թոյլ չտայ, որ անոնք Պարսկաստան անցնին: Տաթեւի մէջ նկատեցինք, թէ սպարապետ Նժդեհը իր հրամաններուն տակ կը դնէր կարմիր ստորագրութիւնը:

Այս տողեր գրողը, որ իր կամքին հակառակ միացած էր այս «նահանջ բիւրոցին», Երեւանի փողոցէն յափշտակուած, անպատրաստ, երբ կը դիմեր իր գրասենեակը՝ սպասելով Երեւանի ռմբակոծման վերջանալուն, երեք երիտասարդները զինք բռնեցին եւ ինքնաշարժի մէջ նետելով իրենց հետ տարին մինչեւ Ասորի Դուին գիւղը, գրպանիս մէջ կը մնային երկու կարմիր մատիտ:

– Կարմիր մատի՞տ,- ըսաւ Լեռ Կամսարը,- փրկուած ենք,- ու թելադրեց, թէ ինչպէս պիտի գրէինք ճամբորդական արտօնագիրը:

Այսպէս արտօնագրերը կը գրէինք կապոյտ մատիտով եւ ստորագրութիւն կը դնէինք կարմիր մատիտով եւ արձակ համարձակ կը ճամբորդէինք նախարարներէն առաջ, որոնց միայն տրուած էր արտօնագիր ճամբորդելու եւ անցնելու Պարսկաստան օգնական ուժեր ղրկելու Լեռնային Ղարաբաղ կռիւները շարունակելու:

Եւ, երբ Փրկութեան կոմիտէի նախագահը իր փոքրաթիւ հետեւորդներով Մեղրի հասաւ, մեր խմբակը հոն գտաւ եւ երբ հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչպէս կրցած էինք իրենցմէ առաջ Մեղրի հասնել, Լեռ Կամսար պատասխանեց, թէ.

-Պարոն Ն.ի կարմիր մատիտը ողջ մնայ…

 

Պարսկաստանի սահմանը անցնելուց կարճ ժամանակ անց, Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնը համաներում շնորհեց ապստամբութեան մասնակիցներին, բայց երբ նրանք վերադարձան, համարեա բոլորին գնդակահարեց, բանտարկեց կամ աքսորեց:

Լեռ Կամսարը նոյնպէս բռնադատուեց 20 տարով եւ մինչեւ կեանքի վերջը համարուեց persona non grata.

 

12 Փետրուարի, 2013

 

Հատուած Լեռ Կամսարի «Բանտիս Օրագիրը»էն

 

ՀԱՐՑ.- Հետաքննութիւնը փաստեր ունի, որ 1921թ. դաշնակցական աւանտիւրայի ժամանակ «Ազատ Հայաստան» դաշնակցական պաշտօնաթերթում գրել էք մի շարք ֆելիէտոններ, որոնք ուղղուած էին կոմունիստական կուսակցութեան եւ սովետական կարգերի դէմ: Ընդունո՞ւմ էք այդ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այդ հարցին չեմ ուզում պատասխանել:

 

ՀԱՐՑ.- Ինչո՞ւ չէք ուզում պատասխանել հետաքննութեան տուած հարցին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ուղղակի չեմ ուզում պատասխանել:

 

ՀԱՐՑ.- Ուրեմն, դուք ընդունում էք, որ 1921թ. փետրուարեան աւանտիւրայի ժամանակ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ճամբարում էիք եւ նրանց պաշտօնաթերթում քաղաքական պայքար էիք տանում կոմկուսի եւ սովետական իշխանութեան դէմ: Այդ պատճառով էլ խուսափում էք ըստ էութեան տրուած հարցի պատասխանից:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իրօք, դաշնակցական աւանտիւրայի ժամանակ «Ազատ Հայաստան» դաշնակցական պաշտօնաթերթում գրել եմ երկու յօդուած: Այդ երկու յօդուած-ֆելիէտոնները գրուած էին Հայաստանում սովետական կարգերի գոյութեան ժամանակ գործող զինուորական կոմունիզմի եւ կոմկուսակցութեան դէմ, բայց դրանով ոչ մի քաղաքական նպատակ չէի հետապնդում:

 

ՀԱՐՑ.- Դուք հարցից խոյս մի՛ տուէք: Հետաքննութիւնը ձեզ առաջարկում է յստակ պատասխանել՝ դաշնակցական պաշտօնաթերթ «Ազատ Հայաստան»ում գրե՞լ էք ֆելիէտոններ զինուորական կոմունիզմի եւ կոմունիստական կուսակցութեան դէմ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես գրել եմ ֆելիէտոններ, բայց դրանք ուղղուած են եղել ոչ թէ ընդհանրապէս կոմունիզմի գաղափարախօսութեանը եւ ամբողջ կոմունիստական կուսակցութեանը, այլ սովետական իշխանութեան ժամանակ Հայաստանում գործող սովետական մասնակի ձեռնարկութիւններին եւ կոմկուսի մասնաւոր անդամներին:

 

ՀԱՐՑ.- Բայց այն ժամանակ, երբ գրել էք ֆելիէտոնները, Երեւանում սովետական կարգեր չկային, չկային նաեւ սովետական հիմնարկներ, ինչո՞ւ էք այդ դէպքում գրել դրա մասին, եթէ քաղաքական նպատակներ չունէիք:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Դա ուղղակի գրել եմ՝ որպէս յուշ բոլշեւիկների մասին:

ՀԱՐՑ.- Դուք հարցից խոյս մի՛ տուէք, քանի որ հետաքննութիւնը գտնում է, որ դա  «յուշ չէ բոլշեւիկների մասին», ինչպէս դուք էք ասում, այլ գաղափարական պայքար կոմկուսի եւ սովետական իշխանութեան դէմ, որովհետեւ ձեր ֆելիէտոնների շնորհիւ դաշնակցական մամուլը վարկաբեկում էր սովետական իշխանութիւնը եւ կոմկուսը: Ընդունո՞ւմ էք դա, թէ ոչ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Գուցէ, դաշնակցականները զինուորական կոմունիզմի եւ առանձին կոմունիստների մասին գրածս ֆելիէտոններն իրօք օգտագործում էին իրենց քաղաքական նպատակների համար՝ որպէս սովետական իշխանութեան եւ կոմկուսի վարկաբեկում: Անձամբ ես նման նպատակ չէի հետապնդում:

 

ՀԱՐՑ.- Այն ժամանակ, երբ Երեւանում 1921թ. Փետրուարին ստեղծուեց Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ նախկին վարչապետի՝ Ս. Վրացեանի գլխաւորութեամբ, ասացէ՛ք, գրե՞լ էք որեւէ ֆելիէտոն՝ դաշնակների կողմից կազմակերպած աւանտիւրայի մասին, որը հազարաւոր մարդկային զոհերի պատճառ դարձաւ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ո՛չ, չեմ գրել:

 

ՀԱՐՑ.- Ինչո՞ւ չէք գրել:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Որովհետեւ կառավարութիւնը, որը ղեկավարում էր Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն, երկար գոյութիւն չունեցաւ:

 

ՀԱՐՑ.- Բայց այն ժամանակ սովետական իշխանութիւնը նոյնպէս առանձնապէս երկար գոյութիւն չի ունեցել, ինչո՞ւ այդ դէպքում դուք ժամանակ գտաք դաշնակցական մամուլում վարկաբեկելու սովետական իշխանութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այդ հարցի պատասխանը չունեմ:

 

ՀԱՐՑ.- Փետրուարեան աւանտիւրայի ժամանակ դաշնակցական մամուլում ձեր հանդէս գալը հետաքննութիւնը դիտում է որպէս մասնակցութիւն նշուած աւանտիւրային, այդ պատճառով էլ հետաքննութեանը տուած ձեր բացատրութիւնը այն մասին, որ դուք Իրան էք փախել տարբեր պրովոկացիաների պատճառով, չի համապատասխանում իրականութեանը. փաստօրէն, դուք՝ որպէս աւանտիւրայի մասնակից, համարուել էք քաղաքական վտարանդի, ընդունո՞ւմ էք դա:

 

Արձանագրութիւնը ընթերցուել է ռուսերէն եւ հայերէն, արձանագրութիւնը կազմուած է իմ խօսքերից:

 

Արամ Թովմաղեան

Հարցաքննեց Իսրայէլեանը

 

Յունուար 25, 1936թ.

 

«Մահապուրծ Օրագիր»

1926թ.

 

ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ

 

Երեքշաբթի, 29.- Պետական թատրոնին նուիրուած բանկետի մը մէջ, երբ հայ բանաստեղծ մը բաժակ կը վերցնէ Հայաստանի կենացը խմելու, կոմունիստ հանդիսականը անդիէն կը պոռայ.

– Ո՞ր Հայաստանի:

– Առհասարակ Հայաստանի,- կը պատասխանէ ճառախօսը:

– Առհասարակ Հայաստան գոյութիւն չունի,- կ՛ըսէ կոմունիստը,- կայ միայն Խորհրդային Հայաստան:

Կը նշանակէ՝ առհասարակ հայ ալ չկայ:

Իսկ առհասարակ մա՞րդ:

Կամ որեւ է առհասարակ բան գոյութիւն ունի՞ սա երկրին մէջ…

Ու… եթէ իրօք խորհրդայնացումէն անդին Հայաստան չ՛ըլլար, ու Արեւելքի քաղաքակրթութեան պատմութիւնը սկսեր է 1920 թիւէն, այսինքն այն օրուընէ, երբ բոլշեւիկները Դիլիջանի վրայով Հայաստան արշաւեցին: Գոյութիւն ունեցած չըլլային Ասորեստանի թագաւորները, ոչ ալ իրենց քաջագործութիւնները պատմող սեպագիր ժայռերը. ըսել կ՛ուզեմ ժայռերը ըլլային, բայց վրան գրութիւն չ՛ըլլար: Այսօր, այս նոր արշաւողները այդ նոյն ժայռերուն վրայ սապէս պիտի սեպագրէին.

«Ես, Աթարբեկեանս (կամ Աւիսս), յեղկոմ բոլոր յեղկոմներու, ես սոցիալիստս, ես կոմունիստս, Չիբուխլուի վրայով Ելենովկա արշաւեցի, հաւաքեցի բոլոր տաճկահայ գաղթականներուն մի մարագածեցիու կացինով կոտորեցի, 73 հոգի ձեռները ետեւ կապած ծովիափշարեցի, գնդակահարեցի ու ծովը նետեցի: Երեւանի բանտի նկուղը 17 կանգուն փորեցի, 120 հոգի սպաննեցի ու ձկան նման իրար վրայ շարելով հողով ծածկեցի: Երկրի բոլոր պարէնը հաւաքելով մնացեալներուն սովի մատնեցի ու քաղաքի ոսկին կողոպտելով փառաւորուեցի, ե՜ս, Աթարբեկեանս (կամ Աւիսս), ե՜ս, հզօրս, ե՜ս, արդարադատս, որդի Լենինի, որդի Բուխարինի, որդի Ստալինի»։

 

«Կարմիր Օրեր»

1957թ.

 

Ն(ՇԱՆ) ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ*

 

1920 թուականին Հայաստանը ընկաւ երկու ամենաոխերիմ թշնամիների արանքը. մէկ կողմ թուրքն էր կանգնած իր մերկացած սրով, միւս կողմը հայ բոլշեւիկը՝ կացինը ուսին դրած: Ո՞ւմ անձնատուր լինել. թուրքի՞ն թէ հային: Այն հայերը, որոնք սրի սիրահար էին, խողխողուել կ՛ուզէին՝ թուրքին յանձնուել նախընտրեցին, իսկ նրանք, որ կացնով իրենց գլուխները երկու մասի բաժանել կ՛ուզէին՝ բոլշեւիկներին նախամեծար համարեցին եւ վերջում բոլշեւիկներին էլ յանձնուեցին եւ յանձնեցին իրենց երկիրը՝ նրանց գթասրտութեանը ապաւինելով:

Եկաւ բոլշեւիկը: Ամէնքը ակնապիշ սպասում էին, թէ ինչպէ՞ս հայը հային պիտի կոտորի: Որովհետեւ հայոց պատմութեան մէջ յոյն, թուրք, արաբ, պարսիկ կոտորել էին հայերին, բայց հայը հային առաջին անգամ պիտի կոտորէր եւ դա չէր կարող հետաքրքիր չլինել հայի համար, ի հարկէ:

Բոլշեւիկը Հայաստան մտաւ սադայելեան ժպիտը երեսին: Սաստիկ սոված էր, որովհետեւ կոմունիստական Ռուսաստանից էր գալիս: Մի գիշերուայ մէջ հաւաքեց ժողովրդի բոլոր մթերքը՝ իւղ, միս, ալիւր, շաքար, չոր միրգ, աղ, պղպեղ, վերջապէս՝ ամէն ինչ: Կերաւ կշտացաւ, բեղերը մաքրեց, կացնի սրութիւնը փորձեց ու վեր կացաւ երկրում «սոցիալիզմ կառուցելու»:

Նախեւառաջ հաւաքեց ու բանտերը լցրեց Հայաստանի բոլոր խելացի, բոլոր ազնիւ, ժողովրդի մէջ յարգանք վայելող բոլոր մարդկանց: Բայց որովհետեւ Հայաստանի բանտերը քիչ յանցաւորների համար էին կառուցուած, հետեւաբար չէին կարող իրենց մէջ տեղաւորել մի ամբողջ ժողովուրդ, այդ պատճառով հրամայուեց հաւաքուած «յանցաւորներին» մի կողմից կոտորել, որ տեղ բացուի նորերին:

Ու կոտորւում, «սելեօդկա» ձկան նման շարւում էին բանտի ներքնայարկերում փորուած անդնդախոր գերեզմանում:

Յետագայում, բոլշեւիկների հեռանալուց յետոյ ես անձամբ տեսայ: Հարիւրաւոր ընտիր հայեր ձեռներն ետեւը կապուած, գլուխները մէջտեղից կիսած, դարսուած էին իրար վրայ, արեան ճապաղիքի մէջ…

Ինչպէս գէշ տիրուհիներն իրենց տգեղ սպասուհիներ են վարձում նրանց մօտ գեղեցիկ երեւալու համար, բոլշեւիկներն էլ վերջ էին տալիս բոլոր խելօք մարդկանց, որպէսզի իրենց յիմարութիւնը աչքի չզարնուի:

Լա՜ւ, բայց եթէ կոտորածն այս նպատակով ընթանար, նշանակում է ոչ մի մարդ չէ՞ր մնալու ողջ երկրում, քանի որ ինչքան էլ ժողովուրդը յիմարանար, դարձեալ հայ բոլշեւիկներից խելօք պիտի մնար: Ուրեմն, ի զէն գոչեցին ողջ մնացած հայերը եւ ջարդ տալով իրենց «բարերարներին»՝ Հայաստանից դուրս շպրտեցին 21 թուականի Փետրուար ամսին:

Գնացին բոլշեւիկները եւ վերադարձան ռուսական զօրքով: Կռիւն անհաւասար էր, եւ Հայաստանի արու բնակչութիւնը իր կին ու երեխաներին բոլշեւիկներին թողած՝ Պարսկաստան փախաւ եւ յետոյ էլի վերադարձաւ:

Ի՞նչ երկարեմ, ասեմ միայն, որ այն թուականից մինչեւ հիմա, բոլշեւիկեան կառավարութիւնը ժողովրդին լցրել է մաղի մէջ՝ մաղում է, մեծերին, արժանաւորներին սպաննում, իսկ տականքներին ամբար լցնում: Որի հետեւանքով այս րոպէիս մի մարդ չի մնացել ողջ Սովետական Միութիւնում, բոլորը կեղծաւոր, պնակալէզ, լիզող, քծնող ներքինիներ են, իրենց մարդկային կերպարանքը կորցրած:

Ամերիկա՜, երբ մեր երկիրը ազատելու գաս, չմոռանաս հետդ մարդու սերմ բերել Սովետական Միութիւնում ցանելու համար: Մեզ մօտ մարդ չի մնացել:

 

*Յուշագրութեան բնագիրը գտ-նւում է Գրականութեան թանգարանում:

 

 

Յիսնամեայ Վաստակով

$
0
0

0220mesrobian50logo

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Շաբաթ Փետրուար 20ին, Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 50րդ ամեակը:

 «Ասպարէզ», շնորհաւորելով «Մեսրոպեան»ի յոբելեանը՝ իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարեդարձի տօնակատարութեան՝ յատուկ ներդիր մը  ներկայացնելով մեր ընթերցողներուն:

 «Ասպարէզ» շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Մեսրոպեան»ի հաւատարիմ ու հետեւողական զօրակից՝ ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէութեան, որ նաեւ գլխաւոր հովանաւորութիւնը ստանձնեց մեր այսօրուան ներդիրին։

 

Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանը յաղթականօրէն կը տօնէ իր հիմնադրութեան յիսնամեակը:

Կը տօնէ կէս դարու իր անընդմէջ ծառայութիւնը՝ հայեցի դաստիարակութեամբ սնուցանելու հարիւրաւոր պատանիներ:

Կը տօնէ դպրոցի հիմնադիր նուիրեալ սերունդին տեսիլքի իրականացումը:

Կը տօնէ դպրոցի առաքելութեան լծուած բարերարներուն, ծնողներուն, ուսուցիչներուն, հոգաբարձուներուն շարունակուող յանձնառութիւնը:

«Մեսրոպեան»էն շրջանաւարտ բազմաթիւ տղաք ու աղջիկներ այսօր կը ծառայեն մեր համայնքին ու ազգին՝ հպարտութիւն ներշնչելով իրենց դաստիարակներուն ու ծնողներուն:

«Մեսրոպեան»ը, ինչպէս եւ այս ափերուն վրայ ծնունդ առած ու իրենց հայեցի կրթութեան առաքելութիւնը վստահօրէն շարունակող հայկական ամէնօրեայ միւս վարժարանները, կրնան հպարտութեամբ յայտարարել, թէ Ամերիկայի ձուլող առասպելական կաթսան յաջողած են որոշակիօրէն ճեղքել ու յաջորդ սերունդի ազգային ինքնութեան հաստատման՝ արդէն փորձուած, արդէն ապացուցուած ճանապարհներ ցոյց տալ:

«Մեսրոպեան»ի ու հասակակից կամ աւելի երիտասարդ դպրոցներու ամէնօրեայ արշաւը գնահատելու, անոր թափը անկասելի դարձնելու, նոր բարձունքներ նուաճելու հրամայականին պահանջները ապահովելու պարտաւորութիւնը բոլորի՛ս ուսերուն է:

Գիտակից ենք, որ որեւէ պահու, նոյնիսկ ժամանակաւոր թուլացում, կամ ուշադրութեան նուազագոյն շեղում՝ եւ մենք ահագին բան կրնանք կորսնցնել, կրնանք անվերականգնելի կորուստներ ունենալ՝ նահանջի ու վայրէջքի ճիրաններուն մէջ նետելով մեր կրթական օճախները: Տխուր իրողութիւն է նաեւ, որ մեր ամէնօրեայ վարժարանները պահելու, պահպանելու, զարգացնելու ու ծաղկեցնելու հաւաքական վճռականութիւնը ճեղքեր տուած է անցեալին՝ հայկական դպրոցի փակուած դռներու մղձաւանջը ապրեցնելով մեզ:

Թող «Մեսրոպեան»ի կենսալի յոբելեանը, թող մեր բոլոր հայկական կրթօճախներու ամէնօրեայ հեւքը վայելէ բոլորի՛ս նեցուկը, զօրակցութիւնը եւ գորովը:

Շնորհաւո՛ր:

 

 

Տասնամեակի Տօնակատարութիւն՝ Մեսրոպեան Նախակրթարան Եւ Երկրորդական Ամէնօրեայ Վարժարանի

$
0
0

0220mesrobianmangabardez

 

 

Ն. ԿԱԼԻՆԵԱՆ

 

 

Գերմանիայէն Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած հայ տարագիրներ, զարմացան, որ հոն ամէնօրեայ վարժարան չկար, շաբաթօրեաներուն գոյութիւնն ալ վտանգուած էր։

Արեւելեան Լոս Անճելըս խմբուած նոր հայրենազուրկներն ալ, հարկադրաբար բաւականացան ժամանակաւոր շաբաթօրեայով՝ օտար սրահին մէջ, ուսուցչութեամբ պրն. Թորգոմ Փոստաճեանի, որ հետագային ունեցաւ երկու օգնական ուսուցիչներ, իսկ 1959ին ուսուցչուհի մըն ալ, աշակերտներուն թիւը բարձրացած էր 79ի, սրահին մէջ գրեթէ ոչ մէկ իր՝ դպրոցի տպաւորութիւն ձգող։ Սկսած էր ծնողներու գանգատը՝ «Գալ տարի չենք ղրկեր…», տարեվերջին վարձակալի պահանջը՝ «Սրահը շատ աղտոտեցաւ, պէտք է ներկել տաք…»։

Դժուար էր նոր տեղ գտնելը, վերամուտը կ՛ուշանար։ Յoժարակամ օգնութեան հասաւ նախկին տարագիր պրն. Ե. Յակոբեան, որ չէ դադրած օգնելէ, նաեւ՝ ողբացեալ Ալ. Յովհաննէսեան։

Շաբաթօրեան խնդիրին վերջնական լուծում չէր։ Ամէնօրեայի համար պէտք էր սեփական շէնք։ Գտնուեցաւ յարմարագոյն հողամաս մը՝ 28 էքր, 135,000 տոլար՝ 3 տոկոսով։

«Խենթեցե՞ր էք…»՝ պոռացին ամէնօրեան պերճանք նկատողներ։ Գտան աժանագոյնը՝ 8 էքր, 50,000, դարձեալ չեղաւ։ Անցաւ երկու տարի, կրկնապատկուեցաւ հողին արժէքը, գնուեցաւ 3 էքր՝ 46,000ի։ Շինութեան սկսելու համար նախ պէտք էր սեփականացնել, որ ուշացաւ երկու տարիով, մինչեւ որ Հայ կեդրոնի վարչութեան ատենապետ պրն. Մ. Գանտիլեան յաջողեցուց 10,000 տոլարի վճարումը։ Պրն. Գանտիլեանի ջանքով Ս. Խաչ եկեղեցին վճարեց մնացեալ 13,000ը, երբ ան հոգաբարձութեան ատենապետ էր։

Հողը օրհնուեցաւ 1964ին, հիմնարկէքը՝ 1965ին։ Շինարարներու միութեան գործադուլը պատճառ եղաւ կառուցման ուշացումին, նաեւ՝ աշակերտներու նուազումին։

1965, Սեպտեմբեր 13ին կատարուեցաւ բացումը՝ հազիւ 80 աշակերտ, 4 մնայուն, մէկ այցելու ուսուցիչ, տեսուչ պրն. Փօստաճեան։ Խեղճուկ սկիզբին յաջորդեցին յաջող տարիներ. անհետացաւ ծնողներու վարանումը, աշակերտներուն թիւը բարձրացաւ չնախատեսուած թափով, այս տարի կայ 335 աշակերտ, մնայուն ուսուցիչ՝ 19, այցելու՝ 4, պիւտճէն՝ 290,000 տոլար։

Զաւակներուն հայեցի կրթութիւն տալու տենչով, այլ տեղերէ «Մեսրոպեան»ին մօտենալու հոսանքը դեռ չէ դադրած։ Բարոյականի մասին խօսք չկայ։ Այլապէս օտարներ պիտի չխնդրէին ընդունիլ իրենց տղաքն ալ։ Արտագրենք քանի մը տող Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ պրն. Բ. Կռանեանի յօդուածաշարքէն («Հայրենիք», Դեկտ. 6, 1969).

«… Անհրաժեշտ է ընդլայնել շէնքը… Դասարանները անբաւարար են… «Մեսրոպեան»ի մէջ կը դասաւանդուի ամերիկեան լրիւ կրթական ծրագիրը, հայոց լեզու, պատմութիւն, կրօն, պար եւ երաժշտութիւն։ …Կարգապահութիւնը եւ բարոյականը պատճառներ են, որ մեր դպրոցը ըլլայ բարձր մակարդակի վրայ…»։

Նախկինին կից բարձրացաւ նորը՝ նոյն չափով, տարալուծարան, արհեստ, երգ ու նուագի դասարան, լոգարաններ եւ այլն։ Կրկնապատկուեցաւ ճաշասրահի տարածութիւնը, անոր կից կառուցուեցաւ պահակ ու ծառայողի բնակարան։ Այժմ այդ ալ անբաւարար է՝ գրադարանը փոխադրուած է շէնքէն անջատ՝ խոնաւ խուցեր, 25 անդամներով աշակերտական նուագախումբը չունի դասարան, կ՛օգտուի միայն մէկ կողմը պատած տանիքէ մը…

Նոր հողամասը գնուեցաւ յաւելեալ դասարաններու շինութեան, նախապէս ծրագրուած, բայց չիրագործուած մեծ սրահի կառուցման եւ տեղափոխելու Ս. Խաչ եկեղեցին, նաեւ իրականացնելու համար պատգամը Խորէն Ա.ի՝ «Եկեղեցի մը առանց դպրոցի՝ որբ մըն է»։

Հետեւեալ տողերը կ՛ապացուցեն վարժարանի կրթական բարձր մակարդակի հասած ըլլալը.

«Աշակերտական շարադրութեանց բաւականին յաջող նմոյշներ տարեգիրքերու մէջ։

Հայերէն թէ անգլերէն այլազան բովանդակութեամբ յօդուածներ «æահ» պարբերաթերթին մէջ՝ լոյս ընծայուած Է., Ը. կարգի ուսանողներէն, լաւագոյնս կը դրսեւորեն անոնց ստացած կրթութեան աստիճանն ու լայն աշխարհայեցութիւնը։

Է. եւ Ը. կարգէն 10 աշակերտներու «Բացառիկ ուսանող» տիտղոսին արժանացումով, «Մեսրոպեան»ի անդամակցութիւնը Քալիֆորնիոյ միջնակարգ վարժարաններու ընկերակցութեան, որուն թիւ 173 մասնաճիւղն է» (Զ. տարեգիրք, էջ 41)։

«Նախորդ տարիներուն միջնակարգ աւարտածներու համալսարան ընդունուիլը, նաեւ անցեալ տարուան 4ի փոխարէն, այս տարի Փասատինայէն «Մեսրոպեան» յաճախողներու թիւին 30ի բարձրանալը ու տնօրէն պրն. Օ. Քէշիշեանի յամառ վկայութիւնը. «Այս տարի «Մեսրոպեան»ի երկրորդականէն վկայուելիք 18 աւարտականներ համալսարան պիտի ընդունուին»։

«Եթէ բաւարար չեն, թերահաւատները թող վերյիշեն 1973, Յունիս 17, Կիրակի կէսօրէն ետք, Ը. կարգի 35 շրջանաւարտներուն վկայականի բաշխման հանդէսը։ Բացում, հանդիսավարութիւն, ուղերձ՝ հայերէն թէ անգլերէն, եւ գեղարուեստական յայտագիրի դերակատար, միայն վերի կարգերու աշակերտներն էին՝ փորձառուներու չափ համարձակ ու անշուար» («Հայրենիք», Յուլիս 23, 1973)։

 

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՐԱԿԱՆԱՑԱՒ

ՄԵԾ ԵՐԱԶԸ

 

Հողի գնումէն ետք հին գաղթականներէն շատեր ընդառաջեցին օժանդակելու կոչին։

Դպրոցաշինութեան անմոռանալի նուիրեալներ էին բարեյիշատակ ողբացեալներ՝ Գ. Պետրոսեան, Կ. Մագդեսեան, Վ. Դիլանեան, Յ. Քարեան, որ Հայ կրթական միութեան քարտուղարի հանգամանքով ապահովեց նաեւ շատերու մասնակցութիւնը։

Բացառիկ տիպարներ են նոյն միութեան ատենապետ պրն. Յ. Փիրումեան եւ գանձապահ պրն. Ճ. Առաքելեան, որ ինքն ալ բոլորեց «Մեսրոպեան»ի նիւթական թէ բարոյական օժանդակութեան մեծապէս գնահատելի տասնամեակը։ Կը մաղթենք ուժ եւ կարողութիւն, վարժարանի այլ հոգատարներուն հետ, առաւել արդիւնաւոր կերպով լրացնելու իրեն վստահուած Խնամակալ մարմինի տեւական ատենապետութեան ըղձալի 25ամեակը։

Զոհողութիւնն ու անխոնջ աշխատանքը պարտականութիւն նկատեց նաեւ պրն. Յ. Փիրումեան, որ հակառակ երկարատեւ հիւանդութեան եւ յաճախակի վիրաբուժական գործողութիւններու, չմոռցաւ պարբերաբար օգնել «Մեսրոպեան»ին, նաեւ թելադրել այլոց։

Չենք մոռնար շաբաթօրեայի թէ ամէնօրեայի նախաձեռնակ պրն. Մ. Մոսիկեանը, որ «Մեսրոպեան»ի իրականցումէն ետք նախաձեռնութիւնն ունեցաւ բանալու շաբաթօրեայ մըն ալ Ուիտտիէր քաղաքին մէջ՝ 35 աշակերտներով, որոնց հետ պարապեցաւ անընդհատ երկու տարի, վարձի փոխարէն գոհացաւ ծնողներու շնորհակալութեամբ, չհեռացաւ նաեւ «Մեսրոպեան»էն։ «Մեսրոպեան»ի տեւական աշխատանքին տասնամեակը լրացնողներէն մէկն է նաեւ պրն. Ա. Տէր Մինասեան, որ հողի փնտռտուքէն մինչեւ հիմա կը վազվզէ՝ գիշեր-ցերեկ։

Վարժարանի տարեգիրքերուն մէջ կան հիմնադիրներու, շինութեան յանձնախումբի, ուսումնական խորհուրդի, խնամակալ մարմինի, բարենպատակ եւ հայրենակցական միութիւններու, նաեւ հարիւրաւոր՝ մեծ կամ փոքրագումար, անհատ նուիրատուներու անունները, մերձակայ թէ հերաւոր վայրերէ, խորին շնորհակալութեան խօսք ունինք բոլորին։

Ամէնօրեայ վարժարանը մօտ էր հայ ժողովուրդի սիրտին. ծայր տուին քաջալերանքի ու գնահատութեան գիրեր ամէն կողմէ։ Մօտիկ թէ հեռու տեղեր ղրկուած խնդրանքի պահարանները չմերժուեցան։ Հանգանակութեան ճաշ, այցելութիւն տունէ տուն, դաշտահանդէս, պարահանդէս ու վիճակահանութիւն իրար հրմշտկեցին։

Սակայն, ծանրագոյն բեռը մնաց ծնողներու վիզին, թէպէտ անոնք եղան միշտ առաջին մասնակցողները բոլոր ձեռնարկներուն։ Միջին հաշուով, ամէն ծնող մէկ աշակերտի համար կը ծախսէ նուազագոյն 550, իսկ վարժարանը՝ 960 տոլար։

Կանխորոշուած պիտճէն յաճախ գործադրուած է մեծ յաւելումներով։

Ուսուցչական կազմը նմանապէս ենթարկուած է փոփոխութիւններու։ Տասներորդ տարին բոլորելու պատիւը կը պատկանի միայն շուրջ 350 երեխաներու վրայ հարազատ մօր նման գուրգուրացող, անոնց լացը ժպիտի փոխող, երգ ու խաղերուն հետ նաեւ այբ, բեն, գիմը ճանչցնող օր. Ռ. Բագրատունին։

Աղքատ ծնողները զրկուած չեն զաւակները հայկական վարժարան ղրկելու իրաւունքէն, այս տարի «Մեսրոպեան»ի մէջ ձրի կրթութիւն կը ստանան 13 աշակերտներ, 72 աշակերտներու թոշակները զեղչուած են 50-70 տոկոսով։

Մեսրոպեան վարժարանի շինութեան օրերէն մինչեւ այսօր այցելեցին հարիւրաւոր հայեր եւ օտարներ՝ թէ՛ Ամերիկայի բազմաթիւ քաղաքներէ, թէ՛ այլ երկիրներէ, բայց մանաւանդ Խորհրդային Հայաստանէն։ Այցելուներէն շատեր արտայայտեցին կամ գրեցին իրենց տպաւորութիւնը։ Կը բաւականանանք թուելով միայն մէկ քանին՝ արտագրելով ոմանց տպաւորութիւնէն մէկ քանի տող։

– Վազգէն Ա. վեհափառ կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Այս վարժարանները Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին տրուած մեծագոյն նուէրներն են…» (Դ. տարեգիրք)։

– Տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեան. «Եթէ կայ վայր մը ամբողջ Ամերիկայի մէջ, ուր ամէն հայ պէտք է այցելէ՝ հպարտանալու եւ ներշնչուելու համար անկէ, ատիկա Մեսրոպեան վարժարանն է»։

ՀԲԸ Միութեան նախագահ պրն. Ա. Մանուկեան, պատուակալ անդամներ՝ պրն. Է. Մարտիկեան եւ Գ. Խորիկեան։

Սիրելի հայրենակիցներ, յիշեցէք, որ այս յաղթական տասնամեակին հետ միջին հաշիւով կը լրանայ նաեւ Բ. Աշխարհամարտի բոլոր տարագիրներուն 25ամեակը։ Չմոռնանք մեր տուած խոստումները ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐ, պրն. Ճ. Մարտիկեանին։ Առաւել եռանդով շարունակենք ազգօգուտ աշխատանքը՝ յաջորդ 25ամեակին աւելի մեծ իրագործումներ արձանագրելու համար։

 

Նոյեմբեր 2, 1975


Տեղեկագիր՝ Արեւելեան Լոս Անճելըսի Մեսրոպեան Վարժարանին Մասին

$
0
0

0220mesrobian3

Ն. ՖԸՆՏԳԵԱՆ

 

Սիրելի ընկերներ,

Դժբախտաբար, բառին իրական ըմբռնումով վարժարան մը չունինք։ Ունեցածնիս, մեր համայնքին պատիւ բերելէն հեռու, վարժարանի տպաւորութիւն չունեցող բան մըն է։

Միասին մտնենք վարժարանէն ներս. սրահին մէկ անկիւնը խառնիխուռն դիզուած քառակուսի՝ ճաշի երկար ու կարճ սեղաններ՝ մոմլաթով պատած ու ամէն չափի ու ձեւի աթոռներ անոնց վրայ։ Ու դժբախտաբար անոնց մեծ մասը մեր սեփականութիւնը չէ ու վստահաբար տրամադրած է պրն. Մահտեսեան։

Անհրաժեշտ է որ ամէն դասաժամէ առաջ դպրոցական խորհուրդի ատենապետ Մ. Մոսիկեան եւ Ալ. Յովհաննիսեան այնտեղ ըլլան, որպէսզի զանոնք աշակերտներու օգնութեամբ դասարաններուն մէջ շարեն, դասաժամէն ետք վերստին հաւաքեն։ Դասարաններուն մեջ ուսուցիչներուն համար ոչ ամպիոն մը ու ոչ իսկ սեղան եւ աթոռ մը կայ։ Պատերը բոլորովին լերկ՝ ոչ քարտէս, ոչ համրիչ ու ոչ իսկ Ս. Մեսրոպի դիմանկարն ու հնարած տառերը։ Երեք դասարաններուն մէջ ալ դպրոցական միակ իրը՝ փոքրագոյն սեւ գրատախտակ մըն է, այն ալ առանց գիծերու, որ խիստ կարեւոր է գեթ Ա. դասարանին համար։

Ինչո՞ւ այս տխուր պատկերը։

Որովհետեւ, հակառակ մեր լուսաւորեալ դարու մէջ ապրելու եւ գրագէտ ըլլալուն ու մանաւանդ մեր բարեկեցիկ կեանք վայելելուն, դեռեւս իմաստութիւնը չենք ունեցած սեփական շէնք մը ունենալու, որուն ճակատին ոսկեգոյն երկաթագիրերով բեւեռուած ըլլար՝ «Լոս Անճելըսի Հայ Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան» վերտառութիւնը եւ մենք հարկադրուած չըլլայինք մայր կատուի պէս ատեն-ատեն մեր տղաքը մէկ օտար սրահէն ուրիշ օտար սրահ մը տանելու։ Մինչ մեր անգրագէտ, աւուր հացի կարօտ, տարուան առնուազն վեց ամիսը բոկոտն կամ ծակ տրեխներով շրջող հայրերը, խաւարի տիրակալութեան շրջանին, ամէն գիւղի մէջ ունէին իրենց սեփական Ազգային Հայկազեան, Մեսրոպեան, Լուսաւորչական եւ այլն, եւ այլ վարժարանները, իրենց սեփական տուներէն աւելի ամրակուռ։

Ու ահա ճիշդ այդ պատճառով, մեր դպրոցը այս տարեշրջանին բացուեցաւ որոշեալ ժամանակէն մէկուկէս ամիս յետոյ՝ Հոկտեմբերին եւ քանի մը հայ աշակերտներ այս տարի եւս հարկադրուեցան յաճախել հայ մշակութային տան դպրոցը։ Հակառակ այս աննպաստ պայմաններուն ունեցանք թիւի զգալի յաւելում մը. անցեալ տարուան թիւը գրեթէ կրկնապատկուած է։ Մատեաններու մէջ արձանագրուածներու թիւն է 78. Ա. դասարան՝ 35, Բ. դասարան՝ 21, Գ. դասարան՝ 23։ Կը կարծուի, որ տօներէն ետք աշակերտներուն թիւը քիչ մըն ալ աւելնայ։ Առաջին այցելութեանս Ա. դասարանին մէջ անձամբ հաշուեցի 41 հոգի, յաջորդ անգամներուն այդ թիւը կը տատանէր 30-35ի միջեւ։

Ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ որակեալ ուսուցիչներէ, որոնք նուիրուած կերպով կը ջանան բան մը սորվեցնել աշակերտներուն. ատոր փոխարէն ստանալով նուազագոյն վարձատրութիւն՝ 50ական տոլար ամսական։

Նկատի ունենալով աշակերտներու թիւի աստիճանական յաւելումը, պէտք է ըսել, որ ուսուցիչներու թիւը անբաւարար է. անհրաժեշտ է առնուազն օգնական ուսուցչուհի մըն ալ կամ ժամերու յաւելում՝ Ա. դասարանի մանկապարտէզային տարիքի աշակերտները բաժնելու համար։

Իրենց նախապատրաստութեամբ ու նաեւ տարիքներով անհամապատասխան են նաեւ Գ. դասարանի աշակերտները, եւ ուսուցիչը հարկադրուած է զանոնք բաժնել երեք խմբակներու՝ 9, 8 եւ 6 աշակերտներով։ Ակներեւ է, որ շաբաթական մէկ անգամ պարապմունքը խիստ անբաւարար է, ու պէտք է մտածել այդ ուղղութեամբ։

Աշակերտներու թիւի յաւելումը, անտարակոյս, հետեւանք է հանրակառքի սպասարկութեան։ Ինչպէս գիտէք, դպրոցական կառք մը գնելու համար կազմակերպուած էր մասնակի հանգանակութիւն մը, որմէ գոյացած էր մօտ 2500 տոլար։ Կառքին վճարուեցաւ 1700 տոլար, շէնքին կը վճարուի ամսական յիսուն տոլար։ Անհրաժեշտ պակասը գոյացնելու համար դպրոցական խորհուրդը ծնողներու ներկայացուցիչներուն հետ համախորհուրդ՝ որոշեց իւրաքանչիւր մէկ աշակերտ ղրկող ծնողէ գանձել ամսական 3 տոլար, երկու աշակերտէ՝ 4 տոլար, իսկ երեք կամ աւելի աշակերտներ ղրկող ծնողներէն՝ ամսական 5 տոլար։ Բացի այդ, որոշուած է Փետրուարի ընթացքին դպրոցի օգտին կազմակերպել ձեռնարկ մը՝ պատրաստուած մեծերու կողմէ եւ տարեվերջին՝ աշակերտական հանդէսը։

Դպրոցական խորհուրդը կը խնդրէ բոլոր կոմիտէներէն եւ ՀՕՄէն՝ թօթափել նախկին անտարբերութիւնը դպրոցական հանդէսներու վերաբերեալ։

Դպրոցական խորհուրդի գրեթէ բոլոր անդամները իւրացուցած են դպրոցի սեփական շէնք մը ունենալու ծրագիրը եւ այդ ուղղութեամբ փնտռտուքներ կը կատարուին։

Ապագային նոր բարդութիւններու առաջ կանգնած չըլլալու մտահոգութենէն դրդուած, օգտուելով պատեհութենէն, կ՛առաջարկեմ, որ վարչութիւնը զայս տեղեկացնէ քոյր կոմիտէներու վարչութիւններուն ու մէկուսիին, որպէսզի հաւաքաբար յարմարագոյն լուծում մը ունենայ այս կարեւոր գործը։

 

Դեկտեմբեր 1959

(Ձեռագիր փաստաթուղթ)

 

Մեսրոպեան Վարժարան

$
0
0

ttttt

 Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 50ամեակին առիթով ստորեւ ներկայացուած պատմական ակնարկ-գրութիւնը առնուած է «Ամէնուն Տարեցիրքը»ի 1962ին նուիրուած հատորէն։

ՀՕՄը ստանձնած է հայերէնի ուսուցման նախաձեռնութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ 1951էն ի վեր։ Այս նպատակին համար ալ կազմուած է Կրթական խնամակալ մարմին մը, որուն կ՛անդամակցին Մկրտիչ Մոսիկեան՝ ատենապետ, տիկին Ովսաննա Յակոբեան՝ ատենադպրուհի, Ռուբէն Մատթէոսեան՝ գանձապետ, տիկին Թամարա Շատախեան, Եղիշէ Յակոբեան, Կիրակոս Մահտեսեան, Ներսէս Ֆընտըքեան եւ Գրիգոր Պետրոսեան։

Կայ նմանապէս Ծնողական խորհուրդ։

Դպրոցը կամ դասընթացքը բաժնուած է 4 դասարաններու, ըստ աշակերտներուն մայրենի լեզուի ծանօթութեան, եւ կը տեւէ շաբթուան մէջ օր մը՝ միայն երկու ժամ։ Կը յաճախեն 125 աշակերտներ, որոնք քաղաքի արեւելեան շրջաններէն կը փոխադրուին մասնաւոր «պաս»երով։ Ծախսերը կը հայթայթուին մասամբ ՀՕՄի եւ մեծ մասամբ ծնողներու կողմէ։

Լոս Անճելըսի Ս. Մեսրոպ վարժարանի Խնամակալ մարմինը եւ ուսուցիչները.

Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Գուրգէն Գարտաշեան, տիկին Անայիս Թոփալեան, տիկին Ովսաննա Յակոբեան, Ռուբէն Մատթէոսեան, Սմբատ վրդ. Լափաճեան, Մկրտիչ Մոսիկեան, Թորգոմ Փոստաճեան եւ տիկին Թամարա Շատախեան.

Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Մկրտիչ Ղանտիլեան, Եղիշէ Յակոբեան, Կիրակոս Մահտեսեան, Ներսէս Ֆընտըքեան, Գասպար Գասպարեան եւ օր. Մաքրուհի Սեդրակեան.

Ետեւը՝ ձախէն աջ՝ Գրիգոր Պետրոսեան եւ Սօս Ղազարեան

 

Կը պաշտօնավարեն հինգ ուսուցիչներ՝ Թորգոմ Փոստաճեան (վարիչ), Գուրգէն Գարտաշեան, տիկիններ Անայիս Թօփալեան, Մաքրուհի Սեդրակեան եւ օր. Մարի Մկրտիչեան։ Այս վերջինը կը զբաղի հայերէն չգիտցող չափահաս աղջիկներով։

Կրթական Խնամակալ մարմինը նախաձեռնութիւնը ստանձնած է կառուցանելու շէնք մը Մեսրոպեան վարժարանին համար։ Այս առաջադրութեամբ եւ անհրաժեշտ հողի գնման նպատակով, անցեալ տարուան Մայիս 20ին կազմակերպած է գեղարուեստական երեկոյթ մը, որուն ընթացքին եղած նուիրատուութիւններէն գոյացած է 44,000 տոլար։ Այս գումարին 10,000 տոլարը յատկացուցած է Հայ կեդրոնը։ Հողը, որ ունի 3 էյքըր տարածութիւն, գնուած է արդէն 48,000 տոլարի։ Կառուցման հարցը սակայն կախում ունի հանգուցեալ Մ. Գ. Ֆերահեանի եւ կնոջ կտակին օգտագործումէն։

Դպրոցական շէնքին կառուցումէն ետք պիտի շատցուին դասաւանդութեան օրերն ու դասապահերը, եւ այն ատեն վստահօրէն պիտի յաճախեն աւելի շատ թիւով աշակերտներ։

————————————

Տէր Եւ Տիկին Մ. Գ. Ֆերահեաններուն Կտակը

 

Քալիֆորնիոյ ազգային-կրթական-հասարակական մարզերուն մէջ մեծ աշխատանք տարած եւ իրենց գործունէութեամբ հայութեան երախտագիտութեան արժանացած Մատթէոս Գ. Ֆերահեան եւ իր կողակիցը Եւգինէն, որոնք մեռան վերջին տարիներուն, համայնքին կտակած են շուրջ քառորդ միլիոն տոլար գնահատուող անշարժ կալուած մը, որուն փոխարժէքը, ըստ բարերարներու ցանկութեան, պէտք է ծառայէ վարժարանական շէնքի մը կառուցման։

Այս միեւնոյն կտակով, բարերարները հիմնելի վարժարանին կտակած են նաեւ հազարէ աւելի հայերէն եւ անգլերէն արժէքաւոր գիրքեր պարունակող իրենց գրադարանը։

Երբ իրականանայ կալուածին վաճառումը, այն ատեն, գնուած հողամասին վրայ եւ վարժարանին կողքին պիտի կառուցուի նաեւ նոր եւ ընդարձակ Հայ կեդրոն մը։

—————————————————

Հայ Կեդրոն

 

ՀՅ Դաշնակցութեան սեփականութիւնն է իբրեւ հանդիսավայր եւ ակումբ ծառայող այս շէնքը, որ ունի 600 հոգի առնող սրահ մը, իր բեմով, զբօսարան-սրճարանով եւ յարակից շատ մը սենեակներով։ Հիմնուած 1947ին եւ բացումը կատարուած 1949ին։ Արժած է իր ատենին 75,000 տոլար։

Հայ կեդրոնը ունի իր վարչութիւնը, որուն կ՛անդամակցին Մկրտիչ Ղանտիլեան՝ ատենապետ, Մասիս Ռիւզկէրեան՝ փոխատենապետ, Կարօ Թաշճեան՝ ատենադպիր, Փօլ Պօզոյեան՝ գանձապետ, Սահակ Մանկրեան, Ճորճ Յարութիւնեան եւ Հայկ Կիլիկեան՝ խորհրդականներ։ Վարիչն է Գէորգ Ֆրոյեան։ Իսկ ընդհանուր հաշուապահն է Դրօ Ամիրեան, որ առանց վարձատրութեան սիրայօժար ստանձնած է ոչ միայն Հայ կեդրոնին, այլեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հաշուապահութիւնը։

Հայ կեդրոնը ունի պետական վաւերացում իբրեւ բարեսիրական հիմնարկութիւն եւ այդ հանգամանքով զերծ կը մնայ տուրքերէ։

————————————————

ՀՄԸՄ

 

ՀՄԸՄը եւ առհասարակ հայ մարմնակրթական կազմակերպութիւնները տարածուած չեն ամերիկահայ գաղութին մէջ։ Այս պատճառով ալ մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը չկայ նման ձեռնարկներու հանդէպ։ Ընդհանուր այս պատկերին մէջ բացառութիւն պէտք է նկատել ՀՄԸՄ անունով ֆութպոլի խումբը Լոս Անճելըսի մէջ։ Կազմուած է 1951ին, Գերմանիայէն հոն փոխադրուած տարագիր երիտասարդներով։ Տարիներով Բ. դասակարգի խումբ նկատուելէ ետք, իր յաջողութեանց շնորհիւ, խումբը կրցած է անցնիլ Ա. դասակարգ։ Ատկէ ի վեր, ամէն տարի կանոնաւորաբար կը մրցի համաստիճան օտար խումբերու հետ, ոչ միայն Լոս Անճելըսի, այլեւ Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրեզնոյի եւ այլ շրջաններու մէջ եւ ընդհանրապէս կ՛ունենայ յաջող եւ յաղթական խաղարկութիւններ։ Արտասովոր յաջողութիւն մը ունեցած է այս խումբը անցեալ տարի, մրցելով Ամերիկայի երկրորդ ախոյեանը հանդիսացած սկովտիական խումբին հետ։ Յաղթած է անոր 2ի դէմ 6 կոլերու ջախջախիչ արդիւնքով, ինչ որ մեծ զարմանք պատճառած է բոլոր խաղասէրներուն։

Խումբը գործը յառաջ կը տանի իր միջոցներով։ Սեփական խաղադաշտ չունի իր փորձերուն համար։ Ամերիկեան պատկան իշխանութիւնները սակայն ձրիաբար կը տրամադրեն դպրոցական խաղադաշտերը, նաեւ գիշեր ժամանակ։

——————————————

Լոս Անճելըս ունի իր հայկական ռատիօժամը, Մխիթար Մինասեանի տնօրէնութեամբ եւ Գէորգ Պօյաճեանի գործակցութեամբ։ Հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր հայր Միքայէլ վրդ. Աքեան ամէն Կիրակի առաւօտ կրօնաշունչ քարոզներ կու տայ այս ռատիօկայանէն։

———————————————————————————————————

 

Ճէք Առաքէլեան

 

Բոլոր ժամանակաշրջաններուն Ամերիկա գաղթած հայերուն մէջ չկայ ոեւէ մէկը, որ չարքաշ ու յամառ աշխատանքի շնորհիւ միայն հասած չըլլայ իր տնտեսական բարգաւաճման։ Այդ պայմաններուն մէջ աւելի ծանր եղած է փոքրահասակ գաղթականներուն աշխատանքի բաժինը, որովհետեւ այդ տարիքին ունեցած են անոնք բազմատեսակ մտահոգութիւններ։ Նմանները չարաչար յոգնութեամբ կրցած են ապահովել իրենց ապրուստը, մանաւանդ որ հարկադրուած են միաժամանակ զբաղիլ նաեւ իրենց կրթութեամբ եւ վարժարան յաճախել։ Եւ տարիներ թաւալած են տարիներու վրայ, մինչեւ որ յաջողած են հասնիլ իրենց տնտեսական անկախութեան։

Այս դասակարգէն պատանի մը եղած է նաեւ Ճէք Առաքելեան, որ Ամերիկա գաղթած է 9 տարեկան հասակին։ Պատանեկութեան շրջանը բոլորած է ան ծանր աշխատանքով։ Ցերեկները կօշիկ է ներկած կամ փողոցէ փողոց շրջելով թերթ է ծախած, իսկ գիշերներն ալ դպրոց է յաճախած։ Այդ տարիքէն իսկ ինք է ճարած իր ապրուստը, առանց ոեւէ մէկուն բեռ ըլլալու։

Ամբողջ այս տքնութեան արդիւնքը եղած է ի վերջոյ իր ուշագրաւ յաջողութիւնը կեանքի մէջ։ Հանգրուանէ հանգրուան իր վերելքը ապահոված է այսօր իրեն, կենդանաբուծական եւ առեւտրական ասպարէզներու մէջ բացառիկ դիրք մը։

Ճէք Առաքելեանի գլխաւոր զբաղումն է կենդանաբուծութիւնը եւ յատկապէս խոզաբուծութիւնը։ Քալիֆորնիոյ մէջ ան ունի մեծագոյն խոզաբուծարանը, որ տարեկան աւելի քան 20,000 խոզ կը յանձնէ շուկայ, վաճառման համար։

Գրեցինք արդէն, թէ ինքն ալ մէկն է հայկական դրամատան բաժնետերերէն եւ տնօրէններէն։ Այս գործերէն բացի, շահաբաժիններ ունի նաեւ տնտեսական այլ մեծ ձեռնարկներու մէջ։

Ճէք Առաքելեան ծնած է Շիրակ։ Տարիքը՝ 49։ Ամերիկա գաղթած է 40 տարի առաջ։

Ինքն ալ մէկն է Հայ կրթական հիմնարկութեան հիմնադիր անդամներէն։ Մօտէն կը հետաքրքրուի ազգային-հասարակական կեանքով եւ այդ հետաքրքրութինն ալ կ՛արժեւորէ միշտ իր նիւթական առատաձեռն օժանդակութիւններով, յօգուտ բոլոր բարենպաստ ձեռնարկներու։

 

Խոսրով Մեղրիկեան

 

Կը զբաղի տոլարի առեւտուրով։ Ոչ սեղանաւոր, ոչ ալ լումայափոխ, այլ պարզապէս տոլարի վաճառական։ Ու վաճառական ամերիկեան դրոշմաթուղթերու։ Այս է Խոսրով Մեղրիկեանի գործը։

Տոլարի այս վաճառքը, սակայն, կը վերաբերի շրջաբերութենէ դադրած դրամներուն միայն։ Ուրեմն տեսակ մը հնագիտական վաճառատուն պիտի ըսուէր, եթէ երբեք վաճառելի ապրանքին քանակութիւնը անսահմանօրէն շատ չըլլար։ Իր ընդարձակ վաճառատան մէջ երկաթապատ անհամար դարակներ լեցուն են ոսկեայ, արծաթեայ եւ նիքելէ դրամներ պարունակող տոպրակներով, ինչպէս նաեւ չգործածուած հին ու նոր դրոշմաթուղթերու տրցակներով։ Պետական գանձատան մէկ բաժանմունքը այցելած ըլլալու տպաւորութիւնը կ՛ունենայ մարդ, երբ կը դիտէ տոլարի տոպրակներու եւ բազմատեսակ նամակադրոշմներու թերթերուն դէզերը, դարակներու մէջ։

Այս ալ ուրեմն առեւտրական գործի մէկ այլ տեսակը, որուն մէջ մասնագիտացած է Խոսրով Մեղրիկեան, տասնամեակներու փորձառութեամբ, նախ Նիւ Եորքի մէջ, ուր իր եղբայրն ալ կը զբաղի միեւնոյն գործով, ապա Լոս Անճելըս, ուր հաստատուած է 1950էն ասդին, հիմնելով ամերիկեան եւ օտար հրապարակներու վրայ ծանօթ իր այս ինքնատիպ հաստատութիւնը եւ հասնելով իր այժմու տնտեսական փայլուն դիրքին։

Խոսրով Մեղրիկեան ծնած է Սասուն, 1900ի Յունիսին։ Ծնողքին հետ փոխադրուած է Հալէպ 1912ին, ուր մնացած է մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի վախճանը։ Այնտեղ ստացած է իր հայեցի կրթութիւնը եւ ապա, երկու տարի ալ Պէյրութ մնալէ ետք, 1920ին գաղթած է Ամերիկա եւ 30 տարի ապրած ու աշխատած է Նիւ Եորք։

Մեսրոպեան Ազգային Վարժարանի 50ամեակին Առիթով՝ Հարցազրոյց Վարժարանի Հիմնադիր-Տնօրէն Թորգոմ Փօսթաճեանի Հետ

$
0
0

0220torkompostajian

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Պարոն Փօսթաճեան, Շաբաթ, 20 Փետրուարին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ հրապարակային հանդիսութեամբ մը պիտի տօնուի Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի հիմնադրութեան 50ամեակը: Այս առթիւ, որպէս «Մեսրոպեան»ի հիմնադիր տնօրէն, կրնա՞ք ամփոփ կերպով տալ ձեր յուշերը, ապրումները՝ դպրոցի սկսման օրերուն մասին:

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ, տարիքիս բերումով, ինծի համար քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ այդքան ետ երթալ, վերյիշելու համար այն բոլորը, որոնցմէ ես անցայ որպէս հիմնադիր-տնօրէնը Մեսրոպեան վարժարանի: Այսուհանդերձ, կ՛ուզեմ շեշտել, որ Ամերիկայի մէջ ամէնօրեայ վարժարան մը սկսելու գաղափարը ես յղացայ՝ հետեւեալ պատճառով: Իմ իմաստասիրութեան ուսուցիչս եւ դաստիարակս՝ Շահան Պէրպէրեան, նախ Պոլսոյ, ապա Գահիրէի Պէրպէրեան վարժարանի տնօրէնը, Ամերիկա եկաւ 1950ական թուականներուն, երբ ես ալ նոր հասած էի Ամերիկա՝ որպէս հովիւը Պոսթընի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ: Այդ օրերուն, իրեն ի պատիւ տրուած ձեռնարկի մը ընթացքին ճառ մը արտասանելով՝ Շ. Պէրպէրեան ըսաւ. «Այս երկրին մէջ եթէ դուք կ՛ուզէք հայը հայ պահել, միայն մէկ ձեւ կայ՝ հայկական դպրոց պիտի բանաք. առանց հայկական դպրոց բանալու, դուք չէք կրնար յաջողիլ»: Անսալով ուսուցիչիս պատգամին՝ ես որոշեցի առաջին հայկական դպրոցը բանալ Ամերիկայի մէջ: Քանի մը տարի ետք, երբ Քալիֆորնիա տեղափոխուեցայ, այդ երազս յաջողցուցի 1965ին, Փիքօ Ռիվերայի մէջ հիմնելով Մեսրոպեան վարժարանը: Անկէ առաջ, շուրջ տասը տարիներ՝ 1955-1964, Ճորճ Շուլ Հայ Սքուլի մէջ շաբաթօրեայ դպրոց մը բացած էի՝ ունենալով շուրջ 160 աշակերտներ, որոնք հետագային եղան Մեսրոպեան ամէնօրեայ վարժարանի առաջին աշակերտները, շնորհիւ իրենց ծնողներուն ցուցաբերած հայեցի գիտակցութեան ու նուիրումին:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Պարոն Փօսթաճեան, ճիշդ է՝ ամէն կարեւոր քայլ, իրագործում, յաճախ ռահվիրայով մը, առաջնորդով մը կը սկսի, սակայն անպայմանօրէն իր շուրջ կ՛ունենայ իր գաղափարի ու տեսլականի իրագործման սատարող անհատներ, կրօնական թէ աշխարհիկ դէմքեր, մարմիններ ու հաստատութիւններ… Ձեր պարագայի՞ն ալ նոյնը եղաւ:

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Այո՛, իմ պարագայիս ինծի զօրավիգ եղան Ս. Խաչ Հայաստանեայց եկեղեցին, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, անոր կարկառուն անդամներէն Հէրի Քարեանը, Ճեք Առաքելեանը, Ժոզէֆ Փիրումեանը, Ալէք Փիլիպոսը, Ճան Կոկեանը եւ Բիւզանդ Կռանեանը, ՀՅԴ «Մուրատ» կոմիտէն եւ ՀՕՄի մասնաճիւղը: Այդ շրջանին, Ս. Խաչ եկեղեցին կը գտնուէր Տաուն-Թաուն Լոս Անճելըսի մէջ: Յետագային, վաճառեցին այդ շէնքը եւ փոխադրուեցան Մոնթեպելլոյի ներկայ կալուածը: Պէտք է խոստովանիմ նաեւ, որ ըլլայ նիւթապէս թէ բարոյապէս, ինծի մեծապէս օգտակար եղան առաջին՝ Հէրի Քարեանը, երկրորդ՝ Ճեք Առաքելեանը, որոնք յետագային եղան նաեւ «Մեսրոպեան»ի խնամակալ մարմինի անդամներ:

Մեսրոպեան վարժարանը կեանքի կոչելէ առաջ պատահեցաւ դէպք մը, որ ուշագրաւ էր: Ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան առաջնորդ դէմքերը հոն էին: Այդ օրը ես բանախօսութիւն մը ըրի Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն մասին. ընթացքին նաեւ շեշտեցի ամէնօրեայ հայկական վարժարան բանալու անհրաժեշտութիւնը: Ժողովուրդը մեծ հիացումով մտիկ ըրաւ: Ձեռնարկէն ետք Հէրի Քարեան մօտեցաւ եւ ըսաւ ինծի. «Տղա՛ս, այս Կիրակի կ՛ուզեմ հանդիպիլ քեզի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ»: Երբ հանդիպեցանք, ան ըսաւ ինծի. «Տղա՛ս, դուն առաջինն էիր որ ըսիր, թէ կ՛ուզես Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ դպրոց մը բանալ: Եւ ես՝ Հայ կրթական հիմնարկութեան օգնութեամբ, ամէն գնով պիտի բանամ այդ դպրոցը՝ գտնելով բարերարները»:

Մինչ այդ, ես արդէն իսկ գտած եւ գնած էի այդ երեք էյքըր հողը, 1964 թուականին, որուն վրայ կառուցուած է այսօրուան «Մեսրոպեան»ը: Այդ առթիւ գրած էի յօդուած մը, որ լոյս տեսաւ Պոլսոյ «Մարմարա»ի, «Ասպարէզ»ի եւ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ: Եւ ահա, ինծի անծանօթ անձ մը նամակ մը գրելով՝ կը յայտնէր, թէ կտակ մը ունի նոր բացուելիք Մեսրոպեան վարժարանին համար: Սակայն, դժբախտաբար, տարի մը ետք մահացաւ: Կարճ ժամանակ ետք, Նիւ Եորքի Bank of America-էն նամակ մը ստացայ, թէ՝ մեծագումար կտակ մը կայ իմ անունով, ամէնօրեայ դպրոց մը բանալու նպատակով: Անմիջապէս, Հայ կրթական հիմնարկութեան հետ փաստաբան մը վարձեցի եւ այդ գումարը երկուքի կիսելով՝ յատկացուցինք Ֆերահեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն: Ճեք Առաքելեանը, որ այդ տարիներուն Քոչիլա Վելիի մէջ գտնուող խաղողի այգիէն մեծ շահոյթ ապահոված էր, իր կարգին նուիրեց շօշափելի գումար մը, «Մեսրոպեան»ի կառուցման նպատակին:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Իսկ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հետ գործակցութիւնը ինչպիսի՞ նպաստ բերաւ «Մեսրոպեան»ին:

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Ամերիկայի մէջ, երբ թեմական դպրոց (parochial school) բացուի եւ այդ դպրոցը եկեղեցւոյ մը կապուած ըլլայ, տուրքէ զերծ կ՛ըլլայ: Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, այդ առումով, մեծ օգտակարութիւն ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանին՝ կատարուած բոլոր նուիրատուութիւնները տուրքէ զերծ կացուցանելով։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Դպրոցի շինարարութիւնը ե՞րբ սկսաւ:

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Շինարարութիւնը սկսաւ 1964ի վերջերը եւ աւարտեցաւ 1965ի գարնան: Այդ կապակցութեամբ, ես գրեցի յօդուած մը, որ լոյս տեսաւ նաեւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Այդ օրերուն, Պէյրութի մէջ ուսուցչութիւն կ՛ընէր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը: Ան հանգանակութիւն մը կազմակերպեց եւ դրամ հաւաքեց Մեսրոպեան վարժարանին համար: Տարի մը ետք՝ 1965ին, ան Քալիֆորնիա գալով՝ Փիքօ Ռիվերայի մէջ բնակութիւն հաստատեց եւ միաժամանակ յայտնեց, թէ ինք պատրաստ է դպրոցին տնօրէնութիւնը վարելու: Հէրի Քարեան ըսաւ, թէ «մենք մեր տնօրէնը ունինք: Հանգանակուած գումարը եթէ բերած ես՝ սիրով կ՛ընդունինք, բայց մենք նկատի ունինք Թորգոմ Փօսթաճեանը որպէս տնօրէն»: Սրդողած Ինճէճիկեան գնաց եւ Էնսինոյի մէջ 12 աշակերտներով հիմնեց Ֆերահեան վարժարանը:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Չէ՞ք կարծեր, որ հարցը փայլուն կողմէն դիտած՝ պէտք է ըսել, որ այդ կացութենէն ծնաւ կրկնօգուտ, ինչպէս ամերիկացիք կ՛ըսեն՝ «win-win situation» մը, որուն շնորհիւ մենք այսօր այս ափերուն վրայ ունինք՝ գրեթէ նոյն օրերուն կեանքի կոչուած Ֆերահեան եւ Մեսրոպեան վարժարանները, որոնք յիսուն տարիներէ ի վեր մեր երկսեռ նոր սերունդի հազարաւոր զաւակներուն մայրենի լեզու, հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբեցին եւ դեռ կը ջամբեն: Ապա, տարիներու ընթացքին, անոնց միացան բազմաթիւ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ…

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Ճի՛շդ է, համաձայն եմ:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Լա՛ւ, վերադառնանք «Մեսրոպեան»ին: Որքան գիտենք, անցեալ 50 տարիներուն, յատկապէս 1965-1975 տասնամեակին, հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն Մեսրոպեան վարժարան այցելելով, կամ նամակներով ու մամուլի մէջ լոյս տեսած գրութիւններով, կրօնական թէ աշխարհիկ մեծանուն դէմքեր շնորհաւորեցին «Մեսրոպեան»ի ծնունդը. կրնա՞ք նշել անոնցմէ քանի մը անուն:

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ Այո՛: 1965էն մինչեւ 1975 թուականները, իմ տնօրէնութեանս շրջանին, Ամերիկայէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն Մեսրոպեան վարժարան այցելելով կամ շնորհաւորական նամակներով ու մամուլի մէջ լոյս ընծայուած գրութիւններով, իրենց օրհնութիւնները, շնորհաւորանքներն ու նեցուկը յայտնեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ը, յանուն Պէյրութի Համազգայինին՝ Սիմոն Վրացեանը (որ գրած էր քաջալերական գեղեցիկ նամակ մը, զոր մինչեւ այսօր կը պահեմ), Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Նագուշ Յարութիւնեանը (որ վարժարանին բերաւ պատկառելի նուէր մըն ալ, զոր մինչեւ այսօր կը մնայ), աշխարհահռչակ երգահան-երաժիշտ Արամ Խաչատրեանը, Երեւանի քաղաքապետ Գրիգոր Հասրաթեանը, Ճորճ Մարտիկեանը, Կարօ Սասունին, աշխարհահռչակ գանկաբան բժիշկ Անդրանիկ Ճաղարեանը, ՀԲԸՄի նախագահ Ալեք Մանուկեանը, մեծանուն բանաստեղծ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանը եւ Կիւլպէնկեան հաստատութեան ներկայացուցիչ Վահրամ Մաւեանը։

Կարեւորութեամբ պէտք է յիշեմ անձ մը, որ երբ դպրոցի բացումը ըրինք, առաջին օրը, իրեն հետ բերած էր զանգակ մը, որ ունէր խորհրդանշական իմաստ. ան նաեւ ըրաւ կարեւոր նուիրատուութիւն մը: Այդ անձը խնամին էր Մղտեսեան եղբայրներուն, որոնք նոյնպէս կարեւոր նուիրատուութիւն մը ըրին օրին: Նմանապէս պէտք է յիշեմ Աշոտ Տէր Մինասեանը, Միսաք Սեւաչերեանը, Մկրտիչ Մոսիկեանը եւ Բիւզանդ Կռանեանը, որոնք նիւթապէս թէ բարոյապէս կարեւոր դեր կատարեցին: Աւելցնեմ, որ 1968ին, Ալեք Մանուկեան «Մեսրոպեան» այցելելով՝ 5000 տոլար նուիրեց եւ յետագայ տարիներուն եւս շարունակեց նուիրել այդ գումարը: Իսկ աւելի ուշ, ես այցելեցի Փորթուկալ, «Կիւլպէնկեան» հաստատութենէն նիւթական օգնութիւն ապահովելու նպատակով: Այդ առթիւ, «Կիւլպէնկեան»ի գործավար Վահրամ Մաւեանէն ստացանք 60,000 տոլար, որուն շնորհիւ վարժարանը օժտուեցաւ համակարգիչներու բաժինով եւ գիտական տարրալուծարանով (laboratory), որոնք մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Անցած 50 տարիներուն, «Մեսրոպեան»ը տուաւ առատ հունձք, որ ուսանեցաւ, քոլեճներ ու համալսարաններ աւարտեց եւ դիրքերու տիրացաւ կեանքի զանազան ասպարէզներու մէջ: Այսօր, անոնք «Մեսրոպեան»ի հետ որեւէ առնչութիւն ունի՞ն, կ՛օգնե՞ն, կը հետաքրքրուի՞ն։

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- «Մեսրոպեան»ի մեր աշակերտներէն շատերը ներկայիս, ըլլայ մեր ազգային, կազմակերպական, կրթական ու մշակութային կեանքին թէ զանազան ասպարէզներու եւ մասնագիտութիւններու՝ բժշկութեան, փաստաբանութեան, կալուածային առեւտուրի ճամբով, կը գործեն հայ համայնքին մէջ: Յառաջացած տարիքիս բերումով, դժուար է ինծի համար յիշել անոնց անունները այստեղ: Սակայն կրնամ վստահ ըսել, որ յատկապէս Մոնթեպելլոյի եւ շրջակայ արուարձաններուն մէջ ապրող անոնց զաւակներն ու թոռները նոյնպէս աշակերտած են եւ այսօր եւս կ՛աշակերտեն Մեսրոպեան վարժարանին:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչպէս են ձեր կապերը դպրոցի տնօրէնութեան հետ:

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Որպէս հիմնադիր տնօրէն, «Մեսրոպեան»ի գոյատեւումը իմ միտքիս ու սիրտիս մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ: Ես կտակ մը պատրաստած եմ «Մեսրոպեան»ին համար, ըստ որուն՝ «Մեսրոպեան»ի աւարտական դասարանի այն աշակերտները, որոնք բարձրագոյն նիշեր կը բերեն հայերէն եւ անգլերէն լեզուներուն, հայոց պատմութեան եւ թուաբանութեան մէջ, պիտի օգտուին այդ կտակէն: Բացի ասկէ, ես միշտ կապի մէջ եմ դպրոցի այժմու տնօրէն Դաւիթ/Տէյվիտ Ղուկասեանի հետ, որ իմ աշակերտս եղած է եւ որուն տնօրէն նշանակուելէն կարճ ժամանակ ետք արդէն իսկ դպրոցի աշակերտութեան թիւը սկսած է նկատելիօրէն բարձրանալու: Տէյվիտը բարձրագոյն ուսումով օժտուած, համեստ, գիտակից, իր պաշտօնի պահանջներուն գծով լիարժէք կարողութիւն ցուցաբերող տնօրէն մըն է, որ արժանի է ամէն գնահատանքի: Ես հպարտ եմ Դաւիթով, կը հիանամ իրեն վրայ, իր նկատմամբ կը տածեմ հայրական զգացումներ: Շատ շնորհակալ եմ իրեն, եւ իմ միջոցներովս՝ նիւթապէս թէ բարոյապէս, սատար պիտի կանգնիմ իրեն, որպէսզի «Մեսրոպեան»ը յաջողութեամբ շարունակէ գոյատեւել եւ իրագործել ազգանուէր իր առաքելութիւնը: Շնորհակալ եմ խնամակալ մարմինին, որ մօտէն գործակցելով տնօրէնութեան հետ՝ կը սատարէ «Մեսրոպեան»ի գոյատեւման ու յառաջդիմութեան: Շատ ուրախ եմ նաեւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը այսօր օժտուած է լաւ, բանիմաց ուսուցչական կազմով: Մանաւանդ ուրախ եմ, որ այս գաղութի երաժշտական, ազգային եւ կրթական կեանքին մէջ արդիւնաւէտ, բարի համբաւ կերտած, լաւ անուն թողած Էտի Հօշարեանի զաւակը՝ երիտասարդ, օժտեալ երաժիշտ-խմբավար Կրեկ Հօշարեանը, որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ կը պարապի Մեսրոպեան վարժարանէն ներս:

Նմանապէս ուրախ եմ, որ անցեալ տարի «Մեսրոպեան»էն խումբ մը աշակերտներ, Հայաստան այցելութեան առիթով այցելած են նաեւ Արարատի մարզի Բաղրամեան գիւղի 580 աշակերտ ունեցող միջնակարգ դպրոցը, որուն բարերարն եմ ես, եւ որ կը կրէ իմ անունը՝ «Թորգոմ Փօսթաճեան դպրոց»: Այդ առթիւ, դպրոցի մուտքին զետեղուած է նշանատախտակ մը՝ Մեսրոպեան-Թորգոմ Փօսթաճեան զոյգ դպրոցները յայտարարելով քոյր վարժարաններ: 90ամեայ իմ տարիքիս, ինծի համար չկայ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի այս երկու դպրոցներուն այնքա՛ն խորհրդանշական իմաստ ունեցող միասնութիւնը։

Կ՛ուզեմ նաեւ յայտնել, որ իբրեւ սան Կիլիկեան Աթոռի Դպրեվանքի, ուր ստացած եմ կրօնական դաստիարակութիւնս, կտակիս մէջ նկատի առած եմ նաեւ նիւթական յատկացումներ Դպրեվանքին, Ս. Էջմիածինին եւ Թորգոմ Փօսթաճեան դպրոցին:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Շա՛տ գեղեցիկ: Վերադառնալով «Մեսրոպեան»ին՝ պր. Փօսթաճեան, ի՞նչ կ՛ուզէիք ըսել Շաբաթ, Փետրուար 20ին, Մեսրոպեան վարժարանի 50ամեակին առթիւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունենալիք ճաշկերոյթ-հանդիսութեան կապակցութեամբ:

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Կը փափաքիմ, որ Մոնթեպելլոյի հայութիւնը, մանաւանդ «Մեսրոպեան»ի աշակերտներս, որոնք այսօր զաւակներու եւ թոռներու տէր են, Փետրուար 20ին, անպայմա՛ն, խուռներամ դիմեն «Բաղրամեան» սրահ, Մեսրոպեան վարժարանի 50ամեակի փառաւոր հանդիսութեան ներկայ ըլլալու եւ միասնաբար տօնելու այս պատմական պահը՝ նիւթապէս թէ բարոյապէս զօրավիգ դառնալով իրենց սիրելի վարժարանին:

Հայ կրթական հիմնարկութեան կազմը. Ճոզէֆ Փիրումեան՝ նախագահ, Ճան Կոկեան՝ փոխնախագահ, Ալէք Փիլիպոս՝ ատենապետ, Ճեք Առաքելեան՝ գանձապահ, Հէրի Քարեան՝ քարտուղար, Բիւզանդ Կռանեան՝ գործադիր քարտուղար. 21 Մարտ 1968, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Մեսրոպեան վարժարանի սաներուն հետ 22 Նոյեմբեր 1968ին Մեսրոպեան վարժարան կ՛այցելէ ՀԲԸՄի նախագահ Ալեք Մանուկեան 21 Ապրիլ 1969, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետ կ՛այցելէ Մեսրոպեան վարժարան 1969, ձախէն աջ՝ աշխարհահռչակ երգահան-երաժիշտ Արամ Խաչատրեան, Թորգոմ Փօսթաճեան եւ Ճորճ Մարտիկեան 1965, «Մեսրոպեան»ի առաջին ուսուցչական կազմը. ձախէն աջ՝ Ռուբինա Բագրատունի, Elaine E. Halla, Barbara Boumgartner, Սմբատ վրդ. Լափաճեան, Թորգոմ Փօսթաճեան (տնօրէն), Սոնիա Ենիգոմշեան եւ Ալիս Մինասեան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմը. նստած, ձախէն աջ՝ Մնացական Յարութիւնեան, Տ. Ներսէս Ա. քահանայ Շահինեան, Սմբատ վրդ. Լափաճեան, Մկրտիչ Ղանտիլեան, Մարտիրոս Գասպարեան. ոտքի՝ Կարօ Ինճիճեան, Մեսրոպ Աճէմեան, Արմանտ Գասպարեան, Եղիշէ Յակոբեան, Սօս Նազարեան, Յովհաննէս Ունճեան 1964-1965, «Մեսրոպեան»ի խնամակալ մարմինը եւ տիկնանց միութիւնը. նստած, ձախէն աջ՝ Արշալոյս Պոզուխանեան, Քնարիկ Կուրուկեան, Ժենիա Ենովքեան, Օղիտա Կիրակոսեան, Արաքսի Օկանէսեան, Թամարա Շատախեան, Ռիմա Տէր Պաղտասարեան, Զարուհի Փիլիկեան (նկարէն կը բացակային, Արփի Միրզոյեան եւ Աղաւնի Փլեք): Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մկրտիչ Մոսիկեան, Աշոտ Տէր Մինասեան, Գրիգոր Պետրոսեան, Լեւոն Երկաթեան, Թորգոմ Փօսթաճեան, Դելեմակ Միրզոյեան, Վարդան Ֆընտըգեան եւ Լեւոն Փիլիկեան --«Մեսրոպեան»ի տիկնանց օժանդակ մարմինը Մեսրոպեան վարժարանի բացման առաջին օրը --«Մեսրոպեան»ի ծնողական ակումբը. նստած, ձախէն աջ՝ Helen Fitzgerald, Margaret Malone, Աստղիկ Մուրատեան, Պարպարա Գասպարեան. երկրորդ կարգ՝ Հայկուհի Փափազեան, Սիլվիա Ղազարեան, Վարդանոյշ Հայրապետեան, Ալիս Լալայեան, Ճօան Գասպարեան, Սիւզան Գալփաքեան, Պէթի Ղազարեան, Նատիա Սարոյեան, Անժէլ Թաթոսեան (բացակայ՝ Աղաւնի Փլեք եւ Ռօզ Կարապետեան) 1965, Յունուար 16ին, Հայ կրթական հիմնարկութեան նախագահ Հէրի Քարեան եւ առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան կը կատարեն Մեսրոպեան վարժարանի հիմնարկէքի արարողութիւնը՝ իրենց շուրջ ունենալով Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան անդամները.

 

 

Հանդիպում ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութեան Ներկայացուցիչ Սարգիս Նուռեանի Հետ

$
0
0

 

 

0220sarkisnourian Բացման առաջին օրը 1965. Առաջին տարուան աշակերտութիւնը 20 -- IMG_8907

 

——————————

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

——————————

Այս տարի, 2016ին, Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակն է: Ասկէ մեկնած՝ Փետրուար 20ին, արդէն իսկ ծրագրուած է հրապարակային մեծ նախաձեռնութիւն մը: Արժանաւոր կերպով նշելու համար պատմական այս թուականը, ներկայիս շրջանէն ներս տեղի կ՛ունենան նախապատրաստական զանազան աշխատանքներ, տեսակցութիւններ՝ հին ու նոր տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ մանաւանդ սոյն հայ վարժարանի ծննդեան գաղափարը յղացող ու անոր էականութիւնը յարգող անհատներու հետ:

Մեր կարգին, այս առիթով մեր ծրագրած տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Նուռեանի հետ:

Մէկդի դրած աւանդական դարձած հանդիպումներու ներկայացման որդեգրումներն ու սովորական ձեւերը՝ որոշեցինք մեր ընթերցող հասարակութեան եւ անշուշտ հանրութեան ներկայացնել շրջանի պատասխանատու անձնաւորութեանց տեսակէտներն ու թելադրանքները, ակնկալութիւններն ու կազմակերպութեան մօտեցումը՝ հանդէպ հայ դպրոցին եւ հայ կրթական հաստատութեան:

Այսպէս, Սարգիս Նուռեան, ամբողջ տեսակցութեան ընթացքին միշտ շեշտեց՝ ըսելով, թէ «Սփիւռքի ազգային գոյատեւման խարիսխներէն մէկն է եղած հայ դպրոցը, որ միաժամանակ պայմանաւորուած է նախ հայ աշակերտով եւ ապա՝ հայ ուսուցիչով: Կէս դար առաջ, հիմնուելով այս տեսակէտին վրայ՝ շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, ինչպէս նաեւ ամբողջ կոմիտէութիւնը, ոչ միայն Մոնթեպելլոյէն ներս նոր հայ վարժարան մը հիմնելու գաղափարին համաձայն գտնուած են, այլեւ՝ նիւթապէս օժանդակած անոր հողի գնման եւ շինութեան ծախսերուն»։ Պատմականօրէն իրական եւ հպարտանք առթող իրողութի՛ւն…

«Մեր պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, թէ միայն համախմբուելով կարելի է գոյատեւել, պահպանել հայրենիք, մշակոյթ եւ ազգ», շարունակեց զրուցակիցս։ Ներկայացուցիչ Նուռեան նաեւ աւելցուց, թէ «կոմիտէն մեծապէս կը հաւատայ, որ հայ դպրոցը հայ երեխային հոգին եւ միտքը ձեւաւորող տունն է»։ Եւ դարձեալ պէտք է հաստատել, որ հայ դպրոցը ոչ միայն հայ աշակերտին տունն է, այլ նաեւ՝ միջնաբերդը անոր հոգիին: Հո՛ն է, որ ազգային արժէքներով պիտի կոփուին միտքերը հայ մանուկներուն, որոնք ապագային պիտի դառնան տիպար հայեր եւ անշուշտ՝ տիպար քաղաքացիներ:

Այդ օրերուն, հաւատաւոր պատասխանատուները մեծ հաւատք ունէին դպրոցի հայ մարդակերտումի առաքելութեան. իսկ կոմիտէն, աւելցուց Նուռեան, հարազատի հպարտութեամբ եւ հաստատ՝ մի՛շտ շեշտած է, թէ հայ դպրոցը պատկանած է եւ կը շարունակէ պատկանիլ հայ ազգի բոլոր զաւակներուն, անխտի՛ր:

«Անոր համար էական է նոր շունչ տալ, նոր կեանք տալ հայ դպրոցին, որպէսզի անիկա դառնայ պարարտ հող, ուր պիտի ծաղկին հայ մանուկները եւ մանաւանդ պիտի շարունակեն աւելի մօտէն ճանչնալ իրենց ինքնութիւնը», ըսաւ Նուռեան եւ պարզեց, թէ 1965էն առաջ արդէն իսկ շրջանէն ներս գոյութիւն ունէր հայ վարժարան մը ունենալու միտումն ու գաղափարը:

Այլ խօսքով, այս երազը սկսած էր 1963ին, շրջանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ, սակայն Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանը պաշտօնապէս իր դռները հայ աշակերտութեան դիմաց բացած է 13 Սեպտեմբեր 1965ին՝ ունենալով 80 աշակերտ-աշակերտուհի, չորս դասարաններու համար:

Այդ օրերուն, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը երեք հարիւր հազար տոլարով մասնակից դարձած էր հողի գնման եւ շինութեան ծախսերուն: Կոմիտէն ե՛ւ յարատեւ, ե՛ւ բնականոն, ե՛ւ դժուարին օրերուն, գործնապէս մի՛շտ վարժարանին կողքին կանգնած է ու մինչեւ օրս կը շարունակէ կանգնիլ՝ գերագոյն զոհողութիւններ մատուցելով:

Ունենալով շրջանէն ներս հայկական զանազան միութիւններ՝ ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հոգաբարձական կազմեր, ՀԵԴ եւ Պատանեկան ուխտեր եւ խումբեր, այսօր եւս կոմիտէն, կրկին նորոգելով իր ուխտը՝ կը խոստանայ ամէն ճիգ թափել, կանգուն պահելու համար իր գաղութի բոլոր այս զօրասիւները:

Սարգիս Նուռեան նաեւ յայտնեց, թէ 2000 թուականէն ի վեր աւանդութիւն դարձած է, որ «Դրօ» կոմիտէն կազմակերպէ Գառնիկ Սարգիսեանի հրապարակային ելոյթը, որուն ամբողջ հասոյթը կը յատկացուի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին: «Այս տարի ալ, Մայրերու տօնին առթիւ, նոյն նպատակով պիտի կազմակերպուի հրապարակային նման մեծ ձեռնարկ մը», նշեց ան։

Այս բոլորը կը յաջողին, անշուշտ, որովհետեւ շրջանէն ներս գոյութիւն ունի եւ կը շնչէ ուխտապահ հաւաքականութիւն մը, որ գաղութը կը պահէ առողջ եւ կայտառ: «Մեր պայքարի զէնքը՝ հայու ոգիին եւ ապրելու կամքին կողքին, եղած է նաեւ հայ դպրոցի յարատեւ ներկայութիւնը», շեշտեց Նուռեան հպարտօրէն ու մաղթեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին նորանոր յաջողութիւններ ու յոբելենական տարիներ:

«Դաշնակցութիւնը մի՛շտ պիտի մնայ հայ դպրոցին կողքին» ըսելով՝ իր խօսքը ամբողջացուց հիւր ներկայացուցիչը:

Մեր կարգին, այս սիւնակներուն յանձնուած խոհերուն, ապրումներուն եւ մաղթանքներուն կողքին, անկեղծ շնորհաւորանք մը կ՛աւելցնենք՝ ուղղուած հայ վարժարանին, որպէսզի շարուանկէ իր առաքելութիւնը ոչ միայն գիտութեան լոյս սփռելով հայ աշակերտներուն, այլեւ ազգային, մարդկային եւ հոգեմտաւոր վեհ արժէքներով պատրաստէ վաղուան հայ հաւատաւոր ղեկավարները:

Վարձքը կատար բոլորին:

Մեսրոպեան Ազգային Վարժարանը Նշում է Կէսդարեայ Գործունէութիւնը

$
0
0
12 -- under construction 3 -- ANCHA 10 -- School opening 2 -- 50th kindergarten graduation 0220mesrobian2

 

Վարեց՝ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, հայկական առաջին ամէնօրեայ կրթօջախը Միացեալ Նահանգներում, նշում է հիմնադրման 50ամեակը: «Աւանդոյթ, Նորարարութիւն, Գերազանցութիւն» կարգախօսով առաջնորդուելով,  այս վարժարանը կէս դար շարունակ հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան դարբնոց է եղել հայ սերունդների համար՝ միաժամանակ դառնալով այն առանցքը, որի շուրջ ձեւաւորուել է Մոնթեբելլոյի եւ յարակից շրջանների հայ համայնքը:  Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի Փետրուարի 20ին նախատեսուած յոբելեանական տարեդարձի հանդիսութիւնը նաեւ աւետելու է, որ յաղթահարելով բազմաթիւ փորձութիւններ, այս կրթօջախը շարունակում է լինել հայապահպանման փարոս՝ հաւատարիմ տեսլականին, որ սահմանել էին հիմնադիրները: Նրանց  ժառանգութիւնը պահպանել են եւ շարունակում են ժամանակի պահանջներին համահունչ զարգացնել նուիրեալներ, ում համար ազգապահպանումը սուրբ առաքելութիւն է: Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի զօրացումը համախմբուած աշխատանքի արդիւնք է, որին մասնակից են կրթօջախի ուսուցչական անձնակազմը, ծնողները, շրջանաւարտները, համախոհները, հայ եկեղեցին, տարբեր կազմակերպութիւններ ու միութիւններ:

«Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 50ամեակի հանդիսութիւնը լաւագոյն առիթ է ամփոփելու անցած ուղին, նշելու ձեռքբերումները եւ ներկայացնելու մեր ապագայի տեսլականը», զրոյցում նշում են նուիրեալները՝ կրթօջախի շրջանաւարտ եւ տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանը, հիմնադիրներից՝ Մկրտիչ Մոսիկեանի դուստր Գոհար Գաբրիէլն ու մանկամսուրի տնօրէնուհի Անգին Իսկաջեանը:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Հիմնադրուելով 1965թ.ին Մոնթեբելլոյում, Մեսրոպեան վարժարանը դարձաւ նաեւ Հարաւային Կալիֆորնիայում հայ համայնքի ձեւաւորման գլխաւոր նախադրեալներից: Կրթօջախի պատմութիւնը նաեւ այս շրջանի հայերի անցած ուղին է խորհրդանշում, եւ վարժարանի յիսունամեակը նաեւ համայնքի անցած ուղու իւրատեսակ ամփոփումն է:

ԴԱՒԻԹ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Մոնթեբելլոյի եւ շրջակայ հայ համայնքի կազմաւորումը սկսուել է 1950ականներից՝ Գերմանիայի կողմից գերեվարուած եւ այնուհետեւ ԱՄՆ տեղափոխուած ռուսահայերի կողմից: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմից յետոյ, 1948 թուականին «Հայրենազուրկ հայերի օգնութեան ամերիկեան ազգային կոմիտէն» (ANCHA-ԱՆՉԱ), որի նախագահն էր Ջորջ Մարտիկեանը, մինչեւ 1952 թուականը Եւրոպայում յայտնուած շուրջ 4500 ռազմագերի-տարագրեալ հայերի փոխադրում եւ բնակեցնում է Ամերիկայում: Դեռ Գերմանիայի ճամբարներում այս հայերը, որոնց թւում էին նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադիրները, ստեղծել են իրենց եկեղեցին, թատերախումբ, դպրոց, երգչախումբ՝ հիմնելով կարծես փոքր Հաայստան: Երբ այս մարդիկ տեղափոխւում են Մոնթեբելլօ, որոշում են հիմնել ամէնօրեայ Ազգային վարժարանը: Այդ նուիրեալներն էին Մկրտիչ Մոսիկեանը, Կիրակոս Մագտեսեանը, Վաղարշակ Դիլանեանը, Արշաւիր Պետրոսեանն ու Գրիգոր Պետրոսեանը: Նրանց համար վարժարանը միակ միջոցն էր պահպանելու ազգային ինքնութիւնն օտար ափերում, եւ 1965թ.ին ստեղծւում է Միացեալ Նահանգներում առաջին ամէնօրեայ՝ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, որ բացւում է սկզբում որպէս մանկապարտէզ-նախակրթարան, անուհետեւ՝ ամէն տարի աւելանում են դասարաններ: Յատկանշական է, որ կրթօջախն ունի շատ բարերարներ, սակայն կրում է ուսուցչապետի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անունը: Այս դպրոցի շուրջ համախմբւում են տեղի եւ շրջակայ համայնքի հայերը, միութիւնները, եւ այն դառնում է հայապահպանման իւրատեսակ կենտրոն: 50 տարի շարունակ, ինչպէս մեր կարգախօսն է ասում՝ պահպանում ենք աւանդոյթները, միաժամանակ աշխատելով նորարարական միջոցներով զարգացնելու վարժարանն ու լաւագոյնս առաջնորդելու մեր նոր սերունդներին:

ԳՈՀԱՐ ԳԱԲՐԷԼ.- Շատ փոքր էի, երբ հայրս ընկերների հետ միասին հիմնեցին այս դպրոցը, սակայն յուշերումս վառ է, թէ ինչպիսի հոգատարութեամբ էին նրանք փայփայում վարժարանը: Յիշում եմ, թէ ինչպէս էր հայրս իր ձեռքերով տնկում վարժարանի բակի իւրաքանչիւր ծառ, եւ խնամում այգին, թէ ինչպէս էին ֆինանսական միջոցներ փորձում հայթայթել երազանքն իրականացնելու համար: Նրա այդ նուիրումը փոխանցուել է նաեւ ինձ, եւ Մեսրոպեան վարժարանն ինձ համար երկրորդ տուն է, ընտանիք, որտեղ սովորել են նաեւ իմ երեխաները: Այս կրթօջախը հօրս երազն էր, եւ ես ցանկանում եմ, որ այն միշտ գործի ու ծառայի իր հիմնական՝ ազգապահպանման մեծ նպատակին: Համոզուած եմ, որ 50ամեակը նոր փուլ է խորհրդանշելու այս համահայկական նշանակութեան կառոյցի համար:

ԱՆԳԻՆ ԻՍԿԱՋԵԱՆ.- Դպրոցը ծնուել է համայնքի կողմից եւ դարձել է այն  մշակութային կենտրոնը՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովանաւորութեամբ, որի շուրջ համախմբուել են ՀՅԴն ու յարակից կազմակերպութիւնները՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՄԸՄը: Վերջին մի քանի տարիներին մեր դպրոցը, որ դժուար ժամանակներ էր ապրում, կարծես նոր շունչ է ստացել եւ վերականգնում է նախկին փառքը, միաժամանակ՝ աշխուժացնելով Մոնթեբելլոյում գործող Հայ կենտրոնը: Այնտեղ, մեր դպրոցի աշակերտների միջոցով նաեւ ստեղծուել է ազգային ոգով լի միջավայր, որ գրաւում է այն հայ ընտանիքների երեխաներին, ովքեր այլ առիթներ չունեն հաղորդակից լինելու հայկականին: Վարժարանի 50ամեակի տօնակատարութիւնը կարծես նոր շունչ ու ոգի է հաղորդելու մեր ընդհանուր գործին:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ժամանակին, լինելով առաւել հայահոծ շրջանում, վարժարանը թերեւս աշակերտների խնդիր չի ունեցել: Այսօր ինչպէ՞ս է յաջողւում ներգրաւուել հայ երեխաների:

ԴԱՒԻԹ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- 2013թ.ի ուսումնական տարուց սկսած, մեր աշակերտների թիւը սկսել է սրընթաց աճել, ինչն օրհնութիւն է մեզ համար: Մոնթեբելլոյում շուրջ  հարիւր հայ աշակերտ կայ, սակայն ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ մեծամասնութիւնը հէնց մեր դպրոց են յաճախում: Մեր աւագ դպրոցի աշակերտների թիւը գրեթէ հաւասար է Մոնթեբելլոյում գործող միւս երեք աւագ դպրոցների աշակերտների քանակին: Միաժամանակ, վերջին շրջանում Մեսրոպեան վարժարան են գալիս Գլենդելից, Հանթինգթոն Բիչից, Փասադենայից, Չինօ Հիլզից, Օրէնջ Քաունթիից, Պիկօ Ռիւիերայից, Բրբենքից, Արքադիայից, Գլենդորայից եւ մի շարք այլ քաղաքներից, տեղափոխւում են նաեւ հանրային եւ մասնաւոր դպրոցներից: Այս պահին ունենք 221 աշակերտ, տոկոսային առումով այս թիւը 2013ից աճել է շուրջ 47 տոկոսով: Իրականում, մեր վարժարանը կենտրոնացած է որակի բարձրացման ուղղութեամբ, եւ նոր աշակերտները մեր այդ աշխատանքի արդիւնքն են: Մեսրոպեան վարժարանը վերջին շրջանում յատկապէս արժանանում է գովասանքի նաեւ ամերիկեան տարբեր գնահատող կազմակերպութիւնների կողմից, եւ արդիւնքում, մենք ունենք նաեւ օտար աշակերտներ:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ինչպէս նշեցիք, աշակերտների թուի աւելացումը յատկապէս վարժարանի կրթական որակի բարձրացման արդիւնք է: Ի՞նչ չափանիշներով էք առաջնորդւում:

ԴԱՒԻԹ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Մեսրոպեան Ազգային վարժարանն ունի հարուստ ժառանգութիւն, որ ընդգրկում է ոչ միայն մեր դպրոցի եւ տեղական համայնքի՝ նաեւ հայ մշակոյթի, կրօնի, պատմութեան աւանդոյթները: Միաժամանակ, մեր կարգախօսն է նորարութիւնը, այսինքն՝ մեր վարժարանում պատրաստում ենք նաեւ այս երկրի լիարժէք քաղաքացու: Մենք երբեք չենք խօսում ձուլման մասին, այլ՝ համաչափ եւ հաւասարակշռուած ինտեգրման ամերիկեան հասարակութեան մէջ՝ հաւատարիմ ազգային ինքնութեանը: Մեսրոպեան վարժարանի իւրաքանչիւր աշակերտ նաեւ հայ ազգի դեսպան է կարծես՝ իր կերպարով, ով  յետագայում գործուն դեր է ունենում հայկական հարցերի արծարծման գործում, եւ աջակցում է հայապահպանմանը: Մեր աշակերտները դիւրութեամբ են գործում թէ՛ հայկական, թէ՛ ամերիկեան աշխարհում եւ ունենք բազմապիսի օրինակներ:

Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի կարգախօսներից է նաեւ գերազանցութիւն ամէն ինչում, եւ այս առումով էլ փաստը մեր շրջանաւարտներն են, ովքեր շարունակում են ուսումը լաւագոյն համալսարաններում, այդ թւում՝ «Սթենֆորդ», «Բըրքլի», «Եու.Սի. Էլ.Էյ.» եւ այլ, միաժամանակ, զբաղեցնում են բարձր պաշտօններ: Մեր աշակերտների պատրաստութիւնը սկսւում է մանկամսուրից եւ նոյն որակով շարունակւում մինչեւ 12րդ դասարան:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ առանձնայատկութիւններ ունի Մեսրոպեան վարժարանը:

ԴԱՒԻԹ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Իւրաքանչիւր աշակերտ մեզ համար մի աշխարհ է, եւ ներդնում ենք մեր բոլոր ջանքերը նրանց լաւագոյնը տալու համար: Մեր վարժարանում կիրառւում են մեթոդներ, որոնք չէք հանդիպի այլ դպրոցներում: Օրինակ, մենք յատուկ հոգեբանական մեթոդներ ենք կիրառում երեխաների վարքի հետ կապուած, որ հիմնուած է գիտական ուսումնասիրութեան վրայ: Զբաղւում ենք երեխայի դաստիարակութեամբ, եւ այդ հարցում օրինակ բացառում ենք որեւէ պատիժ, փոխարէնը՝ նրանց համար ստեղծում ենք իրավիճակներ, որ պատասխանատուութեան եւ օգտակարութեան զգացում է առաջացնում երեխայի մօտ, ինչն ազդում է նաեւ առաջադիմութեան վրայ: Այս առումով նաեւ չափազանց կարեւոր է մանկավարժի եւ ծնողի դերը, ուստի անցկացնում ենք յատուկ ծրագրեր նաեւ ուսուցիչների համար, ինչպէս նաեւ՝ մշտապէս հանդիպումներ ենք ունենում  ծնողների հետ: Այդպիսով, փորձում ենք ստեղծել բնական մի կապ, որ աշակերտի համար մեր ստեղծած ներդաշնակ միջավայրը շարունակուի նաեւ տանը:

Մեսրոպեանում նորարարութիւնները մեծապէս ուղղուած են նաեւ կրթութեան որակի բարձրացմանը, այդ թւում՝ նորագոյն տեխնոլոգիաների ներառմամբ: Մեր դպրոցն այսօր յագեցած է արդիական սարքերով, ունենք համակարգչային յատուկ ծրագիր, որ Արեւմտեան Ամերիկայի առաջին դպրոցն ենք, որ կիրառում ենք: Սակայն, այս հարցում եւս հաշուի ենք առնում տեխնոլոգիաների օգտագործման ճիշդ չափաբաժինը մեր աշակերտների համար:

ԱՆԳԻՆ ԻՍԿԱæԵԱՆ.- Առողջ եւ համապարփակ զարգացման համար երեխան պէտք է ունենայ իրական փորձառութիւններ, օրինակ առանց էկրանի մանկութիւն: Մենք երեխային տալիս ենք բնական զգացողութիւնների առիթ՝ շփուելու բնութեան հետ,  բանջարանոցում զբաղուելու բոյսերի մշակմամբ, եւ սա պայմաններ է ստեղծում նաեւ երեխաների միմեանց հետ հաղորդակցուելու եւ ձեւաւորելու փոխյարաբերութիւններ: Մեր դպրոցն առանձնայատուկ է նաեւ նրանով, որ  մանկամսուրից մինչեւ երկրորդական վարժարան բոլոր դասասենեակները գտնւում են մէկ տարածքում՝ երկուսից մինչեւ 18 տարեկան մեր աշակերտները գտնւում են նոյն ուսուցիչների հսկողութեան ու խնամքի ներքոյ եւ մեր անձնակազմը   ուրախութեամբ է արձանագրում նրանց զարգացումը: Սա շատ կարեւոր է, կարծում եմ, երբ վարժարանը դառնում է ընտանիքի նման, որտեղ տիրում է ջերմ ու ներդաշնակ մթնոլորտ:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ձեր շրջանաւարտները  շարունակո՞ւմ են վարժարանի մեծ ընտանիքի մաս կազմել:

ԴԱՒԻԹ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Աւարտելուց յետոյ մեր աշակերտները շարունակում են ներգրաւուած մնալ դպրոցում Շրջանաւարտների միութեան՝ «Քլաբ Մեսրոպեան»ի միջոցով: Մեզ մօտ ուսանած աշակերտներից շատերը մեծ յաջողութիւնների են հասել եւ բարձր պաշտօններ ունեն տարբեր ոլորտներում, եւ նրանք միշտ պատրաստ են օգտակար լինել վարժարանին: Օրինակ, Ցանցային եւ Խորհրդատուական ծրագրի շրջանակներում մեր իրաւաբան, բժիշկ, տեղեկատուական տեխնոլոգիաների, հանրային ծառայութիւնների եւ այլ ոլորտների մասնագէտ շրջանաւարտները անհատական խորհրդատուութիւն են տրամադրում դպրոցի իւրաքանչիւր աշակերտի՝ իրենց նախընտրած ոլորտում: Պէտք է հպարտութեամբ նշեմ, որ 1970ականներից մինչ մեր վերջին տարուայ շրջանաւարտները երբեք չեն մերժել մեզ որեւէ հարցում, եւ  յաճախ իրենք են հանդէս գալիս նախաձեռնութիւններով: Մեր շրջանաւարտներն օգնում են մեզ նաեւ դրամահաւաքների հարցում, զբաղւում են կառուցողական աշխատանքով:

 

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Մեսրոպեան վարժարանի յաջողութեան գրաւականներից է միասնութիւնը յանուն մեծ առաքելութեան, որ դրսեւորւում է այս կրթօջախի շուրջ հաւաքուած իւրաքանչիւր նուիրեալի գործում:

ԴԱՒԻԹ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Մեր հիմնադիրներն ու բարերարները՝ ի դէմս Մկրտիչ Մոսիկեանի, կնքահօր պէս են եղել դպրոցի նկատմամաբ՝ նշանաբանով, որ «ոչ մի երեխայ չպիտի զրկուի հայեցի դաստիարակութիւնից եւ որակաւոր ուսումից որեւէ պատճառով»: Այս նպատակն իրականացնելու համար հայկական կազմակերպութիւններն ու եկեղեցին մշտապէս զօրավիգ են եղել մեզ՝ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, Ս. Խաչ եկեղեցին սահմանել են կրթաթոշակներ, որպէսզի օգնեն Ազգային վարժարանում ուսանել ցանկացող իւրաքանչիւր հայորդու: Նրանց միակ պահանջն է, որ այդ աշակերտներն ու նրանց ընտանիքները  մաս դառնան համայնքի կեանքին՝ եկեղեցու, ՀԵԴի, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի եւ Հայ կենտրոնի միջոցով: Սա նաեւ Մոնթեբելլոյի եւ յարակից շրջանների հայ կեանքի աշխուժացմանն ուղղուած քայլ է:

Միաժամանակ, մեր վարժարանի յաջողութիւնները մեծապէս նաեւ նուիրուած ու արհեստավարժ մանկավարժների աշխատանքի արդիւնքն են, որոնց թւում են հայ եւ օտարազգի մասնագէտներ: Մեսրոպեանի ուսուցչական կազմը խայտաբղետ է, եւ կազմուած է տարբեր երկրներից մասնագէտներով, ովքեր միախառնում են հայկական, իրենց ծնուած երկրի իւրայատուկ մշակոյթն ու ամերիկեան կրթութիւնը՝ բազմակողմանի կրթելով մեր աշակերտներին:

Մեսրոպեան վարժարանում շատ մեծ տեղ է յատկացւում գիտութեանն ու արուեստին: Մեր դասարաններն համալրուած են գիտական հետազօտութիւնների համար անհրաժեշտ գոյքով. լաբորոտորիան՝ կենսաբանութիւն, ֆիզիկա, քիմիա ուսանող աշակերտներին, տեսական գիտելիքները առաւել արդիական մեթոդներով փորձարկելու հնարաւորութիւն է տալիս: Գործում են գեղանկարչութեան, կաւագործութեան, ձեռագործի դասեր, որ դասաւանդում է մեր աւելի քան քսան տարուայ ուսուցչուհիներից Մալվինա Մակարեանը՝ տարբեր դասարանների համար մշակութաբանութեան, արուեստի պատմութեան եւ տեսական ու գործնական ծրագրերի շրջանակներում, երաժշտութեան դասընթացը վարում է յայտնի արուեստագէտ Գրեգ Հօշարեանը: Համակարգչային ծրագրերի նորամուծութիւններին ծանօթացնում է Մեսրոպեանի երբեմնի աշակերտ եւ «Եու.Էս.Սի.» համալսարանի  շրջանաւարտ Հայկ Շահինեանը: Մեր հայոց լեզուի ուսուցչուհիներից Զեփիւռ Օհանեսեանն էլ կազմակերպում է աւագ դպրոցի սաների ամէնամեայ այցը Հայաստան: Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ  շրջանաւարտները նաեւ սիրով մաս են դառնում մեր անձնակազմի, ինչպէս օրինակ Ռազմիկ Սարգսեանը, ով ներկայում դասաւանդում է հայոց լեզու, պատմութիւն, Հայ Դատ, թուայնացուած մեդիա եւ տպագրութիւն, անգլերէն:

Մեսրոպեան Ազգային վարժարանում անմիջապէս նկատելի է խաղաղ ու ներդաշնակ մթնոլորտը, որ ստեղծել են պատասխանատուներն ու նուիրեալները:  Ազգային դպրոցը հայապահպանման գլխաւոր կենտրոնն է Սփիւռքում եւ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է զօրավիգ կանգնել հայկական կրթօջախներին: Այստեղ է հայ մանուկին սերմանւում ազգային ինքնագիտակցութիւն, միաժամանակ՝ համամարդկային արժէքներ: Մեսրոպեան վարժարանի ռազմավարութիւնը ապագան նուաճող հետեւողական ծրագիրն է, եւ այն միանգամայն իրականանալի է, քանզի վարժարանը որդեգրել է գերազանցութիւն ամէն ինչում կարգախօսը: Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 50ամեակի հանդիսութիւնը կը համախմբի համայնքի տարբեր սերունդների, միաժամանակ պատուելով այն անհատներին ու միութիւններին, ովքեր մեծապէս նպաստել են վարժարանի եւ համայնքի զարգացմանը:

Տեղեկանք.- Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանը նոյն կրթօջախի շրջանաւարտ է, եւ նախկինում եւս աշխատել  է որպէս Մեսրոպեանի տնօրէն: Ղուկասեանը կրթական ոլորտում ունի բազմաթիւ տարիների փորձ՝ խորհրդատու է եւ վարժող: Դաւիթ Ղուկասեանի աշխատանքային կենսագրութեան մաս են կազմում  Կալիֆորնիայի համալսարանի, Սան Դիեգոյի, Ըրվայնի եւ Ռիվերսայդի համալասարանների կրթական ընդլայնուած ծրագրերը: Նրա խորհրդատուութիւնից օգտւում են ազգային եւ միջազգային հանրային, մասնաւոր դպրոցները, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները: Դաւիթ Ղուկասեանը նաեւ գիտական ուսումնասիրութիւններ է կատարում՝ մասնաւորապէս ուղեղի հետազօտութիւններ, ուսումնական ոճերի, քննադատական մտքի, դասարանային ղեկավարման եւ այլ ճիւղերում:

 

 

 

Այս Էջը Կը Հովանաւորեն

 

ՀԱՄՕ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆՆԵՐ

—————————————————————————————

ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ

——————————————————————————————

«ԱՍՊԱՐԷԶ»Ի ԲԱՐԵԿԱՄ ԸՆՏԱՆԻՔ ՄԸ

——————————————————————————————–

Ի Յիշատակ Ներսէս Եւ Իսկուհի Ֆունդուկեաններուն

Մալխասեան, Օհաննէսեան, Անմահունի Եւ Ֆունդուկեան Ընտանիքներ

———————————————————————————————–

 

 

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՌԹԻՒ-Հատուածներ՝ «Խաչին Վրայէն Արտասանած Տիրոջ Եօթը Խօսքերը» Գիրքէն

$
0
0

 

L4

 

Հեղինակ՝

ԵՐԱՆԵԼԻ ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Թարգմանող՝

ԱՒՕ ՍՐԿ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

 

 

Յառաջաբան

 

Խաչին վրայէն, Իր ցաւի պահուն, Տէրը եօթը խօսքեր արտասանեց, որոնք բոլորիս համար լեցուն են կեանքով: Տէրը շատ քիչ խօսեցաւ դատավարութիւններու, չարչարանքի եւ արհամարհանքի ընթացքին: Լուռ մնաց Ան: Իր իրաւունքէն եւ արժանապատուութենէն Ան զիջեցաւ, որովհետեւ «Սէր ունեցողը՝ միայն ինքզինք չի՛ խորհիր» (Ա.Կր 13.4-5):

Սակայն երբ հարկ համարեց՝ Խաչին վրայէն Ան խօսեցաւ: Խօսեցաւ մեզի՛ համար, մե՛ր օգուտին ու փրկութեան համար: Իւրաքանչիւր արտասանուած խօսք՝ յատուկ նպատակ եւ իմաստ ունէր: Իւրաքանչիւր խօսք՝ խոր ազդեցութիւն ունէր:

Հիմա անցնինք առաջ եւ խորանանք իւրաքանչիւրին մէջ:

 

Տիրոջ Առաջին Խօսքը՝

«Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն» (Ղկ. 23.34)։

 

Յիսուս մեր գորովալից Տէրն է. Խաչելութեան ամենացաւատանջ պահին անգամ՝ զբաղեցաւ մեզմով եւ ոչ թէ Իր վիճակով: Ան չյիշեց Իր ցաւերը, Իր յոգնութիւնը, ո՛չ ալ Իր վէրքերը: Ան անտեսեց Իր բոլոր ցաւերը՝ մտրակի հարուածներէն յառաջացած կռնակին վէրքերը, գամերէն ծակուած ձեռքերն ու ոտքերը, գանկն ու ճակատը ծակծկող փուշէ պսակը, Իր յոգնատանջ մարմինը… Այդ բոլորը մէկ կողմ ձգեց, որովհետեւ սիրեց մարդկութիւնը, ուստի՝ կեդրոնացաւ միայն այդ սիրոյն վրայ: Առաջին բանը որ մտածեց՝ զԻնք խաչողներուն հանդէպ ատելութեան փարատումն էր: Ահա թէ ինչո՛ւ Ան Իր առաջին խօսքով ըսաւ. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն»:

Տէրը Իր սիրելիներէն ու Իր անձէն ալ առաջ նախ հոգ տարաւ Իր թշնամիներուն:

Տէրը նախ ներեց զԻնք խաչողներուն, ապա՝ աւազակին, որ սկիզբը կասկածով մօտեցած էր, բայց յետոյ հաւատացած էր: Ապա հոգաց Իր մօր, եւ այս բոլորէն ետք՝ խօսեցաւ Իր անձին համար:

«Հա՜յր, ներէ՛ անոնց» ըսաւ, երբ Ինք ամենադաժան ցաւերը կ՛ապրէր: Տէրը երբ ամենախոր ցաւերուն մէջ էր, զԻնք խաչողներուն համար թողութիւն խնդրեց: Պարզ այն պատճառով՝ որ Իր սէրը անոնց ցուցաբերած ատելութենէն մեծ էր: Ատելութիւն մը, որ աննկարագրելի էր իր կոպտութեամբ:

Այս բոլորով հանդերձ՝ ո՛չ միայն անոնց մեղքերուն թողութիւն հայցեց, այլ նաեւ պատճառաբանեց, ըսելով. «Որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՛ընեն»:

Որքան զարմանալի է մեր Տիրոջ սէրը: Ան չանիծեց, վրէժխնդիր չեղաւ, նաեւ լռելով կրաւորական կեցուածք ալ չորդեգրեց, այլ՝ սիրով պատասխանեց, զանոնք մեղքերէ արդարացուց եւ երկնաւոր Հօրմէն անոնց համար մեղքերու թողութիւն խնդրեց, յայտարարելով՝ որ անոնց մեղքերը պարզապէս տգիտութեան պատճառով գործուած մեղքեր էին:

Տէրը զԻնք խաչողներուն մեղքերը ներելով, գործնապէս սորվեցուց մեզի Իր պատուիրանները պահել:

Նախապէս Տէրը ըսած էր. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն, աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն համար» (Մտ 5.44): Ահաւասիկ նախ Ինք գործադրեց այն ամէնը, որ նախապէս մեզի սորվեցուց: Տէրը բան մը պիտի չպատուիրէր, եթէ նախ Ինք չգործադրէր այդ պատուիրանը: Ան գործնապէս մեզի սորվեցուց «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները» պատուիրանը: Ան ներեց զԻնք անպատուողները, չարչարողները, խաչողները:

Դո՛ւն, օրհնեա՛լ քոյր-եղբայր, ի՞նչ կը մտածես «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց» խօսքին մասին:

Երանի՜ թէ երբ այս խօսքը լսես Աւագ Ուրբաթին կամ զայն մտաբերես որեւէ ժամու, սրտանց ըսես. «Ե՛ս ալ, Տէ՛ր իմ, Քու ըրածիդ նման պիտի ընեմ. պիտի ներեմ բոլոր անոնց, որոնք բարկացուցին, նեղեցին, յոգնեցուցին եւ արհամարհեցին զիս, որովհետեւ անոնք չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն…»: Սիրելի՛ եղբայրս, այդպէս ընելովդ՝ մասնակից պիտի դառնաս Տիրոջ գործին եւ սիրոյն:

Տէրը ներեց բոլորին. եթէ դուն չներես թշնամիներդ, ի՞նչ շահած կ՛ըլլաս:

Տէրը սիրեց Իր թշնամիները, եթէ դուն չսիրես ու չներես թշնամիներդ, ի՞նչ շահած կ՛ըլլաս: Կը շահիս այն, որ մասնակից չես ըլլար Տիրոջ գործին եւ չես առաջնորդուիր Իր առաքինութիւններով:

Գիտցի՛ր ուրեմն, որ Տէրը ներեց մեզ, որպէսզի մենք ալ ներենք ուրիշներուն յանցանքները եւ վայելենք ներողամտութեան օրհնութիւնը: Ամէն անգամ որ յիշենք մարդոց նախատինքը, մեր սիրտին խորերէն ըսենք. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն»:

Տիրոջ կողը խոցող Ղունկիանոս հարիւրապետը անոնցմէ է, որուն կը վերաբերի «Չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն» խօսքը:

Ղունկիանոս հարիւրապետ իր խոստովանութեամբ եւ նահատակութեամբ յետագային արժանացաւ լուսէ պսակին, եւ համաքրիստոնէական եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուեցաւ որպէս Սուրբ:

Սօղոս նաեւ անոնցմէ էր, որ «Չէր գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէր»:

Ան յարձակեցաւ եկեղեցիներուն վրայ ու բանտարկեց այրերն ու կիները (Գրծ. 8.3): Սօղոս մասնակցեցաւ նաեւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի դէմ բռնութեան (Գրծ. 7.58): Ան սարսափազդու էր: Մնաց այդպէս մինչեւ որ Փառքի Տէրը երեւաց իրեն Դամասկոսի ճամբուն վրայ, եւ ընտրեց զինք որպէս ընտիր անօթ: Ան հաւատաց Տիրոջ, մկրտուեցաւ եւ դարձաւ Պօղոս Առաքեալ: Ան աւետեց Տիրոջ անունով. յոգնեցաւ ու չարչարուեցաւ բոլոր առաքեալներէն աւելի: Ներոն կայսրին հրամանով ստացաւ նահատակութեան պսակը եւ դարձաւ քրիստոնէութեան սիւներէն մին, քրիստոնէութեան փարոսներէն մին: Ինք ըսաւ. «Շնորհք գտայ, որովհետեւ այդ բոլորը տգիտութեամբ ըրի»:

Արդեօք ի՞նչ պիտի պատահէր Սուրբ Պօղոսին, եթէ Տէրը չ՛ըսեր. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն»:

Ներողամտութիւնը, մեղքերու թողութիւնը կը շնորհուի բոլոր անոնց, որոնք երկու մարգարտեայ պայմաններ կ՛ամբողջացնեն Տիրոջ մնացեալ պատուիրաններուն հետ մէկտեղ. հաւատք եւ ապաշխարութիւն: Առանց հաւատքի եւ ապաշխարութեան՝ չկայ մեղքերու թողութիւն եւ փրկութիւն:

«Հա՜յր, ներէ՛ անոնց», որոնք կը հաւատան եւ կ՛ապաշխարեն եւ ապաշխարութեան արժանի գործեր կը կատարեն:

Սուրբ Գիրքը կ՛ըսէ. «Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին տուաւ» (Յհ. 3.16): Ամբո՛ղջ աշխարհին համար տուաւ Իր Որդին: Արդեօք ամբողջ աշխարհը օգտուեցա՞ւ փրկութենէն: Ո՛չ, Տիրոջ փրկութիւնը ստացան միա՛յն անոնք, որոնք հաւատացին: Այս պատճառով գրուած է. «Որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ. 3.16): Ասիկա՝ ինչ որ կը վերաբերի հաւատքի մասին: Իսկ ապաշխարութեան համար գրուած է.

«Կ՛ըսեմ ձեզի, որ եթէ չ՛ապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղկ. 13.3):

Տիրոջ փրկութիւնը ամբողջ մարդ-կութեան համար է, սակայն միայն ապաշխարողները, հաւատացողներն ու Իր ճամբէն քալողներն են, որոնք պիտի վայելեն փրկութիւնն ու Սուրբ Հոգիի խորհուրդներու ներգործութիւնը:

«Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն» արտայայտութիւնը իր մէջ անսահման սէր եւ ներողամտութիւն կը պարունակէ: Ըմբռնելու համար զայն՝ մտածէ որ քեզի՛ համար ըսուած է:

Դուն կարող ես ներել այն անձին, որ քեզ նեղած է: Բայց եթէ այդ անձը զրպարտէ, անարդարօրէն դատէ քեզ, քու դէմ հանէ ամբողջ ժողովուրդ մը, եւ եթէ անոնք ծաղրեն քեզ, հարուածեն, ձեռքերդ ու ոտքերդ խաչափայտին գամեն, եւ անկէ ետք, քու ցաւերուդ ամենադաժան պահուն, երբ դուն կը ներես անոնց, կ՛աղօթես անոնց համար, կ՛արդարացնես անոնց կատարածը, այդ բոլորը ընելու համար՝ անսահման եւ անսովոր սէր պէտք է ունենաս:

Շատեր քրիստոնեայ դարձան ա՛յս արտայայտութեան շնորհիւ. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց», որովհետեւ ասոր համար Ես եկայ. այս մխիթարութեամբ է որ սիրտս կը ցնծայ՝ խաչելութեան, ծաղրանքի եւ մենակութեան ցաւերը ճաշակելու պահուն: Ես միայն գութի զգացում ունիմ անոնց հանդէպ. չեմ յիշեր այն ինչ որ ըրին ինծի, որովհետեւ սէրը անանձնական է, այլ զանոնք կը յիշեմ քու առջեւդ, որովհետեւ անոնք՝ մեղքերու թողութեան կարիքն ունին: Ներէ՛ անոնց, եթէ իմ առաքելութիւնս ամբողջացուցի ու նպատակներս իրագործեցի, ներէ՛ անոնց եւ ուրախացո՛ւր զիս:

Աշխարհի սկիզբէն ի վեր բոլոր ննջեցեալները կը բաղձան «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց» արտայայտութիւնը լսել: Եթէ Տէրը այսքա՜ն սիրեց ու թողութիւն շնորհեց զինք չարչարողներուն ու խաչողներուն, արդեօք որքա՜ն սէր պիտի ցուցաբերէ զինք սիրողներուն, որքա՜ն խորունկ պիտի ըլլայ Իր ներողամտութիւնն ու վարձատրութեան շնորհքը անոնց:

Խաչին շուրջ գտնուող զինուորները զարմացան, երբ լսեցին Տէրը որ կ՛ըսէր. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց»: Աջակողմեան աւազակն ալ զարմացած էր, երբ Տէրը անոր ըսաւ. «Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ. 23.43):

 

(Շարունակելի)

 

«Խաչին Վրայէն Արտասանած Տիրոջ Եօթը Խօսքերը» գիրքը ստանալու համար գրել՝ info@FaithHopeLoveMission.org հասցէին:

 

 

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ-Արեւմտահայաստան. «Տարբեր» Զբօսուղեցոյց Մը

$
0
0

0224historicarmenia

«HISTORIC ARMENIA AFTER 100 YEARS -Ani, Kars, and the six provinces of Western Armenia», Matthew Karanian, Stone Garden Press, USA, 2015

 

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

 

 

Հարիւրամեակը, ըսուեցաւ ու կրկնուեցաւ, մէկէ աւելի իմաստներով հանդիսացաւ շրջադարձային տարի՝ հայ կեանքի հոլովոյթին համար: Զայն կայացնող ուշագրաւ երեւոյթներու շարքէն, հոս, կ՛ուզեմ անդրադառնալ մէկուն միայն, հրատարակչական մարզին պատկանող:

Խօսքս կը վերաբերի Մաթիու Քարանեանի «Պատմական Հայաստան՝ Հարիւր Տարի Ետք» գործին, որուն մամուլի հաւանական անդրադարձներ (կատարուած՝ անգլիալեզու մեր մամուլին մէջ) խուսափեր են ուշադրութենէս: Բայց հատորը, գրախօսական ներկայացումէ մը անդին, իր իսկական տարողութեան գնահատումին համար յատուկ, ընդգծիչ մեկնաբանութեան մըն է որ կը կարօտի:

 

 

Ընդդէմ Հոգեկան Տարագրութեան…

 

Սփիւռքի մէջ աչք բացած սերունդներ՝ հին թէ նոր ու նորագոյն, սկսած՝ մեր ազգային-քաղաքական գիտակցութեան հասած հատուածներէն, յիշեր կամ երազեր ենք հայրենի հողը, կարելի միջոցներով ու զէնքերով պայքարեր՝ իրաւազրկումին, հայրենազրկումին դէմ: Բայց եւ, միանգամայն, ենթակայ մարդկային հոգեբանութեան անյեղլի օրէնքներուն, մեր մէջ աճեցուցեր ենք անխուսափելի օտարում մը անկէ, անոր «հողային» իրականութենէն, իրակա՛ն իրականութենէն:

Օտարումը՝ առաջին հերթին ու մինչեւ մէկ-երկու տասնամեակ առաջ՝ անկասկած հետեւանք էր նաեւ առարկայական պայմաններու, քաղաքական բիրտ արգելքի: Բայց ո՛չ միայն: Մեր քաղաքական գործունէութիւնը, զայն տարազող խօսաբանութիւնը՝ կը լռէին մինչե՛ւ իսկ գիտակցութիւնը այդ օտարումին, կը ջանային ներմղել, ուրանալ այդ մեծ պակասը: Ուրեմն այդպէսով մեր մասնակցութիւնը բերելով անոր, թաղելով զայն խօսքի խաւերու տակ (խուսափելու համար պակասի գիտակցութեան առթելիք յաւելեալ տառապանքէ՞ն…):

Վերջին քառորդ դարն է, որ շարժում մտցուց քարացած, անդամալուծուած պատմա-քաղաքական այս իրադրութեան մէջ, ճիշդ է՝ նախապատրաստուած 70-80ականներու Հայ Դատի այժմէականացման քայլերով, ուժական թէ քաղաքական-դիւանագիտական բնոյթի: Բայց բուն շարժումը, սառցահալը, իսկապէս շղթայազերծուեցաւ մէկ կողմէ՝ Երկաթէ վարագոյրի վերացումով եւ հայրենի ու արցախեան անկախութիւններով. միւս կողմէ՝ մեր պատմական հայրենիքի բռնագրաւիչ պետութեան ապրած գաղափարական-մշակութային ներքին որոշ մէկ հոլովոյթով: Այս վերջին հոլովոյթը՝ սկսած հին ոստան Պոլիսէն՝ շարժման դրաւ իր կարգին երկրի հայութիւնը, աւելի ճշգրիտ՝ անոր արմատական թեւը: Մինչ՝ նոյն համայնքի աւանդական զանգուածը խոհեմաբար կ՛անգիտանար զայն, աւելի ուշ՝ լաւագոյն պարագային հեռուէն հետեւելու համար:

 

… Զբօսաշրջական Ուղեցոյց Մը

 

Արեւմտահայաստանի ներկային եւ հողային իրականութիւններէն մեր հեռաւորութեան մասին այս դիտողութիւնները հոս՝ ուրեմն, կը թելադրուին Մաթիու Քարանեանի հատորէն, իր սեփական հեղինակութեամբ՝ բնագրերով ե՛ւ լուսանկարներով հաւասարապէս:

Լուսանկարներու ակնարկս՝ ո-րովհետեւ հատորը հարուստ է նաեւ լուսանկարներով, գրեթէ ալպոմային ճոխութեամբ մը: Իր չափերով նաեւ ալպոմային՝ գործը սակայն ալպոմ մը չէ, չէ՛ ալ մտադրած կամ յաւակնած ըլլալ՝ գեղարուեստական կատարելութեան առումով. նոյնիսկ եթէ որոշ լուսանկարներ, փաստագրական արժէքով նոր ու անփոխարինելի, նաեւ ուշագրաւ են գեղարուեստականօրէն:

Ու բարեբախտաբար սոսկ ալպոմ մը չէ Քարանեանի գործը: Նախ՝ որովհետեւ այլապէս կրնար դառնալ վերջին երկու շրջանի այդօրինակ հրատարակութիւններէն՝ որակաւորներուն մէկ կրկնութիւնը, նուազ յաջող: Բարեբախտաբար չէ նաեւ ուղեգրական եւ պատմա-ազգագրական սովորական տեղեկագրում մը, թէեւ ունի՝ հիմնական միջուկին կցուած՝ պատմա-ազգագրական տեղեկութիւններ եւս, ջղուտ, յանձնառու, եւ առհասարակ հաւաստի:

Քարանեանի հատորին հիմնական նորութիւնը, արժէքը, կը հաւատամ, այս բոլորէն անդին, իր՝ Արեւմտահայաստանի զբօսաշրջային ուղեցոյց մը ըլլալու հանգամանքին մէջ է՝ այժմէական-արդիական ճամբորդական ուղեցոյց մը: Հանգամանք, որ բովանդակութեան միւս տարրերու կողքին կրնայ թուիլ «թեթեւ», բայց երկրորդ վերլուծումով՝ թուացածէն շատ աւելի կարեւոր է, շրջադարձայի՛ն…

 

Վերադարձ…

 

Հատորը, մօրէնական մեծ մօր նուիրուած ձօնէ մը եւ ուղեցոյցի ընտրանքներուն եւ հրատարակչական բնոյթի տեղեկութիւններէ ետք, կը բացուի նախաբանով մը՝ Խաչիկ Մուրատեանի գրիչէն, որ՝ խիտ եւ թելադրական տողերով ընթերցողին կը փոխանցէ Արեւմտեան Հայաստանի, հոն վերապրող յուշարձաններու եւ մնացորդ հայութեան հետ կենդանի շփումի իր փորձառութիւնը, ապա կ՛ողջունէ հատորին երեւումը՝ իբր հրաւէր փորձառութիւնը անձնապէս կրկնելու: Եւ կը փակէ այլընտրանքի մը թելադրանքով. «Եթէ, սիրելով հանդերձ արեւմտեան Հայաստանի դէմքերն ու վայրերը, տրամադիր չէք այցելելու Թուրքիա, այս գիրքը՝ փոխարինաբար, լաւագոյն քայլն է որ կրնաք առնել»:

Կը հետեւի Հայկական լեռնաշխարհի, ապա եւ Ցեղասպանութեան ու հետեւող տասնամեակներու մասին տեղեկութիւններու բաժին մը, ենթաբաժանումներով, ամփոփ բայց բովանդակալի, որ անյիշատակ ժամանակներէ սկսած՝ կու գայ կը հասնի մինչեւ մեր օրերը, անցնելով մեծ Ոճիրի եւ հետեւող ուրացման հանգրուաններէն: Ապա, իրարու ետեւէ, կը տրուին Արեւմտահայաստանի նահանգները՝ Կարս, Վասպուրական, Տիգրանակերտ-Տարօն-Բարձր Հայք եւ վերջապէս՝ Ծոփք ու Փոքր Հայք:

Ասոնցմէ՝ առաջին երկուքը տրուած են աւելի մանրամասն, հեղինակի կարելիութիւններուն եւ տրամադրած ժամանակին համապատասխան: Երրորդ մասէն՝ նոյն պատճառով, շատ հպանցիկ տրուած են Էրզրում եւ Մուշ-Սասուն: Բայց իւրաքանչիւր մաս, պատմա-ազգագրական ակնարկէն ետք, օժտուած է՝ «Այսօր՝ այցելել Կարս… Վան… եւ այլն» եւ «Առաջարկուող Ուղեգիծ» ենթաբաժիններով, ուր խմբուած են գործնական կարեւոր տեղեկութիւնները:

Գործին այս՝ «զուտ-զբօսուղեցոյց» երեսը կարելի չէ ըստ էութեան ստուգել-քննել հոս, հասկնալի պատճառով: Բայց ընդհանուր տպաւորութեամբ՝ անիկա կը միաբերէ լուրջ զբօսուղեցոյցէ մը պահանջուած կարեւոր յատկութիւնները. անձնական փորձի լաւագոյն օգտագործումով եւ առաւելագոյն ձեռնահասութեամբ կազմակերպուած ուղեգիծներ, խմբագրուած թելադրանքներ՝ փոխադրամիջոց, կեցութիւն, տեղական ուղեծիր, առաջնահերթութիւններ… Որոշ նահանգներու ամփոփ կամ մասնակի ներկայացումն իսկ, իմաստով մը, գրաւական կը հանդիսանայ լրջութեան, արտայայտելով տուեալ վայրերու մէջ հեղինակին շրջագայութեան համեմատաբար կարճ տեւողութիւնը:

Սակայն, ընթերցողը կը հանդիպի տեղեկանքի շփոթներու կամ անտեսումներու: Ասոնք երբեմն հեղինակին ենթակայական աշխարհին վերագրելի են ու ներողամտութեամբ դիմագրաւելի, ինչպէս՝ Վասպուրականի գոյամարտին նուիրուած էջին վրայ (էջ 91) յիշատակումը… բացառապէս իր սեփական ընտանիքէն անձերու անուններուն (Քարանեան կողմով մը կը սերի վանեցի նախնիքներէ…): Կամ խմբագրական անորոշութիւններ են, որոնցմէ մէկուն իբր հետեւանք՝ օրինակ, Վասպուրականի Հայոց Ձոր գաւառը տեղ մը հոմանիշ կը դառնայ Հայկական բարձրաւանդակի (էջ 82) եւ մէկ ուրիշով՝ նոյն Հայկական բարձրաւանդակի մակերեւոյթի միջին բարձրութիւնը կը զեղչուի՝ իջնելով 900 մեթրի (էջ 21)*:

 

… Ներկայի Ու Ապագայի Ընդմէջէն

 

Հաստատեցի, որ Քարանեանի ներկայ հատորը՝ Արեւմտահայաստանի գործնական եւ այժմէական զբօսուղեցոյցը, իր գոյութեան փաստով իսկ երեւոյթ մըն է յետ Ցեղասպանութեան երկրորդ հարիւրամեակի սեմին:

Բացայայտ է, որ խօսքը չի վերաբերիր սոսկական զբօսուղեցոյցի մը արժանիքներուն: Այդ հանգամանքը արժեւորողը, բնականաբար հատորի հայեցի յանձնառու ոգին է, ներկայ՝ հատորի գլխաւոր բաժիններուն մէջ, պատմա-ազգագրականէն մինչեւ սեփական ուղեպատում, հասնելով նոյնիսկ գործնական թելադրանքներու մանրամասնութիւններուն:

Աւելի՛ն. զբօսաշրջիկ-հեղինակի գործնական նկատառումներու ետին, անոր ամէն մէկ քայլին ներքեւ, կը զգացուին ուխտաւոր-ուղեւորի երկիւղած շնչառութիւնը, գուրգուրալի պաշտամունքը՝ հանդէպ յուշարձաններու, այսօր անհետ քանդուած եւ յիշողութեան մէջ ապրողներէն մինչեւ վիրաւոր-կիսաքանդները, հանդէպ բնանկարներու՝ հայրենի բնաշխարհի վայրերուն: Առանց մոռնալու մտասեւեռեալ հետաքրքրութիւնը՝ հանդէպ անոնց ծոցին վերապրած ու այսօր յառնելու ձգտող «սուրի մնացորդ» զանգուածներուն: Այս բոլորին համար գործածելով տակաւին՝ անգլերէն լեզուի յուզական համեմատաբար սահմանափակ միջոցները, գտնելով նաեւ ձեւեր զանոնք անսպասելիօրէն շրջանցելու կամ զանցելու, եւ արեւմտեան զգայնութեան տէր ընթերցողին «ընդունելի» ոճով փոխանցելու՝ վերադարձող ուխտաւորի եւ յանձնառու հայու ապրումներու ողջ լիցքը:

Այժմէական զբօսուղեցոյցի գործ-նականութիւն եւ հայրենի բնաշխարհի ներշնչեալ ներկայութիւն, ահա Քարանեանի գործին երկու հիմնական, զիրար արժեւորող եւ իրարմով արժեւորուող յատկութիւնները: Զինք շրջադարձային երեւոյթ դարձնող, նոր, բաղձալի ոգի եւ մտայնութիւն նշող եւ ապագայի հաշուին խոստացող, դրդո՛ղ միանգամայն:

 

* Քանի մը դիտողութիւններ եւս՝ հրատարակութեան ընդհանուր կերպարանքին կապուած, յետագայ սրբագրման առաջարկ-հեռանկարով՝ պարզապէս.

  1. Նախ՝ հատորի մուտքին (էջեր 2-3) տեղադրուած քարտէսը չի ներկայացներ Հայաստանը, ինչպէս կարելի էր սպասել, այլ… Տիգրան Մեծի կայսրութիւնը: Քսանամեայ գոյութեան մը հազիւ արժանացած տարածքներու՝ քարտէսով զետեղումը, այսպէս, Հայաստանի նուիրուած հատորի մը ուղղակի ճակտին, եւ Greater Armenia յորջորջումով, թէ՛ մատուցուած նիւթերու առաջնահերթութեան խախտում կը կայացնէ, թէ՛ հոգեբանական թիւր տպաւորութիւն կրնայ ստեղծել՝ օտար (եւ ոչ միայն օտար) ընթերցողին մօտ, հեղինակին ներկայացուցած մտայնութեան մասին: Չհաշուած դեռ՝ այդ անուանակոչումին բերելիք շփոթի վտանգը Armenia Maior-ի՝ Մեծ Հայքի հետ: Մանաւանդ երբ նոյն քարտէսը արդէն տեղ ունի հատորին մէջ (էջ 18), ինչ որ կրնար լիուլի բաւարար ըլլալ՝ Տիգրան Մեծի փառքին համար: Քարանեան վստահաբար հայկական այդպիսի գերծաւալապաշտութեան մը դրօշակիրը չէ, եւ կրնայ բաւարարուիլ իր նախնիքներէն Մարտիրոս Խէրանեանի քարտիսագրած Ուիլսընեան Հայաստանով (եւ անոր սահմաններով…): Ի դէպ. այս հիանալի գործին ան բարեբախտաբար տեղ տուած է հատորի կողքի ետեւի ներքին երեսին վրայ:
  2. Հատորին չափերն ալ տեղիք կու տան դիտողութեան մը: Էջադրուած-կազմուած ալպոմի չափերով (այսինքն 27 լայնքի վրայ՝ 20 բարձրութիւն), հատորը յայտնօրէն հետեւած է յարմարաւէտ ձեւով լուսանկարներ տալու թելադրանքին: Հասկնալի ըլլալով հանդերձ, այս ընտրանքը գիրքը կը դարձնէ դժուար ձեռնելի: Քարանեանի նախորդ զբօսուղեցոյցը՝ ներկայ Հայաստանի եւ Արցախի նուիրուած, ձեռնելիութեան այս իմաստով կը ներկայացնէր որոշակի առաւելութիւն:

 


Նոր Բանաստեղծութիւններ Ու Պատմուածքներ Մանուկների Ու Պատանիների Համար

$
0
0

0225sonadikranian color

 

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՆՈՐԱՏԻՊ ԳՐՔԵՐԻ ՀԵՂԻՆԱԿ ՍՈՆԱ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վարեց՝ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան նկատմամբ յատկապէս սփիւռքահայ մանուկների ու պատանիների շրջանում հետաքրքրութիւն առաջացնելու համար անհրաժեշտ է խօսել նրանց հոգեհարազատ ձեւերով: Աւաղ, այսօր կրտսեր սերնդի համար հայալեզու ժամանակակից գրականութեան ստեղծումն առաւելապէս հայրենիքից հեռու, բացառիկ երեւոյթ է: Ուրախութեամբ, պէտք է նշենք, որ այդուհանդերձ, կան հեղինակներ, ովքեր գիտակցելով հարցի յոյժ կարեւորութիւնը, կատարում են նուիրեալ աշխատանք՝ ստեղծագործելով մանուկների համար: Գրականագէտ, Երեւանի Գեղարուեստի ակադեմիայի պրոֆեսոր, համալսարանական եւ դպրոցական դասագրքերի հեղինակ Սոնա Տիգրանեանը լոյս է ընծայել բանաստեղծութիւնների եւ պատմուածքների՝ «Ծաղկած Այբուբեն», «Երկիր» եւ «Անմոռուկ» խորագրերով եռահատոր ժողովածու, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն:

«Եռահատորեակը լոյս է ընծայուել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով: Գրքոյկներում պատգամներ են ուղղուած այսօրուայ երիտասարդներին, թէ ինչպէս արձագանգեն համաշխարհային զարգացումներին, ժամանակի հոլովոյթում ինչպէս ճիշդ կողմնորոշուեն որպէս հայ մարդ: Դրա համար նախ պէտք է իմանալ սեփական մշակոյթը, որ ցաւօք, երիտասարդներն այսօր վատ գիտեն կամ էլ բոլորովին ցանկութիւն չունեն իմանալու: Ինչո՞ւ. որովհետեւ այդ մշակոյթը, պատմութիւնը, մենք՝ աւագներս ճիշդ չենք ներկայացնում: Աւելին, յաճախ սխալ մօտեցումներով (անտաղանդ, անճաշակ)՝ հեռացնում ենք մեր երեխաներին այդ մշակոյթից: Ես չեմ թաքցնում մեր պատմութեան ողբերգական փաստերը, սակայն առաւել շեշտադրում եմ մեր յաղթանակները, մեր նուաճումները: Միայն յաղթանակներ չեն լինում, ի հարկէ: Ինքնութիւնը պահպանելու համար հարկաւոր է դիմադրել, պայքարել: Պայքարել ճիշդ կարգախօսով: Պէտք է զգոյշ մօտենալ յատկապէս մանուկներին ու պատանիներին մատուցուած գրականութեանը, արուեստին, պատմութեան դրուագներին», նշում  է Սոնա Տիգրանեանը:

 

 ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Շնորհաւորում ենք ձեզ եւ մեզ՝ եռահատորեակի ստեղծման առիթով։ Այն սպասուած համալրում կը լինի մանկապատանեկան ժամանակակից գրականութեան ցանկում: Տիկին Տիգրանեան, դուք առաւել յայտնի էք որպէս հրապարակօս եւ համալ-սարանական դասագրքերի հեղինակ: Ինչո՞ւ որոշեցիք գրել նաեւ կրտսեր սերնդի համար:

 ՍՈՆԱ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Միանգամից չէ, որ դառնում ես գրող, հրապարակախօս կամ մանկագիր: Դա կենսագրութիւն է: Դրանք ապրուած զգացողութիւններ են, որ ուղեկցել են ինձ տարիներ շարունակ: Գեղարուեստի ակադեմիայում աշխատանքի տարիներին առնչուելով սփիւռքահայ երիտասարդների հետ, ես հասկացայ, որ պէտք է սկսել ամենասկզբից: Նաեւ, իմ զաւակների դասագրքերում շատ սպիտակ, դատարկ տեղեր տեսայ: Այսպէս, այս մտահոգութիւններից ծնուեց առաջին գիրքս, որ լոյս տեսաւ 1991թուականին, Հայաստանում, նորանկախ ՀՀ առաջին «Պատկերազարդ Այբենարանը» նախատեսուած Սփիւռքի դպրոցների համար: Նաեւ ունէի տարբերակ՝ ՀՀ դպրոցների համար:

Ուսանողներին դասաւանդման ընթացքում ես հասկացայ, որ ճիշդ արդիւնք ստանալու համար պէտք է լրացնել նրանց մանկութեան եւ պատանեկութեան բացերը: Այսպէս՝ մանկապատանեկան գրականութիւնը դարձաւ իմ գործունէութեան ուղղութիւններից: Այնուհետեւ, Միացեալ Նահանգներում հիմնեցի մանկապարտէզ՝ երեխաների հոգեբանութիւնը աւելի մօտիկից ուսումնասիրելու եւ նրանց տաղանդաւոր, զգայուն, մաքուր հոգիները անաղարտ սնունդով ապահովելու, որպէսզի կարողանամ ճիշդ հունցել այն խմորը, որ ապագայում դառնալու է ազգի հացը:

 

 ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Հայ մանկական գրականութիւնը ձեւաւորուել է Յ. Թումանեանի եւ Ղ. Աղայեանի  ստեղծագործութիւններով, հեքիաթների մշակումներով եւ թարգմանութիւններով: Ժամանակի ընթացքում, սակայն այս ժանրում բաւարար թարմացումներ չիրականացուեցին, եւ ներկայում մանկապատանեկան գրականութիւնը թէ՛ Հայաստանում, թէ՛ առաւել եւս Սփիւռքում խնդրոյ առարկայ է: Միացեալ Նահանգներում մանկական գրականութեամբ զբաղուելու համար պէտք է պատրաստ լինել բազմաթիւ զոհողութիւնների, եւ ձեզ կարելի է համարել այն նուիրեալներից, ով անշահանխնդիր ստանձնել է գրքի ստեղծման ողջ ընթացքը:

 ՍՈՆԱ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Հայ գրականութիւնը հրաշալի դասականներ ունի, որոնք մեր հիմքն են: Սակայն մշակոյթն ամբողջական ընկալելու համար, ուսուցման տրամաբանական, շարունակական ընթացք պէտք է ապահովել: Պէտք է կարողանալ պահել նաեւ ժամանակների կապը: Այդ կապն ընդհատւում է աշխարհաքաղաքական բիրտ զարգացումների պատճառով, որտեղ էլ աղաւաղւում է մշակոյթը եւ յաճախ՝ ոտնակոխ արւում: Վերջին տարիներին մենք այդ պատկերն ենք տեսնում, եւ ափսոսանքով պէտք է արձանագրենք, որ բաւականին ետ ենք մնացել: Ես այսօր փորձում եմ կապել մեր վերածնունդի ժամանակահատուածը (խօսքս 70ականների մեր գրականութեան ու արուեստի ծաղկման մասին է) այսօրուայ հետ, համապատասխանեցնել մեր պատանիների, երիտասարդների, նրանց ճաշակի եւ պահանջների հետ: Դա դժուարին աշխատանք է, քանի որ սերնդափոխութիւն է կատարուել, եւ այսօրուայ ծնողները նոյնպէս կրթութեան կարիք ունեն: Այսօր գրքի նկատմամբ անտարբերութիւն, նոյնիսկ արհամարհանք կայ, եւ դա պայմանաւորուած է մի շարք հանգամանքներով, առաջինը՝ չեն հաւատում, թէ լաւ բան կայ դրանց մէջ, երկրորդ՝ արդէն բաւականին հեռացել են սեփական մշակոյթից եւ ընկել են ամերիկեան սարդոստանը:

 

 ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- «Ծաղկած Այբուբեն»՝ այսպէս է կոչւում ժողովածուի առաջին հատորեակը: Խորագիրն ինքնին յուշում է, որ ներկայացուած են հայոց տառերը: Ինչպէ՞ս էք  անդրադառնում այբուբենին:

 ՍՈՆԱ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Այս գիրքը նուիրուած է հայոց այբուբենին եւ ծաղկազարդուած է Մատենադարանի ձեռագրերում առկայ Ծաղկած տառերի օրինակով, որ գրաւիչ է դարձնում տառը նաեւ տեսողական առումով: Իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն բնութագրում է տուեալ տառը, նրա խորհուրդը, միաժամանակ ներկայացնելով տեղեկութիւններ մեր պատմութեան, մշակոյթի մասին:

Կարծում եմ, որ մանուկների համար գրուած գործերը պէտք է լինեն պարզ, բայց ոչ պարզունակ, ասելիքը պէտք է ունենայ կշիռ եւ խորութիւն: Կարեւոր է, որ այս գիրքը  երեխաներին ծանօթացնեն ծնողն ու ուսուցիչը: Շաղախը ճիշդ ձեւով պէտք է ձեւաւորել, որպէսզի գրականութեան նկատմամբ մանուկ հասակից հետաքրքրութիւն առաջանայ:

 

 ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- «Ապաւինենք մեր ուժին եւ բարոյականութեանը»՝ այսպիսի կոչով է սկսւում «Երկիր» ժողովածուն: Ի՞նչ էք պատգամում այս եւ «Անմոռուկ» հատորեակներում:

 ՍՈՆԱ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- «Երկիր»ը նախատեսուած է պատանիների եւ երիտասարդների  համար: Բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները հիմնականում նուիրուած են մեր հայրենիքին, մեր պատմութեանը: Մեր սերունդները պէտք է լաւ հայ լինեն, դառնան լաւ քաղաքացի այն երկրի, որտեղ ապրում են, նաեւ արժանապատուութեամբ ներկայացնեն սեփական մշակոյթը՝ ինքնութեան բարձր գիտակցումով: Մեր զաւակներին պէտք է կրթենք այնպէս, որ նրանք կրեն պահանջատիրութեան ոգին, պատրաստ լինեն իրենց իրական երկիրը զօրացնելու, նաեւ՝ տէր կանգնելու պատմական հայրենիքին, առողջ դատողութեամբ, իրատեսութեամբ եւ գիտակցելով ժամանակի պահանջները:

«Անմոռուկ» հատորեակը, քանի որ մանուկների համար է, այնտեղ բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ են՝ ուրախ, պայծառ, երջանիկ մանկութեան, բնութեան, հայրենիքի մասին:

 

 ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Եռահատորեակը, փաստօրէն, ամբողջական մի հաւաքածու է տարբեր տարիքային խմբերի համար, եւ գլխաւոր առանձնայատկութիւններից է այն, որ գրուած է մայր լեզուի երկու ճիւղերով:

 ՍՈՆԱ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Իսկապէս, երեք գրքերը ընտանեկան գրադարանի համար են նախատեսուած եւ ստեղծուած են սիրով: Ընտանիքի յաջողութեան գլխաւոր նախապայմանը միասնականութիւնն է, եւ իմ նպատակն էր, որ գրքոյկների ընթերցմանը մասնակցեն ընտանիքի բոլոր անդամները: Ծնողն էլ, երբ կարդայ, բաւական հետաքրքիր տեղեկութիւններ կը գտնի, եւ շատ կարեւոր է, որ այս եռահատորեակը հէնց նրանց կողմից ներկայացուի կրտսեր սերնդին: Մեր մանուկները այն ծառն են, որ պիտի զգուշօրէն խնամել եւ ապահովել ներդաշնակ զարգացում, յատկապէս ա՛յս երկրում, երբ մեր հայրենակիցները յաճախ խնդիրներ են ունենում դեռահասների հարցում: Գիրքն ու գրականութիւնն է այն լաւագոյն հակավիրուսը, որ պայքարում է միջավայրի անցանկալի ազդեցութիւնների դէմ, լցնում է հոգու դատարկութիւնը, ձեւաւորում է անհատի ներքինը:

 

 Յ. Գ.- Սոնա Տիգրանեանի եռահատորեակը ստեղծուած է եւ լի է սիրով, հաւատով ու ջերմութեամբ: Հայ մանուկին առ հայրենիք ու մշակոյթ սիրով տոգորելու եւ հայեցի կրթութիւնը խրախուսելու Տիգրանեանի վեհ առաքելութեանն իրենց օրհնութիւնն են տուել Ա. Մ. Նահանգների Արեւմտեան թեմի առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու Յովնան արք. Տէրտէրեանը:

Տեղեկանք. Սոնա Տիգրանեանի «Ծաղկած Այբուբեն», «Երկիր» եւ «Անմոռուկ» եռահատորեակը կարելի է ձեռք բերել «Սարդարապատ» եւ «Ապրիլ» գրատներում: Հեղինակը գրքոյկներից սիրով նուիրել է Ազգային վարժարաններին, 100 օրինակ էլ՝ Սիրիայի հայ մանուկներին ու պատանիներին:

«2015ին Նիկոլ Դումանի Տուն-Թանգարանը Հիւրընկալած Է 7000 Այցելու»

$
0
0

0205nigoltouman

«ՓԱՆՈՐԱՄԱ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐԻԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Ստեփանակերտ-Գանձասար ճանապարհին տեղակայուած Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը, իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն, դարձած է Արցախ յաճախող զբօսաշրջիկներու ուխտագնացութեան վայր: Այցելուները տուն-թանգարանին մէջ կրնան տեսնել վերականգնուած 19րդ դարու ղարաբաղեան գիւղի կեանքը, ծանօթանալ Նիկոլ Դումանի գործունէութեան հիմնական փուլերուն: Panorama.am զրուցած է Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանի վարիչ Մարիա Սողոմոնեանի հետ:

 

 «ՓԱՆՈՐԱՄԱ».- Նիկոլ Դումանի ազգագրական տուն-թանգարանը եւ Ազգագրական թաղամասը հիմնուած են 2004ին: Մինչ օրս քանի՞ այցելու ունեցած է թանգարանը: Ինչպիսի՞ միտում կը նկատէք. տարուէ տարի կ՛աւելնա՞ն այցելուները:

 ՄԱՐԻԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը ստեղծուած է հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի յայտնի ռազմական ու քաղաքական գործիչ Նիկոլ Դումանի մահուանն 90րդ տարելիցին առիթով։ Տուն-թանգարանն ու Ազգագրական թաղամասը հիմնուած են Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութեան կողմէ՝ Պոնիաթեան ու Երիկեան ընտանիքներու հովանաւորութեամբ եւ բազմաթիւ այլ բարերարներու աջակցութեամբ:

Թանգարանը ստեղծման օրէն մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցած է թէ՛ Արցախի բնակիչներուն, թէ՛ Արցախի հիւրերուն համար։ Ըլլալով իւրօրինակ զբօսաշրջավայր՝ Ազգագրական թաղամասը նպաստած է Արցախի զբօսաշրջային ներուժի զարգացման։ Իր գոյութեան 12 տարիներուն ընթացքին տուն-թանգարանը հիւրընկալած է հազարաւոր այցելուներ Արցախէն, Հայաստանէն ու այլ երկիրներէ։ Այցելուներու քանակը մօտաւորապէս կը կազմէ 15-20 տոկոս տարեկան աճ: 2015 թուականին ազգագրական համալիրը հիւրընկալած է գրեթէ 7000 այցելու:

 

 «ՓԱՆՈՐԱՄԱ».- Որո՞նք են հիմնական այցելուները՝ տեղացինե՞րը թէ զբօսաշրջիկները:

 ՄԱՐԻԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Ստեղծման առաջին տարիներուն համալիրը կը հիւրընկալէր տեղացիներ, որոնք կազմակերպուած այցեր կը կատարէին ճանաչողական նպատակով։ Տարուէ տարի մեծցած է այցելուներու աշխարհագրութիւնը, եւ եթէ սկզբնական շրջանին այցելուներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը կազմէին Արցախի, Հայաստանի ու Սփիւռքի հայերը, հիմա, սակայն, աւելի կը մեծնայ համալիրին հանդէպ հետաքրքրութիւնը արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն կողմէ:

 

 «ՓԱՆՈՐԱՄԱ».- Ինչպիսի՞ն է այցելուներու, յատկապէս օտար, արձագանգը թանգարանին մէջ շրջելէ յետոյ:

 ՄԱՐԻԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.-Ծաղկաշատի ազգագրական թաղամասը կը ներկայացնէ իւրայատուկ համալիր, ուր կարճ փողոցի մը վրայ մանրակրկիտ ձեւով վերականգնուած է 19րդ դարու արցախեան գիւղի կեանքը՝ պատմա-ճարտարապետական արժէք ներկայացնող շինութիւններով ու հետաքրքրական կենցաղային իրերով։ Սակայն այցելուները առաջին հերթին կը նշեն արցախեան ոգին, որ կը զգացուի համալիր մտնելու առաջին իսկ վայրկեանին:

 

 «ՓԱՆՈՐԱՄԱ».- Տուն-թանգարանը բաղկացած է քանի մը մասէ (թանգարան, Նիկոլ Դումանի դահլիճ, 19րդ դարու վերջի բնակելի սենեակ, յարակից սենեակը, բակի շինութիւններ, ազգագրական թաղամաս): Յատկապէս ո՞ր հատուածին մէջ առաւել շատ կանգ կ՛առնեն այցելուները, ի՞նչն է, որ առաւել շատ ուշադրութեան կ՛արժանանայ, նաեւ՝ զարմանք կ՛առաջացնէ այցելուներուն մօտ:

ՄԱՐԻԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Ազգագրական համալիրի բոլոր շինութիւնները հետաքրքրութիւն կ՛առաջացնեն այցելուներուն մօտ։ Ուղղակի ատիկա կախուած է այցելուներու նախասիրութիւններէն։ Այցելուներուն մէկ մասը նախապատւութիւնը կու տայ Նիկոլ Դումանի կեանքին ու գործունէութեան ծանօթանալուն, միւս մասը աւելի շաս հետաքրքրուած է արցախցի գիւղացիի կեանքով:

 

«ՓԱՆՈՐԱՄԱ».- Ըստ ձեզի, ի՞նչը այցելուին կը բերէ թանգարան:

 ՄԱՐԻԱՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.-Եթէ խօսքը հայ այցելուի մասին է, ուստի ատիկա, ի հարկէ, հայրենասիրութեան զգացմունքն է. այցելել հայրենիքը մարդու մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայրենանուէր գործունէութեան։ Օտարերկրեայ այցելուներուն համար ազգագրական համալիրը կը կապուի արցախցի հասարակ գիւղացիի կեանքին հետ, եւ այդ կեանքով իսկ ապրելու ցանկութիւնն է, որ օտարեկրացին կը բերէ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան եւ Ազգագրական թաղամաս:

Վերջերս համալիրին մէջ կը մատուցուին նաեւ սնունդի, տեղաւորման ու ժամանցային այլ ծառայութիւններ, որոնց նպատակն է հասնիլ համալիրի ինքնաբաւութեան ու այցելուներուն առաջարկել աւելի հետաքրքրական ժամանց։ Ատիկա եւս կրնայ խթան հանդիսանալ համալիրի այցելուներու քանակի աւելնալուն:

 

 «ՓԱՆՈՐԱՄԱ».- Ինչպէ՞ս կը համալրուի թանգարանը: Այսօր քանի՞ ցուցանմոյշ կայ թանգարանին մէջ:

 ՄԱՐԻԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Թանգարանի ֆոնտը յատկապէս համալրուած է զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութեան կողմէ, սակայն ազգագրական թաղամասին մէջ ներկայացուած ցուցանմոյշներուն մէկ մասը նուիրաբերած են ծաղկաշատի բնակիչները։ Ընդհանուր առմամբ, համալիրին մէջ ներկայացուան են 200էն աւելի ցուցանմոյշներ:

 

 

Ռուբինա Փիրումեանի Ցեղասպանութեան Գեղարուեստական Գրականութեան Ուսումնասիրական Նոր Հրատարակութիւնը

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՍԻՄԱ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ-

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

 

 

0301rubinagenocide_Page_1 «The Armenian Genocide in Literature: The second generation responds». Armenian Genocide Museum-Institute, Research and Studies in Armenian Genocide Series 6, Երեւան 2015, 392 էջ, անգլերէն, հայերէն ամփոփումով։ http://www.genocide-museum.am/eng/publications.php

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին լոյս տեսաւ Ռուբինա Փիրումեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գրականութեան Մէջ, Երկրորդ Սերնդի Արձագանգներ» գիտաշխատութիւնը:  Ռուբինա Փիրումեանի չորրորդ հատորն է այս՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան գրական արձագանգներուն: «Հորիզոն Գրական»ի անցեալի թիւերէն ներկայացուած էին արդէն Ռուբինա Փիրումեանի Ցեղասպանութեան գրական արձագանգներուն նուիրուած նախորդ հատորները, ինչպէս՝ «The Armenian Genocide in Literature: Perceptions of those who lived through the years of calamity» (2012), «And those who continued living in Turkey» (2008) եւ «Literary responses to catastrophe» (1993): Նախորդ հատորներուն նման այս նորագոյն հրատարակութիւնը նոյնպէս նուիրուած է Ցեղասպանութեան գեղարուեստական գրականութեան ուսումնասիրութեան:

Փիրումեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գրականութեան Մէջ. Երկրորդ Սերնդի Արձագանգներ»  հատորը կը սկսի նախաբանով, ուր կը յայտնէ, թէ իրեն հարց կու տան՝ արդեօք ինք մղուած է Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան՝ Ցեղասպանութենէ ազատած ծնողներու զաւակ ըլլալո՞ւն համար: Իրանահայ ըլլալով ինք, թէեւ Ցեղասպանութեան զոհ չեն եղած իր ծնողները, սակայն կասկածէ վեր է, որ «կրած ենք ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած եղեռնագործութեան» (էջ 347): Պայման չէ Ցեղասպանութենէ ազատուածի զաւակ ըլլալ, «զգալու համար կատարուած ոճրի ցաւը, ազդեցութիւնը», ան կը շեշտէ (էջ 347): Իսկ 2012ին հրատարակուած իր հատորին մէջ Փիրումեան կը բացատրէր, թէ ինք ինչո՛ւ յանձն առած էր Ցեղասպանութեան գրականութեան ուսումնասիրութիւնը եւ այդ քայլին անդրադարձը իր անձնական ու ընտանեկան կեանքին վրայ՝ մղելով իր կողակիցին յայտարարելու, թէ իրենց տունը ամէն օր Ապրիլ 24 է եւ ոգեկոչում՝ մեր անշիրիմ մնացած Եղեռնի նահատակներուն:

Ինչպէս նախորդ հատորներուն մէջ Փիրումեան ցոյց տուած էր, Ցեղասպանութիւն վերապրած սերունդը կորուստի, ցաւի, տեղահանութեան, Եղեռնի թողած հետքերով կերտած էր իր ինքնութիւնն ու նոր կեանքը: Այս նոր հատորը կը կեդրոնանայ Մեծ Եղեռնի ազդեցութեան փոխանցման վրայ: Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած երկրորդ սերունդի գեղարուեստական գրականութեան ընդմէջէն Փիրումեան կը բացայայտէ ահաւոր ողբերգութեան անդրադարձը: Փիրումեան այս հատորով կը ներկայացնէ միջսերնդային փորձառութիւնը Ցեղասպանութեան հետեւանքներու տարողութեան, արձագանգի այլազանութեան ընդմէջէն: Երկրորդ սերունդի գրական փորձերուն մէջ Փիրումեան կը հանդիպի բազմաթիւ պատմական վէպերու եւ առհասարակ վէպերու, որոնք հիմնուած են ծնողներու պատումին վրայ: Փիրումեան կը հաստատէ թէ Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը նկատելի է երկրորդ սերունդի գեղարուեստական գրակութեան մէջ եւ ապացոյց է անոր սերունդէ սերունդ փոխանցման:  Փոխանցման տարողութիւնը Փիրումեանի համար այլազան ազդակներէ կախեալ է, ինչպէս օրինակ վերապրողի ապաստանած երկրի ընկերաքաղաքական թէ տնտեսական պայմաններէն, կամ վերապարածներու իրենց ապրած աներեւակայելի օրհասային օրերու պատումը գաղտնի պահելու, կամ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու տրամադրութենէն եւ յաջորդ սերունդներու գիտակցութենէն:

Երկրորդ սերունդի գրականութեան մէջ Փիրումեան կը հանդիպի նաեւ ժառագուած յիշողութեան եւ անցեալէն եկած պարտաւորութեան, որ հարկ է պատմել, յիշել, պայքարիլ ցեղասպանի ուրացումին դէմ ու ապրիլ անցեալը ներկային մէջ, ինգնագիտակցելով, թէ Տէր Զօրի զաւակներ ենք, սակայն միշտ ինքնութեան երկուութեան հարցերով ընկալուած: Այս երկրորդ սերունդի գրականութեան մէջ կայ նաեւ տեղահանութեան, կորուստի, նախորդ սերունդէն փոխանցուած մեծ աղէտի անդարմանելի ցաւը: Այս երկրորդ սերունդի գեղարուեստական գրականութիւնը Փիրումեանի համար կը դառնայ արտացոլքը Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութեան:

Փիրումեանի այս նորագոյն հատորը կը բաղկանայ նախաբանէ մը, ապա երեք լայնածաւալ գլուխներէ ու վերջաբանէ մը: Առաջին գլուխը կը ներկայացնէ գրական գործերու ընդմէջէն անդ-սերունդներու փորձառութեան,  ինչպէս Մերի Թերզեանի, Վերժինիա Յարութիւնեանի, Հելէն Փիլիպոսեանի, Դաւիթ Խրդեանի, Մ. Առլէնի ու շատ մը այլ ինքնակենսագրական եւ ընտանեկան պատումներու վկայութիւններուն: Երկրորդ գլուխը կը ներկայացնէ գրական գործեր, որոնք կը հակադրեն ժառանգուած յիշողութիւնը ցեղասպանի ժխտումին օրինակ՝ Տայանա Տէր Յովհաննէսեանի, Ալիսիա Կիրակոսեանի, Յարութիւն Պէրպէրեանի բանաստեղծութիւններէն ոմանք, ինչպէս նաեւ Լոռն Շիրինեանի գործերէն նմոյշներ: Նոյնպէս հոն կը գտնենք ինքնութեան հարցեր: Երրորդ գլուխով Փիրումեան կը ներկայացնէ գրական գործեր, որոնք կ՛անդրադառնան սպիտակ ջարդին, ձուլումին, տեղահանման, ինչպէս Վահէ Օշականի «Ահազանգ»ին, Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Ոստայն»ներուն, Վեհանոյշ Թէքեանի «Կապոյտ Ապրիլ»ին, Վահրամ Մավեանի, Արփին Կրընյէ Գոնիալեանի, Կարապենցի, Գրիգոր Պըլտեանի ու շատ մը այլ գրողներու գործերու նշումներ:

Այս երկրորդ եւ յաջորդ սերունդներու գեղարուեստական գրականութեան մէջ Փիրումեան կը նկատէ մեծ բաժին մը նուիրուած ուխտագնացութեան, ինչպէս Հ. Մարգարեանի «Քառաձայն Պատարագ»ին, փրոֆ. Յովհաննէսեանի Արեւմտեան Հայաստան այցելութեան պատումին, Մ. Աճէմեան-Ահներթի մօր ծննդավայր այցելութեան պատումին: Նման պատումներ Փիրումեանի համար նոր տեսադաշտ են:

Ռուբինա Փիրումեան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի մէջ աւելի խոր ազդեցութիւն ձգած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քան Հայաստանի, ուր պատմական յիշողութիւնը փոխանցուած է պատահականօրէն, Խորհդային ժամանակաշրջանին:

Օգտագործուած աղբիւրներու եւ անուանացանկէ վերջ հատորը կ՛աւարտի հայերէն ամփոփումով, ուր Փիրումեան կը նշէ, թէ ան կը շարունակէ յաջորդ սերունդներու գրականութեան մէջ որոնել եւ լուսաբանել քաղաքական, հոգեբանական ու այլ ազդակները, որոնք կը մղեն աշխարհի հետ կիսել Ցեղասպանութենէ վերապրած սերունդներու պատմութիւնը: Ան կը հաւատայ, թէ պատմական յիշողութիւնը չի մարիր: Փիրումեանի համար Մեծ Եղեռնի գեղարուեստական պատմութիւնը ոգեղէն յուշարձան է մարդկութեան դէմ թուրքի անպատիժ մնացած ոճիրին:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ այս չորորդ գիտաշխատութիւնը, Փիրումեանի այլ՝ յիսունէ աւելի ուսումնասիրական ու իր պատրաստած Հայ Դատի եւ Ցեղասպանութեան  աշխատանքներու նման եւ անոնց կողքին, իր ներդրումներէն է՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Ռուբինա։

 

Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան-Յովհաննէսեան՝ «Սիմոն Տը Պովուար» հիմնարկ

«ՔոնՔորտիա» համալսարան

 

Մոնթրէալ

ԿՐՕՆԱԿԱՆ- Հատուածներ «Խաչին Վրայէն Արտասանած Տիրոջ Եօթը Խօսքերը» Գիրքէն

$
0
0

0304shnouda

Հեղինակ՝ ԵՐԱՆԵԼԻ ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Թարգմանեց՝ ԱՒՕ ՍՐԿ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

 

Տիրոջ երկրորդ խօսքը՝ «Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ»: (Ղկ. 23.43)

Խաչելութեան ընթացքին առաջին անձը, որուն հետ Տէրը խօսեցաւ, աջակողմեան աւազակն էր: Ան անմեղ կեանք մը ապրած չէր: Մեղքն էր որ զինք խաչելութեան առաջնորդած էր: Ան, միւս աւազակին հետ միասին, սկիզբը նախատեց Տէրը, սակայն յանկարծ հոգեփոխութիւն ապրեցաւ, հաւատքը թափանցեց իր սիրտի խորքերը, այնպէս որ Տէրը նախատողը՝ Տէրը պաշտպանող դարձաւ, ծաղրողը՝ աղօթքի ու հաւատքի մարդ դարձաւ:

Ինչպէ՞ս հասաւ այդ հաւատքին, այդ հոգեփոխութեան: Ինչպէ՞ս հաւատաց Տիրոջ, այն Տիրոջ, որ ցաւերու մէջ էր ու կը ծաղրուէր, այն Տիրոջ, որ Իր փառքին մէջ չէր, այն Տիրոջ, որուն մարդիկ չէին հետեւեր բժշկութիւն եւ օրհնութիւն ստանալու համար։

Արդեօք երբ Տէրը կը ներէր զինք խաչողներուն մեղքը, կարծրասիրտ գողին սի՞րտը փափկացաւ: Եթէ այդպէս է, ուրեմն Տէրը բարութեամբ յաղթեց: Կամ արդեօք Տիրոջ դէմքէ՞ն ազդուեցաւ, Անոր արտայայտութիւններէ՞ն, Անոր նայուածքներէ՞ն, Անոր քաղցր ձայնէ՞ն: Կամ արդեօք Տիրոջ նայուա՞ծքը անոր սիրտը հալեցուց: Չե՛նք գիտեր:

Այս աւազակը մետասաներորդ ժամուն հասաւ Տիրոջ, աւելի ճիշդ՝ տասներկրորդ ժամուն: Աղօթեց եւ իր աղօթքը անմիջապէս պատասխան ստացաւ: Շատեր երկար աղօթքներ կը մատուցէին օրհնանքներով, պահանջներով, աղերսանքով, քրտինքով, արցունքներով: Սակայն այս աւազակը կարճ նախադասութեամբ մը, խորունկ եւ գիտակցուած բառերով ամէ՛ն ինչ ստացաւ: Աւազակին աղօթքը այսօր շատերո՛ւն ալ աղօթքն է, եկեղեցւո՛յ աղօթքն է:

Որքա՜ն զարմանալի է Տիրոջ մտերմութիւնը աջակողմեան աւազակին հետ: Աւազակը ընկերակից էր Տիրոջ խաչելութեան, բարի ընկեր մը: Իրենց ընկերութիւնը կանգ չառաւ խաչին վրայ, այլ Տիրոջ որոշումով՝ շարունակուեցաւ դրախտին մէջ: Տէրը կրնար ըսել՝ «Այսօր դրախտին մէջ պիտի ըլլաս», սակայն ըսաւ. «Այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ»: Որքա՜ն երջանիկ էր աւազակը, որովհետեւ ան մշտապէս Տիրոջ ներկայութիւնը պիտի վայելէր: Տէրը չքարշեցաւ աւազակէն, ընդհակառակը՝ անոր մէջ գտաւ առաքինութիւններով լեցուն սիրտ մը, եւ զրուցեց անոր հետ: Տէրը երջանկացուց աջակողմեան աւազակը դրախտի խոստումով, եւ անոր փրկութեամբ Տէրն ալ երջանկացաւ։

Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ, որովհետեւ մեր սիրտերը միացան երկրի վրայ: Որովհետեւ խաչին վրայ ինծի յանձնեցիր քու սիրտդ ու ճակատագիրդ, եւ քանի որ ինծի հետ ցաւակից եղար, ուստի՝ հետս ալ պիտի փառաւորուիս: Քանի որ ինծի հետ խաչուեցար ու ցաւեցար, ուստի՝ հետս ալ յարութիւն պիտի առնես: Որքա՜ն զարմանալի էր այս հանդիպումը խաչին վրայ:

Մենք չենք գիտեր, թէ որո՞նք ընտրուած են: Ո՞վ կը մտածէր, որ այս աւազակը պիտի փրկուէր: Ո՞վ կը մտածէր, որ մէկ ժամուան ընթացքին այս աւազակը փրկութեան պիտի արժանանար, այն, ինչ շատ շատեր տասնեակ տարիներու անխոնջ ճիգերով միայն ստացած էին: Մենք երեւոյթներով կը դատենք: Կ՛ատենք իրար՝ առանց գիտնալու, թէ անոնք, զորս կ՛ատենք, մեզմէ շատ առաքինի կրնան ըլլալ: Այնուամենայնիւ կրնանք արդարօրէն ըսել, որ այս աւազակը արժանացաւ դրախտին։

Զարմանալի է, որ հազարաւորներու մէջ միայն այս աւազակն էր, որ պաշտպանեց Տէրը: Տասներկու առաքեալներէն, եօթանասուն աշակերտներէն ո՛չ ոք պաշտպանեց Տէրը: Տիրոջ հրաշքներուն շնորհիւ բժշկուածներէն, դեւերէն ձերբազատուածներէն, յարութիւն առնողներէն ո՛չ ոք պաշտպանեց զԻնք…: Ոեւէ մարդ չպաշտպանեց զԻնք… Այդ դառնութիւնը Քրիստոս առանձինն ճաշակեց… Միակ անձը, որ պաշտպանեց զԻնք, որ չարտօնեց Անոր արհամարհուիլը՝ աջակողմեան աւազակն էր: Ո՞վ կրնար մտածել, թէ Տիրոջ աշակերտներէն, բոլոր հաւատացեալներէն դուրս, աւազակն էր, որ պիտի պաշտպանէր զԻնք: Արդարեւ, Տէրը ըսաւ. «Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը» (Մտ. 18.10):

Ո՜վ եղբայր, դուն քու մասին մեծ հաւակնութիւններ մի՛ ունենար, մի՛ կարծեր, որ դուն ուրիշներէ լաւ ես: Մի՛ կարծեր, որ դուն Յիսուսի առաքեալներէն կամ սիրելիներէն կամ պաշտպաններէն մին ես… Անոնք բոլորն ալ լռեցին… Միայն այդ անյայտ աւազակն էր, որ անսպասելիօրէն պաշտպանեց Տէրը…

«Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր», որպէսզի չդասուիմ այն բոլորին հետ, որոնց ըսիր՝ «Ես ձեզ չե՛մ ճանչնար»: Տէ՜ր, յիշէ՛ մեր երկխօսութիւնը: Այս ժամերը, զորս մօտդ կ՛անցընեմ, յաւիտեան պիտի մնան. անոնք կեանքիս ամէնէն երջանիկ ժամերն են: Ուրախ եմ, որ քեզի հետ խաչին ցաւը կը կրեմ, հպարտ եմ, որ «Քրիստոսի հետ խաչուեցայ» (Գղ. 2.20): Տէ՜ր, յիշէ՛ մեր երկխօսութիւնը: Քեզի համար ինծի հետ խաչուիլը անարգա՛նք է, սակայն ինծի համար՝ պարծա՛նք: Այս ուրախ ժամերը բաւարար են ինծի համար, եւ կը փափաքիմ այս պահը յաւիտենականութեան կանխավճար սեպել:

Երանի՜ մեզմէ իւրաքանչիւրը բացագանչէ աւազակին հետ ու ըսէ. «Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր»: Տէ՜ր, յիշէ՛, որ հեռու երկիր գտնուող զաւակ մը ունիս, փարախէդ դուրս գտնուող կորսուած ծառայ մը ունիս: Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր, տկարութեանս մէջ, նուաստացումիս մէջ, գերեվարութեանս մէջ: Յիշէ՛ զիս, որ ինկած եմ, որպէսզի բարձրացնես զիս ու միացնես Քեզի: Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր:

Աջակողմեան աւազակի պատմութենէն կը հասկնանք, թէ իւրաքանչիւր մարդ տարբեր գիտակցութեամբ կը մահանայ: Մի՛ ըսեր, որ աւազակին վերջին ժամերն էին եւ այդ պատճառով, ան յիշեց Տէրը: Ո՛չ, միւս աւազակին ալ վերջին ժամերն էին, բայց հակառակ ատոր՝ չվախցաւ Աստուծմէ, ընդհակառակը՝ նախատեց Տէրը:

Այս մէկը ծանր դաս է բոլոր անոնց, որոնք կը յետաձգեն զղջումը՝ մտածելով, որ վերջին օրերուն կարելի է զղջալ: Սակայն, արդեօք անոնք գիտե՞ն, թէ երբ պիտի հասնին այդ վերջին օրերը: Շատեր, երբ մահուան վերջին վայրկեանները կ՛ապրին, ձախակողմեան աւազակին նման կը հայհոյեն, կը գանգատին եւ կը ցանկան աշխարհը: Ան, որ սովորութեան մը ծառան է, անկարելի է որ թողու զայն, նոյնիսկ

եթէ անոր ձեռքերն ու ոտքերը խաչին գամուած ըլլան, կամ նոյնիսկ եթէ իր եւ մահուան միջեւ քանի մը վայրկեան մնացած ըլլայ: Եթէ անձը ինք չգործակցի իր սիրտին մէջ գործող շնորհքին հետ, նոյնիսկ մահուան ժամուն կրնայ մեղանչել:

Տէրը առանձին չլքեց զղջացող աւազակը, ընդհակառակը՝ անսպասելի արագութեամբ մը պատասխանեց անոր աղօթքին՝ ըսելով. «Վստա՛հ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ. 23.43): Այժմ դուն իմ հետս ես, քիչ ետք դարձեա՛լ հետս պիտի ըլլաս: Հիմա կը ցաւիս իմ հետս, քիչ ետք դրախտին մէջ պիտի մխիթարուիս…

Տէրը սրբագրեց աւազակը՝ ըսելով «դրախտին մէջ» եւ ո՛չ թէ՝ արքայութեան, որովհետեւ մահէն անմիջապէս ետք հոգիները սպասման կայան կ՛երթան: Արդարներու սպասման կայանը՝ դրախտն է:

Հաւանաբար այս խոստումն էր, որ աւազակին ուրախութիւն պատճառեց իր մահուան պահուն: Քրիստոսի հետ ըլլալը ամենալաւ բանն է: Կրնանք ըսել, որ մահն անգամ կը քաղցրանայ, երբ Տիրոջ հետ ենք: Ո՛վ մահ, ո՞ւր է խայթոցդ: Մահը սարսափ կ՛ազդէ մեղաւորներուն, բայց ցնծութիւն է բոլոր անոնց, որոնք փրկութեան խոստումը ստացան, յոյսով սպասեցին երկնային պսակներուն, հանգստացան անդրշիրիմեան ճակատագիրով, եւ իրենց ականջներուն մէջ հնչեց Քրիստոսի խօսքը. «Այսօր իմ հետս դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»:

«Այսօր իմ հետս դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» ըսելով՝ Քրիստոս ո՛չ միայն աւազակին մեղքերը ներեց, այլ նաեւ Ադամի մեղանչումէն ետք առաջին անգամն ըլլալով՝ դրախտի դռներուն բացուիլը յայտարարեց: Այս ճշմարտութիւնը աւազակին յայտնուեցաւ: Երկա՜ր ժամանակէ ի վեր դրախտի դռները փակ կը մնային՝ մեղքին պատճառով, եւ ոեւէ անձ արժանի չէր դրախտ մտնելու: Ամէն անգամ, երբ թաղում մը կատարենք, կը յիշենք Տիրոջ խօսքերը ու կ՛ըսենք. «Տէ՜ր, մեր ննջեցեալին համար բա՛ց դրախտի դռները, ինչպէս որ բացիր աւազակին դիմաց»:

«Դրախտ» բառով, Տէրը բացատրեց, թէ ի՛նչ կը սպասէ մարդու մահէն ետք: Դրախտը արդարներու սպասման վայրն է, ուր անոնք պիտի վայելեն Յիսուսի ներկայութիւնը:

Այսօր «հետս» պիտի ըլլաս… Երջանկութիւն է Տիրոջ հետ ըլլալը: Տիրոջ հետ ըլլալը՝ դրախտէ՛ն աւելի գեղեցիկ է, դրախտին մէջ գտնուող ամէն ինչէն աւելի գեղեցիկ է: Տէրը ինքնին Դրա՛խտն է, եւ ճշմարիտ շնորհք է մեզի համար Տիրոջ հետ ըլլալը: Տէրը խոստացաւ. «Դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն, ուր ես կը գտնուիմ» (Յհ. 14.3): Որքա՜ն գեղեցիկ է այս խոստումը: Այս խոստումը մեր բաղձալի յոյսն ու նպատակն է:

 

(Շարունակելի)

Կոնք

$
0
0

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ 201

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

 

Armenian_alphabet_002 – Եզակի է այս խորանին կոնքը՝ թէ՛ հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան եւ թէ հայկական գեղանկարչութեան մէջ. եօթը մեթր բարձրութիւն ունեցող որմնանկար, ուր պատկերուած է Համբարձման տեսարանը: Եօթներորդ դարու գործ է: Նկարին մէջ Քրիստոսն է, ձեռքին՝ ոլորուած մագաղաթ, որուն վրայ գրուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն հատուած մը: Պահպանուած է նաեւ նկարիչին անունը, երկաթագիր տառերով. «Ստեփանոս»: Սիրելի աշակերտներ, հազուագիւտ են հայկական այն եկեղեցիները, որոնց կոնքերը նկարուած են: Հիմա ազատօրէն կրնաք լուսանկարել: Յետոյ կ՛ուղղուիք ձեր յաջորդ յուշարձանը տեսնելու:

Արուճի տաճարին մէջն է աշակերտական մեր խումբը: Երբ պատանիները հիացումով կը լուսանկարեն հսկայ տաճարը, ուղեցոյցին հետ ժամանակ կ՛ունենանք զրուցելու «կոնք»երու մասին:

– Զարմանալի է «կոնք»ը. հայոց լեզուի մէջ թերեւս չկայ ուրիշ մէկ բառ, որ ունենայ անոր չափ բազմատեսակ գործածութիւն: Մարդկային կազմախօսութեան մէջ, «կոնք»ը իրանը ազդրերուն կցող, երկու լայն ու տափակ ոսկորներ են, յենարան մը ողնաշարի եւ մարմինի ամբողջ վերին մասի համար: Անիկա նաեւ արտաքին ականջի գոգաւոր խորութիւնն է: «Կոնք»ը միեւնոյն ժամանակ ջուրի լայն, ծոցաւոր աման է, տաշտ, ինչպէս՝ Տաթեւ վանքի այն պատմական կոնքը, որ յիշուած է Դաւիթ Բէկ պատմավէպին մէջ. «Վանահայրը վեր առեց մի ահագին արծաթէ կոնք, որի մէջ ոտնալուայի խորհուրդը կատարելու ժամանակ լուանում էին միաբանների ոտները: «Այդ կոնքը Սիւնեաց Փիլիպպէ գահերեց իշխանի նուիրածն է», ասաց վանահայրը…»: Երուսաղէմի հին տաճարներուն մէջ քահանայի սենեակն ալ կոչուած էր «կոնք»:

– Եւ կայ եկեղեցիներու «կոնք»ը:

– Զոր կը կոչենք նաեւ «գմբեթարդ»: Եկեղեցւոյ կամարաւոր լանջն է ան, կիսագմբեթ մը: Կը ծառայէ խորանի կան խորշերու կիսագլանային մասերը ծածկելու համար: Լայնօրէն գործածուած է հռովմէական եւ բիւզանդական ճարտարապետութեան մէջ: Հայկական միանաւ եւ եռանաւ տաճարներու մէջ, չորրորդ դարէն սկսեալ կը տեսնենք կոնքեր:

– Ունեցեր ենք եկեղեցիներ, որոնց արեւելեան կոնքի վրայ տեղ կը գտնեն Քրիստոսի, Աստուածամօր կամ սուրբերու խճանկարներ, որմնանկարներ: Կը պատմեն Ղրիմի Թէոդոսիա քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ կոնքի գեղեցկութիւնը, ուր կան Քրիստոսի եւ 12 առաքեալներու պատկերաքանդակները: Կան նաեւ եռակոնք, նոյնիսկ քառակոնք եկեղեցիներ, ինչպէս՝ Զուարթնոցը եւ Սեւանի վրայ Հայրավանքը:

– Որոշած ենք օրը վերջացնել Հայրավանքի մօտ: Աշակերտները հոն պիտի ընթերցանեն Թումանեանի «Աղաւնու Վանքը»: Տեսէք, «կոնք»ը, որ մեր պատմութեան եւ արուեստի մէջ ունեցեր է այնքան մեծ նշանակութիւն՝ փոխառութիւն է: Բունը՝ յունարէն «հոնհի» կամ «գոնխի», այլ լեզուներու մէջ՝ concha, conca, conch, conque, conchiglia, որ կը նշանակէ խեցի, խեցեմորթ, զրահաւոր ծովային կենդանի, որ ունի պտուտակաձեւ ոսկրային կեղեւ, գիտական անունը turbinella pyrum: Արմատը սանսկրիտ է, «սոնքա»: Փորթուկալացի ծովայիններ երբ Հնդկաստան եւ Պենկալ սկսած են յաճախել, բառը ներառած են իրենց լեզուին մէջ «goncha» ձեւով եւ ապա տարածած՝ Միջերկրականի շուրջ:

Հնդկական ովկիանոսին շուրջ, կոնքին ծայրամասը կտրելով կը գործածեն որպէս ծէսերու փող: Ան նաեւ թանաքաման է, կղզիներու մէջ գործածուող «դրամ», զարդեղէն, մանեակ եւ վերջապէս՝ սննդեղէն: Ձախադարձ կոնքը, կոնքերուն ամենահազուագիւտը, 200 հազարէն մէկը, սրբազան է Հնդկաստանի մէջ, ուր կը կոչուի նաեւ «Երկնային կամ Աստուածային կոնք», ունի կրօնական մեծ նշանակութիւն, քանզի ութը սրբազան նշաններէն մէկն է: Իսկ հայոց լեզուի համար բառապաշարի առատաձեռն աղբիւր. կոնքագօտի, կոնքազդրային, կոնքախոռոչ, կոնքակերպ, կոնքաձեւ, կոնքեայ, կոնքամաս, կոնքային, կոնքաչափ, կոնքաչափել, կոնքեղ, կոնքոսկր:

Աշակերտները աւարտած են եկեղեցին ու անոր գեղեցիկ կոնքը լուսանկարելու արարողութիւնը: Երբ հանրակառքը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Հայրավանք, անոնք Թումանեան արտասանելէ ետք, կ՛ուզեն քիչ մը ազատ ժամանակ ունենալ, լճափ իջնել ու հաւաքել… հայկական կոնքեր:

Viewing all 1707 articles
Browse latest View live